ԽՈԿՈՒՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Խոկում», այսինքն «méditation» կը նշանակէ՝ մտածութիւն, մտախոհութիւն, նաեւ՝ որոճք։ Այս իմաստով՝ եթէ ընթերցանութիւնը մտքին սնունդն է, անհրաժեշտ՝ անոր գոյապահպանման ու գոյատեւման, խոկումն ալ այդ սնունդին մարսելու՝ սնունդը իւրացնելու եւ կարդացածը ըմբռնելու միջո՛ցը։ Եւ ինչպէս որ սնունդը առանց մարսելու որեւէ օգտակարութիւն չ՚ապահովեր մարմնին, այնպէս ալ առանց խոկումի՝ ընթերցանութիւնը որեւէ օգուտ չ՚ընծայեր մտքին։ Արդարեւ, խոկումը անհրաժեշտ է ո՛չ միայն մտքի պաշարի համար այլ եւ մանաւանդ՝ հոգիին համար։
Հոգիին սնունդը եթէ աղօթքն է, անոր արդիւնաւորման անհրաժեշտ միջոցն ալ՝ խոկումն է, այսինքն՝ խորհրդածական պահերու գոյութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Եւ ուրեմն, ինչպէս՝ կարդալ եւ խոկալ, նո՛յնպէս ալ աղօթել եւ խոկալ՝ պէտք է համընթաց ըլլան, որպէսզի թէ՛ կարդացուածը եւ թէ՛ աղօթքը հասնին իրենց նպատակին։
Ուրեմն, այս կը նշանակէ՝ որ մարդկային հոգեւոր կեանքին մէջ աղօթքը սերտօրէն կապուած է խորհրդածական պահերու ստեղծման։ Նաեւ՝ մտաւոր կեանքի մէջ ալ, ընթերցումը՝ խոկումի, խորհրդածութեա՛ն։
Եւ ահաւասի՛կ, այս պատճառով, պէտք է մեծ կարեւորութիւն ընծայուի մտքին եւ հոգիին համընթացութիւնը ապահովելու, քանի որ այդ երկուքը հաւասար կերպով կ՚ապահովեն մարդուս գոյապահպանումը որպէս բանաւոր էակ, որպէս իր կոչումին արժանի «մա՛րդ»։
Եւ դարձեալ այս պատճառով է որ յաճախ կը կրկնենք «հոգեմտաւորական» ըմբռնումը՝ մարդուս ամբողջութեան կազմութեանը համար եւ կ՚ըսենք, թէ՝ ամէն հոգեւորական է նաեւ «մտաւորական» եւ իւրաքանչիւր մտաւորական, նաեւ՝ «հոգեւորակա՛ն»։ Ուստի, հոգեւորականին պարտականութիւնն է՝ ազնուացնել հոգիները ե՛ւ զարգացնել միտքերը, եւ նո՛յն պարտաւորութիւնը կը վերաբերի մտաւորականին, որ կը զարգացնէ միտքերը եւ նաեւ՝ կ՚ազնուացնէ հոգիները։ Հո՛ս, ահաւասիկ կարեւոր դեր մը կը ստանայ «արուեստագէտ»ը՝ որ աւելի եւս կը զբաղի ու կը մտահոգուի հոգիով՝ զգացումներով, փնտռելով ճշմարիտ գեղեցիկը։
Իսկ գիտնականը կ՚որոնէ ճշմարտութիւնը եւ այս երկու արժէքները՝ գեղեցիկը եւ ճշմարտութիւնը կ՚ամբողջանան բարիքով, որ մարդուս վերջնական նպատակն է։
Եւ եթէ գեղեցկութիւն, ճշմարտութիւն եւ բարութիւն անբաժան են մարդկային կեանքի կատարելութեան համար, ապա ուրեմն անբաժան պէտք է ըլլայ նաեւ անոնց հայթայթիչները՝ մատակարարները՝ հոգեւորականներ ե՛ւ մտաւորականներ, իրենց ամենալայն առումով։ Ուստի մարդ կ՚ապրի իր զգացումներով եւ նաեւ՝ մտածումներով, խորհրդածութիւններով։ Կարճ խօսքով՝ թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ միտքով։
Եւ այս, ինքնաբերաբար, մարդս կ՚առաջնորդէ զգացողութեան եւ նաեւ խորհրդածութեան եւ նաեւ ներհայեցողութեան՝ ինքզինք ճանչնալու, իր իսկ «Ես»ին անդրադառնալո՛ւ։ Ուստի մարդ անհրաժեշտ կարիքը ունի երբեմն-երբեմն առանձնանալու, խորատես ջանքով մը ինքզինք ինքնաքննութեան ենթարկելու՝ տեսնելու եւ անդրադառնալու համար իր տկարութիւնները, մանաւանդ անոնց պատճառները, նկատելու համար իր թերութիւնները եւ անկատարութիւնները, ինչպէս եւ կշռադատելու՝ իր ներկայ վիճակը։ Ուստի ամէնօրեայ զբաղումներէ, խճողումներէ՝ միջոցի մը համար հեռանալ, կեանքը դիտել «հեռո՛ւ»էն, կեանքը քննել «բա՛րձր»էն, մարդս կ՚առաջնորդէ յաղթանակի՝ կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւններու, փորձութիւններու դէ՛մ։
«Խոկում»ի կարեւորութիւնը, ահաւասիկ, այստեղ կը յայտնուի, մարդ, իր մտային պաշարը, հոգեւոր զօրութիւնը գործադրելու առիթը կ՚ունենայ, քանի որ ամուլ եւ անշարժ ուժը՝ «ուժ» չէ, այլ պէտք է գործի վերածուի ան։ Ահա, այս պատճառով միայն կարդալ օգուտ չի տար մտքին, միայն աղօթել արդիւնաբեր չ՚ըլլար ինքնին եթէ անոնց չմիանայ խոկումը, խորհրդածութի՛ւնը։
Ուստի մարդուս, իր կեանքի ընթացքին դէմ առ դէմ գտնուած բազմատեսակ փորձութիւնները դիմակալելու լաւագոյն միջոցներն են՝ առանձնացումի եւ խոկումի պահերը։
Անոնք օգտակար կ՚ըլլան, անշուշտ, երբ մարդ կարենայ անդրադառնալ այդ պահերուն կարեւորութեան։
Տկարացումներու, թերացումներու, ձախողութիւններու պարագային, չյուսահատելու, աւելի եւս չյուսալքուելու համար պէտք է ինքնահայեցողութիւնը առիթ նկատուի վերլուծելու ե՛ւ լուծում գտնելու զանազան բացասական երեւոյթներու։ Արդարեւ, մարդ առանձնութեան մէջ կրնայ աւելի՛ յստակ տեսնել երեւոյթներու իսկական պատճառները՝ դատողութեան ենթարկելով զանոնք։ Մարդ, առանձին շատ աւելի ողջամիտ կ՚ըլլայ, քան բազմութեան մէջ. շատ աւելի լաւ կը խորհի, լաւ կը խորհրդածէ երբ առանձին է, քանի որ արտաքին որեւէ ազդեցութիւն, ճնշում չեն պղտորեր անոր միտքը եւ զգացումները։
Այս կերպով, մարդ, «ինքնավերականգնում»ի վճռականութեամբ կը վերագտնէ իր ուժերը եւ յստակատես միտքով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Բայց մարդ, իր կեանքի ընթացքին միայն անյաջողութիւններ, նեղութիւններ չ՚ունենար, այլ ան կ՚ունենայ նաեւ նուաճումներ, յաղթութիւններ եւ յաջողութիւններ բնականաբար։ Ուստի կեանքը՝ լոյսին ու խաւարին, բարիին եւ չարին, շահուն ու վնասին, սպիտակին եւ սեւին հիանալի՜ հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան վրայ հաստատուած ժամանակաւոր «ընթացք» մըն է եւ ուրեմն այս երկու պարագաներն ալ պէտք է նկատի ունենայ։
Յաջողութիւններու պարագային ալ, մարդ պէտք է յանձնապաստանութեան ինքնագոհ զգացումով չտարուի, որ նո՛յնքան կը կասեցնէ ստեղծագործ աշխատանքի թափը, եթէ այդ նուաճումներու պատճառները ինքնաքննութեան մէջէն չնկատուին որպէս «գրգիռ» եւ պատճառ նորանոր իրագործումներու, աւելի արդիւնաբեր եւ օգտակար ծառայութեան մը համար։
Ուստի կեանքի մէջ ամէն յաջողութիւն, ո՛չ թէ վերջնական յաղթանակ մը՝ այլ աւելի մեծ յաջողութիւններու առաջնորդող միջոց մը, հանգրուան մը պէտք է ընդունիլ, այլապէս մարդ ամլութեան եւ անշարժութեան մատնուելու կը դատապարտուի։
Առանձնական մտասեւեռեալ ինքնահայեցողութեան, խորհրդածութեան՝ խոկումի այդ պահերը կարելի է որ դժուար իրագործելի ըլլան ամէնօրեայ գործադրութեան համար։ Անոնց գործադրութեան ամենամեծ արգելքը՝ անոնց «ձեւականութեան» վերածուիլն է, յաճախակի կրկնութիւններու պատճառով։ Ուստի ընտրուած որոշ ժամանակներով եթէ կատարուին այդ խոկումները, աւելի նպատակայարմար եւ արդիւնաւոր կ՚ըլլան, ինչ որ կեանքի ընդհանուր փորձառութեամբ ապացուցուած է այս պարագան։ Արդարեւ, ատեն ատեն մեկուսացեալ եւ լուռ մթնոլորտի մը թելադրական միջավայրին մէջ եւ կամ պարտէզի մը խաղաղ մթնոլորտին մէջ, մարդ պէ՛տք է սեւեռէ իր հոգեմտաւոր աչքը իր անձին եւ իր գործին վրայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 15, 2017, Իսթանպուլ