ՍԽԱԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ

Կը խոր­հիմ եր­բեմն, երբ յա­ճախ կը լսենք սա խօս­քը, թէ՝ «մարդ սխա­լա­կա՛ն է», ար­դեօք պատ­րուակ մը, կամ ար­դա­րա­ցո՞ւմ մըն է, եւ կամ կեղծ պատ­ճառ մը մար­դուս գոր­ծած սխալ­նե­րուն հա­մար։ Կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ «դի­մա՛կ» մըն է այս խօս­քը սխա­լանք­նե­րը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։ Մխի­թա­րանք մըն ալ կրնայ ըլ­լալ մար­դուս ան­կա­տա­րու­թիւ­նը բա­նա­ւոր պատ­ճա­ռի մը վե­րագ­րե­լու հա­մար։

Բայց սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն մըն է, որ մարդ ի­րա­պէ՛ս ու­նի էա­կան թե­րու­թիւն­ներ եւ տկա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք «ան­կա­տար» կ՚ը­նեն զինք։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս պատ­ճա­ռով, ըն­դու­նե­լի է «մար­դուն սխա­լա­կան» ըլ­լա­լը, եւ սխա­լին չա­փին ու աս­տի­ճա­նին հա­մե­մատ չմե­ղադ­րել, հան­դուր­ժո­ղա­կան ո­գիով եւ նե­րո­ղամ­տու­թեան զգա­ցու­մով մօ­տե­նալ սխա­լող մար­դուն։

Դար­ձեալ կ՚ը­սեն, որ ա­ռա­ջին սխա­լը դա՛ս մըն է մար­դուս հա­մար, այն որ կ՚օգ­տուի այդ «դաս»էն, ի­մաս­տուն մարդ է։ Հա­պա երկ­րորդ սխա­լը՞. ի՞նչ կա­րե­լի է ա­նուա­նել զայն։ Ան­խո­հե­մու­թի՞ւն, թէ անզ­գու­շու­թի՛ւն, չը­սե­լու հա­մար ի­մա­ցա­կա­նու­թեան պա­կաս կամ ան­խել­քու­թիւն։

Ուս­տի սխալ մը միշտ ու­ղե­ցոյց մըն է շի­տա­կին, ը­սենք «լու­սար­ձակ» մը՝ որ միշտ կը լու­սա­ւո­րէ ա­պա­գան իր ամ­բողջ ճշմար­տու­թեամ­բը։

Եւ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, ան­ցեա­լի զա­նա­զան վկա­յու­թիւն­ներ ցոյց կու տան, թէ՝ բազ­մա­թիւ մար­դիկ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած, զօ­րա­ցած եւ «մե՛ծ մարդ» ե­ղած են, երբ անդ­րա­դար­ձած են ի­րենց սխա­լին, ըն­դու­նած են որ սխա­լա՛ծ են, ա­պա վե­հանձ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցած են փո­խե­լու ի­րենց սխալ ըն­թաց­քը։

Ար­դա­րեւ կեան­քին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր եւ բախ­տո­րոշ պահն է՝ սխա­լի մը անդ­րա­դար­ձու­մի պա­հը։ Այդ պա­հը կ՚ո­րո­շէ մար­դուս ա­պա­գան եւ նաեւ ա­նոր ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը։

Ա­պա­գան կ՚ո­րո­շէ, քա­նի որ երբ անդ­րա­դառ­նայ մարդ իր սխա­լին՝ եր­կու ճամ­բայ ու­նի իր առ­ջեւ. կա՛մ կ՚ըն­դու­նի իր սխա­լը եւ շի­տակ ճամ­բուն մէջ կը յա­ռա­ջա­նայ եւ կամ չ՚ըն­դու­նիր սխա­լը՝ կը յա­մա­ռի իր սխա­լին վրայ եւ կը դի­մէ դէ­պի ծուռ եւ սխալ ճամ­բան։

Սխա­լին անդ­րա­դար­ձող մար­դուն ընդ­հա­նուր նկա­րա­գիրն ալ կը ձե­ւա­ւո­րուի այդ ճա­կա­տագ­րա­կան ո­րո­շու­մով։ Կա՛մ քա­ջու­թիւ­նը, վե­հանձ­նու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ սխա­լը ըն­դու­նե­լու, կա՛մ չի հա­մար­ձա­կիր, քա­ջու­թիւ­նը չ՚ու­նե­նար սխա­լը բա­ցա­յայ­տե­լու, կը ծած­կէ զայն, վրան կը գո­ցէ եւ ստի­պուած կը շա­րու­նա­կէ իր սխալ ճամ­բան։ Եւ եր­րորդ մըն ալ կայ՝ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր, թէ՛ իր սխա­լը չ՚ըն­դու­նիր, թէ՛ կը պնդէ որ ան սխալ չէ՛, այլ՝ շի­տակ եւ ճի՛շդ։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս նկա­րա­գիր­նե­րուն մէջ, շատ ա­ւե­լի՛ վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար են ա­նոնք՝ որ ի­րենց սխա­լը «ճիշդ» կը կար­ծեն, կը յա­մա­ռին ա­նոր ճշդու­թեան եւ եր­բեք չե՛ն սրբագ­րեր ի­րենց սխա­լը։ Իսկ միա­մի­տօ­րէն եւ ան­գի­տակ­ցա­բար սխալ գոր­ծող­ներ այն­քան վտան­գա­ւոր չեն, պայ­մա­նով որ սրբագ­րեն ի­րենք զի­րենք։ Ուս­տի սխա­լին վրայ պնդող, յա­մա­ռող ան­ձը խա­ւա­րա­միտ է եւ թանձր տգէտ, քա­նի որ ո՛չ հե­ռա­տես է եւ ոչ ալ շրջա­հա­յեաց։

Այս ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծուած սխա­լը ե­թէ ի­րա­պէս սխա՛լ է, ա­նոր վրայ զղջալ, զայն սրբագ­րել մե­ծա­գոյն ա­ռա­քի­նու­թիւնն ու քա­ջու­թի՛ւնն է։ Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնն ալ ա՛յս կը պա­հան­ջէ։ Այն որ ա­մէն բա­նէ եւ ա­մէն մար­դէ ա­ռաջ ինք ի­րեն հան­դէպ ան­կեղծ է, քա­ջու­թիւ­նը ու­նի դէմ յան­դի­ման գա­լու, ե­րես ե­րե­սի գա­լու իր իսկ «Ես»ին հետ, ա­հա­ւա­սիկ ան է վե­հանձն եւ զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր՝ ար­ժա­նա­ւոր եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տէր մա՛ր­դը։

Սխա­լը թո­ղուլ, սրբագ­րել եւ շի­տա­կը, ճիշ­դը իւ­րաց­նել՝ լու­սա­ւո­րու­թեան, յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ ազ­նուու­թեան ճամ­բուն հե­տե­ւիլ կը նշա­նա­կէ։ Ուս­տի մար­դը կո­չուած է կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու՝ բա­րիին, գե­ղե­ցի­կին եւ ճշմա­րի­տին հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու, գո­նէ ջա­նա­դիր ըլ­լա­լու, մտա­դիր ըլ­լալ ա­նոնց հե­տե­ւե­լու եւ հաս­նե­լու։ Ձե­ւա­կա­նու­թիւ­նը, ձե­ւա­պաշ­տու­թիւ­նը ա­մե­նա­մեծ ար­գելքն են յա­ռաջ­դի­մու­թեան, լու­սա­ւո­րու­թեան, քա­նի որ ձե­ւա­պաշ­տու­թիւ­նը, կեր­պով մը կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն է, խար­դա­խու­թիւն եւ խա­բե­բա­յու­թիւն է էա­կա­նին, այ­սինքն՝ ճշմա­րի­տին հան­դէպ։ Ձե­ւա­կա­նու­թեան քօ­ղին տակ էա­կա­նը, իս­կա­կա­նը ծած­կել՝ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն է, որ բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ է՝ «մարդ» նկա­րագ­րին։ Բա­նա­ւոր մար­դը պէտք է ան­կեղծ ըլ­լայ՝ քա՛ջ եւ հա­մար­ձակ իր բո­լոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն եւ գոր­ծե­րուն մէջ։

Ձե­ւա­կա­նու­թիւ­նը թշնա­մի՛ է ան­կեղ­ծու­թեան, եւ հոն՝ ուր ան­կեղ­ծու­թիւն չկայ, մարդ ո՛չ ներք­նա­պէս, ո՛չ ար­տաք­նա­պէս խա­ղաղ եւ հաշտ ու հա­մե­րաշխ կրնայ ըլ­լալ…։

Եւ ե­թէ հա­մե­րաշ­խու­թիւն, խա­ղա­ղու­թիւն եւ հաշ­տու­թիւն կը պակ­սի, ա­պա ու­րեմն հոն կա­րե­լի չէ՛ հաս­տա­տուի լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մար­դոց մի­ջեւ, եւ կը բա­ցա­կա­յի եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ որ մար­դուն վերջ­նա­կան նպա­տակն է։ Ի­րա­կան քաջ մար­դը իր նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար ջա­նա­դիր, փու­թա­ջան անձն է, որ կը վստա­հի ինքն իր ու­ժե­րուն եւ ի­մաս­տու­թեան։

Սխա­լին անդ­րա­դար­ձող, սխա­լը ըն­դու­նող եւ զայն սրբագ­րե­լու ջա­նալ՝ մարդս կ՚ազ­նուաց­նէ։ Ար­դա­րեւ սխա­լը ըն­դու­նիլ եւ զայն սրբագ­րե­լու աշ­խա­տիլ ազ­նուու­թիւն է, իսկ ինքն ի­րեն խոս­տա­նալ՝ չկրկնե՛լ այդ սխա­լը ա­ռա­քի­նու­թիւն է եւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ, ըն­տիր մար­դու ա­ռա­ւե­լու­թի՛ւն։

Մարդ, ինչ­պէս որ կը սխա­լի, նաեւ թէ՛ բա­րո­յա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս կրնայ իյ­նալ, այդ ալ բնա­կան է, բայց կա­րե­ւո­րը՝ իյ­նա­լէ ետք դար­ձեալ կանգ­նե­լու ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նալն է։ Մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը «ծրագ­րուած» է տե­ւա­պէս նո­րո­գուե­լու, մշտա­նո­րոգ ըն­թացք մըն է մարդ­կա­յին կեան­քը, այս ի­մաս­տով։ Ո­ւրեմն սխալ­նե­րը սրբագ­րել, սխալ­նե­րու վրայ չյա­մա­ռիլ՝ ինչ­պէս մար­դը կ՚ազ­նուաց­նէ, բա­րո­յա­պէս ան­կում կրող մարդն ալ՝ դար­ձեալ ոտ­քի ել­լե­լով, կանգ­նե­լով եւ ա­ռա­ջուը­նէ ա­ւե­լի վեր բարձ­րա­նա­լով կը զօ­րա­նայ, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։

Մարդ իր բնու­թեամբ՝ օժ­տուած է համ­բե­րու­թեան, տո­կա­լու կա­րո­ղու­թեամբ ա­մէն տե­սակ նե­ղու­թեան, զրկան­քի եւ տա­ռա­պան­քի, եւ ա­նոնք որ գի­տեն օգ­տա­գոր­ծել ի­րենց անձ­նա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը, ու­ժը եւ չեն յու­սա­հա­տիր, չեն վհա­տիր՝ ա­նոնք ա­հա­ւա­սիկ կը հաս­նին ի­րենց նպա­տա­կին, կա­տա­րեա­լին՝ ո­րուն կո­չուած են աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րով, որ կը շա­րու­նա­կէ՜ գոր­ծադ­րուիլ այն­քան ա­տեն, որ կը գո­յա­տե­ւէ մարդ­կա­յին ցե­ղը։ Եւ վար­ձատ­րու­թիւն կը ստա­նայ այն՝ որ մին­չեւ վերջ գի­տէ համ­բե­րել, տո­կալ կեան­քի ա­մէն տե­սակ նե­ղու­թիւն­նե­րուն, դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ խո­չըն­դոտ­նե­րուն։

Հոգ չէ՛, սխա­լինք, բայց գիտ­նա՛նք սրբագ­րել մեր սխա­լը, եւ զգո՛յշ ըլ­լալ՝ չկրկնե­լու նոյն սխա­լը…։ Հոգ չէ՛, իյ­նանք, ան­կում կրենք, բայց գիտ­նա՛նք կանգ­նիլ եւ կանգ­նե­լէ վերջ կա­րե­նանք ա­ւե­լի վե՛ր բարձ­րա­նալ քան իյ­նա­լէ ա­ռաջ, ուր կը գտնուէինք։

«Մարդ ըլ­լալ» ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 15, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016