ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ ՍԷ՛ՐՆ Է
Բարիքներու սկիզբը Սէ՛րն է, քանի որ Աստուած սէր է, եւ բարութիւնը Անոր բնաւորութիւնն է։ Արդարեւ, բոլոր գոյութիւններու նախապատճառը Աստուած է եւ բոլոր շը-նորհներու սկիզբը իմաստութիւնը եւ խոհականութիւնն է։
Աստուած մարդը ամէն ինչով ստեղծեց Իր նմանութեամբ, իսկ սէրը, իմաստութիւնը եւ բարութիւնը դրաւ անոր մէջ՝ որոնց շնորհիւ ան կը նմանի իր Արարիչին՝ Աստուծոյ։ Մարդ կը նմանի Աստուծոյ՝ նաեւ արարչագործութեամբ, քանի որ ան ալ սահմանաւոր կերպով ունի արարչագործութեան կարողութիւն իր «ազատ կամք»ով եւ պատասխանատուութեան պայմանաւորութեամբ։
Թէ ի՞նչպէս մարդ արարչակից կ՚ըլլայ Աստուծոյ։
Տհաս մարդը ժամանակի ընթացքին կը դառնայ իմաստուն, նաեւ՝ հիւանդներ կը բժշկուին եւ առողջ մարդիկ կ՚ըլլան։ Նաեւ, մարդ կը սրբանայ՝ կ՚աստուածանայ…
Մարդ «կ՚աստուածանայ», քանի որ ան Աստուծոյ Հոգին կը կրէ իր մէջ, եւ Աստուծոյ նմանութիւնը ունի իր արարչութեան պահէն իսկ։
Մարդ արարչակից կ՚ըլլայ Աստուծոյ՝ տձեւ առարկաներէ «ստեղծել»ով նիւթեր՝ որոնք արդէն ստեղծուած են Աստուծմէ։ Եւ ահաւասիկ, մարդիկ նիւթերու ձեւ տալով կը ստեղծեն, բայց անոնք չեն կրնար ստեղծել ոչինչէն, բայց միա՛յն Աստուած։
Աստուած ամէն ինչ կը ստեղծէ ոչինչէն՝ Խօսքով, եւ միայն մարդը՝ Իր ձեռքո՛վ։ Եւ ձեռակերտ մարդուն հոգի շնորհեց Աստուած Իր շունչով։ Այս պատճառով՝ մարդ արարչակից կ՚ըլլայ Աստուծոյ։
Մարդ իր արարչակցութեամբ Աստուծոյ՝ կը գործէ եւ արգելք կ՚ըլլայ թէ՛ բարիին եւ թէ՛ չարին։ Ան «մտքի արգանդ»էն առնելով «սերմ»ը՝ միտքը, միշտ կը մտածէ խոհականութեամբ եւ իմաստութեամբ, եւ կը ստեղծէ պիտանի, օգտակար միջոցներ եւ կը ձգտի ծնիլ եւ իրագործել բաղձալին։ Ապա լոյս աշխարհ հանելով կը գործադրէ այն՝ ինչ որ սիրով յղացաւ, եւ ներդաշնակելով խոհանականութիւնը՝ կ՚ըլլայ այն առարկային ստեղծիչը։
Արդարեւ, ասիկա հիմնական ճշմարտութիւն մըն է, որ Աստուածաշունչը եւ Աւանդութիւնը չեն դադրիր ուսուցանելէ եւ հանդիսակատարելէ. «Աշխարհը ստեղծուեցաւ Աստուծոյ փառքին համար»։ Աստուած ստեղծեց ամէն բան, կը բացատրէ Սուրբ Բոնաւենտուրա, «ո՛չ թէ իր փառքը աճեցնելու, այլ զայն յայտնելու եւ հաղորդելու համար»։ Որովհետեւ Աստուած ստեղծելու ուրիշ պատճառ չունի, եթէ ոչ Իր սէրը եւ Իր բարութիւնը. «Սիրոյ բանալին է, որ Անոր աջը բացաւ, որպէսզի ստեղծէ արարածները», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականանան Իր բարութեան յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը՝ որոնց հեռանկարով աշխարհը ստեղծուեցաւ։ Իր կամքին բարեհաճ ծրագիրը այս եղաւ ըսել մեզի «…որդիներ Յիսուս Քրիստոսով, ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓՍ. Ա 5-6), «որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կենդանի մարդն է, իսկ մարդուն կեանքը Աստուծոյ տեսութիւնն է։
Եթէ Աստուծոյ յայտնութիւնը արարչագործութեամբ երկրի վրայ ապրող բոլոր արարածներուն արդէն իսկ կեանք տուաւ, որքան աւելի յայտութիւնը Հօր՝ Բանով, կեանք պիտի տայ անոնց՝ որոնք կը տեսնեն Աստուած, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի։
Վերջնական վախճանը արարչագործութեան այն է, որ Աստուած, «որ արարիչն է բոլոր արարածներուն, ըլլայ ի վերջոյ ամէն ինչ ամէն բանի մէջ». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28), իրականացնելով միանգամայն Իր փառքը եւ մեր երանութիւնը։ Մենք կը հաւատանք, թէ Աստուած ըստ Իր իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը։ Ուստի, ստեղծագործութիւնը «կոյր ճակատագրի» մը կամ դիպուածի մը արտադրութիւնը չէ՛։
Եւ դարձեալ, մենք կը հաւատանք, թէ Աստուած, որ Իր իմաստութեամբ ստեղծեց աշխարհը, ան յառաջ կու գայ ազատ կամքէն Աստուծոյ, որ ուզեց արարածները մասնակից դարձնել Իր էութեան, Իր իմաստութեան, Իր բարութեան եւ Իր սիրոյ. «Որովհետեւ Դուն ստեղծեցիր ամէն բան. Դուն ուզեցիր որ անոնք գոյութիւն ունենան, եւ անոնք ստեղծուեցան». (ՅԱՅՏ. Դ 11)։
Ուստի, Աստուած մարդը ստեղծեց Ինքզինք յայտնելու համար անոր, քանի որ անոր տուաւ բանականութի՛ւն…
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի «Ոսկեփորիկ» գիրքէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 21, 2024, Իսթանպուլ