ԿԵԱՆՔԻ ԿՌԻՒԸ ԵՒ ՎԱՅԵԼՔԸ
Կենդանական աշխարհի ամենէն ստորին դասակարգէն մինչեւ ամենէն զարգացած դասակարգը՝ մարդը վայելքներու ետեւէն կը վազէ, եւ որքան ազնուանայ, զարգանայ կենդանական տեսակը, այնքան նաեւ կ՚ազնուանան, կը ճիւղաւորուին վայելքները՝ որոնք բնազդականէն գիտակցականին, նիւթականէն հոգեկանին, մտաւորականին կ՚անցնին եւ իրենց առթած հեշտանքն ալ նո՛յնքան բազմաճիւղ եւ նո՛յնքան ներոյժ կ՚ըլլայ։
Անհատներու եւ հասարակութիւններու քաղաքակրթական բովանդակ կերտուածքն ալ նոյն վայելքի ձգտումին մարմնացումը, գործադրո՛ւմն է։
Արդարեւ, մարդկային բոլոր տքնութիւններուն, տուայտումներուն պատմութիւնն է քաղաքակրթութի՛ւնը։ Եւ մարդիկ անոր համար իրենք զիրենք այդ տքնութիւններուն եւ տուայտումներուն կ՚ենթարկեն, որպէսզի անոնցմով միջոցները ձեռք անցընեն թեթեւցնելու համար կեանքի կռիւը, վայելքներու թիւը աւելցնելով։ Մարդկային ընկերութիւնները սակայն այն ատեն կը յաջողին իրենց տքնութիւններու գինովը վայելքները ձեռք անցընելու, երբ «կազմակերպուած կեանք» մը ունին, եւ զիրենք կազմող մասերն ալ, ներքնապէս իրարու յօդուած, ամուր կռուանի մը կը հանգչին։ Ուստի, տենդոտ ջանքերու մէջ կ՚անցնի կեանքը ամէն անհատի՝ որ անգամ մը, գոյութեան պայքարին մէջ է ներուած. այլեւս իր բովանդակ ձգտումն է ձեռք անցընել յաջողութի՛ւն մը՝ լիառատ կերպով մասնակից ըլլալու համար աշխարհի բոլոր վայելքներուն։ Աշխարհիս՝ մեզ ցոյց տուած վայելքներուն տէր ըլլալը ամենէն քաղցր եւ հաճելի բանն է ապահովապէս մարդուս կեանքին մէջ եւ ամէն տքնութիւններու, ձգտումներու պատմութիւնը եթէ ընել ուզուի, կը տեսնուի, որ անոնք ուրիշ բան չեն, բայց եթէ վայելքներու տէր դառնալու տոչորող իղձ մը, որ մարդիկը շարժման կ՚անցընէ, կեանքին ընթացք կու տայ։
Բնագիտօրէն սահմանուած, գոյութեան կռիւ, տեսակներու պայքար, դասակարգներու ընդհարում բացատրութիւնները եթէ իմաստասիրական տեսակէտէն քննուի, մարդուն աչքին կը բացուի այն վարագոյրը՝ որուն ետեւ հոլանի կ՚երեւին հոգեկան, մտաւորական եւ նիւթական զանազան վայելքները, գլխաւոր լծակները բոլոր կեանքերու գործունէութեան։ Արդարեւ, մարդկային միտքը, քննող եւ դասաւորող, տեսակներու բաժնած է այսօր զինք շրջապատող բոլոր երեւոյթները, դասաւորումի միջոցին այդ երեւոյթներէն իւրաքանչիւրին տալով այն յատկութիւնները՝ որոնցմով անոնք իր վրայ կը ներգործեն։
Կեա՛նքն ալ երեւոյթ մըն է եւ մարդկային միտքը զբաղած է ա՛յդ երեւոյթով՝ ուր ուրեմն քաղաքակրթութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ ուրուագծելով անոր անհրաժեշտ լծակները։
Քաղաքակրթութեան ընդհանուր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «կեանքի երեւոյթ»ը կը կատարուի երկու կենսական գործունէութիւններու՝ նիւթական եւ լայն կերպով ըմբռնուած բարոյական գործունէութեան մը մէջ։ Եւ այս՝ ճշմարտութի՛ւն է այնքան անհատի մը, ո՛րքան հասարակութեան՝ ընկերութեան մը համար։
Ամէն անհատի եւ կամ ընկերութեան կեանքի գործունէութիւնը, ուրեմն պէ՛տք է երկու զիրար ամբողջացնող «նիւթական» եւ «բարոյական» մասերէ բաղկացած ըլլայ։
Եւ որպէսզի յաջողութիւնը պսակէ ամէն անհատի գործունէութիւնը, պէ՛տք է որ այն՝ իր նիւթական եւ բարոյական կեանքը առո՛ղջ սկզբունքներու վրայ հիմնած եւ բարձրացուցած ըլլայ՝ որպէսզի յետոյ այդ սկզբունքներուն վրայ կառուցուած իր բովանդակ շէնքը ամուր պահէ՝ հեռու՝ ամէն տեսակ վտանգներէ…։
Ուստի ամէն հասարակութիւն, ամէն հաւաքականութիւն ունի իր «ճղճիմ» կերպով նիւթական եւ բարոյական կեանքը։ Բայց երբեմն հասարակութիւններու մէջ, զանազան պատճառներով եւ ազդեցութիւններով հեռո՛ւ է բողբոջող ըլլալէ։
Նախ, «նիւթական» եւ «բարոյական» բառերու կապուած գաղափարները, որոնք մարդոց մէջ գոյութիւն ունին, ընդհանրապէս, կարգ մը հաւաքականութիւններու մէջ շատ նե՛ղ են, եւ յետոյ ըմբռնուած կրնայ չըլլալ, թէ ի՛նչ միջոցներ կան՝ որոնցմով կարելի կամ նուազ յաջող կեանք մը երաշխաւորել։
«Նիւթական կեանք»ը հաւաքականութեան մը զարգացման հի՛մն է։ Բայց ա՛յն նիւթական կեանքը որ չի սեղմուիր ինկած նիւթապաշտ ըմբռնումներու մէջ, այլ գիտակցութի՛ւնն է բնական այն օրէնքներուն, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուին աշխարհ եւ ամբողջ տիեզերքը, եւ որոնց գոհացում տալով միայն կարելի կ՚ըլլայ շարունակել մարդկային կեանքը։
Բովանդակ կենդանական աշխարհի մէջ նիւթական կեանքը, կազմակերպուած եւ կանոնաւորուած այն երեւոյթն է, որ անհատներու եւ խումբերու՝ հասարակութեան միջոցաւ կը կատարուի, կ՚իրագործուի անհատի կամ հաւաքականութեան մը գոյութիւնը շարունակելու համար։
Արդարեւ, քաղաքակրթութեան նախնական պայմաններուն մէջ, մարդկային ընկերութիւններու ունեցած նիւթական կեանքը շատ պարզ է. գոհացնել անօթութիւնը երբ անիկա ստամոքսի մկանները կը գալարէ, եւ տոչորող՝ այրող ջերմութեան եւ սառեցնող ձմեռին դէմ իր մարմինը պաշտպանելու միջոցները հնարել։ Քաղաքակիրթ կեանքի մը նիւթական կողմը արդէն մարդուն ճնշող բնական պահանջներուն անմիջական գոհացում մը տալու միամտութիւնը եւ պարզութիւնը չունի սակայն։ Մէկ կողմէն, ընդհանուր զարգացման արդիւնք, նոր աշխարհահայեցողութիւններ, միւս կողմէ ապրելու եղանակի եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու բարդուիլը տեղի տուած են «նոր կեանք»ի մը՝ որուն նիւթական կողմը, իր գոյութեան անհրաժեշտութեամբը թէեւ աւելի՛ շեշտուած, սակայն տեղի է տուած այն տեսակ ըմբռնումներու եւ հետեւաբար պայմաններու, որոնցմով քաղաքակիրթ նիւթական կեանք մը ո՛չ թէ անհատի մը կամ ամբողջ ընկերութեան մը վերջին նպատակը կը մնայ, այլ կը դառնայ միջոցը, հիմը բռնող հաստատուն հողը, որով միայն կարելի է զարգացած գոյութեան մը կերտուածքը բարձրացնել։
Նախնական մարդը վայրկենական գոյութիւն մը ունի, իր միամիտ եւ պարզ հոգիին մէջ ապագան տեղ մը չէ բռնած, եւ իր յիշողութեան վրայէն անցեալի հետքերը դիւրաւ կը սրբուին, իր վիշտերը, ցաւերը եւ հոգերը վայրկեանի մը համար են, եւ իր վայելքներն ալ բնականօրէն տեղի կ՚ունենան առանց նախապէս բաղձացուած ըլլալու։ Եւ այս տեսակ նախնական կեանք մը բոլորովին կերպարանափոխ կ՚ըլլայ, երբ մարդկային միտքը անցեալի յիշողութեամբը կը բեռնաւորուի, ապագան իր մտահոգութիւնը եւ մտատանջութիւնը կը դառնայ, եւ բազմազբաղ գոյութեան մը հոգերուն եւ պահանջներուն մէջ սպառած, վայելքներու կը ձգտի, կեանքին՝ իր վրայ ճնշող տաղտուկը թեթեւցնելու համար։
Կեանքը, ուրեմն, մեծ մասամբ կախում ունի պահանջներու եւ վայելքներու գոհացումէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 13, 2018, Իսթանպուլ