ՄԱ՞ՐԴ ԵՍ
Եթէ համակարգիչ գործածող անձ էք, նկատած պիտի ըլլաք, որ այլեւս համակարգիչը ինք եւս սկսած է կասկածիլ մեր «մարդ» ըլլալէն։ Մարդու ձեռքերով ստեղծուած համակարգիչը անընդհատ հարց կու տայ «մա՞րդ ես» եւ մեր մարդկութիւնը փաստելու համար կը սկսինք նկարներուն մէջէն գտնել ուզուած նկարները եւ մանկապարտէզի գրաւոր մը լրացնելու պէս մեր մարդկութիւնը կը փաստենք։
Համակարգիչները մեր մարդ ըլլալուն վրայ կասկածելու իրաւունք մը ունին, որովհետեւ մեքենաներն ու մարդամեքենաները ինչքա՛ն մարդանալու կը մօտենան, մենք այնքան կը հեռանանք ու կը սկսինք մեքենաներ դառնալ։
Դարաւոր անցեալէն ակներեւ է, որ մարդ արարած իր իսկ ստեղծածը որոշ ժամանակ ետք պաշտելու եւ Աստուածացնելու ախտը ունի եւ մերօրեայ արուեստագիտութեան զարգացումը անոնցմէ տարբեր բան մը չէ, որովհետեւ մարդկութեան ծառայելու համար նախատեսուած մեքենաները ժամանակ մը ետք մարդը ծառայ պիտի դարձնեն եւ համակարգիչին «մա՞րդ ես» հարցումը մենք մեր անձերուն պիտի սկսինք հարցնել։
Համակարգիչը կասկածելու իրաւունք ունի, որովհետեւ մեքենայ ըլլալով հանդերձ զգացած ըլլալու է մարդկութեան պակսիլը։ Երանի ո՛չ միայն համակարգիչի, այլ մեր կեանքին մէջ ամէ՛ն առիթի հարցուէր մեր մարդ ըլլալն ու չըլլալը, որպէսզի ամէն առիթի յիշենք եւ հեռու մնամք ոչ մարդկային ընթացքէ։
- Այսօր աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք իրենց սեղանի վրայ աւելցած փառաւոր ճաշերը անտարբերութեամբ կը թափեն, մինչ փողոց մը անդին անտուն մը անօթութեամբ կը տառապի։ Ճաշը աղբամանին մէջ դրած ժամանակ անձին մարդկութիւնը ստուգելու համար ո՞վ պիտի հարցնէ «մա՞րդ ես»ը...։
- Համացանցի վրայ կը տեսնենք մարդիկ, որոնք հակառակ հարիւրաւոր կօշիկներ ունենալնուն կը շարունակեն շուկաներէն նորերը բերել, մինչ աշխարհի վրայ բազմահազար մանուկներ բոպիկ կը շրջին։ Վճարում կատարած ժամանակ ինչո՞ւ չի հարցուիր «մա՞րդ ես» հարցումը։
- Մի քանի օր առաջ Հայաստանի փողոցներէն մէկուն վրայ տեսայ խզտուած զգեստով կին մը մայթերուն վրայ մուրացկանութիւն կը կատարէր։ Նոյն միջոցին այդ կնոջ մօտէն անցաւ հայորդի մը՝ իր շունիկին հետ միասին։ Հաւատացէ՛ք շունիկին հագած հագուստը շա՜տ շա՜տ աւելի սուղ էր՝ քան աղքատ կնոջ հագածը եւ այդտեղ նկատեցի, որ շատերու համար իրենց շուներն ու կատուները շատ աւելի արժէք ունին քան մարդ արարածը՝ որ իր արենակիցն է։ Այսօր շատեր աղբի մէջի իրենց գտածներով կշտանալ կը փորձեն, իսկ շատ մը շուներ յատուկ «առողջապահական» ճաշերով կը սնին. շատեր աղքատութեան պատճառով իրենց մազերը սափրելու, լոգնալու եւ մաքրուելու անկարող կը դառնան, իսկ շատ մը շուներ իրենց սափրիչներուն մօտ մազերը կոկելէ ետք «ջիղերու հանգստացման» պահ մը կ՚ապրին։ Այս անգամ դո՛ւք հարց տուէք, թէ ո՞վ մարդ է եւ ով ո՛չ։
Մեր մանկութեան ժամանակ մանկական ժապաւէններ կային, ուր մարդկութիւնը պատերազմ կը մղէր մեքենաներու դէմ։ Այդ բոլորը մանկական միտքով շինծու երեւակայութիւն կը կարծէինք, սակայն փաստօրէն ճշմարտութիւնն էր, որ ցոյց տալ կը փորձէին։ Մարդոց եւ մեքենաներու պատերազմը սակայն ցուցադրուածին նման զէնքերով չէ, որովհետեւ մարդկային տկարութիւններէն մեծագոյնն է յանձնուիլ եւ պարտուիլ իր իսկ ստեղծածին։
Յաճախ մարդամեքենաներու մասին խօսելով շատեր «զգացում», «հոգի» չունի կ՚ըսեն, սակայն մարդը եւս կամաց կամաց այդ վիճակին կը հասնի. խիղճ եւ զգացում վերացական բառեր կը դառնան։
Այս բոլորին կողքին մարդ արարածը կը սկսի բթանալ. անցեալին ուսում չստացած մարդ մը շատ բան գիտէր՝ քան այսօրուան համալսարանականը։ Համակարգիչին մէջ «գիտութիւն» դնողները յաջորդող սերունդները այսօր այդ մեքենաներուն կարողութեանց դիմաց կը զարմանան, որովհետեւ սերունդներուն փոփոխութեան հետ մեքենան աւելի՛ խելացի, իսկ մարդը աւելի բթամիտ կը դառնայ։
Այս ցաւալի իրողութիւնը մեզի պիտի տանի հո՛ն՝ ուր մարդը պիտի սկսի իր իսկ ստեղծած մեքենաներէն կարծիք առնել եւ անոնց հիման վրայ իր կեանքը շարունակել։
Մեր սերունդը բախտաւոր է այնքանով, որ կրցաւ տեսնել հինն ու նորը. յառաջիկայ սերունդները նորին մէջ պիտի բանան իրենց աչքերը եւ երբեք չհասկնան հինին ինչ ըլլալը։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -101-
Զարմանալի է սակայն, 2017 թուականին Չինաստանի մէջ միջահասակ մարդ մը որոշում կը կայացնէ ամուսնանալու մարդամեքենայի մը հետ։
Կարելի՞ է մեղադրել թէ ոչ, չեմ գիտեր... սակայն կասկած չունիմ որ այդ մարդամեքենան շատ աւելի հաւատարիմ կ՚ըլլայ՝ քան մարդը։
Ժամանակ մը ետք երանի՜ պիտի տանք անոնց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ