ԱՆԱՌԱԿԻՆ ԵՐԷՑ ԵՂԲԱՅՐԸ
Աւետարանի «Անառակ որդի»ին պատմութիւնը ծանօթ է շատերուն։ Յաճախ խորհրդածութիւններ կը կատարուին անառակ որդիին վրայ, բայց շատ անգամ կ՚անտեսուի, եւ իր մասին խորհրդածութիւն կատարելէ, զանցառութեան պատճառով կը զրկուին հետաքրքրուողներ։
Անառակ որդիին եղբայրը հլու հնազանդ որդի մըն էր։
Ան իր հօր կ՚օգնէր եւ անոր գործը կը շարունակէր եւ երջանիկ, խաղաղ կեանք մը կ՚ապրէր, նիւթական որեւէ նեղութիւն մըն ալ չունէր, կեանքը ապահով էր իր հօրը քով։
Բայց օր մը, երբ տունէն դուրս կը գտնուէր, հեռուէն իրենց տունէն ուրախութեան ձայներ լսեց. հետաքրքիր, զարմացած՝ փոխանակ տունէն ներս մտնելու, դուրսը մնաց եւ նախընտրեց հեռուէն դիտել տունը եւ իրադարձութիւնները։ Կռահեց պատահածը եւ յանկարծ փոխուեցաւ տրամադրութիւնը՝ խռովութեամբ լեցուեցաւ եւ ջղայնացաւ, զայրոյթի ճիրաններէն բռնուեցաւ եւ կարծես բոլորովին տարբեր անձ մը եղաւ։
Կարծես այն հաւատարիմ, հնազանդ, խոնարհ տղան չէր, այլ խոժոռ ու ընդդիմադիր մը եղած էր։ Հաւատարիմ եւ հնազանդ այդ տղան յանդիմանեց հայրը եւ չթողուց, որ հայրը համբուրէ զինք։
Բոլորովին «ուրիշ» մէկը եղած էր անառակին եղբայրը։
Նախանձէ եւ ատելութեան քանդիչ ոգիէն տարուած, ակնթարթի մը մէջ փոխուած էր անառակ որդիին եղբայրը։
Նախանձի եւ ատելութեան ոգին իր սրտին մէջ ցամքեցուց եղբայրական սէրը, որուն տեղը գրաւեց անձնամոլութիւնը, ինքնասիրութիւնը եւ ընչաքաղցութիւնը։
Թէեւ հազուագիւտ, բայց դժբախտաբար «Անառակին եղբօր» պատկերը կը տեսնուի շատ մը ընտանիքներու, տուներու մէջ՝ ուր նախանձը, ատելութիւնը, նախատինքի արտայայտութիւնները կը ստեղծուին եւ եղբայրը եղբօր հետ կը գժտուի նիւթականի պատճառով եւ իրարու հետ ոխերիմ թշնամի կը դառնան, առանց անդրադառնալու, թէ նիւթը աշխարհի կը պատկանի՝ որ շատ կամ քիչ պիտի մնայ հոս՝ աշխարհի վրա՛յ։
Սակայն սէրը՝ մարդուն յաւիտենական սեփականութի՛ւնն է, որով ինքզինք կը շաղկապէ իր պարագաներուն հետ եւ զայն կը միացնէ Աստուծոյ։
Ինքնակարեւորութեան ոգին կ՚առաջնորդէ մարդս եսասիրութեան, ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան՝ որոնք կը ստեղծեն նոր զանազան մոլութիւններ, մոլորութիւններ։ Այդ պատճառով, ահաւասիկ բարի մարդիկ յանկարծ կը փոխուին ու կը վե-րածուին չար հոգիներու։ Եւ ասիկա յաճախ կ՚ապրուի շատ մը տուներու մէջ, ընտանիքներու մէջ եւ նաեւ ընկերային կազմակերպութիւններու եւ նոյնիսկ եկեղեցիի շրջանակներուն մէջ։ Ամէն մարդ ինքզինք միակ կարեւորը կը նկատէ՝ ամէն ինչ ի՛ր սեփականութիւնը կը համարի։ Այս պարագային եղբայրական սէրը պարզապէս «շրթունքի հոլովոյթ» կը դառնայ եւ սէրը կը կորսնցնէ իր անկեղծութիւնը, սրբութիւնը։ Որքա՜ն ցաւալի է տեսնել եղբայրներ՝ որոնք գժտուած՝ թշնամիներ դարձած են իրարու։ Արդարեւ ո՛վ որ մարդասէր չէ՝ եղբայրասէր ալ չէ եւ փոխադարձաբար։
Մինչդեռ ծնողքի սէրը հաւասար է բոլոր որդիներուն հանդէպ՝ ինչպէս Աստուծոյ գութը անխտիր եւ համահաւասար է բոլոր մարդոց նկատմամբ։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան նախանձի մասին սապէս կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն (մախանք=չար նախանձ, չարակամութիւն) է որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ։ Եթէ ամէնքս այսպէս շարունակենք խախտել մարմինը Քրիստոսի, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք Քրիստոսին մարմինը տկարացնելու գործին լծուած ենք։ Մենք մեզ միեւնոյն մարմինին անդամներ կը յայտարարենք եւ զիրար կը յօշոտենք գազաններու պէս…»։ Իսկ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ նախանձին մէջ կը տեսնէ գերազանցօրէն սատանայական մեղքը։
Ուստի նախանձէն կը ծնին՝ ատելութիւնը, նախատինքը, չարախօսութիւնը, զրպարտութիւնը, շուրջիններուն դժբախտութեան վրայ ուրախանալը եւ անոնց բարօրութեան վրայ նեղուիլը։ Եւ նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 25, 2015, Իսթանպուլ