ՄԵՐ ՄԷՋ ԿՈՐՍՈՒԱԾԸ
Երէկ լոյս տեսած մեր «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հաշտութիւնը» խորագրեալ յօդուածին լոյսին տակ, այսօր կ՚ուզենք անդրադառնալ ժողովուրդի ունեցած մօտեցումին մասին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ պետութեան մը որոշումներն ու քաղաքականութիւնը՝ մանաւանդ ժողովրդավար երկիրի մը մէջ պարտի հայելին ըլլալ ժողովուրդի կամքին ու ձգտումներուն՝ եւ ո՛չ սեփական շահերու վրայ հիմնուած որոշումներու:
Մեր օրերուն, ժողովրդեան տրամաբանութիւնն ու «կամք»ը ստուգելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը համացանցն է, որ առիթ կու տայ ամէ՛ն մարդու արտայայտուելու եւ փոխանցելու իր կարծիքը՝ քիչ մը իւրաքանչիւրին քաղաքագէտի հով ու վստահութիւն մը տալով:
Որոշ ժամանակէ ի վեր համացանցի վրայ կը տեսնեմ 16-ամեայ պատանի մը, որ կարճ տեսերիզներու ճամբով կը փորձէ հայ հանրութեան ներկայացնել թուրք մշակոյթը. կը փորձէ կարճ թրքերէն դասընթացքներ կազմակերպել եւ որոշ բառեր սորվեցնել իր «հանդիսատես»ներուն. կը խօսի Թուրքիոյ բնութեան եւ գեղեցկութեան մասին եւ բացայայտ ձեւով կ՚արտայայտէ իր յարգանքն ու սէրը թուրքերու եւ թուրք քաղաքակրթութեան հանդէպ: Պատանին փոքր տարիքին մեկնած է Թուրքիա եւ մօտաւորապէս տասն տարի Թուրքիոյ մէջ ապրելէ ետք վերադարձած է Հայաստան եւ հետեւաբար ուզած է իր «փորձառութիւն»ը կիսել համացանցի ճամբով:
Փորձեցի այս աղջկան տեղադրած նիւթերուն առընչուած եղած մեկնաբանութիւններէն ընդհանուր կարծիքներ դուրս բերել.
Ա.- Կան շատեր, որոնք «դաւաճանութիւն» կը նկատեն Թուրքիա այցելելը. այս մտայնութիւնը այնպէս ինչպէս Հայաստանի, տարածուած է նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող շատ մը հայերու մէջ եւս:
Այսպէս մտածող մարդոց հետ ունիմ անմոռանալի յիշատակ մը. մօտաւորապէս վեց տարիներ առաջ հրաւիրուած էի Ապրիլ 24-ի կապակցութեամբ դասախօսութիւն մը խօսելու. իմ խօսքէս առաջ բացման խօսքը կատարեց տաքարիւն կուսակցական մը, որ իր խօսքին մէջ անդադար յիշեց, թէ «Թուրքիա այցելողը դաւաճան մըն է» եւ իր այդ խօսքերուն համամիտ տաքարիւններ շա՜տ շատ էին սրահին մէջ: Երիտասարդը իր խօսքը աւարտելով զիս բեմ հրաւիրեց. առաջին խօսքս հետեւեալն էր. «Տակաւին երկու շաբաթ առաջ Իսթանպուլ կը գտնուէի»: Վստահաբար իրենց աչքին ե՛ս ալ դաւաճան էի, սակայն պէտք է տարբերել հիմնական բան մը. շատերու համար Իսթանպուլը կրնայ առեւտուրի եւ հանգստութեան վայր թուիլ, սակայն շատերու համար հայ գրականութեան, հայ զարթօնքի, հայ մամուլի սիրտ ու կեդրոն. իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է հպարտութիւն ըլլայ տեսնել հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունեցող մեր եկեղեցիները՝ որ կը շարունակեն կանգուն մնալ՝ ուր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսը կը շարունակէ լսուիլ: Հպարտութիւն՝ տեսնել դպրոցները, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն օտարութեան մէջ հասակ առնող մեր մանուկներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն. հպարտութիւն՝ երթալ ու տեսնել Միսաք Մեծարենցի, ինչպէս նաեւ այլ յայտնիներու գերեզմանները, տեսնել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի թանգարանը եւ այն փողոցները՝ որոնք ստեղծած են Պարոնեան, Օտեան, Տէմիրճիպաշեան, Արփիարեան, Զօհրապ եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Պոլիսը իր արժէքով հայկական է այնքան՝ ինչքան Հայաստանն ու Երեւանը: Հետեւաբար դաւաճանութեան աստիճանը պէտք է որոշել անձի մօտեցումին հիման վրայ:
Բ.- Շատեր ամօթ ու դաւաճանութիւն կը նկատեն թրքերէն լեզուն սորվիլը. եթէ անոնք լեզուի նկատմամբ իրապէ՛ս այնքան փափկանկատ ու բծախնդիր են, թող մեր մայրենի լեզուէն դուրս վռնտեն բոլո՛ր այն բառերը՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն։ Թրքերէն սորվիլը ամօթ կը նկատեն, սակայն «նոր կօշիկ» ըսելու փոխարէն «թազա կօշիկ» կ՚ըսեն. այս մտայնութիւնը իրենց իսկ բառերով շատ «ղալաթ» է. պէտք է պարզապէս «բլանաւորել» այս մէկը....:
Տակաւին մեր ազգը չի՛ կրցաւ հասկնալ, որ ո՛չ Թուրքիա մեկնիլը եւ ո՛չ ալ օտարին մշակոյթը կրնայ մերկացնել մեր հայութիւնը. մենք ունինք շա՛տ աւելի մեծ ու առաջնահերթ թերութիւններ, որոնց քով վերոյիշեալ երկու «մեղք»երը ոչինչ են:
Մեր մօտ մեռած է հայու արժանապատուութիւն կոչուածը. եղած ենք անտարբեր. անտարբեր՝ նոյնիսկ երբ հայրենիք կը կորսնցնենք: Սկսած ենք նմանիլ այն մարդոց, որոնք կը ցաւին աղքատներուն համար՝ սակայն անոնց համար ոչինչ կ՚ընեն. նոյնն ենք մենք. կը ցաւինք մեր հայրենիքին համար՝ սակայն անոր փրկութեան համար ոչինչ կ՚ընենք: Յաճախ կը կարծենք, թէ հայապահպանումը ղեկավարութեան եւ կամ եկեղեցւոյ «գործ»ն է. պէտք է կարդալ Շահան Շահնուր, պէտք է կարդալ Շուշանեան, Րաֆֆի, Ահարոնեան եւ ուրիշներ՝ պարզապէս անդրադառնալու համար, թէ ի՛նչ բան կը կորսնցնենք, վստահ ըլլալու համար որ մեր արժէքները քանդողները ո՛չ դէպի Թուրքիա ճամբորդողներն են եւ ո՛չ ալ թրքերէն սորվողները:
Այս բոլորին մասին գրելով խորհուրդ կու տանք կարդալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2021-ի թուին մէջ լոյս տեսած մեր «Պոլիս չերթաս... մեղք ունի» խորագրեալ գրութիւնը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ոտքի մատները կարեւո՞ր են մարդու համար:
Պատասխան. Ոտքի մատները մարդկային կեանքին մէջ կը կատարեն կարեւոր մի քանի պարտականութիւններ։ Առաջին հերթին անոնք կ՚ապահովեն մարդու հաւասարակշռութիւնը՝ վազելու, քայլելու եւ ոտքի կենալու ժամանակ, օգնելով որ մարմինի ծանրութիւնը հաւասարակշռուած մնայ: Անոնք կ՚օգնեն, որպէսզի մարմինը ճիշդ կեցուածք մը ունենայ: Ոտքի մատներուն կարեւորութիւնը ընդհանրապէս անտեսուած է, մոռնալով որ անոնք մեծ դեր կը խաղան մարդու շարժումներուն մէջ, տալով անհրաժեշտ արդիւնաւէտ ֆիզիքական արդիւնքներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024