ՅԱՏՈՒԿ ԱՆՈՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ - Բ -

Ստորեւ, կը շարունակենք Սուրբ Գիրքի մէջ յաճախ մեր հանդիպած անուններու իմաստները ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։

ԳԵՀԵՆ. Երուսաղէմի հարաւային մասը գտնուող խորունկ ձոր՝ ուր կ՚այրէին աղբերակոյտեր։ Այս անունը խորդրանշան էր «կործանման» եւ «կորստեան»։ Կը գործածուի «դժոխք»ի կամ «սանդարամետ»ի որպէս մերձիմաստ։

ԳՈՂԳՈԹԱ. Փոքր բարձրաւանդակ՝ լեռնադաշտ՝ որ կը գտնուի Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս, քաղաքի դարպասներէն մէկուն մօտիկ։ «Գողգոթա» կը նշանակէ «կառափնատեղ», «կաշափնարան». գագաթ, գանկ։ Այստեղ կը գործադրուէին խաչելութեան դատապարտուածներու մահապատիժը՝ «գլխատել»ու տեղ իմաստով։

ԴԱՆԻԷԼ. Հին կտակարանի ուշ շրջանի գիրքերէն մէկուն անունը՝ որ կը նշանակէ «Աստուած դատաւորս է»։

ԴԱՒԻԹ. Իսրայէլի թագաւոր, որ իշխած է շուրջ քառասուն տարի՝ Քրիստոսէ առաջ 1010-970 թուականներուն։ Դաւիթ իտէալ թագաւորի տիպար է հանդիսացած։ «Դաւիթ» կը նշանակէ «սիրելի, սիրեցեալ, սիրասուն»։

ԵԳԻՊՏՈՍ. Երկիր՝ ուր իսրայէլական բազմաթիւ ցեղեր բնակեցան Քրիստոսէ առաջ երկրորդ հազարամեակի կէսերուն։ Անոնք այնտեղէն դուրս եկան մօտաւորապէս 1250-1200 թուականներուն Մովսէսի առաջնորդութեամբ։ Այդ գաղթը, որ կը կոչուի «Ելք», կը համարուի իսրայէլացի ժողովուրդին հիմնադրումը հաստատող եղելութիւն։

ԵԴԵՄ. Ծննդոց Գիրքին մէջ այս անունը կը տրուի այն երկրին՝ ուր Աստուած բնակեցուց առաջին մարդը։ «Եդեմ» կը նշանակէ. «դրախտ, պարտէզ, բուրաստան»։

ԵԶԵԿԻԷԼ. Հին կտակարանի մէջ մարգարէներէն մէկը՝ որ Քրիստոսէ առաջ վեցերորդ դարուն կը քարոզէր Բաբելոնի մէջ՝ հրեաներու գերութեան ժամանակ։ «Եզեկիէլ» կը նշանակէ. «Աստուած պիտի զօրացնէ»։

ԵՂԻԱ. Հին կտակարանի ամենահին մարգարէներէն մէկը՝ Քրիստոսէ առաջ իններորդ դար, որ համարուած է Աստուծոյ կողմէ ընտրուած «տիպար մարդ»։ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ՝ թէ ան իր կեանքի վերջաւորութեան, ան երկինք տարուեցաւ, ուրկէ եւ պիտի վերադառնայ որպէս «Նախակարապետ Մեսիայի»։ Աստուածաշնչական որոշ հատուածներ կը համարեն, թէ Եղիա մարգարէ վերադարձած է յանձին Յովհաննէս Մկրտչի։ «Եղիա» կը նշանակէ. «Տէրն է Աստուած»։

ԵՂԻՍԷ. Եղիա մարգարէի աշակերտը եւ յաջորդը. Քրիստոսէ առաջ իններորդ դար. «Եղիսէ» կը նշանակէ. «Աստուած Տէր է», նոյն՝ «Եղիշէ» անունով։

ԵՍԱՅԻ. Երուսաղէմի մարգարէ՝ որ իր գործունէութեան սկսաւ Քրիստոսէ առաջ 740 թուականին։ Իր գիրքը Հին կտակարանի ամենէն ծաւալուն ժողովածուն է, որուն երկրորդ մասը (40-55 գլուխներ) եւ երրորդ մասը (56-66 գլուխներ) Եսայիի չեն պատկանիր, այլ՝ աւելի ուշ շրջանի մարգարէներուն, որոնք մասամբ ներշնչուած են անոր պատգամներէն։ «Եսայի» կը նշանակէ. «Տիրոջ փրկութիւն»։

ԵՐԵՄԻԱ. Հին կտակարանի մեծ մարգարէներէն մէկն է՝ կը քարոզէր Երուսաղէմի մէջ այն տարիներուն, որ նախորդեցին քաղաքի անկման. Քրիստոսէ առաջ 587 թուականին։ «Երեմիա» կը նշանակէ. «Աստուած դրաւ հիմը», եւ նաեւ՝ «լքեալ»։

ԶԱՔԱՐԻԱ. Հին կտակարանի տասներկու «փոքր» մարգարէներու նախավերջինը։ Անոր անունով կայ մարգարէական ժողովածու մը՝ որուն երկրորդ մասը՝ 9-14 գլուխները շեշտած են «Մեսիայի գալստեան գաղափարը»։ «Զաքարիա» կամ «Զաքար» կը նշանակէ. «Տիրոջ յիշատակը»։

ԹԱԴԷՈՍ. Տասներկու առաքեալներէն մէկը՝ որ քրիստոնէութիւն քարոզեց Հայաստանի մէջ։ Ղուկասի Աւետարանին մէջ ան հանդէս կու գայ Յուդա անունով։ «Թադէոս» կը նշանակէ. «իմաստուն»։

ԹՈՎՄԱՍ. Տասներկու առաքեալներէն մէկն է։ «Թովմաս»ի բուն նշանակութիւնն է «երկուորեակ. սակայն յետագային նշանակած է նաեւ «թերահաւատ»՝ Թովմաս առաքեալի պատճառով։

ԹՈՐԱ. Եբրայեցերէն բառ՝ որ ցոյց կու տայ այն Օրէնքը, որ Աստուած տուաւ Իսրայէլին Մովսէսի միջոցով։ Աստուածաշունչի հինգ գիրքեր կը բովանդակեն այդ Օրէնքը։ Անոնք են. Ծննդոց, Ելք, Ղեւտացիներ, Թուով եւ Երկրորդումն Օրինաց։

ԻՍԱՀԱԿ. Աբրահամին որդին, որ կը նշանակէ՝ «ծիծաղ» կամ «ուրախութիւն». Սահակ։

ԿԵԴՐՈՆ. Երուսաղէմի արեւելեան մասին գտնուող խոր հովիտ՝ որ քաղաքը կը բաժնէ Ձիթենեաց լեռնէն։

ԿԵՍԱՐ. Տիտղոս, որ կը տրուէր հռոմայեցի կայսրերուն եւ ոչ թէ միայն կայսրութեան հիմնադրին։ Յիսուսի քարոզութեան ժամանակաշրջանին այս տիտղոսը ունէր Տիբերիոս կայսրը։ Մեր թուականի 14-37 թուականներուն…

- Պիտի շարունակուի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024