ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային կեանքը կ՚ընթանայ ընդհանրապէս հակոտնեայ սկզբունքներու, գաղափարներու եւ ըմբռնումներու մէջ, եւ հակադիր երեւոյթներու միջեւ նախընտրութիւններ ընելով։ Արդարեւ կեանքի մէջ, մարդ միշտ սահմանի մը, չափ ու կշիռի մը առջեւ կը գտնուի, եւ ստիպողաբար կը համակերպի կամ ո՛չ այդ սահմաններու առաջադրած չափերուն կամ կշիռներուն։ Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, թէ կեանքը ընտրութիւններու եւ այդ ընտրութիւններուն համեմատ ապրուած ընթացք մըն է։

Ամէն վայելք, ամէն արժէք սահման մը՝ չա՛փ մը ունի աշխարհի վրայ։ Չէ՞ որ ստեղծագործութեան ժամանակ երբ մարդը օժտուած է ազատութեամբ, բայց այդ ազատութիւնը սահմանուած է «արգիլուած ծառի պտուղ»ով, այսինքն իրաւունք, ազատութիւն՝ որքան ալ տարածական եւ լայն բնոյթ ունենան, վերջապէս սահման մը, չափ մը ունին եւ «արգիլուած գօտի» մը անոնք կը սահմանափակէ եւ չափաւորութեան կը հրաւիրէ։

Զոր օրինակ, զուարճութիւնը՝ կեանքին անհրաժեշտ, օգտակար մէկ պահն է, անոր համեմը եւ սնո՛ւնդն է։ Բայց, որպէսզի այդ կենսական դերը կատարէ, պէ՛տք է պարփակուի որոշ սահմանի մը մէջ, սահման մը՝ որ արգելք կը դնէ ամէն տեսակ վնասակար չափազանցութիւններու եւ ծայրայեղութիւններու։ Այս սահմանը կրնայ յայտնուիլ զանազան կերպերով՝ խիղճ, օրինաւորութիւն, կարգապահութիւն եւ ընդհանրապէս չափաւորութի՛ւն։

Արդարեւ, յաճախ կը կրկնենք ժողովրդական իմաստութեան արդիւնք այն առածը, որ կ՚ըսէ, թէ՝ չափաւորութիւնը կէս «աստուած» է։ Այս կը նշանակէ, որ չափաւորութիւնը կարեւոր եւ մինչեւ իսկ անհրաժեշտ ազդակ մըն է մարդուս կեանքին համար։

Բայց, պէտք է իրատես ըլլալ, որովհետեւ դժուար է, եթէ ոչ անկարելի՝ կիրքերու, փափաքներու, պահանջներու չափ դնել՝ չափաւորութեան եւ չափազանցութեան, օրինաւորութեան եւ ապօրինութեան, կանոնաւորութեան եւ անկանոնութեան միջեւ ճիշդ, ուղիղ, որոշ եւ անառարկելի գիծեր քաշել։

Մարդուս կիրքը, ընդհանրապէս պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան ոստումով մը ցատկել փորձէ «չափաւորութեան սահման»ին վրայէն, որպէս անիկա մե՜ծ «յաղթանակ» մը ըլլար։ Մարդ այդ միջոցին երբեք չի խորհիր, թէ իր «յաղթանակ» կարծածը զինք կը մխրճէ վիհի մը, խորխորատի մը խորը՝ իր իսկ անմտած եւ անվերապահ ընթացքով։

Այո՛, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, չափազանցութիւնը կարելի է բնորոշել երկու վարմունքով՝ «անխոհեմ շարժում» եւ «անվերապահ ընթա՛ցք»։

Կան մարդիկ, որոնք կեանքի մէջ հաճոյքը, զուարճութիւնը մասնակի մէկ արահետը կամ ոտնուղին ըլլալէ աւելի, անոր միակ նպատակակէտը ընդունած՝ պաշտելու աստիճան փարած են անոնց։ Եւ այս տեսակ մարդոց ըմբռնումով, կեանքին միակ նպատակն է զուարճանալ, որքան որ կարելի է՝ մխրճուիլ անոր մէջ եւ ամէն գոհունակութիւն գտնել անոր մէջ։

Անկասկած, ուրախութիւն, հաճոյք, զուարճութիւն՝ արդար իրաւո՛ւնքն է մարդուն, բայց չափաւորութեան, պատշաճութեան սահմաններուն մէ՛ջ։

Արդարեւ, ամէն ողջախոհ եւ լրջամիտ մարդու համար անկարելի՛ է չտեսնել այս անսանձ ու անսահման «պաշտամունք»ին գործած աւերները անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի մէջ։

Միայն հաճոյքը կեանքի նպատակ ընդունող եւ ըստ այնմ վարուող հաճոյամոլը կ՚անտեսէ, կը մերժէ եւ կ՚ուրանայ կեանքին իրապէս գեղեցիկ, արդիւնաբեր, երջանկալից ուրիշ մէկ երեսը՝ որ աշխատանքի, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան բովէն անցնելով՝ ցոյց կու տայ կեանքին վսեմութիւնը եւ մեծութիւնը։ Ուստի ամէն ինչ որ օգտակար է, բարեբեր է, բովանդակալից, իմաստալից է՝ ցոյց կու տայ կեանքին գեղեկութիւնը, եւ անիկա միայն հաճոյքը, զուարճութիւնը, զբօսանքը չէ՛։ Բովանդակալից, իմաստալից ամէն բան բարեբեր է մարդուս համար։

Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է չափաւորութեան կարեւորութիւնը, թէ՝ ամէն ինչ օգտակար է, գեղեցիկ է, բարեբեր է իր սահմաններուն մէջ։ Արդարեւ, մոռնալ, անտարբեր ըլլալ կամ անգիտանալ է կեանքին ուրիշ բազմաթիւ արժէքները, բարձուքները, զոր լոկ «Ես»ին վայելքէն վեր՝ ուրիշներու վրայ ալ խորհելու կրթութիւնը եւ համակրական հասկացողութեան կարեւորութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ։ Ասիկա, իր կարգին ուրիշ վայե՛լք մըն է՝ աւելի՛ խոր, աւելի՛ բարեբեր եւ աւելի՛ նուիրական։

«Ես»էն դուրս, «Ես»էն զատ «ուրիշ»ներու գոյութիւնն ալ տեսնելու եւ անդրադառնալու կարողութիւնը, յօժարութիւնը եւ ազնուութիւնն է ասիկա. առաքինութի՛ւն մը, որ յատուկ եւ ազնիւ մարդոց նկարագրին արտայայտութիւնն է։

Մարդուս մարմնական-ֆիզիքական կեանքը լոկ աղանդերով չի կրնար սնանիլ, զարգանալ, գոյապահպանուիլ ու գոյատեւել։ Մարմինը՝ արիւնը, մսանը, ջիղը, ոսկորը աճեցնող եւ զօրացնող ուրիշ հիմնական եւ կենսական սնունդի ալ կը կարօտի։

Եւ այն կեանքը մարդուս մէջ, զոր ընդհանրապէս «իմացական» եւ «բարոյական» կոչելու վարժութիւնը ունեցած ենք, հաճոյքի, զուարճութեան յատկացուած ժամերէն դուրս ուրիշ մարզանքներու եւ վարժութիւններու ալ կը կարօտի։

Այս երկու տեսակի սնունդին օրինաւոր ե՛ւ չափաւոր գործածութիւնն է որ կ՚ապահովէ ենթակային համաչափ եւ կանոնաւոր զարգացումը, որ պիտի նպաստէ նաեւ ընկերութեան ալ բարելաւումին։ «Կեանքը իրակա՛ն է, կեանքը լո՛ւրջ է, եւ անոր համար ճակատագրուած ու ծրագրուած վախճանը ո՛չ զուարճութիւնն է եւ ոչ ալ վիշտը», կ՚ըսէ Լոնկֆէլօ, իր «Կեանքին Սաղմոսը» քերթուածին մէջ։ Արդարեւ, կեանքը իր բոլոր երեսակներով, բոլոր խորութեամբ, տարածութեամբ եւ բարձրութեամբ տեսնելու փորձառութիւնը ունեցողներուն համար, անոր ուղիղ փիլիսոփայութիւնն է այն, որ լոկ հաճոյքի համար ապրողներու, կեանքէն միայն ուրախութիւն ակնկալողներու, կեանքը միայն որպէս զուարճանալու ընթացք ընդունող եւ այդպէս վարուողներու, այդ նպատակով ապրողներու «խարխուլ հիւղակ»ին մօտ, ճշմարիտ կեանքը կը կանգնի շքեղ ու հոյակապ երկնաբերձ շէնքի մը նման…։

Կեանքի դաստիարակութիւնը, կենսական կրթութիւնը մանաւանդ կը պահանջէ «չափաւորութի՛ւն» ամէն մարզի մէջ՝ յաղթական ելլելու համար կեանքի անվերջ եւ անյեղլի պայքարէն։

Ուստի մարդ պէտք է վայելէ կեանքը իր բոլոր երեսակներով, վիճակներով ե՛ւ միշտ չափաւորութեան յայտնի սահմաններուն մէ՛ջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 16, 2017, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017