ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԸ.)

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՆԿԱԼԻՔՆԵՐ

Յաճախ նորեկ մայրեր հարց կու տան, թէ մեր զաւակներուն ամենէն դժուար ժամանակաշրջանը ո՞րն է. իրականութեան մէջ բոլոր ժամանակաշրջանները դժուար են, որովհետեւ իւրաքանչիւրին մարտահրաւէրը տարբեր է միւսէն եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին կարեւոր հանգրուան մըն է մարդկային կեանքին մէջ:

Պէտք է հասկնալ, որ ամէն շրջան միւս շրջանին շարունակութիւնն է եւ իւրաքանչիւր սխալ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ նաեւ միւս ժամանակաշրջաններուն վրայ: Այսօր դուք կրնաք յօդուած մը գրել եւ ամիս մը ետք այդ յօդուածը սրբագրութեան ենթարկել, սակայն զաւակ մեծցնելը այդ բարենպաստ պայմանները չունի. մանուկին եւ կամ պատանիին մէջ սերմանուած սխալ մը սրբագրելը կրնայ այնքան ալ դիւրին չըլլալ, այդ իսկ պատճառով զաւակ մեծցնելու ժամանակ պէտք է զոհել եսասիրութիւնը, զոհել սեփական հաճոյքները եւ առաջնահերթութիւն տալ զաւակի դաստիարակութեան, որովհետեւ այդ մէկն է որ ապագայի երջանկութիւնը պիտի ապահովէ: Նկատի պէտք է ունենալ, որ ձեր կատարած զոհողութիւնները վերջաւորութեան ձեզի պիտի դառնայ որպէս օրհնութիւն ու բարիք, որովհետեւ պիտի հնձէք այն՝ ինչ ցանած էիք: Այդ իսկ պատճառով մի՛շտ պիտի ըսենք, թէ զաւակը հայելին է ընտանիքին եւ եթէ զաւակը սխալներ կը գործէ, անոր պատճառը պէտք է իր դաստիարակութեան եւ ծնողքին մօտ փնտռել:

Զաւակ դաստիարակելը կը նմանի շէնք շինելու։ Իւրաքանչիւր հանգրուան ունի իր կարեւորութիւնը՝ կանգուն շէնք մը ունենալու համար եւ որպէս ծնողք այդ շէնքի ճարտարապետը մենք ենք. մե՛ր պարտաւորութիւնն է այդ շէնքը ամուր հիմքերու վրայ կառուցել, որպէսզի երկրաշարժներուն դիմաց դիմանայ. մեր մարդկային կեանքին մէջ փախուստ չունինք երկրաշարժներէ. կարեւորը այդ բոլորը դիմագրաւելու ամուր սիւները պէտք է շինենք մեր զաւակներուն մէջ:

Այդ շէնքին արտաքին մասը երիտասարդութիւնն է. մարդկային կեանքի շրջանը հետեւեալ ձեւով կ՚ընթանայ. մանկութեան ժամանակ կը սորվի. պատանեկութեան ժամանակ իր սորվածները վերատեսութեան կ՚ենթարկէ ու կը հաստատէ եւ այդ բոլորը միատեղելով ու արժէքներու մասին որոշ գաղափարներ կազմելով կը դառնան երիտասարդներ, նախորդ բոլոր ժամանակաշրջաններուն իրենց սորվածները ի գործ դնելու: Այս ժամանակաշրջանին հետ կը փոխուի նաեւ մարդոց մօտեցումները. անոնք մանուկի կողմէ կատարուած սխալ մը ներելի կը նկատեն։ Պատանեկութեան կատարուած սխալը կիսով մը ընդունելի, սակայն երիտասարդականը կրնայ աններելի վիճակ մը ունենալ:

Իրականութեան մէջ գիտակից ու խելացի, տգէտ ու անպէտք երիտասարդ գոյութիւն չունի. գոյութիւն ունի լաւապէս դաստիարակուած եւ կամ լաւ դաստիարակութենէ հեռու հասակ առած երիտասարդներ. (այստեղ կ՚ուզեմ յիշել, որ դաստիարակութիւն ըսելով չենք հասկնար միայն մարդու հանդէպ յարգանք ու փափկանկատութիւն նկատի չունինք. դաստիարակութիւնը լոկ բարոյական մասը չէ, այլ ամբողջութիւն մըն է):

Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը քիչ մը «անհոգ» ապրիլը կը ներէր, սակայն երիտասարդութիւնը այդ մէկը չի ներեր. հիմա պատանեկութենէն երիտասարդութիւն անցնող զաւակը արդէն իսկ պէտք է լաւապէս իր մէջ աճած ըլլայ պատասխանատուութեան գիտակութիւնը. պէտք արդէն իսկ սորված ըլլայ առաջնահերթութիւնները զանազանել եւ գիտակից ձեւով կառավարել ժամանակը:

Պէտք է նախապէս հասկնաք, որ երիտասարդութեան մէջ ձեր զաւակներուն վրայ այնքան իշխանութիւն ու ազդեցութիւն չէք կրնար ունենալ՝ ինչքան մանկութեան եւ պատանեկութեան ժամանակաշրջանին, հետեւաբար երիտասարդական սխալները կանխելու եւ սրբագրելու լաւագոյն ձեւը մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին առողջ ձեւով դաստիարակելն է, որովհետեւ երիտասարդութիւնը հայելին պիտի ըլլայ այդ նախորդ շրջաններուն: Երիտասարդ դարձած մեր զաւակները արդէն պիտի կայացնեն իրենց որոշումները. դուք որպէս ծնողք անոր որոշումներուն միջամտելով «օգտակար» չէք կրնար դառնալ. եթէ դուք վստահ էք ձեր սերմանածէն, ապա կասկածելու կարիքը չունիք, որովհետեւ մեր պարտականութիւնը որոշում կայացնելու մէջ միջամտել չէ, այլ  նախապէս որոշում կայանելը սորվեցնելն է, անոր մէջ սերմանելով կարեւոր արժէքներ ու սկզբունքներ:

Եթէ երիտասարդ դարձած ձեր զաւակները չեն մտածեր արժէքներու, համոզումներու եւ նպատակներու մասին եւ կը շարունակեն ապրիլ այնպէս, ինչպէս պատանեկութեան շըր-ջանին կ՚ապրէին, հարցը դարձեալ պէտք է փնտռել դաստիարակութեան մէջ:

Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, թէ իրենց զաւակներուն բարիք մը կատարած կ՚ըլլան իր բոլոր «պէտքերը» հոգալով՝ նոյնիսկ իրենց երիտասարդութեան շրջանին: Բախտաւորութիւն է զաւակին համար ունենալ ծը-նողք՝ որ յանձն կ՚առնէ կատարեալ ձեւով անոր բոլոր պէտքերը հոգալ, սակայն այդ բարիքը կրնայ վերածուիլ մեծագոյն չարիքի, եթէ անոր չմիանայ դաստիարակութիւնը, որովհետեւ ծնողքը մի՛շտ զաւակին հետ պիտի չըլլայ եւ հետեւաբար ապագայ բոլոր հանգրուաններուն համար պէտք է հոգեպէս պատրաստել մեր զաւակները, որպէսզի անոնք իրենց մէջ ունենան պայքարելու եւ չյուսահատելու յատկութիւնը:

Երիտասարդ դարձած ձեր զաւակը պէտք է կարողութիւնը ունենայ իր սեփական ճամբան որոշելու եւ իր նպատակները հետապնդելու. ձեր կողմէ գըծ-ւած ճամբայ մը առաջնորդելը (ինչքան ալ ձեր աչքին «լաւ» թուի) մեծագոյն դժբախտութիւն կրնայ ըլլալ իրենց համար:

Կրնաք լուրջ խնդիրներ դիմագրաւել. հաւանաբար ձեր բոլոր ջանքերուն հակառակ չընդունի համալսարան յաճախել։ Երիտասարդութեան շրջանին այդ համոզումը փոխելը կարելի է, սակայն այնքան այլ դիւրին չէ. այդ իսկ պատճառով կը շեշտենք, որ ձեր կեդրոնացումը տաք ձեր զաւակներուն մանկութեան եւ պատանեկութեան, որպէսզի յաջողիք անոր երիտասարդութեան քաղել այն՝ ինչ կ՚ուզէք ու կ՚երազէք:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Թուաբանութիւնը կարեւո՞ր է:

Պատասխան.- Թուաբանութիւնը մեր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի. ան կ՚օգնէ անձնական նիւթական միջոցներու կառավարման, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ աշխատանքի ընդունուելու համար: Թուաբանութիւնը կը խթանէ քննադատական մտածողութեան, խնդիրներու լուծման եւ տրամաբանական դատողութեան, նպաստելով անձի զարգացման եւ յաջողութեան: Աւելին, թուաբանութիւնը կ՚օգնէ տիրապետել ժամանակակից արհեստագիտութեան, ընդգծելով քանակական գրագիտութեան կարեւորութիւնը: Խոհանոցի մէջ թէ աշխատավայրի, թուաբանութիւնը մեծ դեր ունիմ յաջողութիւններ արձանագրելու եւ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերելու համար:

Մանուկներու եւ պատանիներու թուաբանութիւնը չսիրելը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ հասկնալու դժուարութիւնով, ուսուցման անհետաքրքիր մեթոտով, գործնական կիրառութիւնը տեսնելու անկարողութիւնով,  որու համար պէտք է ստեղծել ուսումնական լաւ միջավայր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023