ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Երբեւէ մտածա՞ծ, էք թէ ձեր կեանքի ընթացքին քանի՞ անգամ «ինչո՞ւ» հարցը տուած էք. եթէ ոչ, ապա պատասխանը անյստակ է, որովհետեւ մեր մարդկային կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ «ինչո՞ւ»ներու շարան մըն է՝ որ ո՛չ սկիզբ եւ ոչ ալ վերջ ունի: Նոյնիսկ նախամարդը դրախտէն դուրս արտաքսողը հաւանաբար այդ «ինչո՞ւ»ի գոյութիւնն էր. վերջապէս ինչո՞ւ համար պէտք չէր ուտել բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն: Աբէլի սպանութիւնը Կայէնի ձեռքով դարձեալ «ինչո՞ւ»ի մը հետեւանք եղած պէտք էր ըլլար. վերջապէս Աստուած ինչո՞ւ Աբէլինը աւելի ընդունելի պիտի գտնէր՝ քան իրը:

Վերջին ժամանակներուն տեղի ունեցող երկրաշարժները մարդոց մէջ նոր «ինչո՞ւ»ներ ստեղծեցին. այնպիսի «ինչո՞ւ» մը՝ որ դարեր շարունակ տառապեցուցած է մարդ արարածին միտքը: Այդ «ինչո՞ւ»ին երկա՜ր պայքարներ մղած են գիտութիւնն ու հաւատքը:

Ինչո՞ւ համար երկրաշարժները կը պատահին:

Նախամարդը բնութեան մէջ կատարուող ամէն բան կը վերագրէր աստուածներու. անոնց մէջ էր նաեւ երկրաշարժը, որ աստուածներու ջղայնութիւնն ու պատիժը կը խորհրդանշէր: Օրինակի համար, յունական դիցաբանութեան մէջ կը տեսնենք Փոսէիտոն աստուածը (Poseidon), որ կարողութիւն ունէր երկրաշարժներ առաջացնելու (Փոսէիտոն կը յիշուի նաեւ որպէս ծովու աստուած, սակայն ուսումնասիրութիւններու համաձայն նախնական շրջանին եղած է միայն երկրաշարժի աստուած, որուն վրայ եկած է աւելնալու ծովը):

Հայկական դիցաբանութեան համաձայն, երկրագունդը կը գտնուէր ցուլի մը կոտոշներուն վրայ եւ ամէն անգամ երբ ցուլը իր գլուխը շարժէր՝ երկրաշարժ տեղի կ՚ունենար. այս մէկը մաս կը կազմէ հին հայ վիպասանութեան: Այլ առասպել մը կ՚ըսէր, թէ ծովը կը գտնուէր ովկեանի մը վրայ եւ ամէն անգամ երբ ձուկերը շարժէին, երկրաշարժ մը տեղի կ՚ունենար:

Վերոյիշեալ բոլոր տեսութիւններն ալ ծնունդն են «ինչո՞ւ»ներուն:

Հեթանոսական շրջանէն ետք Քրիստոնէութեան մէջ ալ որոշ ժամանակ մարդիկ երկրաշարժը վերագրեցին հոգեւոր զօրութիւններու. Յիսուս Քրիստոս աշխարհի վախճանին մասին խօսած ժամանակ յիշած էր «...եղիցին շարժմունք ի տեղիս տեղիս»ը եւ հետեւաբար ստեղծուած է այն համոզումը, որ երկրաշարժը կը գուշակէ աշխարհի մօտիկ վախճանը:

Որոշ ժամանակ ետք սակայն մարդկային միտքը հետապնդելով իր «ինչո՞ւ»ները, առաջ բերաւ գիտական փաստեր, որոնք կրնային երկրաշարժներու հիմնական պատճառ հանդիսանալ: Գիտութիւնը սկսաւ բացատրել, որ աստուածները չեն որ նման երկրաշարժներ կը յառաջացնեն, այլ երկրագունդի կեղեւի ձեւաւորումներն են, որ նման պատահարներ կը ստեղծեն:

Առաջին հերթին պէտք է գիտնալ, որ երկրաշարժները մի քանի տարին մէկ չէ որ տեղի կ՚ունենան. մենք տեղեկանանք թէ ոչ, գրեթէ ամէ՛ն օր եւ ամէն տեղ երկրաշարժներ տեղի կ՚ունենան, սակայն այնքան տկար՝ որ մարդու համար այնքան ալ նկատելի չի դառնար եւ հաւանաբար այս տողերը գրած պահուս եւ կամ դուք ընթերցած պահուն դարձեալ թեթեւ երկրաշարժ մը տեղի կ՚ունենայ, ինչը որ նկատելի կը դառնայ միայն մասնագէտներու եւ երկրաշարժով զբաղուող գիտնականներու կողմէ: Թեթեւ տարողութեամբ երկրաշարժները յաճախ տեղի կ՚ունենան «քիչ» երկրաշարժներ տեղի ունեցող երկիրներու մէջ, ինչպէս օրինակ, Գերմանիոյ կամ Ռուսաստանի մէջ:

Երկրաշարժին հիմնական պատճառ կը նկատուի երկրագունդի որոշ մասերուն մէջ գտնուող պարապութիւնները, որոնք լեցուած են միայն օդով։ Երկրագունդի խորքին մէջ տեղի ունեցող փլզումները ահաւոր վնասներ կը պատճառեն երկրագունդի վրայ ապրողներուն: Պէտք է գիտնալ, որ երկրագունդի մակերեսը քարացած ու վերջնական վիճակ մը չունի. այնպէս ինչպէս բնութիւնը, նոյնպէս երկրագունդը ժամանակի ընթացքին ենթակայ է փոփոխման. հրաբուխներու ժայթքումները, երկրագունդին տակ գտնուող պարապութիւններու փլուզումները եւ նման երեւոյթներ կրնան ժամանակի ընթացքին փոխել աշխարհի տեսքը: Նման փոփոխութիւններ իրականութեան մէջ նկատելի կ՚ըլլան ամբողջ աշխարհով, սակայն հիմնականին մէջ կը վնասուին այն բաժինները, ուր հողը տկար է եւ թոյք:

Պէտք է նկատի ունենալ որ աշխարհը քարացած ու անշարժացած վայր մը չէ, հետեւաբար թէ՛ արեւի եւ թէ՛ ինքն իր շուրջ դարձած ժամանակ բնական է, որ փոփոխութիւններ կատարուի եւ աշխարհի համար աննշան այդ փոփոխութիւնը մեծ աղէտներ յառաջացնէ մարդոց համար: Այդ շարժումը աննկատելի ձեւով ճեղքեր կը յառաջացնեն երկրագունդին, ինչ որ ժամանակ մը լաւապէս թուլնալէ ետք որպէս երկրաշարժ մարդկութեան վնաս կը պատճառէ: Յառաջացած այդ ճեղքերը երկրագունդի վրայ կը ստեղծեն կայուն եւ անկայուն բաժիններ եւ այդ է պատճառը, որ երկրաշարժի մը ժամանակ քաղաք մը աւելի կրնայ վնասուիլ՝ քան ուրիշ մը: Այս մէկը կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով. ենթադրեցէք որ այս յառաջացած ճեղքը երկրագունդի վրայ կղզի մը կազմած է. աղէտի մը պարագային կղզիի ծայրամասերը գտնուողները աւելի պիտի վնասուին՝ քան կենդրոնը բնակողները եւ նոյնն է պարագան երկրաշարժին: Ճեղքը իր շուրջ տկար հող մը կը ստեղծէ, ինչ որ երկրաշարժի պարագային ենթակայ է փլուզման՝ նկատի ունենալով իր ճեղքի եզրին գտնուիլը:

Գինտականներ կը բացատրեն, որ երկրաշարժը թէեւ մարդոց համար մահուան, սակայն երկրագունդին համար կեանքի նշան է եւ այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ երկրագունդը կենդանի է եւ ենթակայ փոփոխման:

Գիտութիւնը ապագային պիտի կարենա՞յ կասեցնել բնութեան համար բնական, սակայն մարդոց համար աղիտալի այս վիճակը՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք, որ այնքան ատեն որ երկրագունդը կենդանի է՝ երկրաշարժներ անպակաս պիտի ըլլան:

Վերջապէս, Աստուա՞ծ թէ բնութիւնը՝ չենք գիտեր, միայն գիտենք, որ մե՛ծ է մարդկութեան ցաւը, որ մինչեւ նման դէպքեր կ՚անգիտանայ, որ բնութիւնը մի՛շտ ալ իրեմէ աւելի զօրաւոր ու կարող է:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -175-

Մինչեւ որոշ տարիք չէի գիտեր, թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի հիւանդութիւն մը՝ որ գիտական աշխարհի մէջ կը կոչուի «Սիսմոֆոպիա» (Seismophobia), որ երկրաշարժի նկատմամբ վախ ունեցողներու համար կ՚ըսուի. վստահաբար ամէն մարդ երկրաշարժի նկատմամբ վախ մը ունի, սակայն ըստ երեւոյթին կան ծայրայեղները:

Նման աղջկան մը հանդիպեցայ Լիբանանի մէջ. երիտասարդներով հաւաքուած էինք եւ շա՛տ թեթեւ ցնցում մը զգացուեցաւ: Ներկաներէն մին սովորական բան մը ըսելու պէս «կարծեմ երկրաշարժ էր» ըսաւ. բոլորին կողմէ այդ մէկը բնական ընդունուեցաւ բացի այդ աղջնակէն, որ սկսաւ բարձրաձայն լալ՝ տառապողի մը ուժգնութեամբ: Մի քանի բարեկամուհիներ զինք հեռացուցին՝ հանգստացնելու համար: Հոն գտնուող հարազատներէն մին յայտնեց, որ խամաճիկներու եւ երկրաշարժի նկատմամբ մանկութենէն եկած ֆոպիա մը ունի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023