ՓԱՓԱԶԵԱՆՆ ՈՒ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆՆԵՐԸ
Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին, գրեթէ մեր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան սկզբնաւորութիւններուն, հայ դերասան, գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեան կը գրէ «Թերթերու տարափ» անունով յօդուած մը, որուն մէջ կը քննադատէ նորաստեղծ հայկական թերթերը։ Փափազեան իր յօդուածին մէջ բոլոր նորաստեղծ թերթերը «ձախող» կ՚որակէ եւ անոնց խմբագիրներուն (հաւանաբար նաեւ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեաններուն) կու տայ այն խորհուրդը, որ անոնք իրենց ունեցած համեստ նիւթական կարողութիւնները թերթի մը վրայ «մսխելու» փոխարէն հեղինակին իսկ բառերով «իրենց դրամագլուխը յատկացնեն վաճառականութեան՝ փոխանակ մէկ երկու ամսուան մէջ կորսնցնելու զայն»:
Սակայն յստակ է, թէ Փափազեանի նպատակը սկսնակ մամուլները քննադատելէ եւ որակազրկել չէ, այլ Փափազեան տակաւին այդ տարիներուն ունէր այն համոզումը, որ մամուլի առաքելութիւնը կամաց կամաց վերջ կը գտնէ եւ մարդիկ արդէն իսկ կը սկսին հեռանալ մամուլէն. Փափազեանի բառերով «ընթերցանութիւնը չունի իր նախորդ աւիւնը»։ ժամանակաշրջան մը՝ որ մենք կը հաւատանք, թէ մամուլը շա՜տ շատ մեծ նշանակութիւն ունէր մարդոց համար՝ քան այսօր:
Ճշմարտութիւն է, թէ այդ ժամանակաշրջաններուն Պոլսոյ մէջ ծնունդ առին բազմաթի՜ւ թերթեր, որոնց շատերուն կեանքը ամիսներու մէջ սահմանափակուեցաւ, որովհետեւ այդ օրերուն նոյնիսկ մամուլը հասութաբեր գործ մը չէր եւ թերթի մը ծախսերը հոգալը զոհողութեան ճամբով միայն կարելի է կատարել. շուրջիններու օգնութեան յոյսին ապաւինելով շա՜տ շատ թերթեր ծնունդ առին, սակայն շաբաթներ ետք տեսնելով ծանր բեռը այդ պատասխանատուութեան առ յաւէտ փակեցին իրենց խմբագրատուները. նման մարդոց համար Փափազեան իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «հարիւրաւոր ցրուիչներու թեւին տակ ճզմուող թերթերը չկարծուի թէ ոսկիներ կը բերեն լրագրապետերու քսակներուն»: Հաւանաբար շատ դպրոցներ եւ կամ համալսարաններ ունենալը ժողովուրդի մը գիտութեան ու ուսումի հանդէպ սէրը ցոյց տալու չափանիշներէն մաս մը ըլլայ, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել մամուլի պարագային, որովհետեւ ինչքան շատ մամուլ՝ այդքան տարբեր ձայն ու կարծիք ըսել է, մանաւանդ մեր հայկական իրականութենէն ներս, որովհետեւ ձայներու բազմութիւնը պարզապէս քաոս մը կրնայ ստեղծել եւ ո՛չ աւելին:
Բոլոր սկսնակ թերթերն ու անոնց խմբագիրները կապկելով Փափազեան կը գրէ. «Հոս, երէկ մէկ այսօր երկու, ամէն ոք ղազէթաճիութեան ինկաւ, ամէն մարդ բանը գործը ձգեց եւ թերթի մը արտօնատէրը հռչակուեցաւ»:
Զաւեշտալին հո՛ն է սակայն, որ Վահրամ Փափազեանի վերոյիշեալ յօդուածը հրատարակած թերթը, հրապարակումէն 7 թիւեր հրատարակելէ ետք հոգին աւանդեց եւ դարձաւ պատմութեան մէկ մասնիկը: Փափազեանի նշած տարիներուն հրապարակ իջաւ «Հայրենիքի Քնար» ազգային, գրական եւ ընկերային հանդէսը, որ ընդդամէնը հրատարակեց 16 թիւ. հրատարակուեցաւ «Օգգապազ» բազմալեզու հանդէսը, որ կրցաւ հրատարակել ընդդամէնը 3-4 թիւ: Հրապարակ դուրս եկաւ «Առեւտուր» հանդէսը՝ ընդդամէնը 11 թիւով:
Զարմանալին, որ Վահրամ Փափազեան ի՛նք, 1908 թուականին սկսաւ հրատարակել «Ֆրու-Ֆրու» հանդէսը, որ ընդդամէնը գոյատեւեց 5 ամիս...:
Ի տարբերութիւն միւս բոլոր թերթերուն, կ՚ուզենք յստակ ըլլայ թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը հրատարակէ իր 13,032-րդ թիւը...: Փափազեան իր քննադատութեան մէջ անուններով չի՛ նշեր իր նկատի ունեցած թերթերը, սակայն նկատի ունենալով յօդուածի գրութեան թուականն ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սկզբնաւորութեան թուականը, կրնանք հետեւցնել որ Փափազեան հաւանաբար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւս դիտէր որպէս «ժամանակաւոր» ու «մահուան դատապարտուած» թերթ. Փափազեան կը գրէ. «կը լսենք թէ նորէն նոր թերթեր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օրուաններուն, եւ արդիւնքը սա կ՚ըլլայ որ ոչ մէկը կը յաջողի» եւ ահաւասիկ, այդ «անյաջողներէն» մին՝ որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն աւելի քան դար մը ետք կը շարունակէ հրատարակուիլ:
Թերթի մը գոյատեւումը երբեւէ կարելի չէ վերագրել բախտի եւ պատահականութեան, որովհետեւ 114 տարուան կեանք ունեցող թերթ մը անկասկած իր պատմութեան ընթացքին բազմիցս հասած է մահուան եզրին՝ սակայն դարձեալ հազար ու մէկ զոհողութիւններով դարձեալ յարութիւն առած է: Սակայն թերթերու ճակատագիրը 1908-ի նորաստեղծ թերթերուն նման կը շարունակէ մնալ անյստակ եւ թերթ մը որ այսօր գոյութիւն ունի, տարի մը ետք այս ժամանակահատուածին կրնայ գոյութիւն չունենալ, որովհետեւ անոնք ենթակայ են յանկարծամահ ըլլալու:
Մեր օրերուն եւս անպակաս են Վահրամ Փափազեանները, որոնք կը շարունակեն կասկածով նայիլ թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ թէ՛ այլ թերթերու գոյատեւման:
Այս ժամանակահատուածէն ետք դժուար թէ նոր թերթերու ծնունդ տեսնենք, սակայն ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին պիտի տեսնենք իր գոյութիւնը քաշքշող շատ մը թերթերու հոգեվարքն ու մահը: Անցեալին ընթերցողներու աւիւնը ինչպէս էր չեմ գիտեր, սակայն այսօր յստակ է, որ այդ աւիւնը ո՛չ թէ պակսած, այլ ընդհանրապէս վերացած է եւ կարծես յոյս ալ չկայ իր նախկին վիճակին վերադառնալու:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -125-
Վերջերս անգրագէտ մը հարցուց, թէ ինչ գործով կը զբաղուիմ։ Օրական դրութեամբ յօդուածագիր ըլլալս լսելով թեթեւ ժպիտ մը երեւցաւ դէմքին։
-Ի՜նչ լաւ, օրական 30-35 էջ կը գրես մի քանի ժամուան մէջ, ամբողջ շաբաթ մը կ՚երթայ։
Այսքան պա՜րզ ու դիւրին գործ է փաստօրէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ