ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԹ.)

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Իւրաքանչիւր ծնողք իր ձեռքին մէջ ունի կաւ մը, որով Աստուծոյ օրհնութեամբ իր նմանը պատրաստելու կոչուած է: Հմտութիւնը այդ կաւով քանի հատ «նման»ներ պատրաստելու մէջ չէ. երեք կամ չորս զաւակ ունեցող ծնողքը աւելի «յաջող» կարելի չէ նկատել, քան միազաւակ ծնողք մը, որովհետեւ գուցէ ամենէն շատ այդտեղ որակը պէտք է շեշտել եւ ոչ քանակը: Սակայն ամէն ինչ կախեալ է ծնողքէն. երեք կամ չորս զաւակ ունեցող ծնողք մը կրնայ միազաւակ ծնողքէն շատ աւելի լաւ որակ ստեղծել: Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ յիշեցինք, որ ծնողք դառնալը արուեստ է. յաճախ արուեստագէտներու գործերը երկար ժամանակ ետք արժէք կը ստանան. նոյնն է պարագան ծնողներուն. անոնք իրենց արուեստին հունձքը պիտի կատարեն երբ իրենց մանուկը դառնայ պատանի եւ ապա երիտասարդ ու իրենց տայ այն՝ ինչ որ ցանած են:

Իրենց ծերութիւնը ուրախութեան մէջ կ՚ապրին այն ծնողները, որոնք յաջողած են ուրախութիւն սերմանել իրենց զաւակներուն մէջ. յիշենք, որ ուրախութիւն սերմանել ըսելով նիւթապէս ապահովել նկատի չունինք, որովհետեւ մանուկը որակաւորողը իր նիւթական ունեցուածքը չէ, այլ իր հոգեկանն ու բարոյականն է, որ մեծ գումարներով անգամ կարելի չէ ձեռք բերել:

Պէտք է միանգամ ընդմիշտ հասկնալ, որ մեր զաւակները մեր կեանքին առաջնահերթութիւններն են. ո՛չ սեփական անյաջողութեան, ո՛չ զոյգերու մէջ անհամաձայնութեան եւ ոչ ալ ձեր անտրամադրութեան հետեւանքը ձեր զաւակները պէտք է կրեն. ձեր դժուարութիւններուն դիմաց զաւակ ծեծել ո՛չ ձեր դժուարութիւնները պիտի վերացնէ, ո՛չ ալ մանուկին բան մը պիտի «սորվեցնէ»՝ բացի ոճ եւ ատելութիւն սերմանելէ:

Որպէս ծնողք հեռու մնացէք այն համոզումէն, թէ «ամէն բան գիտէք» եւ յաճախ խօսելու փոխարէն սորվեցէք ականջ տալ ձեր զաւակներուն: Մեծագոյն բարիքը որ անոնց համար կրնաք ընել, լսել գիտնալն է. հաւատացէ՛ք, թէ այդ մէկը հարստութեան մը ժառանգ ձգելու համազօր բան մըն է անոնց համար:

Դուրս եկէք իշխողի եւ հրամայողի դերէն. եթէ կը կարծէք, թէ յարգանք պարտադրելու ձեւերը հրամայելն ու իշխելն է, չարաչար կը սխալիք, որովհետեւ այդ յարգանքն ու սէրը մանկութեան ժամանակ անոր մէջ սերմ դրած ձեր դաստիարակութենէն կախեալ է:

Ունեցէք համբերութիւն եւ հասկցէք, որ ձեր մանուկը եւ կամ պատանին չի՛ մտածեր՝ այնպէս ինչպէս դուք կը մտածէք. նոյնիսկ ձեր պատանիները չե՛ն կրնար ունենալ այն փորձառութիւնը, որ դուք ունիք: Սակայն ծնողքի մը պարտականութիւնը զաւակին իյնալը թոյլ չտալէ աւելի անոր ոտքի ելլելը սորվեցնելուն մէջն է: Այնպէս ինչպէս մանուկը մի քանի անգամ իյնալով կը սորվի քալել, նոյնպէս ալ անոնք պիտի իյնան. ձախողութիւնն ու դժբախտութիւնը մեր կեանքին անբաժան մէկ մասն է եւ իսկական քաջութիւնը զանոնք յաղթահարելուն մէջ է:

Պատրաստ եղէք անոնց համար զոհելու ձեր ամենէն թանկագինը. նոյնի՛սկ ձեր կեանքերը. եղէք համոզուած, որ ո՛չ տունն ու տեղը, ո՛չ դրամն ու փառքը աւելի առաջնահերթ են քան ձեր զաւակները: Յաճախ որպէս ծնողք ձեր կեանքը «կը մաշէք», որպէսզի անոր հանգիստ ու «հարուստ» ապագայ մը ապահովէք, սակայն այդ վազվզուքին մէջ կը ձախողիք փոխանցել կարեւորագոյնը՝ ձեր ժամանակը եւ վերջաւորութեան կ՚ունենաք դժբախտ պատկեր մը, որովհետեւ իրապէս հարուստ զաւակ է ան՝ որ իր ծնողքին ամբողջական սէրն ու ժամանակը կը վայելէ եւ ո՛չ թէ հարստութիւնը: Այս մէկը փաստելու համար հարուստ ընտանիքներու պատկերը աչքէ անցնելը բաւարար պիտի ըլլայ:

Եղէք իրապաշտ. ընդունեցէք, որ այնպէս ինչպէս դուք, նոյնպէս ձեր զաւակները իրաւունքը ունին սխալելու. իրաւունք բառը կը գործածենք, որովհետեւ սխալիլը մարդկային կեանքին մաս կը կազմէ: Կը հասկնանք, որ կ՚ուզէք կատարեալ զաւակ մը ունենալ, սակայն ինք եւս մարդ է ինչպէս դուք: Խնդիրը սխալիլը չէ, այլ այդ սխալէն դուրս գալն է, որովհետեւ եթէ չսխալին, ապա սխալէն դուրս գալը երբեք պիտի չգիտնան եւ մեզի համար կարեւորը իրենց սխալելէն աւելի այդ սը-խալներէն դուրս գալը պէտք է ըլլայ եւ անոր մեծագոյն օրինակը ծեծէն, բարկութենէն եւ այլ միջոցներէն աւելի սեփական կեանքի օրինակն է:

Այդ իսկ պատճառով ձեր զաւակներուն բանտապետը մի՛ դառնաք. տուէք անոնց մարդկային մեծագոյն պարգեւը՝ ազատութիւնը: Գուցէ օրինակը սիրուն չհնչէ, սակայն յարմարագոյն օրինակն է, որ կրնանք տալ. իր շունը լաւապէս կրթած տէրը իր շունը առանց պարանի եւ կամ շղթայի դուրս կը հանէ, որովհետեւ անոր հանդէպ ունի ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ. պէտք է լաւապէս դաստիարակել ձեր զաւակները եւ ունենալ վստահութիւն. եթէ ձեր զաւակին նկատմամբ ունիք վստահութեան պակաս, ապա որպէս ծնողք պէտք է քննէք դուք ձեզ, որովհետեւ այդ զաւակը ձեր հայելին է եւ եթէ ունի թերութիւններ, առաջին հերթին մեղաւորութիւնը պէտք է ձեր մէջ փնտռէք եւ ապա իր:

Եթէ կ՚ուզէք ունենալ օրինակելի եւ փայլուն զաւակներ, անոր մէջ սերմանեցէք սրբազան արժէքներու հանդէպ յարգանք ու գիտակցութիւն. եթէ կ՚ուզէք յարգուիլ, ապա առաջին հերթին դուք յարգեցէք ձեր ազգակիցներն ու հարազատները. եթէ կ՚ուզէք սիրուիլ, առաջին հերթին դուք սիրեցէք, եթէ կ՚ուզէք չծխէ, չհայհոյէ, ապա դո՛ւք եւս մի՛ ծխէք ու հայհոյէք, որովհետեւ կենդանի օրինակը հազար քարոզէ աւելի ազդեցութիւն կ՚ունենայ:

Բազմազաւակ ընտանիքը օրհնութիւն է, սակայն նախընտրելի է ունենալ մէկ զաւակ՝ օրինակելի ու գիտակից, քան չորս, հինգ եւ աւելի՝ որոնք հասակ պիտի առնեն անհոգութեան մթնոլորտի մէջ: Մեծագոյն ժառանգութիւնը որ պիտի ձգէք այս աշխարհին, ձեր զաւակներ են. ձեր մահէն ետք անոնք պիտի շարունակեն ըլլալ ձեր հայելին. ձեր փոխանցած կրթութեան հիման վրայ հասակ պիտի առնեն ձեր թոռները եւ գուցէ նաեւ ձեր թոռներուն զաւակները: Այդ իսկ պատճառով մեր մաղթանքն է, որ որպէս զոյգեր զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ առաջ լաւապէս մտածէք, հոգեպէս ըլլաք պատրաստ, հասկնալով որ խնդիրը զաւակը մեծցնելը չէ. այսպէս կամ այնպէս այդ զաւակը պիտի մեծնայ. հիմնականը ինչպէս մեծնալն է:

Երանի՜ այն մայրերուն ու հայրերուն, որ իրենց առողջ սերմերուն առողջ պտուղները կը յաջողին քաղել. բոլորին տրուած չէ այդ բախտաւորութիւնը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ինչպէ՞ս գրող դառնալ։

Պատասխան.- Գրող դառնալու համար պէտք է խորասուզուիլ բառերու աշխարհին մէջ՝ դառնալով լաւ ընթերցող: Պէտք է հետեւողական ու շարունակական ձեւով գրէք, յղկելու համար ձեր հմտութիւններն ու ոճը: Մօտիկ եղէք գրական համայնքներուն եւ փորձեցէք սորվիլ փորձառու հեղինակներու փորձերէն: Պատրաստ եղէք ընդունելու կառուցողական քննադատութիւններ, մանաւանդ երբ կը կարդան ու կը սրբագրեն ձեր գրածները: Փորձեցէք ձեզի համար կառուցել փոքր լսարան մը, որ կ՚օգնէ ձեզ ունենալ ընթերցողներ եւ հաւաքել կարծիքներ: Ընդունեցէք քննադատութիւնները եւ մշակեցէք, ընդունելով մշտական սորվողի դերը ստանձնել: Մարդիկ կրնան ձեր գրութիւնները չսիրել եւ կամ չգնահատել. իւրաքանչիւր մերժում ընդունեցէք որպէս ետ քայլ՝ անցնելու դէպի նոր աճ ու յաջողութիւններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2023