ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ խառն ամուսնութեան պարագաներ կը ներկայանան բաւական յաճախակի կերպով։ Ասիկա պէտք է բնական համարուի, քանի որ միջազգային յարաբերութիւնները զարգացած եւ կարելի է ըսել, որ աշխարհ այլեւս փոքրացած է եւ հեռուները մօտեցած, մարդիկ աւելի սերտ յարաբերութիւններու մէջ գտնուած են։

Թէեւ այս հարցին մասին թեր ու դէմ կարծիքներ, համոզումներ կան. բայց կ՚արժէ հարցը անգամ մըն ալ մարդոց հաւասարութեան եւ ազատութեան տեսանկիւնէն դիտել եւ արժեւորել, իմաստաւորել։ Արդարեւ, այս հարցը ամուսնացողներուն, ընտանիքներու եւ ընկերութեան հարց մըն է։ Եւ ուրեմն, եթէ հարցը տեսնուի միայն հաւասարութեան եւ ազատութեան տեսակէտէն՝ ամուսնացողներու համար շատ մեծ հարցեր չեն գտնուիր։ Բայց, եթէ ընտանիքը եւ ընկերութիւնը նկատի առնուի, այն ատեն կրնան կարգ մը հարցեր ծագիլ, տարբեր տեսակէտներ սկիզբ առնել։

Երբ ոմանք խառն ամուսնութենէն կը գանգատին, դժգոհութիւն կը յայտնեն, միանգամայն իրենց զաւակները «օտար վարժարան»ներ ուսանիլ տալու համար ամէն ճիգ կը վատնեն։ Օտար վարժարան եւ «օտար ամուսնութիւն». ասիկա հակասութիւն մը չէ՞։ Ուստի, խառն ամուսնութեան մէջ կարելի չէ՞ ինքնութիւնը պահել՝ առանց արժանապատուութիւն վիրաւորելու եւ ուրիշը ստորադասելու։ Յետոյ, հարազատ ամուսնութիւններու մէջ ո՞վ կրնայ ապահովել, որ ամէն ինչ կարգին պիտի ընթանայ եւ հարց պիտի չծագի։

Ամուսնալուծումներ կը պատահին հարազատ ամուսնութիւններու մէջ, մինչդեռ ամուսնութեան էական յատկութիւնն է յարատեւութիւնը։ Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ յարատեւ ամուսնութիւններ կան նաեւ խառն ամուսնութիւններու մէջ։ Ամուսնութեան մը յարատեւութիւնը ընտանիքի եւ ընկերութեան համար դրական երեւոյթ մը չէ՞։

Խառն ամուսնութիւններու դէմ հանդիսացողներ, ամենէն շատ կը մտահոգուին զաւակներուն ուսուցման, կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման մասին։ Բայց ասիկա ծնողներուն պարտականութիւնը եւ պատասխանատութիւնն է. անոնց պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ հմտութիւնը մեծ մասամբ կը լուծէ այս հարցը. անոնք կրնան պատշաճ կերպով հասցնել իրենց զաւակները…

Կողակիցներուն, ամուսնացեալներուն միջեւ զանազան հաւատքի, համոզումի, կարծիքի եւ դաւանական տարբերութիւնը ամուսնութեան համար անյաղթահարելի դժուարութիւն մը չի գոյացներ, եթէ անոնք յաջողին համատեղել ինչ որ իւրաքանչիւրը ընդունած է իր ընտանիքէն եւ միջավայրէն եւ իրարմէ սորվիլ համոզումներու եւ սկզբունքներու հաւատարմութիւնը ապրելու իւրաքանչիւրին եղանակը։

Խառն ամուսնութիւններուն յարուցած դժուարութիւնները սակայն պէտք չէ թերագնահատուին։ Դժուարութիւնները զանոնք անտեսելով եւ անտարբերութեամբ կարելի չէ լուծել, բայց մարդ իր բանականութեամբ պէտք է ջանք թափէ, չյուսահատի, չվհատի, պայքարի դժուարութիւնները յաղթահարել։ Չէ՞ որ դժուարութիւնները եթէ յաղթահարուի, մարդ աւելի երջանիկ կ՚ըլլայ։

Յաճախ կը կրկնենք Յիսուսի խօսքը, թէ՝ աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ըլլան, բայց պէտք է քա՛ջ ըլլալ…։

Արդարեւ, նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն խուսափելու տեղ՝ անոնց դէմ քաջաբար պայքարիլ աւելի մարդավայել է։ Ցաւող ոտքը կտրելու տեղ անիկա դարմանել աւելի՛ յարմար է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 18, 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023