ՀՈ­ԳԵՄ­ՏԱ­ՒՈՐ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ԾՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ Ս. ԱՍ­ՏՈ­ՒԱ­ԾԱԾ­ՆԻ ԳՕ­ՏԻԻՆ ԳԻՒ­ՏԸ

Վե­րա­փո­խու­մէն ետք 3-րդ կի­րա­կի կը տօ­նուի Աս­տուա­ծած­նի գօ­տիին գիւ­տի յի­շա­տա­կը։ Տօ­նը այս տա­րի կը հան­դի­պի 26 օ­գոս­տոս կի­րա­կի օ­րուան։

Մա­ղա­քիա Ար­քեպս. Օր­մա­նեան իր «Ծի­սա­կան բա­ռա­րան»ին մէջ «Գիւտ Գօտ­ւոյ Ս. Աս­տուա­ծած­նի» վեր­նագ­րով կու տայ հե­տե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը։

«Աս­տուա­ծած­նի գոր­ծա­ծած զգեստ­նե­րէն կամ ա­ռար­կա­նե­րէն բան մը պա­հուած ըլ­լա­լուն յի­շա­տա­կու­թիւ­նը չկայ հի­նե­րուն մէջ, բայց հե­տա­գայ դա­րե­րուն մէջ այդ­պի­սի ա­ւան­դա­կան յի­շա­տակ­ներ տա­կաւ մէջ­տեղ ե­լած են եւ ա­նոնց յայտ­նու­թիւն­նե­րը տօ­ներ ալ կազ­մած, Ե. դա­րուն սկիզ­բը Ար­կա­դիոս կայ­սեր օ­րով (395-408)։

«Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Աս­տուա­ծած­նի պատ­կա­նած Գօ­տի մը ե­րե­ւան ե­կաւ եւ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով Կ. Պո­լիս բե­րուե­ցաւ եւ հոն Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցիին մէջ պա­տուով պա­հուե­ցաւ եւ բա­րե­պաշ­տա­կան ա­ռար­կայ ե­ղաւ։

«Յոյ­նե­րը սկսան օ­գոս­տոս 31-ին Աս­տուա­ծած­նի Գօտ­ւոյն գտնուե­լուն տօ­նը կա­տա­րել։

«Մեր մէջ ան­ծա­նօթ էր այդ­պի­սի յի­շա­տակ մը։

«ԺԸ. դա­րու տօ­նա­ցոյց գրող­նե­րէն ո­մանք յի­շա­տա­կե­ցին զայն.- Ե­թէ կա­միս տօ­նել՝ տօ­նեա, յա­ւե­լուա­ծով, մին­չեւ որ Սի­մէոն Ե­րե­ւան­ցի Կա­թո­ղի­կո­սը (Սի­մէոն Ա. Ե­րե­ւան­ցի. 1763-1780), 1774 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կած բա­րե­փո­խեալ տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ հաս­տա­տուն կեր­պով դրաւ զայն Աս­տուա­ծած­նի Գ. Կի­րա­կին, որ 7 օ­րե­րու շար­ժա­կա­նու­թեամբ օ­գոս­տոս 26-էն սեպ­տեմ­բեր 1 կրնայ հան­դի­պիլ։ (Ինչ­պէս յի­շուե­ցաւ, այս տա­րի՝ 26 օ­գոս­տո­սին)։

«Սա­կայն կա­տա­րուա­ծը պարզ Աս­տուա­ծած­նի տօն մըն է ա­ռանց ու­րիշ մաս­նա­ւոր պա­րա­գա­յի»։­

Ա­հա­ւա­սիկ, այս­պէս կը բա­ցատ­րէ Մա­ղա­քիա Ար­քեպս. Օր­մա­նեան Աս­տուա­ծած­նի Գօ­տիին գիւ­տը եւ ա­նոր յի­շա­տա­կին նուի­րուած տօ­նը։

Տօ­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս միշտ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են մարդ­կա­յին ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ։ Պատ­մու­թեան հնա­գոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը տօ­նախմ­բու­թիւն­ներ ա­ռանձ­նա­կի տեղ են գրա­ւած մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։

«Տօն» կը նշա­նա­կէ հան­գիստ եւ ա­զատ օր։ Հան­գիստ՝ ա­ռօ­րեայ զբաղ­մունք­նե­րէ, աշ­խա­տանք­նե­րէ. ա­զատ օր՝ ծա­ռա­յե­լու եւ նուի­րուե­լու հա­մար օ­րուայ խոր­հուր­դին, Աս­տու­ծոյ փա­ռա­բա­նու­թեա­նը եւ կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քին։ «Տօն» բա­ռը հին հայ­կա­կան ծա­գում ու­նի։ Ըստ Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի «Հա­յե­րէն ար­մա­տա­կան բա­ռա­րան»ի՝ այն ծա­գում է ա­ռած հնդեւ­րո­պա­կան նա­խա­լե­զուի «dapni» ձե­ւէն, որ կը նշա­նա­կէ «զոհ»։­

Ա­ւե­լի վեր­ջի շրջան­նե­րուն բա­ռը դար­ձաւ «tafn» (=Տաւն=Տօն), ո­րուն ի­մաստն է «զո­հի ա­նա­սուն, զոհ, ող­ջա­կէզ»։­

Իսկ լա­տի­նե­րէ­նի մէջ՝ «daps», «dapes», այ­սինքն «աս­տուած­նե­րու նուի­րուած զոհ, նուի­րա­կան, խնջոյք», «dapino»՝ «ա­ռատ խնջոյք տալ» եւ այլն։

Եւ այս բո­լոր ար­մատ­նե­րը կու գան հնդեւ­րո­պա­կան նա­խա­լե­զուի «dap», «dep»՝ «բա­ժա­նել», «բաշ­խել» ար­մա­տէն։

Ուս­տի քրիս­տո­նեա­նե­րու հո­գե­ւոր կեան­քին ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մեն ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցով կ՚ար­տա­յայ­տուի ա­նոնց հա­ւա­տը, աս­տուա­ծա­ճա­նա­չու­թիւ­նը եւ աս­տուա­ծա­պաշ­տու­թիւ­նը։ Եւ այս ի­մաս­տով, տօ­նը իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեա­յի հա­մար հա­մընդ­հա­նուր ու­րա­խու­թեան եւ պայ­ծա­ռու­թեան եւ ինք­նա­ճա­նա­չու­թեան օր է։ Տօ­նախմ­բու­թեամբ, այդ օ­րե­րուն, հա­ւա­տա­ցեալ­ներ կ՚ու­րա­խա­նան եւ փա­ռա­բա­նեն զԱտ­սուած՝ Ա­նոր շնոր­հած մե­ծա­մեծ բա­րիք­նե­րուն հա­մար։

Տօ­նե­րը, որ­քան յի­շա­տա­կու­թիւն­ներ, բայց նո՛յն­քան բա­րե­պա­տեհ ա­ռիթ­ներ են անդ­րա­դարձ­ման հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու գո­յու­թեան, հո­գե­ւոր կեան­քի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան եւ ան­շո՛ւշտ ինք­նա­ճա­նա­չու­թեան՝ ինք իր նե­րաշ­խար­հին անդ­րա­դար­ձու­թեան։

Ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­մու­թեան, յի­շար­ժան ո­րե­ւէ ի­րա­դար­ձու­թեան կամ սուր­բե­րու, նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին ո­գե­կոչ­ման նուի­րուած են։ Ե­կե­ղե­ցին իր տօ­նե­րու մի­ջո­ցով մեզ կը պատ­մէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի, Սուրբ Մա­րիամ Աս­տուա­ծած­նի, սուր­բե­րու կեան­քի եւ նա­հա­տա­կու­թեան, նուի­րուա­ծու­թեան եւ հրա­շա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մա­սին։ Եւ տօ­նե­րը ա­ռիթ­ներ են օգ­տուե­լու ա­նոնք կեան­քի դա­սե­րէն, խոր­հուրդ­նե­րէն։

Ար­դա­րեւ, իւ­րա­քան­չիւր տօն ու­նի իր խոր­հուր­դը, ի­մաս­տը եւ նշա­նա­կու­թիւ­նը, պատ­գա­մը եւ ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ա­մէն տօն ու­նի «դաս» մը՝ ո­րուն կը կա­րօ­տին մար­դիկ։

Տօ­նե­րը կրօ­նա­կան ջեր­մե­ռան­դու­թեան եւ բա­րե­պաշ­տու­թեան բա­րե­պա­տեհ ա­ռիթ­ներ են ա­մէն մէկ քրիս­տո­նեա­յի հա­մար։

Սկզբնա­կան շրջան­նե­րուն տօ­նե­րը եւ պահ­քի օ­րե­րը սահ­մա­նուած էին ա­ռա­քեալ­նե­րու կող­մէ, իսկ ա­ւե­լի վեր­ջի շրջան­նե­րուն՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ հայ­րե­րը եւ հայ­րա­պետ­նե­րը նոր տօ­ներ եւ պահ­քի օ­րեր են ա­ւել­ցու­ցած։

Աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը՝ ուր քա­րո­զուած է Ա­ւե­տա­րա­նը, կա­ռու­ցուած ե­կե­ղե­ցի­ներ, այն տեղ հաս­տա­տուած են ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ հայ­րա­պետ­նե­րու կող­մէ սահ­մա­նուած տէ­րու­նա­կան տօ­ներ։

Այս­պէս ե­ղաւ նաեւ երբ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­լաւ Խոր­վի­րա­պէն եւ կե­նա­րար Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քով լու­սա­ւո­րեց Հայ ժո­ղո­վուր­դը, ա­նոր հետ միա­սին հաս­տա­տեց նաեւ տէ­րու­նա­կան տօ­ներ եւ ա­նոնց կա­պուած պահ­քի օ­րեր։

Այս ի­մաս­տով ա­հա­ւա­սիկ, Աս­տուա­ծա­մօր նուի­րուած 7 տօ­ներ են.

ա- Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի Ան­նա­յէն յղա­ցու­մը,

բ- Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի ծնուն­դը,

գ- Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի տա­ճար ըն­ծա­յու­մը,

դ- Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի ա­ւետ­ման տօ­նը,

ե- Աս­տուա­ծա­մօր Վե­րա­փո­խու­մը,

զ- Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի գօ­տիի գիւ­տը,

է- Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի տու­փի գիւ­տը։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նե­րը ժա­մա­նա­կա­յին ա­ռու­մով կ՚ըլ­լան «շար­ժա­կան» եւ «ան­շարժ»։­

Ար­դա­րեւ, բո­լոր տօ­նե­րը հո­գե­ւոր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ­ներ են­…։­

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 14, 2018, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 20, 2018