ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԵՐ՝ ԳԱՐԱԿԷՕՄՐԻԿԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին, որ իր լայնածիր եւ օրհնաձիր հովանին կը տարածէր, Էյուպէն՝ Խասգիւղ եւ երկճղի Ոսկեղջիւրի զոյգ ափերը քերելով, եւ մերթ աւելի բարձրերը, Էտիրնէգաբուի հայաբնակ բարձունքէն, «Քէֆէլի Մահլէսի»էն մինչեւ Թոփգաբու, եւ մինչ Սամաթիոյ Ս. Գէորգի, եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորչի սահմանները կը հասնէր, շրջակայ հայաբնակ թաղերու բնակչութեան աճումով, հետզհետէ կառուցուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոսը (1630), Գասըմփաշայի Ս. Յակոբը (1810), Էյուպի Ս. Եղիան (1822) եւ Ս. Աստուածածինը (1855 Պալաթցի Յակոբոս Պատրիարքի օրով), Խասգիւղի Ս. Ստեփաննոսը (1831) եւ Գարակէօմրիկի Ս. Յովհան Ոսկեբերան փայտակերտ եկեղեցին (1827). սոյն երկու վերջինները՝ Պալաթցի Կարապետ Պատրիարքի օրով (Կարապետ Գ. Պալատեցի. 1823-1831), «բազմաշխատ վաստակօք», Պալաթի Աւագ Տէր Պաղտասար Քահանայ Հօր, եւ Ամիրայ Շամտանճեանի՝ եկեղեցասէր եւ միանգամայն դպրոցասէր բարերարի, որ կը հանգչի Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ. (1807-1888), նոյն կողմի հայերուն խնամատարը։

Նորաշէն Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ 1829 մայիս 7-ին, Յինանց Դ. Գշ. օրը, ձեռամբ Պալաթցի Կարապետ Պատրիարքին։

Քսան տարի վերջ, նեղ գալով այս փոքրադիր եկեղեցին, 1847-ին Մատթէոս Պատրիարքի օրով (Մատթէոս Բ. Պոլսեցի. 1844-1848) կ՚ընդարձակուի, եւ նոյն տարին, նոյեմբեր 16-ին ալ կ՚օծուի։

1828-ին, Շամտանճեան Ամիրայ, եռանդուն Տէր Մելգոնեան Տ. Պաղտասարին, միայն եկեղեցւոյ շինութեան նման դժուարին գործին թեւ եւ թիկունք ըլլալով չի բաւականանար։ Այնինչ եկեղեցին լրացած, Ամիրան, իր «Պալը օղլու» փողոցի ընդարձակ տունը սիրայօժար կը նուիրէ Ազգին, եւ փոքր ինչ փոփոխութիւններով, կը վերածէ աղջկանց վարժարանի, յորջորջելով զայն՝ «Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան», մանչերու «Ս. Թադէոս եւ Բարդողիմէոս դպրոցը», եւ Սալմաթոմրուքի «Ս. Ոսկեանց» վարժարանը գոյութիւն ունէին արդէն։

Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցին, իր շինութեան առաջին օրէն իսկ մեծ համբաւ կը ստանայ, շնորհիւ «Չարխափանի հրաշագործ» հնօրեայ սրբանկարին։ Կ՚ենթադրուի թէ՝ այդ սրբանկարը, իբր թանկագին աւանդ, հայոց ձեռք կը մնար, 15-րդ դարուն՝ Սալմաթոմրուքի մէջ գոյութիւն ունեցող Ս. Աստուածածին անուն այազմայէ (=լուսաղբիւր) մը։

Պոլսոյ ամենէն հեռաւոր թաղերէն բարեպաշտ ուխտաւորներու բազմութիւն մը կը դիմէր Չարխափանէն խնդրելու իր ուխտին կատարումը. շատեր կը մեկնէին ուխտերնին կատարուած՝ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ։ Մանաւանդ, այն միջին հասարակութեան պատկանող (=միջակորեար) եւ աղքատ-համեստ հաւատաւոր դասակարգը՝ որ դիւրութիւն չունէր մինչեւ մեծ Արմաշ (Նիկոդիմիա=Իզմիտ) ուխտի երթալու, այս Չարխափանին (փոքր Արմաշ) կը դիմէր, եւ զգացումներուն եւ բաղձանքին գոհացում կու տար։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան, ոչ այնքան հարուստ թաղի մը եկեղեցին, Չարխափանէն զատ, ուրիշ կալուածական եւ այլ եկամուտ չունէր։ Իր դպրոցները դժուարաւ կը յանձնանձուէին։ Թաղեցին, 1847-ի եկեղեցւոյ նորոգութեան բեռան տակ ընկճուած, ի վիճակի չէր միեւնոյն ժամանակ դպրոցական ծախքերը հոգալու։ Տէրը սակայն բարեպաշտ բարերար մը ուղարկեց՝ Պօղոս աղա Պետրոսեան Օտեան (հայրը մեծանուն Գրիգոր Օտեանի), Արքունի Պալատին շինուածոց գրագիրը, հետը առնելով իր խոստովանահայր եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Յովհաննէս Աւագ Քահանայ Հայրը, Պատրիարքարան կու գայ, յարգալիր ողջոյնը Պատրիարք Ամեն. Տ. Մատթէոս Սրբազանի մատուցանելէ ետք, կը խնդրէ փակել սրահին դուռը, եւ կը պատուիրէ՝ որ մէկը ներս չմտնէ։ Իր ծոցէն յիսուն հազար դահեկան հանելով Պատրիարքին առջեւ կը դնէ, եւ կը խնդրէ որ Սուրբ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ վերատեսուչը՝ Արզումանեան Սրզուման աղան կանչէ, եւ ըսէ, թէ՝ բարեպաշտ մէկը սոյն յիսուն հազար դահեկանը եկեղեցիին ողորմութիւն տուաւ, այն պայմանաւ որ մէն մի քսակին՝ հինգ դահեկանի հաշուով, ասոր տոկոսիքը հինգ հարիւր դահեկան, ամսէ ամիս տայ դպրոցի պէտքին։ Բայց կ՚աղաչեմ, կը յարէ, ասիկա Ձեր առջեւ խոստովանութիւն մը նկատուի եւ մէ՛կը չը գիտնայ թէ՝ այս ողորմութիւնը տուած եմ։

Սրբազան Պատրիարք Հայրը, նուիրատուին բաղձանքին համաձայն տոմարին մէջ արձանագրել պատուիրելով՝ պայմանները մանրամասնօրէն կը պատմէ։

Սոյն Տիրահաճոյ նուիրատուութեան լուրը Ճէզայիրլեան Ամիրան կ՚իմանայ, եւ Ս. Պատրիարքէն կը պահանջէ նուիրատուին անունը, առ այն, Ս. Պատրիարքը կը յայտնէ, թէ՝ ինքը չի կրնար տալ բարերարին անունը, այն իրեն խոստովանաբար վստահուած ըլլալով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 19, 2023, Իսթանպուլ

ՅԵՏ ԳՐՈՒԹԵԱՆ.-

Մեր նախորդ Յունիս 12, 2023 թուակիր եւ Յունիս 13, 2023 թուակիր «Մխիթարեաններ Ա-Բ» խորագրով գրութիւններու մէջ երկու բառ դժբախտաբար թիւրիմացութեան պատճառ է դարձած։

«Կաթոլիկութիւն» եւ «որսալ» բառերը՝

«Կաթողիկէ» եւ «դաւանափոխութիւն» կամ «յօժարակամ» կամ «ինքնայօժար» ըլլալով կը սրբագրեմ։

Այս վրիպումին համար կը խնդրեմ ներողամիտ ըլլան մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023