ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Երբեւէ տեսա՞ծ էք ոճրագործ մը, որուն ամենէն սերտ ու սիրելի նշանաբանը ըլլայ «մի՛ սպաններ» եւ կամ պոռնիկ մը՝ որ «մի՛ շնար»ը կեանքի կարգախօս ընտրէ. եւ կամ երբեւէ տեսա՞ծ էք ազգ մը, որ ամբողջ հոգիով ու սրտով հաւատայ, որ իր «միակ փրկութիւնը հաւաքական ուժի մէջ է», սակայն հաւատալով հանդերձ իրարմէ այնչա՛փ անջատուած ու խզուած ըլլայ՝ ինչքան հայ ժողովուրդը:
Հաւանաբար ծնած օրէս ի վեր կը լսեմ «Ով հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժիդ մէջ է» լոզունգը. պէտք է ընդունիլ. բարձր բեմէ մը այդ տողը ինչքա՜ն հսկայ ու տպաւորիչ ըլլալ կը թուի, սակայն իրական գետնի վրայ կը վերածուի ճառախօսութեան՝ որուն ճառողը անգամ չի հաւատար:
Այս խօսքը գուցէ դարեր շարունակ հնչէ մեր ազգին մէջ, առանց երբեք ճշմարիտ միասնութիւն մը յառաջ բերելու, որովհետեւ այդ խօսքին հաւատալով հանդերձ մեր ազգը որոշած է երբեք չմիանալ՝ փրկուիլ ուզելով հանդերձ հեռու մնալով իր փրկութեան միակ հնարաւորութենէն: Սակայն յաճախ այս լոզունգին դիմաց կ՚ունենամ հետեւեալ հարցադրումը. ինչէ՞ն վստահ ենք, որ միութիւնը պիտի փրկէ մեր ազգը. այս հարցադրումը Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ ունի՛ իր յստակ ու ճշմարիտ պատասխանը: Այս խօսքի ճշմարիտ ըլլալը հասկնալու համար բաւ է ուսումնասիրել հայոց Գագիկ թագաւորի գործունէութիւնը՝ տեսնելու համար, թէ ինչպէս միութիւնը կը փրկէ ազգը:
Ուսումնասիրելով Գագիկ թագաւորին կեանքը՝ պիտի տեսնենք, որ անոր մեծագոյն աշխատանքը եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան մէջ ապրող բոլո՛ր հայերը՝ իշխանական, եկեղեցական թէ պարզ քաղաքացիներ միաւորել: Գագիկ թագաւոր իմաստուն ըլլալով հաւատաց, որ միացեալ ըլլալը հսկայական բանակ մը ունենալէ շատ աւելի ազդու եւ կարեւոր է, այդ իսկ պատճառով արտաքին թշնամիներու դէմ պայքարելէ առաջ որոշեց ի մի խմբել ժողովուրդը։ Գագիկ թագաւորի այս իմաստուն արարքը գրող մը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Հայ ժողովուրդը՝ որու վրայ էր դրած յոյսը, իր սրտին հայրենասիրական անշէջ հրով գրգռեց, վառեց, միացուց եւ գրեթէ զայն իբրեւ նոր առոյգ ազգ մը կազմեց»։ Գագիկ թագաւոր այս միութիւնը ստեղծեց այն ժամանակ, երբ արդէն ծայր տուած էին ներքին հարցերն ու անհամաձայնութիւնները։ Մեր օրերուն պէտք է պարզապէս շատ խոր ձեւով մտածել, որ կարելի՞ է գտնել նոր Գագիկ մը, որ իր չէզոք վիճակով յաջողի միացնել հայ ազգը՝ որ հազար ու մէկ տարբեր մասերու բաժնուած է այսօր. հայ ժողովուրդը՝ որ նոյն գաղափարին հասնելու համար իրարու միս կը կրծէ ու թշնամութեան, ատելութեան ամենէն ահաւոր վիճակին մէջ կ՚ապրի: Գագիկ թագաւորը մեր պատմութեան մէջ տարբերողը այն էր, որ ան միութիւնը պարիսպներէն շատ աւելի զօրաւոր կը նկատէր. յաղթանակի մէջ ան կարեւոր կը գտնէր համեստ քաղաքացիին, իշխանականին եւ մինչեւ իսկ հոգեւորականին միութիւնը, որովհետեւ ներքին ոչ-խաղաղ վիճակը արտաքին վտանգներէն շատ աւելի սպառնացող է եւ, ահաւասիկ, դարեր շարունակ այդ ներքին թշնամիին զոհն է որ կ՚երթանք՝ քան արտաքին թշնամիին:
Գագիկ թագաւոր երբ այդ միութիւնը հաստատեց, արդէն իսկ վստահ եղաւ, թէ կրնայ յաղթել թշնամիին եւ այդ ինքնավստահութիւնն է, որ զինք առաջնորդեց դէպի պատերազմ թաթարներու եւ բոլո՛ր թշնամիներու դէմ. այդ միութեան պատճառած վստահութիւնով է, որ Գագիկ թագաւոր յաջողեցաւ ազատել Անին, որ Կոնստանդին կայսեր կողմէ յանձնուելու վրայ էր. Գագիկ թագաւոր այդ միութեան ճամբով է, որ յաջողեցաւ հաստատել Բագրատունեաց թագաւորութեան ամենէն հզօր ժամանակաշրջանը:
Սակայն, ինչպէս միշտ, այդ հզօրագոյն թագաւորութիւնը անգամ ունեցաւ իր վերջը։ Մեծագոյն ցաւը այն է, որ Գագիկ թագաւոր օտար թշնամիներու պարտութեան զոհ չդարձաւ. ինչպէս պատմութեան բոլոր պարտութիւններու պարագային, Գագիկի պարագային եւս ներքին դաւադրութիւնը պատճառ դարձաւ պարտութեան. Գագիկ ի՛նչքան ալ հայրենասէր ըլլար, անոր շուրջ կը գտնուէին անձեր, որոնք իրենց հոգիին մէջ չունէին հայրենիք. ո՛չ թէ թշնամիին, այլ ներքին անհայրենիք մարդոց պատճառով էր, որ Հայաստան դարձեալ դարձաւ գերեզման:
Այս բոլորը նկատի ունենալով, պէտք է այսօր ալ համոզուիլ, որ մեր հիմնական խնդիրը արտաքին թշնամիէն աւելի ներքին թշնամին է. մե՛նք ենք մեր մեծագոյն թշնամին: Մենք սովոր ենք մեր ձախողութիւններուն պատճառ գտնել ռուսը եւ կամ ուրիշը, առանց անդրադառնալու որ մենք ունինք մեծագոյն պատճառ մը՝ մեր ներքին անհամաձայնութիւնը, որ աւելի սարսափելի է քան Տէր Զօրն ու Մեծ եղեռնը։ Այսօր հայրենիքի մէջ այդ անհամաձայնութեան ի՜նչ անուն կ՚ուզէք կու տան. մին կը կոչէ «նախկին եւ ներկայ», մին կը կոչէ «սեւ ու սպիտակ», մին իր հակառակութիւնը «Սրբազան պայքար» կ՚անուանէ, իսկ ուրիշ մը «խաչակիրներ» անունով դուրս կու գայ Հայաստանը փրկելու, մոռնալով որ անոնք մէ՛կ խումբի կը պատկանին. անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող սեւի եւ սպիտակի տարբերութիւնն է, որ զիրենք պարտութեան կը մատնէ, որովհետեւ անոնք որպէս սպիտակ միութեամբ սեւերը պայքարելու կոչուած են պարզապէս. հայուն «սեւ»ը այլ հայ մը չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ պարագային «սեւ»ն ալ յաղթէ, «սպիտակ»ն ալ յաղթէ արդիւնքը նոյնն է՝ լոկ պարտութիւն:
Այն յոյսով ենք, որ մեր ազգի ղեկավարները օր մը ունենան այդ գիտակցութիւնը իրենց վրայէն նետելու այս ներքին անհամաձայնութեան ախտը, որ դարեր շարունակ մեր դահիճը դարձաւ եւ նուազագոյն օրինակ մը վերցնեն Գագիկ թագաւորէն՝ որ գտած էր յաջողութեան գաղտնիքն ու գրած էր յաղթանակի արուեստի գիրքը՝ իր սեփական նուաճումներով:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչը կ՚ոչնչացնէ ազգը:
Պատասխան. Ազգ մը կը կործանի ներքին եւ արտաքին գործօններու պատճառով. ներքին անկայունութիւնը, տնտեսական սխալ կառավարումը եւ ընկերային անհաւասարութիւնը կը քայքայեն ազգը եւ կը թուլացնեն հանրային վստահութիւնը, ինչ որ արգելք կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ գործելու: Արտաքին գետնի վրայ ռազմական յարձակումները, տնտեսական պատժամիջոցները կրնան ապակայունացնել երկրի մը ենթակառուցուածքը եւ տնտեսութիւնը: Այս բոլորը միասին կը հասցնեն ազգի ոչնչացման, ստեղծելով համատարած տառապանք մը, որ պատճառ կը դառնայ քայքայման:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան