ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ԼԱՐ

Ժամանակ մը ետք կեանքիս մէջ զգացի, որ ամենատխուր պահերուն, նոյնիսկ երբ ուզեմ չեմ կրնար արտասուել ու լալ. ամէն դժբախտ երեւոյթ տխրութիւն ու յուզմունք մը կը ստեղծէ ներաշխարհիս մէջ, սակայն երբեք արտասուքի տեսքով չ՚արտայայտուիր:

Հաւանաբար կեանքի, իր լաւ ու վատ կողմերով փորձառութեան վերածուեցաւ մեր մէջ եւ սկսանք ամէն բան աւելի ձեւով ընկալել ու ուսումնասիրել. հաւանաբար կեանքը ամէ՛ն զգացում ու ապրում ապրեցուց մեզի եւ անոնց կրկնութիւնը սկսաւ աւելի պարզ ձեւով ընկալուիլ մեր կողմէ. ո՜վ գիտէ:

Այս բոլորին պատասխանը ունենալու համար բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ սերտեցի եւ անոնց պատճառը հետաքրքրական էր. հիմնականին մէջ լալ չկարենալը կրնայ բաժնուիլ երկու հիմնական մասերու. ա.- մարմնական ու առողջապահական բ.- հոգեկան ու զգացական:

Բժշկական ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ արտասուել չկարենալու մարմնական ու հիմնական առողջապահական ազդակներն են հետեւեալները.-

1.- Աչքի չորութիւն.- Աշխարհի մէջ մեծահասակներու մօտ տարածուած բան մըն է աչքի չորութիւնը. այդ մէկը աչքի եւ արցունքի թաղանթի կապուած հիւանդութիւն մըն է, ինչ որ հիմնական պատճառներէն մէկը կը դառնայ տեսողութեան տկարացման:

2.- Շաքարախտ.- Շաքարի հիւանդութիւնը աչքի բնականոն ընթացքը խանգարող հիմնական ազդակներէն մէկն է. այն գեղձերը, որոնք պատասխանատու են արցունքը արտադրելու շաքարի հիւանդութիւն ունեցողներուն մօտ լաւապէս չեն գործեր, այդ իսկ պատճառով անոնց մօտ աւելիով կը տեսնուի աչքի չորութիւնը:

3.- Վահանաձեւ գեղձ.- Շաքարի հիւանդութեան կողքին վահանաձեւ գեղձի խնդիր ունեցողներուն մօտ եւս կը շեշտուի արցունքի գոլորշիացումը։ Վահանաձեւ գեղձի ոչ բնականոն աշխատանքը արցունքներու կողքին կ՚ազդեն նաեւ աչքի թարթելու գործողութեան, ինչպէս նաեւ կը պատճառեն աչքի կարմրութիւն ու այրուածք:

4.- Հիւանդութիւն.- Բժշկական ուսումնասիրութեանց համաձայն՝ կան ախտանշաններ, որոնք կ՚ազդեն թէ՛ արցունք եւ թէ՛ լորձունք արտադրող գեղձերու վրայ. անոնցմէ ամենէն յայտնին է Սիոկրեն (sjogren), որուն ախտորոշումը կը կատարուի բերանի եւ աչքի չորութեամբ:

Հակառակ այս բոլորին կայ դրամին միւս երեսը՝ հոգեկանն ու զգացականը. հոգեբանութեան դասընթացքներէն կը յիշեմ հետեւեալ տողը. «Երբ  անձ մը լալու վիճակի մէջ տեսնենք, տխրութիւնը չէ որ կը տեսնենք։ Տխրութիւնը աներեւելի երեւոյթ մըն է, իսկ արցունքն ու արտասուելը անոր պատկերներէն միայն մէկը»: Այս մէկը ըսել կ՚ուզէ, թէ լալը տխրութեան մէկ երեսն է պարզապէս եւ ամէն տխրութիւն չէ որ լաց եւ արցունք կը պատճառէ մարդուն:

Հոգեբանական ուսումնասիրութեան համաձայն, չարտասուելու պատճառներէն մին կրնայ ըլլալ անհետոնիա (anhedonia) կոչուած հիւանդութիւնը. նախապէս ապրուած ու տեսնուած բանի մը հանդէպ հետաքրքրութեան պակասը գիտական աշխարհը կը կոչէ անհետոնիա եւ այս մէկը միայն տխրութեան համար չի գործածուիր: Օրինակ՝ եթէ անցեալին ոտնագնդակ խաղալը ձեզ կը հետաքրքրէր իսկ հիմա ոչ, նոյնպէս անհետոնիա կը համարուի. հետեւաբար ապրուած տխրութիւն մը երբ կրկնուի կամաց կամաց, մարդու մէջ կը սկսի սովորական տեսք մը ստանալ: Ի զուր չէ, որ նախահայրերը ըսած են «ամէն բանի առաջինն է դժուարը» եւ ժամանակ մը ետք մարդ կ՚ընտելանայ կացութեան:

Մեր կեանքին մէջ ունեցած կորուստները շատ անգամ պատճառ կ՚ըլլան, որ ծանօթի մահուան բօթին դիմաց աւելի նուազ ազդուինք, որովհետեւ նախապէս մահուան տառապանքը ապրած ու համտեսած ենք մեր հարազատներու կորուստով. սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ ընտելանալու երեւոյթն ալ յարաբերական է:

Անձէ անձ լալու երեւոյթը տարբերութիւն կը կրէ. օրինակ՝ իմ աչքերս կրնան արցունք լեցուիլ յուզիչ գրութեան մը դիմաց, մինչ ուրիշներ թուղթի վրայ գրուածէն երբեք չեն ազդուիր. նոյնպէս շատեր յուզիչ ժապաւէններ նայելով կ՚արտասուեն, իսկ ուրիշներ չեն կրնար յուզուիլ հեռատեսիլի պաստառէն:

Հակառակ այս բոլորին՝ ուսումնասիրողներ կը յայտնեն, թէ լալը օգտակար է մարդուն համար. ան աչքերէն կը հեռացնէ վնասակար նիւթերը, ինչպիսիք են փոշին եւ ծուխը: Արցունքը կը լուայ աչքերը եւ կը պաշտպանէ զինք արտաքին ամէն ախտերէն ու հիւանդութիւններէն: Բժշկական այլ ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, թէ արցունքի ճամբով մարդու մարմինէն դուրս կու գան սթրեսի եւ նեղութեան հորմոնները եւ այդ է պատճառը, որ մարդ լալէ ետք միշտ թեթեւութիւն ու հանգստութիւն մը կը զգայ:

Հոգեբաններ խորհուրդ կու տան անվախօրէն լալու, որովհետեւ շատ անգամ նեղութեանց ու դժուարութիւններու դիմաց լուռ կը մնանք, կը փորձենք մեր մէջ թաղել այդ նեղութիւնը՝ առանց արտայայտուելու, մինչ արցունքն ու լալը լաւագոյն միջոցներէն են այդ նեղութիւնները արտայայտելու, որովհետեւ շատ անգամ այն խնդիրները որ բառերով չեն լուծուիր, իրենց լուծումը կը գտնեն արցունքներէն:

Երանի այն մարդուն, որ լալ գիտէ, որովհետեւ լալ գիտցող հոգին դժուար թէ չար ու անգութ ըլլայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆ
(1856-1905)

Մեր թուականէն 166 տարիներ առաջ՝ 21 յունուար 1856-ին, Վաղարշապատի մէջ ծնած է երաժշտահան, խմբավար եւ մանկավարժ Մակար Եկմալեան (կարգ մը աղբիւրներ անոր ծննդեան թուականը կը նշեն 2 փետրուարը):

Եկմալեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Էջմիածինի Ժառանգաւորաց բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1872 թուականին. այդտեղ Եկմալեան աշակերտած է երաժշտահան եւ երաժշտագէտ Նիկողայոս Թաշճեանին: Աւարտելէ ետք, 1874 թուականին նշանակուած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ձայնագրութեան ուսուցիչ. չորս տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք երաժշտական կրթութիւնը կատարելագործելու համար մեկնած է Փեթերսպուրկ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888 թուականին, աշակերտելով ժամանակուայ յայտնի երաժիշտներէն Նիքոլայ Անտրեւիչի եւ ուրիշներու:

Փեթերպուրկի մէջ աշակերտած տարիներուն վարած է տեղի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը, միաժամանակ զբաղած է Հայ Եկեղեցւոյ պատարագի երգեցողութեան մշակմամբ, որ իր աւարտին հասցուցած է 1892 թուականին:

Եկմալեան համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք 1891 թուականին ստանձնած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչի եւ երգչախումբի ղեկավարութեան պաշտօնը. առաջին անգամ ա՛յս երգչախումբն է, որ երգած է Եկմալեանի մշակած պատարագը, որ առաջին անգամ տպագրուած է 1896 թուականին «Երգեցողութիւն Սրբոյ Պատարագի» անուան տակ:

Պատարագի երգեցողութեան կողքին Եկմալեան մեծ աշխատանք տարած է ժողովրդական երգերու կատարման եւ մշակման գործին մէջ. մշակած է մի քանի տասնեակ ազգային եւ ժողովրդական երգեր, որոնցմէ են՝ «Ազնիւ ընկեր, մեռնում եմ», «Տէր, Կեցո դու զհայս», «ոչ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ» եւ բազմաթիւ այլ երգեր: Անոր կը պատկանին «Հով արէ՛ք սարեր ջան», «Վարդ կօշիկս», «Լուսնեակ գիշեր», «Ձայն մը հնչեց» եւ այլ յայտնի երգեր:

Եկմալեանի աշակերտած է Կոմիտաս Վարդապետը, Արմենակ Շահմուրատեանը, Արմէն Տիգրանեանը, Ազատ Մանուկեանը եւ այլ անուանի երաժիշտներ:

Մեծ երաժիշտը մահացած է 6 մարտ 1905 թուականին, Թիֆլիզի մէջ (կարգ մը աղբիւրներ անոր մահուան թուական կը նշեն 19 մարտը):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022