«ԲԱՐԻ ՄԱՐԴ»ՈՒ ՉԱՓԱՆԻՇԸ
Մարդկային առօրեայ կեանքին մէջ կան ըմբռնումներ, կան որակումներ՝ որոնք յարաբերական են եւ կրնան փոխուիլ կացութեան կամ պարագային համեմատ։ Զոր օրինակ, «բարի մարդ» հանգամանքը. ո՞վ է բարին, մարդ ի՞նչ եթէ ընէ կամ ի՞նչ եթէ չընէ «բարի» է։
Սովորաբար «չէզոք» ըլլալ՝ ո՛չ այս կողմը, ոչ այն կողմը ըլլալ, ո՛չ մէկին, ոչ միւսին մասնակից ըլլալ՝ բարի մարդու հանգամանք կու տայ։ Օտար չէ սա խօսքը. «մարդո՛ւ վնաս չունի, ինքն իրեն մարդ մըն է՝ բարի կեանք մը ունի…», կ՚ըսուի մէկու մը, երբ որեւէ գէշ արարք չէ գործած։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, «չէզոք» ըլլալ «բարի մարդ» որակուելու չափանիշն է, եւ ընդհանրապէս այսպէս կ՚որոշուի մարդուն «բարութիւն»ը։ Լա՛ւ, երբ վնաս չհասցնող մէկը բարի է, հապա օգտակարութիւն ունեցող, լաւին աշխատող մէկուն ի՞նչ պէտք է ըսել։ Անվնաս ըլլալ, չէզոք ըլլալ՝ իրապէս «բարի մարդ» ըլլալու կամ կոչուելու համար բաւարա՞ր է։
Բայց «բարութիւն»ը չէզոք վիճակ մը չէ, ընդհակառակը՝ դրական է, բան մը չընել չէ՛, բան մը ընե՛լ, կը նշանակէ։ Ուստի, «ոսկի կանոն»ը բոլորս գիտենք, ինչ որ յիշուած է նաեւ Աւետարանին մէջ. «Ի՛նչ որ կ՚ուզես, որ մարդիկ ընեն քեզի, դուն ալ անոնց նոյնը ըրէ՛»։ Այս կը նշանակէ, որ մարդ պէտք է ուրիշներու հետ այնպէս վարուի, ինչպէս կ՚ուզէ, որ անոնք իր հետ վարուին։ Եւ ասիկա դրական բան մըն է՝ գործ, աշխատանք կ՚ենթադրէ, եւ ո՛չ չէզոք ըլլալ։ Թէեւ, նոյն խօսքը Քրիստոսէ առաջ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ գործածուած է, բայց չէզոքութիւն ներշնչելով. «Ի՛նչ բան որ չես ուզեր որ ուրիշներ քեզի ընեն, դուն ալ անոնց մի՛ ըներ»։ Հեռաւոր Արեւելքի ընդհանուր խորհելակերպն է ասիկա. միշտ չէզոք ըլլալ, միշտ պաշտպանողական դիրքի մէջ ըլլալ։ Այս մտայնութեամբ չէզոք մարդը բարի մարդ է եւ գնահատելի՛։
Ընդհանրապէս «իտէալ մարդ» է ան՝ որ չի ծխեր, արբեցող չէ, գինեմոլ չէ, չի հայհոյեր, չի նախատեր, պղծախօսութիւն չ՚ըներ, սուտ չի խօսիր, չի խաբեր, չի հակառակիր, հլու հպատակ՝ ամէն բանի գլուխ կը ծռէ եւ որեւէ հակազդեցութիւն ցոյց չի տար, դէպքի մը դիմաց անտարբեր կը գտնուի, չի փոխադարձեր… այսպէս վարուող, աւելի ճիշդ է ըսել՝ չշարժող մէկը կարելի՞ է «բարի մարդ» կոչել։
Դարձեալ Աւետարանէն օրինակ մը. վիրաւոր մէկուն հանդէպ անտարբեր մնալ, անոր ձեռք չերկարել, անոր չօգնել՝ «բարի մարդ»ու գործ է՞, թէ՝ չա՛ր մարդու։ Կարեկցիլ, օգնել, ձեռք երկարել՝ ահաւասի՛կ, այն է բարութիւնը, «բարի մարդ» ըլլալու չափանիշը։
Ուրեմն, բանականութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ բարի ըլլալու համար դրական պէտք է ըլլալ, չէզոք ըլլալ բարի մարդ ըլլալու համար բաւարար պայման մը պէտք չէ համարուի։ Եւ դարձեալ, անիրաւութիւն չընող մէկը «բարի» պէտք չէ անուանել իր սովորական առումով, քանի որ անիրաւութիւն չընել արդէն մարդուն պարտականութիւնն է, արդէն պէտք է այդպէ՛ս վարուի եւ այդ մէկը առաքինութիւն մը չէ՛։ Ուրեմն, անիրաւութեան հարցին ո՞վ է «բարի մարդ»ը։ Ա՛յն՝ որ անիրաւութեան դէմ ձայն կը բարձրացնէ, կ՚ընդդիմանայ, կը պայքարի իր բոլոր ուժերովը, եւ անիրաւութիւնը, անարդարութիւնը կը պախարակէ, քաջաբա՛ր դէմ կը դնէ անոր…
«Բարի մարդ» ըլլալու հարցին ուրիշ տեսանկիւնէ մը նայինք. յանցաւոր մէկը ներել՝ յանցաւորի համար բարութիւն մըն է, զինք ներողը իրեն համար «բարի՛ մարդ» է։ Բայց նոյն հակումը կարելի չէ սպասել՝ նոյն յանցանքէն վնասուած կողմին համար. յանցաւորը ներել՝ անոր համար բարութիւն չէ, այլ չարութիւն՝ անիրաւութիւն եւ անարդարութի՛ւն։ Արդարեւ, յանցանք կը նշանակէ՝ օրէնքի դէմ, տուեալ համակարգի դէմ թերացում, եւ ասիկա պէտք է ունենայ իր փոխադարձ եւ համապատասխան հատուցումը. ներել՝ թէեւ յանցաւորին օգուտ մը պատճառէ, սակայն աւելի շատ վնաս՝ հաւաքականութեա՛ն։
Ուստի, «բարի մարդ» կոչումը պէտք է ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ գործածել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 19 2023, Իսթանպուլ