ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՎԱՅՐԸ…

Ամուսնութիւնները երկու ձեւով տեղի կ՚ունենան, կա՛մ եկեղեցական արարողութեամբ եւ կամ ալ քաղաքացիական պարզ ձեւակերպութեամբ։ Բայց նոյնիսկ եկեղեցական արարողութեան համար՝ նախ պէտք է քաղաքացիական արտօնութիւն ստանալ։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պսակադրութեան արարողութիւն չ՚արտօներ եկեղեցիէն դուրս, սակայն ոչ-հայկական եկեղեցիներ թոյլ կու տան, որ իրենց կղերականները պսակադրութեան արարողութիւն կատարեն, եկեղեցիէն դուրս՝ բացօթեայ պարտէզներու մէջ եւ նոյնիսկ բաց ծովուն վրայ խարիսխ նետած նաւերու վրայ…

Մեր այսօրուան պատմութիւնը մեզի կու գայ Անգլիոյ Միլթոն-Քինս քաղաքէն, որ կը գտնուի Լոնտոնէն 50 մղոն դէպի հիւսիս-արեւմուտք։ Իսկ մեր հերոսներն են 36 տարեկան շտապ օգնութեան ինքնաշարժի մէջ աշխատող Սայմըն Օ՚Պրայն եւ 31 տարեկան հիւանդապահուհի Էլիզապէթ Քըր։ Անոնք նշանուած են եւ որոշած էին ամուսնանալ անցեալ տարուան յունիս ամսուան մէջ։ Սակայն քորոնաժահրի համաճարակը արգելք հանդիսացաւ, որ անոնք կարենան ամուսնանալ որոշեալ օրը, ուստի կամքէ անկախ պատճառներով յետաձգուեցաւ այդ ամուսնութիւնը։

Հիմա յունիս 2020-էն սկսեալ, օրացոյցի թերթիկները արագ-արագ փրցնելով հասնինք 2021 թուականի յունուար ամիսը եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ զոյգին։

Դժբախտաբար երկուքն ալ քորոնաժահրէն վարակուած ըլլալով եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը՝ յունուարի 9-ին, անոնք շտապօգնութեան նոյն ինքնաշարժով կը տեղափոխուին վերոյիշեալ քաղաքի համալսարանի հիւանդանոցը, դարմանումի համար։

Երեք օր վերջ՝ Սայմընի առողջական վիճակը սկսած էր վատթարանալ եւ զինք խնամող բժիշկները կ՚որոշեն զայն փոխադրել հիւանդանոցի ծանր հիւանդներու յատկացուած խտացեալ խնամքի յարկաբաժինը:

Բայց հոն չփոխադրուած՝ անակնկալ մը կը սպասէր իրեն։ Արդարեւ հիւանդանոցի անձնակազմը՝ տեղեակ ըլլալով նշանուած զոյգի կացութեան, անմիջապէս պսակադրութեան արարողութիւն մը կը կազմակերպեն եւ մեր սիրահարուած զոյգը (տես նկարը) կ՚ամուսնանայ։ Իսկ հարսանեկան կարկանդակը կու գայ հիւանդանոցի խոհանոցէն…

Ահա քեզի օրինակ մը, նեղ կացութենէն փրկելու իրավիճակ մը՝ որ պէտք էր տեղի ունենար վեց ամիս առաջ։ Բայց աւելի լաւ ուշ՝ քան երբեք, չէ՞ք խորհիր!

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ…

Այս երգահանդէսը տեղի ունեցած է Օքլահոմա նահանգի Օքլահոմա քաղաքին մէջ։ Բայց ինչո՞ւ տարօրինակ որակեցի այս երգահանդէսը, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Նախ փոքր ներածական մը հարկաւոր է, նախքան մեր բուն նիւթին անցնիլը։ Ուրեմն բոլորս ալ գիտենք, որ քորոնաժահրի համաճարակը շատ բան փոխեց մեր առօրեայ կեանքէն եւ գործունէութիւններէն։ Գոց վայրերու մէջ տեղի ունեցած գործունէութիւնները բոլորովին դադրեցան։

Օրինակ՝ եկեղեցական արարողութիւնները, ճաշարաններու սպասարկութիւնները, մարմնամարզի սրահներու գործածութիւնը եւ այլն։ Նոյնիսկ մարզական խաղերը սկսան տեղի ունենալ առանց հանդիսատեսներու։ Վերադառնալով մեր երգահանդէսին՝ թէեւ բացօթեայ վայրի մը մէջ տեղի ունեցաւ ան, սակայն անսալով համաճարակի առթիւ նախատեսուած արգելափակումներուն, հետեւեալ զգուշութիւնները գործադրուեցան։ Արդարեւ՝ բեմին վրայ թէ բեմէն վար, բոլորը պատուած էին հսկայ պղպջակներով (տես նկարը)։ Իսկ այդ պղպջակները (bubbles) օժտուած էին լսողական յատուկ գործիքներով, որպէսզի հանդիսատեսները կարենան հետեւիլ երաժշտութեան…

Է՜հ, կը տեսնէ՞ք ներկայ փորձագիտութիւնը ո՜ւր հասած է։ Այս բոլորը տեղի ունեցած է, որպէսզի մարդիկ կարենան առանց վախի երգահանդէսներու ներկայ գտնուիլ եւ վայելել արդի երաժշտութիւնը!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021