ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Երբ յաճախ կը խորհինք ու կը խօսինք կեանքի մասին՝ անոր անիմանալի խորհուրդին ու գաղտնիքներուն վրայ, չենք անդրադառնար, չենք նկատեր, որ անոր զանազան դրուագներուն մէջ տարբերութիւն չկա՛յ, այլ՝ կերպարանափոխութի՛ւն։ Ուստի մա՛հն ալ մարդուս համար «կերպարանափոխութիւն» մըն է. բովանդակութեան, էութեան փոփոխութիւն չկայ, քանի որ միջուկը, կորիզը միշտ կեա՛նքն է։ Արդարեւ «կերպարանափոխութիւն» կը նշանակէ՝ կերպարանքէ մը ուրիշ կերպարանք անցնիլ, ձեւափոխութիւն, կերպափոխութիւն։ Իսկ «փոփոխութիւն» կը նշանակէ՝ բոլորովին շրջում, հոլովում՝ այլազանութիւն, որ կ՚ենթադրէ էապէս փոփոխութիւն, կարգի զանազանութիւն։ Ուրեմն «կերպարանափոխութիւն» եւ «փոփոխութիւն» բոլորովին տարբեր երեւոյթներ են։
Կերպարանափոխութիւնը՝ պարունակութեան փոփոխութիւն չէ՝ կեղեւը միայն կը փոխուի։ Իսկ փոփոխութիւնը՝ պարունակութեամբ, բովանդակութեամբ տարբեր ըլլալու վիճակ մըն է։ Ուրեմն կերպարանափոխութիւնը արտաքին փոփոխութիւն մըն է՝ ձաւական, կերպարանքի վերաբերեան, իսկ փոփոխութիւնը՝ ներքին, էական եւ հիմնակա՛ն։
Այս իրողութենէն կը հետեւի, թէ մարդ էակը կերպարանափոխութեան ենթակայ, էապէս նոյն, բայց ձեւականօրէն, արտաքնապէս փոփոխութեան հպատակ բանաւոր կենդանի, ապրող էակ մըն է։
Ըսինք, որ «մա՛հ»ն ալ մարդուս համար կերպարանափոխութիւն մըն է, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ամէնքս ալ պիտի փոխուինք…», բայց փոխուելու եւ կերպարանափոխուելու տարբերութիւնը մատնանշելու համար կ՚աւելցնէ եւ կը հաստատէ, թէ՝ այդ փոփոխութիւնը մահկանացու մարդուն՝ անմահութեան մակարդակին անցնելու մէջ կը կայանայ, եւ ասիկա կը նշանակէ՝ կեանքի անդառնալի վճռականութիւնը եւ տեւականութիւնը, եւ երբ Առաքեալին ի՛ր բառերով ըսենք՝ յաղթութի՛ւնը։
Ուրեմն պարզ խօսքով՝ կեանքը չի փոխուիր, այլ տարբեր մակարդակի վրայ, ուրիշ միջոցի մէջ կը կերպարանափոխուի, եւ ա՛յս է կեանքի յաղթութիւնը։
Պարտութենէ՝ յաղթութիւն, տկարութենէ՝ զօրութիւն, անկատարութենէ՝ կատարելութիւն. ահաւասի՛կ այս է «կեանք»ը իր էութեամբ, իր խորքով, իր բովանդակութեամբ, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։ Ուստի մահը «երեւոյթ»ն է եւ կեա՛նքն է «իրականութիւն»ը։
Վկայ եւ կամ փաստ կ՚ուզէ՞ք։ Դիտեցէք բնութիւնը, զոր օրինակ ծառը՝ ամառը փարթամ կանաչ տերեւներով զարդարուած, բայց ձմեռը՝ գօս, չոր ու վտիտ, բայց դարձեալ ծա՛ռ իր էութեամբ, նորէն, տակաւին կենսունակ իր տերեւազուրկ տեսքին մէջ՝ ժպտուն իր կերպարանափոխութեանը մէջ։ Եւ ո՞վ կրնայ ըսել, որ ան նո՛յն ծառը չէ, եթէ նոյնիսկ վրան կանաչ տերեւ մը իսկ չունի։ Ծառը միշտ «ծա՛ռ» է, մարդը՝ միշտ «մա՛րդ» եթէ նոյնիսկ մահուան պատճառով կերպարանափոխուի՝ առանց մարմնի հոգի մնայ միայն։
Ուստի բնութեան մէջ, որեւէ կենդանի էակ, եւ յատկապէս մարդը, անգամ մը որ ծնի, միշտ կը մնայ նոյնը էապէս, եթէ նոյնիսկ կերպարանափոխութեան ենթարկուի։
Կեանքը՝ «կեանք» է երբ ան չէ կորսնցուցած իր էութիւնը, իր գեղեցկութիւնը, իր իրականութիւնը՝ ըլլայ երկրի վրայ եւ ըլլայ երկնքի մէջ։ Կեանքը արդէն մա՛հ է, երբ գեղեցիկ չէ, երբ ճշմարիտ չէ։ Այս կը նշանակէ, որ ժամանակը, ժամանակի տարրը չէ՛ որ կու տայ կեանքին իսկական սահմանը, ան չ՚որոշեր այդ չափը, հապա՝ իր նկարագիրը, իր յատկութիւնը, իր որակն է, բովանդակութիւնը եւ պարունակութիւնը, որ կ՚որոշէ աստիճանը։
Կարճ կեանք, կամ երկար կեանք՝ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ. ճշմարտութիւնն է, գեղեցկութիւնն է էականը, յաւիտենականը եւ մշտնջենաւորը եւ ո՛չ տարիներու թիւը։ Եւ մարդ էակին յատկութիւնն ու նկարագիրը յաւիտենական է, քանի որ անոր կոչուած եւ այդ պատճառով ու նպատակով ստեղծուած է ան։
Բնութիւնը տեսակ մը ցուցատախտակ է՝ որուն վրայ Աստուած կը յայտնէ ու կը յայտարարէ Իր ստեղծագործութեան յաւիտենականութիւնը, Ան է «Ալֆա»ն եւ «Օմեկա»ն, Ան է սկիզբն ու վախճանը, աւելի ճի՛շդ է ըսել. Ա՛ն է Անսկիզբն ու Անվախճանը։
Յաւիտենականութի՜ւն=Աստուա՛ծ։
Եւ այս յաւիտենականութեան՝ Ստեղծիչին ու Արարիչին ստեղծածն ալ, արարածն ալ անշուշտ, յաւիտենական պիտի ըլլայ, քանի որ ամէն «գործ» զայն գործողին նկարագրին համեմատ ու համաձայն կը ձեւաւորուի ու նկարագիր եւ յատկութիւն կը ստանայ։ Ուրիշ խօսքով՝ գործը գործողին հայելին է՝ ուր կը ցոլանայ անոր պատկերը ամբողջութեամբ։ Եւ այս անյեղլի իրողութեան մարմնացեալ յայտնութիւնն է ամբողջ ստեղծագործութիւնը, ամբողջ տիեզերքը, եւ այս աշխարհը՝ իբրեւ մէկ մասնիկը տիեզերքին։
Ամրան պայծառ արեւը վկա՛յ մըն է յաւիտենականութեան։
Բանաստեղծին գլուխ-գործոցն է արեւը՝ որ մարդուս գլխուն վրայ կը թաւալի եւ վահանի մը նման կը բոլորէ ամէն ինչ երկրի վրայ։ Եւ ամէն խօսք՝ որ կ՚ըսուի անոր մասին, ի վերջոյ կը սպառի, եւ այդ վերջէն յետոյ կը մնայ անոր յաւիտենականութիւնը որպէս ծայրագոյն դատավճիռը՝ իր նկարագրին էութեան։ Եւ այդ յաւիտենականութիւնը աւելի ճշմարիտ է քան որեւէ խօսք։ Խորհեցէ՛ք, սիրելիներ պահ մը. այն արեւը՝ որ այսօր, սա պահուս կը փայլի մեր գլխուն վրայ եւ կը լուսաւորէ մեզ, կը փայլէր նաեւ աշխարհի սկիզբէն ի վեր, երբ Ադամ եւ Եւա՝ իրենց դրախտայի՜ն իրողութիւնը՝ որ կը համապատասխանէ դրախտային երանութեան, կը վայելէին, շլացած էին երկնակամարին գոգը լուսավառ ու պայծառ նոյն այդ արեւէն։
Պահ մը երբ խորհի մարդ, ի՜նչ հրաշալի է, եւ որքան սքանչելի՝ Ադամ եւ Եւայի, Քրիստոսի եւ այն բոլոր պատմական ու պատուական անձնաւորութիւններն ալ լուսաւորուեցան, ջերմութիւնը զգացին ու վայելեցին՝ սա մեզ լուսաւորող, ջերմութիւնը զգացնող նոյն արեւը՝ զոր այսօր մենք կը վայելենք… եւ խորհիլ նաեւ, թէ ապագային ալ ո՜վ գիտէ ո՜վքեր պիտի լուսաւորէ եւ իր ջերմութիւնը պիտի տայ դարձեալ նոյն արեւը՝ որ աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր անդադար եւ անխափան կը շարունակէ իր պարտականութիւնը։
Իրապէ՛ս, խորհիլը իսկ սքանչացում կը պատճառէ։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, հապա ի՞նչ կարելի է ըսել գիշերուան աստղերուն մասին՝ նոյնպէս ներդաշնակ եւ յաւիտենապէս վառած կանթեղները կը հանդիսանան երկնքի երեսը, եւ անոնք ալ կային երբ այս աշխարհը դեռ անձեւ պարապութիւն մըն էր՝ մո՛ւթ։
Եւ ամէն անգամ որ մարդ կ՚անջատէ տեւականութեան, անձանձիր ու անդադար, եւ ներդաշնակ յարակայութեան խորհուրդը՝ յաւիտենականութենէն, կ՚անժէքազրկենք զայն։ Ուրիշ արտայայտութեան ձեւով՝ ո՛չ մէկ բան տեւական է որ յաւիտենական չէ։
Բնութիւնը դիտեցէ՛ք սիրելինե՜ր, նոյն խորհուրդը պիտի շեշտուի ձեր միտքերուն մէջ. ամբողջ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին կային անոնք, անոնք լուռ, անխօս վկաներ եղան պատմութեան, եւ ո՜վ գիտէ ի՜նչերու պիտի վկայեն եւ ո՜վ գիտէ ո՛ր անծանօթ աչքեր պիտի դիտեն, տեսնեն զանոնք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2016, Գնալը կղզի