ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի գրա­կան կեան­քը կ՚ար­ժէ դի­տել ուղ­ղա­կի՛ իր իսկ աչ­քով։ Ու­րեմն հե­տե­ւինք «Խոհք Եւ Խօսք»ին մէջ իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն եւ տե­սու­թիւն­նե­րուն՝ զորս կը կար­դանք ՂԳ գլ­խուն մէջ, ուր Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս «ամ­փո­փում մը կու տայ իր գրա­կան կեան­քին՝ որ կրնայ լա­ւա­գոյն գա­ղա­փա­րը տալ ի­րեն սի­րե­լա­գոյն ե­ղող նիւ­թին մա­սին»։­

Ար­դա­րեւ, ան կ՚ը­սէ, թէ՝ բնա­կան է որ «խոհք»ը գրի­չի ներ­քին «խօսք»ի փո­խար­կուի…։

Կար­դանք ու­րեմն «Խոհք Եւ Խօսք»ի ՂԳ գ­լու­խը եւ տես­նենք ի՛նչ կ՚ը­սէ Սրբա­զա­նը։

«Գրա­կան կեան­քի հի­մը կը կազ­մէ մէ­կուն ի՛նչ ու­նե­ցած ըլ­լա­լը կամ ստա­ցած մտքի մշա­կու­թիւ­նը։

«Եր­կու ե­ղած են իմ կա­տա­րած շրջան­նե­րը, խօս­քը չը­նե­լով ման­կա­կան ժա­մա­նա­կի տար­րա­կան մա­սին։ Մէ­կը՝ Ան­տո­նեանց վան­քին մէջ բարձր նա­խակր­թա­րա­նի ըն­թաց­քը, եւ միւ­սը Հռո­մի Ա­թո­ռին հա­մալ­սա­րա­նա­կան դպրո­ցին ե­կե­ղե­ցա­կան գի­տու­թեանց շրջա­նը։

«Ա­ռա­ջի­նին մէջ ա­ւան­դուած նիւ­թերն ե­ղան հա­յե­րէն, ի­տա­լե­րէն, գաղ­ղիե­րէն եւ լա­տի­նե­րէն լե­զու­ներ, կրօ­նա­գի­տա­կան եւ Ս. Գրոց պատ­մա­կան գի­տե­լիք­ներ, աշ­խար­հագ­րու­թիւն եւ պատ­մու­թիւն, տրա­մա­բա­նու­թիւն եւ հո­գե­բա­նու­թիւն։ Իսկ գի­տու­թեանց մէջ միշտ հա­մա­րո­ղա­կա­նը ա­ւան­դուե­ցաւ։

«Հա­յե­րէ­նը՝ բա­ցա­ռա­բար գրա­բա­րը ե­ղաւ միշտ, ճար­տա­սա­նա­կան եւ չա­փա­բեր­ա­կան վար­ժու­թիւն­ներ, աշ­խար­հա­բա­րը եր­բեք դա­սա­ւան­դու­թիւն չե­ղաւ. մին­չեւ իսկ ըն­կե­րա­կան նա­մակ­նե­րը գրա­բար կը գրէինք ի­րա­րու, աշ­խար­հա­բա­րը ան­հա­տա­կան վար­ժու­թեան սահ­մա­նին մէջ մնաց, ո­րուն ես ա­ւե­լի հե­տե­ւու­թիւն ու­նե­ցայ, եւ ա­մե­նէն լուրջ աշ­խա­տու­թիւն­ներս ալ աշ­խար­հա­բար հրա­տա­րա­կած եմ, ժո­ղովր­դա­կան եւ սա­հուն լե­զուով, ինչ որ հե­տե­ւանք էր աշ­խար­հա­բա­րի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ բա­ւա­րա­րու­թեան մա­սին ու­նե­ցած հա­մո­զում­նե­րուս։

«Ի­տա­լե­րէ­նի, գոր­ծա­ծա­կան լե­զուի չափ ըն­տե­լա­ցած եմ 22 տա­րի Ի­տա­լիա բնա­կե­լով. լա­տի­նե­րէ­նը դպրո­ցա­կան ուս­մանց շրջա­նա­կի մէջ միայն ծա­ռա­յած է, իսկ գաղ­ղիե­րէ­նի վար­ժու­թիւնս ա­ւել­ցած է պաշ­տօ­նա­կան կեան­քի մտնե­լէս ետ­քը։

«Հռո­մէա­կան Դպրա­նո­ցի ուս­մանց ծրագ­րին մէջ յու­նա­րէ­նի եւ եբ­րա­յե­ցե­րէ­նի միա­մեայ դա­սեր կա­յին, սա­կայն կա­մա­ւոր եւ յոյժ տար­րա­կան ըլ­լա­լուն, եւ վա­նա­կան զբաղ­մանց ա­տեն ա­ւելց­նե­լու հա­մար չէի հե­տե­ւած, որ ե­թէ զանց ը­րած չըլ­լա­յի՝ գու­ցէ ա­պա­գա­յին զար­գա­նա­լու եւ օգ­տա­կար ը­նե­լու պատ­ճառ ե­ղած կ՚ըլ­լամ։

«Եւ­րո­պա ու­ղե­ւո­րու­թեանց ա­ռի­թով գեր­մա­նե­րէ­նի քա­նի մը ա­միս­նե­րով զբա­ղե­ցայ, սա­կայն ա­ռի­թը անց­նե­լէ ետ­քը զար­գաց­նե­լու պա­տեհ չե­ղաւ եւ լքուե­ցաւ։ Թրքե­րէ­նը վա­նա­կան ծրագ­րին մէջ չկար եւ զուրկ մնա­ցի, այլ երբ պաշ­տօ­նա­կան կեան­քի մտայ, պէտ­քը զգա­լի ե­ղաւ ու քա­նի մը ան­գամ դաս առ­նել սկսայ, բայց գոր­ծը մնաց վար­ժու­թեան, ու պաշ­տօ­նա­կան խօ­սակ­ցու­թեան տի­րա­ցայ, մա­քուր եւ յստակ գրուած մը կար­դա­լու չափ ե­ղայ, բայց գի­րի չկրցայ վար­ժուիլ։

«Ուս­մանց մէջ ա­ւե­լի գրա­կա­նին քան թէ հա­ճո­յա­կա­նին հե­տե­ւած եմ։ Ուս­տի ին­ծի նա­խա­դա­սե­լի ու նա­խա­սի­րե­լի ե­ղած է պատ­մա­կան ճիւ­ղե­րը, ո­րոնց մէջ բազ­մա­հա­տոր գոր­ծեր ե­րի­տա­սար­դու­թեանս ա­տե­նը կար­դա­ցած եմ, բա­նաս­տեղ­ծա­կան մա­սը զիս շատ չէ՛ հրա­պու­րած։ Ի­րաւ պա­տա­նե­կու­թեան եւ ա­ռա­ջին ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րուս ես ալ բա­ւա­կան չա­փաւ բա­ներ գրած եմ, բայց ա­ւե­լի վան­քի մէջ գրա­կան ե­րե­կոյթ­նե­րու, եւ տօ­նա­կան շնոր­հա­ւո­րա­կան պա­րա­գա­նե­րու մէջ պէտք ե­ղա­ծը լրաց­նե­լու հա­մար։

«Աշ­խա­տու­թեանս մէջ ալ միշտ պատ­մա­կա­նը ե­ղած է որ ա­ռա­ջին տե­ղը գրա­ւած է։

«Ըն­թեր­ցա­նու­թիւն­նե­րու մէջ ալ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­ներ, վի­պա­սա­նու­թիւն­ներ չեն ե­ղած նա­խընտ­րած­ներս, եւ ի՛նչ որ ալ այս ճիւ­ղէն կար­դա­ցած եմ, պատ­մա­կան ա­ռըն­չու­թիւն կազ­մած­ներն են ե­ղած, քան թէ պարզ ե­րե­ւա­կա­յա­կան­նե­րը։

«Գի­տա­կան շրջան­նե­րը ան­ցու­ցած եմ Հռո­մէա­կան Դպրա­նո­ցի հա­մալ­սա­րա­նը։ Փի­լի­սո­փա­յու­թեան ճիւ­ղի սահ­ման­նե­րու շուրջ ըն­թաց­քի մէջ մտա­ծ են՝ տրա­մա­բա­նա­կան, հո­գե­բա­նա­կան, եւ բա­րո­յա­կան ի­մաս­տա­սի­րու­թիւն­նե­րէ զատ, հա­մա­րո­ղա­կան եւ բնա­գի­տա­կան դա­սերն ալ, ա­սոնց հե­տե­ւած եմ խնա­մով մրցման յաղ­թա­նակ­նե­րը ստա­նա­լու չափ, բայց յե­տոյ յա­տուկ հե­տապն­դու­թիւն չեմ ը­րած։

«Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան եւ ի­րա­ւա­գի­տա­կան շրջա­նը բա­ցա­ռա­պէս կրօ­նա­կան եւ վար­դա­պե­տա­կան նիւ­թեր կը պա­րու­նա­կեն, ո­րոնց մէջ յա­ջո­ղու­թեան լիա­գոյ­նը ար­տադ­րած եմ, բայց ա­պա­գա­յին պէտքն ու պարտ­քը լրաց­նե­լու չափ միայն հե­տե­ւած եմ, գլխա­ւո­րա­պէս ու­սուց­չու­թեան եւ ջա­տա­գո­վու­թեան նպա­տա­կով, եւ ո՛չ յա­տուկ զբաղ­ման նպա­տակ դնե­լով։

«Ինչ որ ին­ծի բո­լո­րո­վին օ­տար մնա­ցած է՝ ե­րաժշ­տա­կան ճիւղն է, ձայ­նի ան­յար­մա­րու­թիւ­նը անդս­տին վա­նա­կան շրջա­նէն այս վար­ժու­թիւն­նե­րէն եւ հմտու­թիւն­նե­րէն, եւ այդ կա­ցու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին ալ շա­րու­նա­կած է, ո­րով կա­տա­րե­լա­պէս տգի­տու­թեան վի­ճակ մը պա­հած եմ մին­չեւ վերջ։ Բնա­կան բեր­մամբ մը խոր­շած եմ նաեւ ան­դա­մազն­նա­կան հմտու­թիւն­նե­րէ, վախ­նա­լով որ ան­կա­տար եւ չա­փա­ւոր հմտու­թիւն մը ա­ւե­լի վնա­սա­կար կը դառ­նայ, անձ­նա­կան զգա­յու­թիւն­նե­րը խղճա­հա­րա­կան կաս­կած­նե­րու են­թար­կե­լով։

«Ա­հա գրա­կան կեան­քիս կրա­ւո­րա­կան կող­մը։

«Ներ­գոր­ծա­կա­նը եր­կու գլխա­ւոր ճիւ­ղե­րու մէջ կը սի­րեմ նկա­տել, այ­սինքն՝ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­նե­րու եւ հե­ղի­նա­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րու մէջ։

«Ու­սուց­չու­թիւ­նը կար­ծես յա­տուկ կո­չումս ե­ղած է, զի 1860 հոկ­տեմ­բեր 28/9 նո­յեմ­բե­րին սկսայ դա­սա­խօ­սել Ան­տո­նեանց վան­քը, եւ դեռ վեր­ջին օ­րեր կը դա­սա­խօ­սէի Ե­րու­սա­ղէ­մի վան­քին մէջ։ (1918 ապ­րիլ 20/3 մա­յիս)։ Դա­սա­խօ­սե­ցի Ան­տո­նեանց վան­քը, որ­չափ ա­տեն որ այն­տեղ մնա­ցի, ա­մէն տե­սակ նիւ­թե­րու՝ հա­յե­րէ­նի, լա­տի­նե­րէ­նի, ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան ճիւ­ղե­րուն մէջ։ Բրօ­բա­կան­տա­յի վար­ժա­րա­նին հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ ե­ղայ, Կ. Պո­լիս ե­ղած ա­տենս դա­սա­խօ­սե­ցի Ան­տո­նեանց Շիշ­լիի գի­շե­րօ­թիկ եւ Հա­մազ­գա­յին օ­րիոր­դաց վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, եւ Հռո­մէ քա­շուե­լէն ետ­քը, Օր­թա­քէօ­յի վա­նա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ։

«Կար­նոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան ա­տեն Թա­ղա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ դա­սա­տուու­թիւն ստանձ­նե­ցի, Կ. Պոլ­սոյ Կեդ­րո­նա­կա­նին կրօ­նու­սոյց ե­ղայ, Էջ­միած­նի Ճե­մա­րա­նին աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան նիւ­թեր ա­ւան­դե­ցի, Ար­մա­շի Դպրե­վան­քին գլխա­ւոր ու­սու­ցիչ ե­ղայ, պատ­րիար­քու­թեանս ա­տեն վար­ժա­րան­ներ շրջած ա­տենս դա­սա­խօ­սա­կան եւ ու­սուց­չա­կան հրա­հանգ­ներ եւ ուղ­ղու­թիւն­ներ կը ցուց­նէի։ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ալ լրա­ցու­ցիչ դա­սա­րան­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցի եւ ու­սուց­չու­թիւ­նը իմ վրաս ա­ռի։ Ու­սուց­չու­թեան յա­րա­կից էր վար­ժա­րա­նա­կան տես­չու­թեան, զոր նոյն­պէս գրե­թէ բո­լոր կեան­քիս մէջ վա­րե­ցի, ըլ­լա՛յ իբր օգ­նա­կան, ըլ­լա՛յ իբր գլխա­ւոր, ըլ­լա՛յ իբ­րեւ վե­րին հսկող…»։­

Եւ այս­պէս կը շա­րու­նա­կէ ան­շուշտ Օր­մա­նեան Սրբա­զա­ն իր տո­ղե­րը։ Այս տո­ղե­րուն մէջ եւս մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց այն՝ որ կ՚ը­սէ, թէ ու­սուց­չու­թիւ­նը ե­ղած է իր յա­տուկ «կո­չում»ը։

Ու­րեմն ար­ժա­նա­հա­ւատ եւ գի­տա­կից ան­ձի մը կող­մէ կը հաս­տա­տուի, թէ՝ ու­սուց­չու­թիւ­նը կո­չո՛ւմ մըն է։

Ուս­տի, ինչ­պէս ա­մէն կո­չում, ու­սուց­չու­թեան կո­չումն ալ ու­սու­մով եւ կրթու­թեամբ կը զար­գա­նայ, կը պտղա­բե­րի եւ ար­դիւ­նա­բեր կ՚ըլ­լայ, հան­րու­թեան օգ­տա­կար ծա­ռա­յու­թեան մը կը վե­րա­ծուի։

Բայց սա է կա­րե­ւո­րը, ա­յո՛ կը զար­գա­նայ այդ «կո­չում»ը, ան­շուշտ ե­թէ գո­յու­թիւն ու­նի այդ «կո­չում»ը։ Ուս­տի կո­չու­մը ըն­դո­ծի՛ն է եւ ո՛չ ստա­ցա­կան…։

Օր­մա­նեան Սրբա­զա­նի տո­ղե­րուն մէջ, յե­տոյ կա­րե­ւոր կէտ մը եւս նկա­տե­ցինք։

Ե­ղած են ան­շուշտ ար­ժէ­քա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ՝ որ դա­սա­խօ­սած են եւ հաս­ցու­ցած սե­րունդ­ներ։ Ա­նոնք լու­սա­բա­նած են ի­րենց խօս­քով, դա­սե­րով։

Սա­կայն ե­ղած են նաեւ ու­սու­ցիչ­ներ, որ դա­սա­խօ­սած են, սոր­վե­ցու­ցած են եւ հաս­ցու­ցած են սե­րունդ­ներ՝ ո՛չ միայն բե­րա­նա­ցի դա­սա­ւան­դու­թեամբ, այլ մա­նա­ւանդ ի­րենց կեան­քով, ի­րենց կեան­քին օ­րի­նա­կով։ «Տի­պար» եւ «ու­ղե­ցո՛յց» ե­ղած են ի­րենց կեան­քով եւ մա­նա­ւա՛նդ ի­րենց կեան­քը ան­կեղ­ծօ­րէն, մտեր­մօ­րէն պար­զե­լով հան­րու­թեան։

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան այդ հա­զուա­գիւտ ու­սու­ցիչ­նե­րէն մի՛ն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016