ԵՍ՝ ՄԻԱՅՆ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ
Մի քանի տարի հայկական կառոյցներու մէջ ծառայելն ու աշխատիլը առիթ դարձաւ, որ աւելիով ճանչնամ հայկական վարակիչ հիւանդութեան մը մասին, որ կը կոչուի անձնական ԵՍ, որուն ստրուկներն ենք գրեթէ բոլորս՝ առաւել կամ նուազ չափով: Չեմ զարմանար եթէ մեր ազգի դժբախտ ներկայ վիճակն ալ արդիւնքը ըլլայ այդ ԵՍ-ին, որովհետեւ մենք սովոր ենք կատարուած գործէն առաջ գործողին ով ըլլալը նայելու, գրուածը կարդալէն առաջ գրողը գիտնալու, որովհետեւ մեր ԵՍ-ն ու անոր շահերը կը պարտադրեն անձը աւելի առաջադաս նկատել, քան աշխատանքի մը արդիւնքն ու իրագործումները:
Հակառակ այն իրողութեան որ բազմիցս լսած ենք միութեան կարեւորութեան ու զօրութեան մասին, կը շարունակենք ապրիլ «ես՝ միայն ինծի համար» կարգախօսով, անհատականը աւելի՛ գերադասելով հաւաքականէն:
Ծննդեան պահէն իսկ սկսեալ կարծես մեր մէջ ծնունդ կ՚առնէ եսասիրութիւն, եսապաշտութիւն ու եսամոլութիւն ըսուած ախտերը. ընդոծին այդ շնորհքին մէջէն է, որ դուրս կու գայ ՀԱՅը. այդ մէկը բնազդն է հայուն:
Բնազդ կը կոչենք, որովհետեւ շատ անգամ այդ մէկը բնական ու «արդար» ըլլալ կը թուի. 1883-1915 թուականներուն ապրած պոլսահայ գրող Բարսեղ Շահպազ իր «Այլասիրութիւն եւ եսասիրութիւն» աշխատութեան Բ. մասին մէջ աւելի՛ քան դար մը առաջ կը գրէ. «իւրաքանչիւր անհատ ստիպուած է որոշ չափով խորհիլ ինքզինքին եւ ըլլալ եսասէր». ազգովի այս ստիպողական հրահա՞նգն է որ կը կատարենք:
Բարեբախտաբար թէ՛ դժբախտաբար չեմ գիտեր, սակայն առիթը ունեցած եմ աշխատելու հայկական մի քանի հաստատութիւններու մէջ ու նկատած որ հայկական շրջանակի մէջ աշխատիլը ճատրակ խաղալէ բանով մը չի տարբերիր. բնութեան օրէնքին համաձայն՝ մեծը պէտք է ուտէ փոքրը եւ այսպէս մէկ առ մէկ քարերը ցրելով հասնիլ թագաւորին՝ դարձեալ յաղթելու համար:
Եթէ օտար կազմակերպութիւններու մէջ կը հաւատան, որ յառաջդիմելու գաղտնիքը հաւաքական աշխատանքի մէջ է, մենք հայերս կը հաւատանք, թէ այդ մէկը բոլորը ոտնակոխելու մէջ կը կայանայ։ Տասնամեակներ առաջ Թէքէեան կը յորդորէր ըսելով. «Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր». այսօր մենք բարձրացնելու տեղ ուրիշները վա՛ր առնելով զբաղուած ենք:
Առանց կազմակերպութեան անուն տալու կեանքէս հետեւեալը պատմեմ. տարիներ առաջ կ՚աշխատէի հայկական հաստատութեան մը մէջ եւ ամենամեծ տնօրէնին հետ կապս այլ երիտասարդ տղայ մըն էր. ինչ ծրագիր կամ իրագործում որ ըլլար պարտէինք տեղեկացնել երիտասարդը, որպէսզի իր կարգին տեղեկութիւնները փոխանցէ տնօրէնին: Մէկ տարուան ընթացքին ներկայացուցի աւելի քան 16 առաջարկ (որոնք միշտ բացասական պատասխան ստացան) եւ պատրաստեցի տասնեակ մը սկաւառակներ ու հրատարակութեան պատրաստ գիրքեր. նոյն ժամանակ հաստատութեան ամսաթերթի խմբագիրի եւ սրբագրողի պաշտօնը ստանձնեցի: Տարի մը ետք տնօրէնը կանչեց եւ ըսաւ, որ ամբողջ տարուան ընթացքին թոյլ աշխատանք ունեցած եմ. վերադարձայ սենեակ ու որոշեցի ամբողջ տարուան աշխատանքս, պատրաստուած ծրագիրներով միասին ներկայանալ տնօրէնին, որովհետեւ վստահ էի, թէ սխալ բան մը կար:
Յաջորդ օր ամբողջ աշխատանքս հետս դարձեալ ներկայացայ տնօրէնին, ու սկսայ ցոյց տալ կատարուած աշխատանքներն ու իրագործումները. զարմանքը մեծ էր, որովհետեւ «միջնորդ» անձը կա՛մ ընդհանրապէս չէր ներկայացուցած ու փոխանցած աշխատանքները եւ կա՛մ ալ իր անունով ներկայացուցած ցոյց տուած էր: Այդ աշխատանքներով հաստատութիւնը կը շահէ՞ր. կը յառաջդիմէ՞ր. ԱՅՈ՛, սակայն «մեծ վարպետ»ներուն մօտ կրնայի լաւ անուն ունենալ եւ այդ մէկը վնաս էր «միջնորդներուն»:
Այդտեղ սկսայ փաստել, որ հաստատութեան յառաջդիմելը եւ կամ բարձրանալը մարդոց հետաքրքրութեան առարկան չէ. ամէն մարդ զբաղուած է ճամբայ գտնելու, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշը ոտնակոխ դարձնել մասամբ դաշտը պարպելու եւ իր մենատիրութիւնը հաստատելու համար: Ինչքա՜ն շողոքորթութիւն ու քծնանք, կեղծաւորութիւն ու երկերեսութիւն:
Այսօր նոյնն է պարագան մեր քաղաքականութեան. բոլորը իրենց անունը անմահացնելու, իրենց անունին իրագործում մը կապելու անկարեւոր գործով զբաղուած են. ոմանք անտեղի կը շարունակեն շէնքեր ու թանգարաններ շինել՝ ապագային շինարար անունը ձգելու յոյսով, ուրիշներ ծիծաղելի գումարներով թոշակները կը բարձրացնեն՝ «մենք ըրինք»ի նշանաբանին ներքոյ. բացէք ու հետեւեցէք Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերուն. այդտեղ ազգը հետաքրքրող ո՛չ մէկ նիւթ կայ, որովհետեւ հաւաքականութեան շահը բարձրացնելու եւ անոր սիրոյն աշխատելու փոխարէն այսօր նստած մէկը միւսին գործը կը քննադատէ, մէկը միւսը կը քարկոծէ՝ որովհետեւ բոլորն ալ համոզուած են, թէ իրե՛նք են լաւագոյնը եւ միայն իրենք կրնան փրկել այս ազգը:
Այնպէս ինչպէս անօթի մարդ մը ուրիշէն առաջ իր սեփական անօթութեան մասին կը մտածէ, նոյնպէս մե՛նք միայն մեր ԵՍ-ին մասին կը մտածենք ու անոր կը ծառայենք: Ցաւ ի սիրտ այսօր ամէ՛ն բանի մէջ, մարդոցմէ սկսեալ մինչեւ իսկ տպագրուած գիրքերը, մեզ կո՛ղքն է որ կը հետաքրքրէ՝ քան միջուկն ու բովանդակութիւնը:
Կը յառաջդիմէ ու կը բարգաւաճի ա՛յն ազգը, որ գիտէ հաւաքական շահերը անհատական շահերէն բարձր պահել, որովհետեւ ազգասիրութիւնն իսկ է սեփական շահը զոհել հաւաքականի սիրոյն, վստահ ըլլալով որ հաւաքականի շահով տեղ մը իր շահը կ՚ապահովուի:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍՈՒՐԷՆ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ
(1922-1986)
Մեր թուականէն 100 տարիներ առաջ՝ 22 յունուար 1922-ին, Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ ծնած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Սուրէն Աղաբաբեան:
Աղաբաբեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի եւրոպական լեզուներու եւ գրականութեան բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1945 թուականին: Այնուհետեւ ընդունուած է Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան համալսարան: Աղաբաբեան ուսումը աւարտելէ ետք եղած է «Ավանկարտ» թերթի խմբագրութեան բաժինի վարիչ, խմբագիրի տեղակալ եւ պատասխանատու քարտուղար: Ապա 1950-1951 թուականներուն եղած է «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի քննադատութեան բաժինի վարիչ, իսկ 1954-1986 թուականներուն եղած է Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան համալսարանի գրականութեան բաժնի վարիչ: Աղաբաբեան 1950 թուականին պաշտպանելով «Գիւղը Նայիրի Զարեանի ստեղծագործութեան մէջ» թեզը՝ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, իսկ 1963-ին «Ակսել Բակունց»ի թեզով բանասիրական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան:
Բանասէրը 1966 թուականին կազմած ու խմբագրած է «Հայ սովետական գրականութեան պատմութիւն» աշխատութիւնը, միջնակարգ դպրոցի 10-րդ դասարանի համար պատրաստած է «Հայ սովետական գրականութիւնե դասագիրքը: Գրած է «Սովետական բազմազգ գրականութեան պատմութիւն» վեց հատորներէ բաղկացած աշխատութեան առաջին եւ երրորդ հատորները: Ան հայերէնի կողքին ստեղծագործած, ինչպէս նաեւ այդ աշխատութիւնները հրատարակած է ռուսերէն լեզուներով:
Շնորհիւ իր վաստակին՝ արժանացած է «Պատուոյ նշան» եւ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշաններով:
Աղաբաբեան մահացած է 19 մարտ, 1986 թուականին, Ռուսաստանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024