ՉԱՐԵՐՈՒՆ ՏԵՂ ԲԱՐԻՆԵՐԸ ԿՏՐԵՑԻՆ

Ժամանակ մը ետք կը նկատեմ, որ բոլոր բարոյական ազնիւ սկզբունքները, որոնք փորձած են մեզի սորվեցնել, միայն իտէալական կեանքի մը համար պատշաճ է ու վայելուչ. այնպէս ինչպէս սէրը, նոյնպէս բարոյական պատուական սկզբունքները կարծես յատուկ ըլլան լոկ գրականութեան համար: Այս բոլորին մասին սկսայ մտածել, երբ տեսայ մեծ մայր մը, որ իր թոռնիկին բարի ըլլալու խրատ կը կարդայ. իր շեշտերուն մէջ կար այն համոզումը, որ միայն բարութեամբ կարելի է ապրիլ չնաշխարհիկ կեանք մը:

Կար ժամանակ, որ նոյն մտածումներով գինովցած էի նաեւ ես. պէտք էր աշխարհի մէջ ազնիւ ըլլալ. ըլլալ մարդասէր, բարեսիրտ եւ ինչու չէ յաճախ նաեւ հաճոյակատար. այս բոլորը բարոյական սկզբունքներ են, որոնք ստեղծուած են վերացական գոյութեան մը համար պարզապէս եւ ո՛չ մարդկային կեանքին համար: Ժամանակ մը ետք տարիքը կը պարտադրէ, որպէսզի մարդ հասկնայ, որ սիրել, պատուել, յարգել եւ բարի ըլլալ լոկ փիլիսոփայական հասկացողութիւններ են: Ամբողջ կեանք մը փորձեցին համոզել, որ բարութիւնը արդար կեանքի մը հիմնաքարն է եւ այդ բարութեամբ կարելի է հակառակիլ կեանքի ճշմարտութեան, ուր դաժանութիւնը իր յաղթանակը կը տանի: Այդ բարոյական սկզբունքները՝ որոնք որպէս կեանքի բանալի կը փորձեն սորվեցնել մեզի, փաստօրէն ձախողութեան գրաւականն են:

Գուցէ այս հակասութիւնն է պատճառը, որ մարդ արարածը դարեր շարունակ առաջնորդած է մարդու ինչութեան փնտռտուքին։ Անպատասխան փնտռտուք մը՝ լեցուն հակասութիւնովը բարոյական վեհ սկզբունքներու եւ կեանքի դաժան իրողութիւններու. պէտք է արդար ըլլալ եւ ընդունիլ, որ մեր գնահատած արժէքներն ու ապրած կեանքը զիրար կը հակասեն. այդ վեհ սկզբունքները միշտ չէ՛ որ պարգեւատու ու գործնական են եւ այդ մէկն է, որ մարդ արարածը հիասթափութեան կ՚առաջնորդէ. այս բոլորին լոյսին տակ կը հաւատանք, որ փիլիսոփայութիւնը իտէալներու եւ իրականութեան միջեւ խարխաբում մըն է: Եթէ ուսումնասիրենք հին փիլիսոփաները, ինչպէս օրինակ՝ Սոկրատեսը, Պղատոնը եւ ուրիշներ, պիտի տեսնենք, որ անոնք տարուած են «լաւ կեանք»ի գաղափարով. անոնք փորձած են վերլուծել գաղտնիքը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է առաքինի կեանք մը ունենալ առաքինութեան թշնամի եղող աշխարհի մը մէջ. փիլիսոփայութեան կողքին այս հիմնական նիւթով զբաղած է գրեթէ ամէ՛ն կրօն. աչքէ անցուցէք բոլո՛ր կրօնները եւ այդտեղ լոկ բարութեան ազնուութեան կոչ պիտի գտնէք. Նոյնն է պարագան մեր քրիստոնէութեան. Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ամէն ծառ, որ բարի պտուղ չի տար պիտի կտրուի». մինչեւ այսօր կարծես լոկ բարի պտուղ տուող ծառերուն կտրուիլը տեսանք մեր մարդկային աչքերով. Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ «բարի ծառը բարի պտուղ կու տայ, իսկ չար ծառը՝ չար պտուղ». Մեր մարդկային աչքերով գիտէ՞ք ինչքան բարի համբաւ ունեցող չար ծառեր տեսած ենք՝ որոնք կը յաջողին իրենց չար պտուղները բարի անուան տակ հրապարակ դուրս բերել, տեղ մըն ալ ծափահարութիւն ստանալով: Մերօրեայ աշխարհը պատրաստ է կտրել ա՛յն ծառը, որ ազնուութեան ու ճշմարտութեան ճամբուն մէջ կը փորձէ մնալ. սակայն քօղերով ապրող ծառերը՝ տարօրինակ ձեւով կը յաջողին գոյատեւել այն աշխարհին մէջ, ուր բարութիւնը գովաբանուելով հանդերձ դուրս կը դրուի:

Նման աշխարհի մը մէջ ապաշխարութիւն, խոնարհութիւն ու հեզութիւն քարոզելը նման է լոկ ապագայ զոհեր պատրաստելու. դասարանի գրասեղաններուն ետին փորձեցին պարզապէս ապագայի ողջակէզները պատրաստել, որոնք բարութեան սկզբունքի քաղցրութենէն գինովցած պիտի երթան աշխարհի վատթարագոյն հարուածներուն դէմ պայքարելու. պիտի սորվեցնեն, որ եթէ մէկը աջ երեսդ ապտակէ՝ ձախն ալ դարձուր եւ բարոյական այդ սկզբունքին հետեւելով պիտի դարձնես երեսդ՝ կարծելով որ անոնք բարոյական ապտակ մը պիտի ստանան, մինչ այդ նոյն ժամանակ հարուած մը դո՛ւն կը ստանաս առանց երկվայրկեան մը կորսնցնելու:

Այս բոլոր գործօններու վրայ հիմնական ազդեցութիւն կ՚ունենայ անարդար դատողութիւնը. ցաւ ի սիրտ, մարդ արարած արտաքինն է, որ կը գնահատէ եւ ո՛չ ներքինը. թափանցիկութեան պակասը մարդը կ՚առաջնորդէ կեղծաւորութեան. նայեցէ՛ք ձեր շուրջ եւ վստահաբար պիտի գտնէք անձեր, որոնք իրենց բարի արտաքինին մէջ կը սնուցանեն ներքին թշնամութիւն մը, որ լոկ ընկերային կեանքը քանդելու կը ծառայէ:

Այս բոլորին դիմաց այսօր աւելորդ կը նկատեմ մանուկներուն բարութեան մասին խօսիլը, որովհետեւ անոնք անձնական փորձով, իրենց մորթին վրայ զգալով պիտի հասկնան, որ այդ խրատները լոկ բարոյական սկզբունքներ են, որ տեղ չունին մարդկային կեանքին մէջ. մեր օրերուն աշխարհի մէջ բարիներուն, ազնիւներուն եւ համեստներուն անունը դրած են անխելք ու յիմար. մարդ որ անմտութեամբ կը նուիրուի՝ իր նուիրումին դիմաց ստանալով հարուած, որ կը քանդէ իր ամբողջ էութիւնն ու հոգեկան աշխարհը: Այսօր շա՜տ են այդ բարութեան զոհերը, որոնք դարձեալ լոյս աշխարհ գալու պարագային պիտի փափաքէին չարասիրտ ըլլալ. այդպիսիներու միակ մխիթարանքը վերացական հանգիստի մը վերացական զգացումն է, որ աւարտին հանգիստ պիտի տայ բոլոր անոնց՝ որոնք աշխարհի մէջ ցաւեցան ու տանջուեցան. այդ հանգիստը գոյութիւն ալ ունենայ, անէութիւն ալ ըլլայ, մխիթարութիւն մըն է պարզապէս, որ կը փորձէ չափով մը մեղմել այն ցաւը, որ բարութեան պատճառով մտած է անոնց կեանքերէն ներս:

Եթէ զաւակ ունենայի, կ՚ուզէի բարի ըլլար... կը կարծեմ ո՛չ, որովհետեւ մեր օրերուն բարի ըլլալը համազօր է ինքնասպանութեան:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար չարերը միշտ կը յաղթեն, իսկ բարիները կը յաղթուին:

Պատասխան. Այն հասկացողութիւնը, որ չարը միշտ կը յաղթէ, իսկ բարին կը պարտուի, դաժան իրողութիւն մըն է. չարեր յաճախ անխիղճ մարտավարութեամբ կրնան յաղթանակ արձանագրել, բայց վստահ ենք, որ բարիին յամառ ընթացքը կրնայ վերջաւորութեան հասնիլ յաղթանակի, որովհետեւ այդ մէկը կը խթանէ վստահութիւնն ու կայուն յառաջընթացը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024