ՏԵՍԱԾՈՎԸ ԴԱՏԵԼ ԵՒ ՈՐՈՇԵԼ
«Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ գտնուող շիւղը կը տեսնես, բայց քու աչքիդ գերանը չես նշմարեր… Նախ քու աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որպէսզի յստակ տեսնելով՝ կարենաս եղբօրդ աչքէն շիւղը հանել» (ՂՈՒԿ. Զ 41-42)։
Սա յայտնի իրողութին մըն է թէ՝ մարդիկ ընդհանրապէս իրենց «տեսածով» եւ կամ «չտեսածով» կը դատեն եւ բացարձակ որոշումներ կու տան՝ վճիռներ կ՚արձակեն։ Ուրիշ խօսքով, սովորաբար, մարդիկ ենթակայական կը խորհին, կը նկատեն եւ ըստ այնմ եզրակացութեան մը կը յանգին, փոխանակ առարկայական չափանիշներ ընտրելու։
Այս իմաստով մարդիկ կը հաւատան անոր՝ որ տեսա՛ծ են եւ չեն հաւատար անոր՝ որ չեն տեսած։
Մարդիկ որեւէ իրի կամ իրողութեան մը արժէքը գնահատելու համար անոնց արտաքինին կը նային, խորը երբեք չեն թափանցեր, եւ յաճախ կը սխալին իրենց դատումներուն եւ որոշումներուն մէջ։
Մարդոց համար գոյութիւն ունի որեւէ բան, այնպէս՝ ինչպէս որ տեսած են։ Եւ դարձեալ, ընդհանրապէս գոյութիւն չունի կը կարծեն այն՝ ինչ որ չեն տեսած։ Բայց բանի մը գոյութիւնը ենթակայական գնահատանքի չի՛ կարօտիր, բան մը գոյութիւն ունի՝ տեսնուի կամ չտեսնուի, անոր գոյութիւնը ուրիշի մը տեսութենէն կախում չունի՛։
Արեւէն կարելի է տալ շատ պարզ եւ յստակ օրինակ մը։ Առաւօտուն երբ արթննանք եւ երկինքը ամպամած տեսնենք, սովորաբար սապէս կ՚ըսենք. «այսօր արեւը չէ ելեր», եւ կամ «այսօր արեւ չկայ»։ Բայց արեւը միշտ կը ծագի, արեւը միշտ կայ, մենք ենք որ զայն չենք տեսներ երկինքը ամպամած ըլլալուն պատճառով, արեւին ամպերու ետին ծածկուած ըլլալուն համար։ Ուստի ճիշդ պէտք է ըլլայ ըսել. «այսօր կարելի չեղաւ արեւածագը տեսնել» եւ կամ «այսօր չկրցինք արեւը տեսնել»։
Ահաւասիկ օրինակ մը, որուն բոլորս վկայած ենք, եւ ըսենք, նոյն սխալը գործած ենք՝ մեր չտեսածը «չկա՛յ» կարծելով եւ այդպէս արտայայտուելով։
Ամենօրեայ կեանքէն ուրիշ օրինակ մը եւս. երբեմն կը հանդիպինք մէկու մը՝ որ կ՚ըսէ.- երկար ժամանակէ ի վեր բացակայ էիր, չէիր տեսնուե՞ր։
Եւ զարմացած կը պատասխանէք.- Ես հոս էի, հապա դուն ո՞ւր էիր, ես ալ քեզ չտեսա՞յ։ Դիմացինը կ՚անդրադառնայ իր սխալ դատումին եւ կ՚ըսէ.- Այո, ես արտասահման ճամբորդած էի, այդ շրջանին է որ բնականաբար քեզ չտեսայ…։
Ահաւասիկ, այն որ ձեզ չէ տեսած կը կարծէ որ դուք բացակայ էք։ Մինչդեռ չտեսնալուն պատճառը ի՛ր բացակայութիւնն է։
Այս ալ բոլորովին ենթակայական՝ իր պատուհանէն դիտելու եւ դատելու սովորութիւն մը։
Ուրիշ օրինակ մըն ալ, հետաքրքրական եղած է մեզի լսել սա հարցումը երբեմն.- Այս օրերուն ձեր գրութիւնները չենք տեսնե՞ր թերթին մէջ։ Համեստօրէն պատասխանած ենք.- գրեթէ ամէն օր գրել կը ջանամ, կարողութեանս եւ տարողութեանս չափով, բայց այս օրերուն կարծեմ զանց առած չեմ…։ Խօսակիցը կը պատասխանէ.- Այս օրերուն չի կրցի թերթ գնել եւ կարդալ, հաւանաբար այդ օրերուն հանդիպած է եւ չեմ տեսած ձեր գրութիւնը…։
Դարձեալ ենթակայական՝ իր պատուհանէն դիտուած եւ դատուած իրողութիւն մը։
Ինչպէս ըսուեցաւ՝ մարդ իր տեսածով եւ կամ չտեսածով կը դատէ եւ կ՚որոշէ շատ բան ընդհանրապէս, եւ այդ սխալը բոլորս ալ կ՚ընենք յաճախ անզգալաբար եւ անգիտակցաբար։
Օր մը փիլիսոփայութեան ուսուցիչը դասարան կը մտնէ եւ յանկարծ ուսանողներուն կը հարցնէ. «Դասարանին պատերը ի՞նչ գոյն են»։ Ուսանողները միաբերան կը պատասխանեն. «Ճերմա՛կ»։ Պատերը իսկապէս ճերմակ են։ Ուսուցիչը կ՚ըսէ. «Անգամ մը եւս ուշադրութեամբ նայեցէ՛ք»։ Ուսանողներ կը նային. անոնցմէ մէկը կ՚ըսէ. «Հոս կապոյտ բիծ մը կայ»։ Միւս ուսանողները կը նային. իրապէս ճերմակ պատին վրայ կապոյտ բիծ մը կա՛յ։ Եւ ուսուցիչը կ՚ըսէ. «Ուրեմն պատը զուտ եւ անխառն ճերմակ չէ, այլ նաեւ կապո՛յտ»։
Ահաւասիկ կեանքի այս փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ առանց լաւ մը ուսումնասիրելու եւ խորը թափանցելու պէտք չէ որոշում տալ։ Մարդ առաջին ակնարկով, հպանցիկ նայուածքով մը չի՛ կրնար անթերի, կատարեալ որոշում մը տալ որեւէ իրի կամ իրողութեան մասին։ Ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, դատողութեան մը շնորհիւ է, որ մարդ կրնայ անթերի եւ առողջ որոշումի մը յանգիլ եւ արդիւնք մը ձեռք ձգել։ Հապճեպ, աճապարանք թշնամիներ են ուղիղ դատողութեան եւ մարդս կը սխալեցնեն եւ արգելք կը հանդիսանան շիտակ որոշումներ առնելու։
Այս վերջին օրինակին մէջ, որ կեանքի ճշմարիտ փորձառութիւն մըն է, ճերմակ տեսնուած եւ այդպէս կարծուած պատերը, թերեւս աննշան բիծի մը պատճառով, կապոյտ կէտի մը պատճառով, այո՛ ճերմակ կ՚երեւի, բայց նաեւ կապո՛յտ է, քանի որ անխառն ճերմակ չէ։
Մարդուս առաջին ակնարկով տեսած ամէն բան տեսնուածը կրնայ չըլլալ։ Պղատոնի տեսութեամբ մարդ իրերու ճշմարիտ երեսը չէ՛ որ կը տեսնէ այլ՝ միայն անոնց շուքը՝ ստուերը կամ հեռաւոր նմանութիւնը կամ ցոլացո՛ւմը։
Ուրեմն մարդուս տեսած ամէն բանը միայն տեսնուածներն են եւ ո՛չ թէ իրական առարկան, ո՛չ թէ տեսածին բուն էութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդու չտեսածն ալ չի նշանակեր, որ գոյութիւն չունի, քանի որ ան աչքերու նայուածքէն կախում չունի, կա՛յ եւ գոյութիւն ունի, ինչպէս եւ ամէն ճշմարտութիւն եւ մշտնջենաւոր Ճշմարտութիւնը՝ Աստուած։ Անհաւատ մը, թերահաւատ մը կրնայ ուրանալ, մերժել կամ տարակուսիլ Անոր գոյութեան մասին, բայց Ան կախում չունի հաւատացողէ մը կամ անհաւատէ մը, քանի որ Ան միշտ կայ, Ան անսկիզբ եւ անվերջ Է՛։
Ճշմարտութիւնը անփոփոխ է եւ մշտնջենաւո՛ր։
Ճշմարտութիւնը արեւի կը նմանի, մենք արեւը տեսնենք կամ չտեսնենք ան միշտ կայ, միշտ կը ծագի եւ միշտ կը տարածէ իր լոյսը։ Ճշմարտութիւնը կ՚ենթադրէ անփոփոխութիւն, հաստատութիւն, անկախութիւն՝ որ չ՚ընդունիր երկդիմութիւն, ձեւացում եւ կեղծիք։ Ճշմարտութիւնը այն է՝ ի՛նչ որ է։ Ան կը կայանայ ամէն ինչ ճշմարիտ ցոյց տալու մէջ ամէն պարագայի եւ ամէն պայմանի մէջ։
Ուշադրութեա՛մբ դիտենք մեր շուրջը եւ պիտի տեսնենք ճշմարիտը եւ ճշմարտութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 16, 2020, Իսթանպուլ