ՊԱՐԱՊ ՎԱԽԵՐ ԵՒ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Բնաւ առիթը ունեցա՞ծ էք խորհելու, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, թէ ո՜րքան անհիմն նեղութիւններ ստեղծած եւ մենք զմեզ տանջած ենք եւ հոգեկան ի՜նչ ցաւերու ենթարկուած՝ բոլորովին պարապ, աննշան եւ մտացածին, երեւակայական վախերու պատճառով։ Արդարեւ, ամէն մարդ կ՚ուզէ խաղաղ, անվտանգ, նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ հեռու կեանք մը ապրիլ։ Այս, որքան բնական բաղձանք մըն է մարդուս համար, նո՛յնքան անկարելի, քանի որ այս աշխարհը վարդաստան մը չէ՛ երբեք, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս, որ յաճախ կը կրկնենք. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուրեմն, մեզի խոստացուած չէ խաղաղ եւ հանգիստ կեանք մը այս աշխարհի վրայ, քանի որ Ի՛նք Քրիստոս ալ նեղութիւններ ունեցաւ, չարչարուեցաւ, տանջուեցաւ իբրեւ մարդ, եւ ցոյց տուաւ թէ այս աշխարհը պայքարի, մաքառումի աշխարհ մըն է, եւ կեանքն ալ՝ այդ պայքարին, մաքառումին ընթացքը։ Ուրեմն, պայքարի այս ընթացքին մէջ հանգիստ կեանք մը սպասել կարելի չէ, բանական ալ չէ՛։

Ինչպէս ամէն պայքարի մէջ, կեանքի պայքարին մէջ ալ, շատ բնական է որ նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր ըլլան, որոնց մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ՝ հոգեպէս զինուած եւ քա՛ջ։ Արդէն, այն որ պատրաստ չէ այդ պայքարին՝ պարտուած կը սկսի կեանքի ընթացքին, եւ կրկնապատիկ ջանք թափելու կը պարտաւորուի նեղութիւնները յաղթահարելու՝ անոնց տոկալու եւ կարենալ դիմադրելու համար, ապա թէ ոչ՝ կը յուսալքուի եւ դասալիք կ՚ըլլայ կեանքի պայքարէն։

Յիշենք, ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, թէ ունայն, պարապ վախերը, հոգերը եւ մտատանջութիւնները ո՛րքան աւելորդ նեղութիւններ բերած են մեր վրայ։

Անհիմն վախերը, մտահոգութիւնները միայն վնաս եւ կորուստ կը պատճառեն ենթակային, եւ ոչ մէկ շահ եւ օգուտ կ՚ապահովեն իրեն։

«Եւ բռնաւորին սրտմտութենէն ամէն օր կը վախնաս, իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է», (ԵՍ. ԾԱ 13)։ Այսպէս կ՚երեւար, թէ ինքը կորսնցնելու պատրաստ էր. սակայն պէտք է ընդունիս որ, սիրելի՜ բարեկամ, դուն ահաւասիկ կորսուած եւ վնաս-ւած չես տակաւին։ «Քու վրադ վախնալու խորհուրդներ չհանդիպցուցի. դուն պարապ տեղը քու շունչդ սպառեցիր՝ հոգիդ խանգարեցիր՝ եւ ձեռքերդ տկարացուցիր, թէ որ ուզես, կրնաս ասոնց ամէ0նքն ալ ունենալ խաղաղութիւնով եւ համբերութեամբ քու հոգիդ ստանալով»։ Եւ ուրեմն այս բանին մէջ՝ մարդ միայն յոռետեսութեան՝ մարդկային տկարութեան մէկ շա՜տ խորին ճարտարութիւնը կրնայ տեսնել, այսպիսի ունայն, պարապ, անհիմն վախերով հոգիին դէմ իր մէկ նպատակը ի գործ դնելու համար։ Ուստի, սատանային՝ չար ոգիի ճարտարութիւններէն պէտք է զգուշանայ մարդ։

Լաւ պէտք է խորհիլ՝ բանականութեամբ, որ թէեւ այն բաները իրօք կը պատահին, ըսելով կը վախնայ մարդ. բայց ան պէտք է գիտնայ, որ աւելի վախին մէջ չարիք կայ՝ քան թէ վախցած բաներուն մէջ։ Վախի զգացումը, արդարեւ կու գայ մարդուս մտքին մէջ ստեղծուած չար խորհուրդներէն, այսինքն մտացածին վախերէն։ Ուստի մարդ կը խուսափի ո՛չ թէ վախէն, այլ՝ վախցուածէն, այսինքն վախին արդիւնքներէն, հետեւանքներէն։

Արդարեւ, ո՛չ թէ միայն չարին ամենափոքր չարութիւնը՝ նեղութեան ամենամեծ չարութենէն գէշ է, այլ այն մեղսալից վախը առաւել նեղութիւն կու տայ մարդուս՝ քան թէ այն վիճակը՝ որուն մէջ այնքան վախ կը զգայ։ Այս իմաստով, վախը՝ թէ՛ բազմապատկիչ եւ թէ՛ տանջող «կիրք» մը ըլլալով, սաստիկ զգացում մը նեղութեանը՝ եղածէն մեծ երեւոյթ մը կու տայ, եւ այսպէս առաւել սաստիկ կը դողացնէ հոգին քան թէ նեղութիւնը, դժուարութիւնը ինքնին։

«Մի՛ վախնար, որովհետեւ ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի, դուն իմս ես։ Երբ ջուրերուն վրայէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, բոցը պիտի չբռնկեցնէ։ Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ», (ԵՍ. ԽԳ 1-3)։

Եւ 23-րդ սաղմոսը. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, քանի որ դուն ինծի հետ ես» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 4)։

Հոն ուր հաստատ հաւատք կայ, հոն վստահութիւն կա՛յ, եւ հոն ուր վստահութիւն կայ, հոն վախ գոյութիւն չ՚ունենար։ Քանի որ վախը ի վերջոյ անորոշութեան, տարակուսանքի եւ երկմտութեան արդիւնք ստեղծուած պաշտպանողական զգացում մը, հակազդեցութիւն մըն է, եւ հոն ուր ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն, հաստատ համոզում կայ, հոն վախի զգացում չ՚ըլլար։ Ուրեմն, հաւատքը վախին դեղթափը եւ դարմանն է։ Այն որ կը վստահի՝ չի՛ վախնար։

Բայց վախը ունի հաւատքի չափ զօրաւոր ուրիշ դեղթափ մը եւս, նո՛յնքան կարեւոր, նո՛յնքան զօրաւոր, նո՛յնքան անհրաժեշտ, այն դեղթափն է՝ «ՍԷ՛Ր»ը, քանի որ «Աստուած սէր է», եւ հոն ուր սէր կայ, հոն վախ չկա՛յ։ Եւ քանի որ Աստուած սէր է, եւ Աստուած ամէն տեղ է՝ ամենատես, ամենակարող, ապա ուրեմն վախը տեղ չունի որեւէ տեղ։ Այս կը նշանակէ, որ վախը թերահաւատութեան մէկ հետեւանքն է։

Արդարեւ, մտահոգութիւնը եւ մտատանջութիւնն ալ վախի արդիւնքներ են, որ մարդս հոգեպէս եւ մտապէս կը տանջեն, կը չարչարեն։ Եւ ահաւասիկ Յիսուսի մխիթարիչ եւ հանդարտեցուցիչ, սփոփարար խօսքը մտահոգութեան մասին. «Մի՛ մտահոգուիք վաղուան մասին, այսօրուան հոգը բաւարար է իրեն, իսկ վաղուան հոգը արդէն ինք կը խորհի»։ Ո՜րքան մխիթարիչ, ո՜րքան հանդարտեցուցիչ խօսք մը անոնց՝ որ յաճախ կը մտատանջուին վաղուան հոգերով եւ կերպով մը հոգերը կը բազմապատկեն եւ ա՛լ աւելի անտանելի, ա՛լ աւելի ծանրակշիռ, անլուծելի կը դարձնեն անոնք։

Մարդուս համար հոգը բնական է՝ հոգալ իր կեանքը։ Բայց այսօրուան կեանքը, անտարբեր չըլլալ, հոգ տանիլ, խնամել ներկան, գիտակցութեան տէր մարդուն  պարտքն է եւ պարտաւորութիւնը, եւ սակայն այսօրուան հոգին վրայ բարդել վաղուան հոգը, մտահոգուիլ, մտատանջուիլ՝ ներկայ հոգերուն ալ անլուծելի ըլլալուն պատճառ կ՚ըլլայ։

Վաղը՝ ապագան անորոշ է, ինչ կը պատահի յայտնի չէ, ապա ուրեմն վաղուան համար մատհոգուիլ, մտատանջուիլ բոլորովին երեւակայական է եւ մտացածին, որ միայն նեղութիւն կը պատճառէ եւ ո՛չ թէ հարցերու ստոյգ լուծում…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 17, 2018, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018