ԱԹՈՌԻ ՍԻՐՈՅՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԱԶԳ ՄԸ
Ամէն ժամանակ կը փորձենք հեռու մնալ կուսակցական խնդիրներու մասին խօսելէ, սակայն միաժամանակ անտարբեր չենք կրնար անցնիլ տեսնելով գործող կուսակցութիւններու անտարբերութիւնն ու աւելի սարսափելին՝ մղած պայքարը ո՛չ թէ հակառակորդին, այլ ինքն իր դէմ: Այս դժբախտ երեւոյթը սակայն վերջին օրերու յատուկ երեւոյթ մը չէ. բոլոր կուսակցութիւնները իրենց հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, թշնամիին դէմ պայքարելու փոխարէն մի՛շտ տարուած են ներքին կռիւներով ու պառակտումներով:
Այս ներքին պայքարը տարօրինակ կը նկատենք, որովհետեւ երեւութապէս բոլորն ալ նոյն հայրենասիրական նպատակով կ՚առաջնորդուին, սակայն հակառակ անոր իրարու դէմ ահաւոր պայքար մը կը մղեն՝ կարծես թէ թշնամին նոյն նպատակները հետապնդող իրենց արիւնակիցները ըլլան:
Հաւատացէ՛ք, այն ինչ որ կը տեսնենք այսօր, նոյնն էր նաեւ անցեալին. փա՞ստ. Վահան Մալէզեանի ծերութեան ժամանակ գրած հետեւեալ տողերը. «Ինչո՞վ կրնամ բացատրել այդ ցաւալի երեւոյթը, որ վստահաբար պատուաբեր չէ «յեղափոխական» մեծ կուսակցութեան մը համար, որ փոխանակ մեր դարաւոր թշնամիներուն դէմ մղելու ազգային միակ կռիւը, իրենցմէ դուրս գտնուող հայ հայրենասէրներուն, հայ գործիչներուն, հայ գրողներուն դէմ կը պատերազմի այժմ. որպէս թէ ատ ըլլար իրենց հետապնդած ազգային նպատակը եւ անոնք ջախջախելով ձեռք բերէին իրենց յաղթանակը»:
Նոյն այդ ոգիով կ'ապրինք այսօր, որովհետեւ այլ հայրենակիցի մը ձախողութիւնը, անկումն ու տապալումը ցաւի փոխարէն որպէս «յաղթանակ» կ՚ընկալուի. աւելին, այդ ձախողութիւնն ու տապալումը որպէս առաքելութիւն ընդունած շատեր նոյնիսկ պատճառ կը դառնան ձախողութեանց:
Մեր բոլոր կուսակցութեանց գաղափարախօսութիւններն ու հետապնդած նպատակները պարզապէս սո՛ւտ կ՚որակեմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ իսկական հայրենասիրութիւնը արիւնակիցի հանդէպ մեր ունեցած սէրով սկիզբ կ՚առնէ։ Իր հայրենակիցը, իր լեզուն ու մշակոյթը չսիրող ու չպահող անձը հայերէնասէր չի՛ կրնար դառնալ: Այնքան անպատի՛ւ դարձած է այդ ներքին հակառակութիւնն ու կռիւը, որ կուսակցութիւններ նոյնիսկ յարգանք չունին այլ կուսակցութեան մը նահատակներուն հանդէպ, լաւապէս գիտնալով հանդերձ, որ բոլո՛ր անոնք որոնք նահատակուած են հայրենիքի հողին վրայ, ունին մէ՛կ հասարակաց գիծ. Հայրենասիրութի՛ւն:
Կ՚ընդունինք, որ կուսակցութիւնները կարեւոր ուժեր են հայ ազգին մէջ եւ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին անուրանալի է անոնց ունեցած դրական ազդեցութիւնը՝ գաղութներու կազմաւորման, հայ դպրոցներու հաստատման եւ հայկական մամուլի ստեղծման սրբազան գործին մէջ. սակայն անոնց կատարած մեծագոյն բարիքներուն կողքին մե՛ծ չարիք եղաւ անոնց միջեւ ստեղծուած ներքին հակառակութիւնները. կը կարծենք այս մէկը կուսակցութիւններէն աւելի դուրս՝ համահայկական նկարագիր մըն է, որովհետեւ ո՛չ միայն կուսակցութեանց մէջ, այլ ընդհանրապէս մի՛շտ հայը հայուն հետ հաշտ ու միակամ ապրելու բարդոյթը ունեցած է:
Թերթեցէ՛ք հայոց պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէ՛ք, որ թշնամիէն աւելի հա՛յը հայուն վնաս պատճառած է. նոյնիսկ Ապրիլ 24-ի չարաբաստիկ գիշերը ձեռագիրն է հայուն:
Ի՜նչ ամօթալի երեւոյթ է տեսնել, որ սփիւռքի մէջ անոնց բացած դպրոցները որպէս «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ» ճանչցուելու փոխարէն կը ճանչցուին իրենց գոյներով... անոնց նպատակը հայ սերունդը դաստիարակելու փոխարէն իրենց շարքերուն համար նորեր պատրաստելու ձգտողի տրամաբանութեամբ: Ամօթալի երեւոյթ է, տեսնել, որ եկեղեցիներ նոյնիսկ կ՚ունենան գոյներ. այսօր ամէ՛ն կուսակցութիւն իր դպրոցին եւ եկեղեցւոյ կողքին ունի իր ուրոյն մշակոյթը, արուեստը, գիր գրականութիւնը:
Եւ զաւեշտը գիտէ՞ք ուր է. բոլո՛րն ալ լաւապէս կը հաւատան միութեան զօրութեան. բոլորը կը ճառե՛ն միութեան կարեւորութեան մասին, սակայն երբեք միութեան շուրջ բոլորուելու մասին չեն խորիր:
Կը խօսինք կուսակցութիւններուն մասին, որովհետեւ գիտենք ու կը հաւատանք, որ սփիւռքի տարածքին հայկական գաղութները տակաւին կենդանի պահողները իրենք են, սակայն իրենք եւս ունին գիտակցութիւնը, որ կամաց կամաց այդտեղ եւս նահանջ կ՚արձանագրենք. այսօր ունինք գաղութներ, որոնց ղեկավարները հայերէն խօսիլ չեն գիտեր եւ ամակայ կը մտածեմ. իր մայր լեզուն չգիտցող անձէ մը ինչպէ՞ս անկնկալել, որ ղեկավարէ հայկական գաղութ մը: Անոնք երբեք ամօթ չե՞ն զգար հայութիւնն ու հայկական գաղութները յուզող հարցերը անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով քննարկելու: Անոնք ամօթ չեն զգա՞ր հայկական վարժարանի մը հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ օտար լեզուով կատարելով՝ միւս կողմէ հպարտանալով որ հայկական վարժարան կը պահեն: Եկեղեցին ամօթ չի զգա՞ր օտար լեզուով քարոզելու՝ պարզ այն պատճառով, որ հաւատացեալներու մեծ մասը հայերէն չի գիտեր:
Հայերէն չգիտցող հայերը հայացնելու լուծումը գաղութը օտարալեզու դարձնե՞լն է, թէ չգիտցողներուն հայերէն լեզուն սորվենցելը:
Մեր աթոռի կռիւները մէկդի դնելով ինչո՞ւ համար չենք զբաղուիր հայապահպանման նման կարեւոր գործերով. ժամանակին կը պատճառաբանէին նիւթական անապահով վիճակը. այսօր չունինք այդ հարցը, սակայն անոր տեղ ստեղծած ենք այլ սուտ մը՝ մարդուժի պակասը: Մեր խնդիրը ո՛չ նիւթականն է եւ ոչ ալ մարդուժի պակասը. մեր հիմնական խնդիրը աթոռի հանդէպ մեր ունեցած սէրն է, որովհետեւ մեր մօտ պաշտօնները արժանիքով տրուելու փոխարէն կը տրուին ընկերական կապերու հաստատման հեռանկարով, որովհետեւ մեզի համար կարեւոր չէ դպորցին եւ կամ աշակերտութեան վիճակը. կարեւորը այդ դպրոցին գլուխը մեր մարդը գտնուի. այդ «մեր մարդեր»ը ազգը հասցուցին այս վիճակի:
Ու այս բոլորին մասին գրած ժամանակ կը մտածեմ, որ նոյն այս վայրկեանիս Եւրոպայի եւ կամ Ամերիկայի մէջ երկու ՀԱՅ երիտասարդներ անգլերէն կը խօսին, ֆրանսերէն կը խօսին, որովհետեւ անոնց մէջ հայութիւնը պարզապէս արիւնի ճամբով փոխանցուած անարժէք արժէք մըն է՝ պատահականութեան մը արդիւնք:
Սակայն բոլորը ապարդիւն. հիմնականը ամուր մնան աթոռները՝ որոնք յաւիտենական ըլլալ կը կարծուին. այդ աթոռի սիրոյն մենք շատ աւելի զոհեր ունեցանք՝ քան դարաւոր պատերազմներու ընթացքին:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է առաջին տպագիր գիրքը:
Պատասխան. Առաջին տպագիր գիրքը Կիւթենպերկի Աստուածաշունչն է (Gutenberg Bible), որ յայտնի է նաեւ «42-տող» անունով: Տպագրուած է 1455-1456 թուականներու միջեւ, գերմանացի գիւտարար Եոհաննէս Կիւթենպերկի կողմէ՝ Գերմանիոյ Մայնց քաղաքին մէջ:
Եովհաննէս Կիւթենպուրկ օգտագործեց մետաղատիպ տառեր՝ պատրաստելու համար իր առաջին տպագիր Աստուածաշունչը: Այս գիւտը նպաստեց ապագայ տպագրութեան զարգացման՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Անոր օրինակներն ու մասերը այսօր կը գտնուին աշխարհի զանազան թանգարաններէն եւ մատենադարաններէն ներս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024