«ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ»Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Յինանց շրջանի 4-րդ Կիրակին, աւանդաբար կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։ Ուրիշ բացատրութեամբ, Զատկին յաջորդող 3-րդ Կիրակին է, որ ընդհանրապէս կ՚անուանուի «Կարմիր Կիրակի»։ Արդարեւ, «յինունք» կամ «յիսունք» Զատկէն մինչեւ Հոգեգալուստ 50 օրերուն միջոցն է, որ ամբողջովին «տէրունի տօներ» են՝ ի պատիւ Յարութեան, եւ վերջին տասը օրը ի պատիւ Համբարձման։ Իսկ վերջին յիսներորդ օրը Սուրբ Հոգւոյն գալստեան նուիրուած է։ Եւ այս ուղղութեամբ ահաւասիկ, «Կարմիր Կիրակի»ն ալ յինանց, այսինքն այս յիսուն օրերուն 4-րդ Կիրակիին տրուած անունն է։

Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի՝ յինանց այս 4-րդ Կիրակին, որ Զատկէն 22 օր յետոյ կու գայ եւ Զատկին նման 35 օր շարժականութիւն ունի, աւանդաբար «Կարմիր Կիրակի» կոչուած է։ Այս անունը բնաւ եկեղեցական ծագում կամ նշանակութիւն չունի, այլ «Կանաչ Կիրակի» անուան նման գարնանային եղանակէ առնուած ժողովրդական յորջորջում մըն է, քանի որ դաշտերը կանաչներէն յետոյ նախ եւ առաջ կարմիր կակաչներով կը զարդարուին։

«Կարմիր Կիրակի»ն, այս տարի կը հանդիպի 22 Ապրիլ Կիրակի օրուան՝ 35 օր շարժականութեան պատճառով։

«Կարմիր Կիրակի»ն իր այլաբանական բացատրութեամբ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արեամբ ծաղկան Կիրակի եւ Անոր արեամբ հաստատուած եկեղեցի։

«Կարմիր Կիրակի»ն, ըստ ոմանց, նուիրուած է, այն աւետարանական պատմութեան, որ ինչպէս Յիսուս շատ անգամներ երեւեցաւ աշակերտներուն Տիբերիայի լիճին եզերքը։ Պետրոս վերականգնուեցաւ իր պաշտօնին. Յիսուս անոր երեք անգամ հարցուց. «Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս անոնցմէ աւելի»։ Եւ Պետրոս երեք անգամ պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ», վստահեցնելով Յիսուսը։ Այս վստահութեան փոխարէն, Յիսուս ըսաւ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (ՅՈՎՀ. ԻԱ 15-18)։

Կարմիր գոյնի խորհրդանիշներուն անդրադառնալով՝ ան ցոյց կու տայ զոհողութիւն, արիւնահեղութիւն եւ յաղթանակ, նաեւ՝ անջնջելի բան։ Արդարեւ, Եսայի մարգարէ կարմիր գոյնը «յաղթական գոյն» կը համարէ. «Ո՞վ է ասիկա, որ կու գայ Եդովմէն, կարմրագոյն զգեստով՝ Բօսրայէն, որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է եւ իր շատ զօրութեամբը պանծալով կը քալէ.- Ես եմ, որ արդարութեամբ կը խօսիմ եւ փրկելու կարողութիւն ունիմ» (ԵՍ. ԿԳ 1), եւ կը շարունակէ. «Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է եւ քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխկռտողին հագուստին պէս են։ Հնձանի մէջ միա՛յն ես կոխեցի եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ չկար։ Զանոնք իմ բարկութիւնովս կախեցի եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի։ Անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցատկեց եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի…» (ԵՍ. ԿԳ 2-3)։

Պետրոսի տրուած պաշտօնն ալ՝ կերպով մը կը նոյնանայ Եսայի մարգարէի այս մարգարէութեանը հետ։ Պետրոս ալ կարմիր զգեստ առած եղաւ «ոչխարները արածել»ու պաշտօնով։ Արդարեւ, պաշտօնը կը պահանջէ զոհողութիւն, պայքար, եւ նաեւ յաղթանակ՝ որոնք կը խորհրդանշուին կարմիր գոյնով։

Ուստի կարմիրը ո՛չ միայն յաղթանակի, այլ նաեւ պայքարի խորհրդանիշն է։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ կ՚ըսուի, թէ «կեանքը պայքա՛ր մըն է»։ Մանաւանդ, հոգեւոր կեանքի մէջ, մշտնջենական պայքար մը՝ մեղքի եւ չարի դէ՛մ։

Կարմիրը մեզ կը յիշեցնէ քա՛ջ ըլլալու եւ անվա՛խօրէն պայքարելու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը կեանքի մէջ յաղթական ըլլալու համար։

Մշակութային-ժողովրդական ըմբռնումով թէ՛ «կանաչ»ը եւ թէ՛ «կարմիր»ը կը նշանակէ՝ ծիածան, իսկ «կանաչ-կարմիր» կապել՝ ամուսնանալ, «կարմիր կանչել»՝ հարսանիքի ժամանակ փեսայի համար դրամ հաւաքել, իսկ «կարմրականաչ»ն ալ՝ հիւրասիրութիւն, պատուասիրութիւն էր հարսի ծնողներու համար փեսայի տան մէջ։ Որպէս արգասաւորութեան, արդիւնաւորութեան խորհրդանիշ՝ պսակի արարողութեան կանաչ եւ կարմիր կը կապուի, երբեմն նարօտի թագի փոխարէն կանաչ եւ կարմիր կը գործածուի։

Նոր ծաղկած բնութեան գիրկը ժողովուրդը սովորութիւն ունէր հանդէս կատարել եւ զբօսնուլ՝ զուարճանալ եւ հաճելի ժամեր անցընել, կանաչ եւ կարմիր կիրակիներուն։

Արդարեւ, նոր վերակենդանացած բնութիւնը պայքարի կ՚ելլէ՝ ցուրտի, խստաշունչ հովի եւ բնութեան ամէն աննպաստ երեւոյթներուն դէմ եւ կեանք՝ ամէն անսպասելի իրողութիւններուն դէմ։ Ծառի օրինակով միշտ յաղթական կ՚ելլեն այս պայքարէն ամէն անոնք որ քաջութեամբ եւ անվախօրէն կը պայքարին դժուարութիւններու, նեղութիւններու դէմ, ծառի օրինակով, քանի որ ծառը պտղաբերելու յոյսով՝ կը շարունակէ իր գոյութիւնը…։

Մարդուն ալ նպատակը պէտք է ըլլայ յաղթահարել ամէն նեղութիւն եւ դժուարութիւն, ի վերջոյ հասնելու համար կեանքի յաղթանակին։ Մարդ պէտք է յառաջանայ դէպի «կեանք» եւ դէպի «Յաղթանա՛կ»։

Արդարեւ, քրիստոնեան ուժեղ, զօրաւոր պայքարողի կերպար է, անոր համար օտար են եւ անծանօթ՝ թուլութիւնը, յուսահատութիւնը, յուսալքութիւնը եւ վա՛խը։ Չարի դէմ կը պայքարի ան քաջաբա՛ր եւ միշտ ի մտի ունի Յիսուսի խօսքը, թէ՝ աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենայ, բայց պէտք է քա՛ջ ըլլայ, քանի որ Ինք՝ Յիսուս յաղթեց աշխարհի. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Յուսահատիլ, յուսալքուիլ գոյութիւն պէտք չէ՛ ունենայ քրիստոնեային կեանքին մէջ՝ արդար պայքար եւ արդար յաղթանակ՝ ահաւասիկ քրիստոնեային մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի նպատակակէ՛տը։ Եւ «պայքար»ը կը խորհրդանշուի «կարմիր»ով, իսկ «յաղթութիւն»ը դարձեալ «կարմիր»ով։ Ուրեմն «Կարմիր Կիրակի»ի խորհուրդը կը կայանայ կեանքի դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ չարիքներու դէմ արդար պայքարի եւ անոնց վրայ տարուած արդար յաղթանակի մէջ։

Այո՛, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այս պատճառով է, որ պէտք չէ մոռնալ թէ՝ կեանքը անվերջ պայքա՛ր մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 12, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018