ԶԳԱՆՋԵԼԻ ՍԷՌՈՒՆԹ ՄԸ…

Երէկ առիթը ունեցայ դիտելու Ապրիլ 24-ի նուիրուած ձեռնարկի մը բացման խօսքի բաժինը, ուր պարմանուհի մը ջինջ ու զուլալ հայերէնով կը խօսէր յետցեղասպանութեան հայ ժողովուրդի վերածնունդի ոգիին մասին: Ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ տողը՝ որուն երբեք ալ համաձայն պիտի չըլլայի. «Թշնամին չհասա՛ւ իր նպատակին»:

Պահ մը խորհրդածենք. հասա՞ւ... թէ ոչ: Ձեր պատասխանը անծանօթ է ինծի, սակայն իմս ըսեմ. հասա՛ւ, եւ հասաւ իր ծրագրածէն շա՛տ աւելիին, որ աւելի ծանր է՝ քան ամբողջ ազգի մը ցեղասպանութիւնը: Հասաւ աւելիին՝ որովհետեւ մենք ցեղասպանուածի դրութենէն անցանք անձնասպանի վիճակին ու հակառակորդին «թանգարանը մէկ հայ ձգել»ու նախագիծը առինք մեր ձեռքը եւ անցանք անոր գործադրութեան, ինքներս դառնալով մեր մեծագոյն թշնամիները:

Մեր ի գործ դրած ցեղասպանութիւնը աւելի ահաւոր է՝ քան օտարինը: Հակառակորդը կոտորեց միլիոններ՝ սակայն չյաջողեցաւ կոտորել մեր ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը. այդ պակասը մե՛նք լրացուցինք, այդ պակասը ցայսօր կը լրացնենք՝ բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ՝ անգիտութեամբ:

Կա՞յ աւելի ահաւոր բան՝ քան հարազատ մօր, հօր եւ կամ զաւկի մը ոճիրը՝ արիւնակիցի կողմէ: Մեր ազգը հակառակորդին հարուածէն այնքան չցաւեցաւ՝ ինչքան մեր սեփական ընդհարումներէն, մեր անձնական խլրտումներէն:

Վերնագիրը առնուած է մեր կազմակերպած ցեղասպանութենէն, ուր կը խաչուի Մեսրոպ Մաշտոցը՝ իր աշակերտներով, ուր կը կոտորուի հայազգի 38 զինուորները՝ հայու ձեռքով: Այդ ցեղասպանութիւնը այսօր մեր մէջ ամէ՛ն օր եւ ամէ՛ն տեղ է. խօսակցութեան, գրականութեան, երաժշտութեան, մշակոյթի, կրթութեան, քաղաքականութեան, ապրելակերպին, մտածելակերպին. ամէ՛ն տեղ:

Սակայն մեր գործած հայասպանութենէն աւելի՛ վատը այն է, որ մարդիկ կը սկսին այս բոլոր երեւոյթներուն տալ բնական տեսք ու վիճակ, հայ անհատի հայերէն չգիտնալը բնական, հայ մշակոյթի աղաւաղումը՝ արդիական եւ հայերէն գրել չգիտնալը՝ սովորական վիճակ կը սկսին ստանալ մեր ընկերութեան կողմէ:

Անցնող տասնամեակի «բարիք» համարուող համացանցը պատճառ եղաւ աւելիո՛վ ճանչնալու եւ ծանօթ դառնալու հայ ազգի մէջ կատարուած հանապազօրեայ ջարդերուն ու կոտորածներուն: Մերօրեայ Տէր Զօր է այսօր համացանցը, զոհասեղան՝ հայ լեզուի ու մշակոյթի, նոր Բաբելոն մը՝ ազգութեան ու դիմագիծի, սպանդանոց՝ բարքի եւ ինքնութեան:

 Համացանցէն քաղուած բառեր են հետեւեալները. «մենկ», որ իսկութեան մէջ մենք է... «Զգանջելի»՝ փոխան սքանչելիի, «գեզի»՝ փոխան քեզիի, «ցաց»՝ փոխան ցածի: Եւ ըսեմ աւելին՝ «ներ» յոգնակերտ մասնիկը որպէս «նԷր» գրողներ գոյութիւն ունին, ստացական յօդերէն «դ»ն՝ որպէս «տ» գրող-ներ գոյութիւն ունին, օրինակ՝ «վարցկտ», որ իսկութեան մէջ վարձքդ է: Վերջերս վարչապետին անիծել ուզող մը գրած էր «անիցվի զավագնէրէդ»... չի՛ գիտցայ վարչապե՞տը անիծուեցաւ... թէ հայոց լեզուն:

Սխալներ՝ որոնք ընդհանրապէս կապ չունին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութեանց հետ, սխալներ՝ որոնք շա՛տ մեծ հաւանականութեամբ մի քանի ժամուայ ընթերցանութեամբ կարելի է ուղղել: Սխալներ՝ որոնք այսօր նախակրթարանի աշակերտին թոյլատրելի չէ:

Այսպէս ամէ՛ն օր քիչ քիչ կը ջարդուի մեր լեզուն՝ դառնալով արեւմեռաւ հայերէնի: Վերոյիշեալ սերունդը՝ պիտի ըլլայ առաջնորդն ու ռահվիրան ապագայ սերունդներուն: Անոնք են՝ որ պիտի կազմեն «հայ» ընտանիք, ուր մանուկը պիտի մեծնայ «հայ»ու դաստիարակութեամբ: Եթէ այսօր ես ու դուն հայերէն չգիտնանք... մեր ապագայ սերունդէն ի՞նչ կրնանք սպասել:

Շատ անգամ շրջապատէն կը լսենք այն համոզումը, որ «պէտք չէ անցեալի վրայ հիմ-նըւիլ. պէտք է զարկ տալ ներկային՝ ու ներկայի հիմքին վրայ կառուցել ապագան...»: Մենք չենք կրցած անցեալէն ձերբազատուիլ, որովհետեւ ներկան միայն կորուստ ու անկում ներշնչած է, որուն վրայ ապագայ կառուցել՝ աւազին վրայ տուն շինելէն չի տարբերիր:

Երկար մազերով հայ տղայ մը կը տեսնենք... «հայու կը վայելէ՞...», կարճ քղանցքով հայ աղջիկներ կը տեսնենք... «հայու կը վայելէ՞...», սակայն հայկականութենէ մերկացած սերունդ մը կը տեսնենք... ո՞վ պիտի ըսէ «հայու կը վայելէ՞» թէ ոչ...

Գուցէ աւելի՛ լաւ էր թշնամիին կողմէ ոչնչանալ՝ քան ինքնակամ երթալ ոչնչացման...: Իսկ լուծումը պարզ է եւ յըս-տակ. նախ՝ գիտակցութիւն եւ ապա գործ:

ՏԻԳՐԱՆ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ
(1886-1935)

Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ՝ 20 օգոստոս 1886 թուականին Վաղարշապատի մէջ ծնած է հայ բնախօս (Physiologist) Տիգրան Մուշեղեան:

Մուշեղեան 1906 թուականին աւարտած է Երեւանի Արական մարմնակրթական հիմնարկը, որմէ անմիջապէս ետք մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկի համալսարանի մարմնակրթական եւ չափագիտական բաժանմունքը եւ 1912 թուականին եղած նոյն ամպիոնի աշխատակից: Տիգրան Մուշեղեան Երեւան վերադարձած է 1919 թուականին եւ ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Մարմնակրթական հաստատութենէն ներս, դասաւանդելով մարմնակրթութիւն եւ չափագիտութիւն: Երեւանի Պետական համալսարանի կողմէ 1921 թուականին հրաւիրուած է դասաւանդելու կենդանիներու բնախօսութեան նիւթը եւ 1922 թուականին անոր ջանքերով համալսարանին մէջ հիմնուած է կենդանիներու բնախօսական ամպիոնն ու տարրալուծարանը:

Մուշեղեան 1922-1935 թուականներուն եղած է Մարմնակրթական հիմնարկի ղեկավար եւ մինչեւ կեանքի վերջը Երեւանի Պետական համալսարանի բնախօսական բաժնի վերատեսուչ: Վարած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի Մարքսիզմ-Լենինիզմի հիմնարկի բնագիտական բաժանմունքի նախագահի պաշտօնը:

Ան մեծ դեր ունեցած է դպրոցական աշակերտներու ուսումնական ծրագիրի մշակման գործին մէջ, պատրաստելով մանկավարժական պատշաճ ուղեգիծով:

Երեւանի Պետական համալսարանի բնախօսական ամպիոնը 1973 թուականէն ի վեր կը կրէ Տիգրան Մուշեղեանի անունը:

Ան մահացած է 22 ապրիլ 1935 թուականին, Երեւանի մէջ, եւ թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 20, 2021