ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ «ԿՈՒՍԱԿՐՕՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏ»Ի ԷՈՒԹԻՒՆԸ
Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի (1841-1918) «Խոհք եւ խօսք» հատորը (յետմահու հրատարակութիւն՝ 1929) որքան ինքնակենսագրութիւն մըն է, նո՛յնքան՝ իւրայատուկ տեսութիւններու ամփոփում մը շահեկան հարցերու մասին։
Ուստի այս հատորէն հատուածներ քաղել եւ ներկայացնել՝ կը յուսամ օգտակար պիտի ըլլայ։ Ահաւասիկ այդ հատուածներէն մին՝ «Կուսակրօնութեան ուխտ»ի մասին, որ նոյնութեամբ կու տանք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, 1917 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 15/28 ՈՒՐ. (ԺԹ)
Այստեղ ի դէպ կը համարեմ զարտողութիւն մը ընել կուսակրօնութեան ուխտին մասին, որուն ես ալ հրաւիրուեցայ եւ կատարեցի, երբ տակաւին տասնուվեց տարեկան եւ տասնումէկ ամսուան պատանի մըն էի, երիտասարդութեան եւ անձինտիրութեան տարիքէն ալ բաւական առաջ։ Շատ խօսուած է անփորձ պատանիներու եւ նորահաս երիտասարդներու մշտնջենաւոր ուխտերու, եւ յատկապէս կուսակրօնութեան ուխտին հրաւիրուելուն դէմ, իբր թէ բնութեան բռնաբարութիւն մը, եւ անմեղ ու անպատասխանատու անձեր անտանելի զրկումի եւ կեանքի թունաւորման ենթարկելու ձեռնարկ մը ըլլար։ Այս տեսութեամբ համարձակ կը դատապարտեն կուսակրօն կրօնաւորութիւնը, եւ առ առաւելն աշխարհի փորձերէն եւ փորձանքներէն անցնողներու միայն կը ներեն այդ ուխտով կապուիլ, իբր ըրածնուն գիտակ անձեր։
Այս մասին բնական եւ բանական տեսութեանց փորձառական տեղեկութիւններն ալ խառնելով՝ հետեւեալ բացատրութիւնները կրնամ աւելցնել։
Նախ եւ առաջ բնութեան հակառակ չեմ կարծեր՝ բնութեան բերմունքները կանոնաւորել եւ զսպել, ընդհակառակն՝ անբանական կը կարծեմ մարմնոց հաճոյքներու եւ հեշտանքներու եւ բերմունքներու անպայման հետեւիլ, եւ կերպով մը մարմինին գերի ըլլալ, հոգւոյ գերազանցութիւնը անարգել, միտքի կանոններուն չհպատակիլ, եւ լաւն ու օգտակարը պարզապէս նիւթայնականութեամբ չափել։ Ամէն կրօնք, ամէն օրէնք իրենց համար զրկումի դրութիւն մը ունին, եւ այդ դրութեան վրայ կը հաստատեն իրենց վսեմութիւնը։ Մանրամասնութիւնք ընդհանրապէս ծանօթ են եւ պարզելու պէտք չեմ տեսնար։ Այս սկզբունքով բնաւ անտեղի եւ անբնական չկրնար ըսուիլ որ ոմանք ինքզինքնին մարմնական հեշտանքներէ զրկել ուզեն, եւ կուսակրօն կենցաղի հետեւին։
Սակայն դիտել կը տրուի, թէ զրկումի յանձնառուն պէտք է որ ինչէ զրկուիլը լաւ գիտնայ, ինչ որ չ՚արդարանար նորահաս պատանիներու եւ երիտասարդներու ուխտադրութեան մէջ։ Այս մասին փորձառութենէ քաղած պատասխանս է, թէ շատ աւելի դիւրին է կիսովի տեղեկութեամբ կատարուած որոշումը, քան թէ ամէն պարագաներու ծանօթութեամբ եւ գործադրական հմտութեամբ տրուածը։ Յայտնի եւ վկայուած իրողութիւն մըն է թէ աւելի անժոյժ են այրիներ եւ ապօրէն կենակցութեանց հետեւողներ, քան թէ սկիզբէն մարմնական գործերէ հեռու մնացածներ։ Մարդը ունակական կենդանի ըսուած է, ամէն ճիւղի մէջ ունակութիւն ունեցողներ ունակութենէ հեռանալու կը դժուարանան, եւ մինչեւ որ ծանր վախ մը կամ վերահաս վտանգ մը զիրենք չստիպէ՝ ունակութենէն չեն հրաժարիր։ Այդ կէտը կը ճշմարտուի նոյնիսկ աւելորդ եւ պատահական ունակութեանց հետեւողներու վրայ, ինչպէս են ծխողներ եւ խմողներ, հարկաւ աւելի պիտի ծանրանայ բնական ունակութեանց վրայ։ Հետեւապէս ո՛չ միայն անտեղի չեմ նկատեր նորահասներու ուխտադրութիւնը, այլեւ իրենց դիւրութիւն մը ընծայուած կը կարծեմ, երբ որ պաշտօնական եւ օրինական դարձած կենցաղի մը պայմաններուն թեթեւութեան կը պատրաստուի։ Ամուրի եկեղեցականութիւնը, ինչ ալ ըլլայ անոր ծագումն ու զարգացումը, այլեւս օրինական պահանջի կարգ անցած է, եւ կրօնական ընկերականութեան մէջ այդ ընթացքին հետեւողներու պէտք կայ. լաւագոյն է այսպիսիներուն յանձնառութիւնը դիւրացնել, քան թէ դժուարացնել։
Խնդիրը ամփոփենք ուխտին մշտնջենաւորութեան վրայ։
Ինչ ալ ըլլայ ոմանց տեսութիւնն ու նախապաշարեալ կարծիքը, եւ խստակրօններու սկզբունքը, ես իմ մասին երբեք անդարմանելի մարդկային գործ մը չեմ ընդունիր, միշտ կարգ ու կանոնի մը եւ օրինական պահանջներու պատկառ մնալով։ Ըստ այսմ ուխտի մշտնջենաւորութիւնն ալ կ՚իմանամ իբր ցնոր տնօրէութիւն, այսինքն ցորչափ իրաց վիճակը, ուխտադերին դիրքը, էական պայմաններու ձեւը փոխուած չէ։ Մարդ չի կրնար բովանդակ ապագայն նախատեսել, եւ իւր կեանքին բոլոր փոփոխութիւնները գուշակել, ուստի անհրաժեշտ է որ բաց դուռ մը ունենայ իւր դիրքը եւ կացութիւնը փոփոխելու եւ նոր դիրքին յարմարելու։ Ըստ այսմ բնաւ դժուարութիւն չեմ զգար եւ դիտողութիւն չեմ ըներ, եթէ կուսակրօնութեան նուիրեալ եկեղեցական մը իւր կոչումէն հրաժարի, բաւական է որ օրինական պայմանները յարգէ եւ ընդհանուր բարոյականութեան դէմ չմեղանչէ։ Կարծեմ թէ այս բացայայտ վերապահութիւնս բաւական է իմ համոզումս ուղղապէս դատելու, եւ զիս մոլեռանդ եւ անխորհուրդ աւանդապահ մը չսեպելու։ Իմ ծանօթներէն եւ սիրելիներէն եղած են կուսակրօն եկեղեցականութենէ հրաժարողներ, որոնց մասին այս պատճառով սէրս ու յարգանքս չեմ պակսեցուցած, մինչեւ իսկ ազգականութեան կապերու ընդունած եմ, միայն դիտողութիւն ըրած եմ անոնց որ ընդհանուր բարոյականութեան ճշդապահ եղած չեն, կամ թէ քաշքշուքներ եւ այլընդայլոց պատճառանքներ ուզած են յուզել իրենց արդարացման համար։ Աւելի պատուաւոր դատած եմ որ համարձակ խոստովանին եւ յայտնեն իրենց փոփոխուած պայմանները։
Կրնայի կուսակրօն եկեղեցականութեան պէտքին վրայ ալ խօսիլ, սակայն կը վախնամ որ նպատակէս դուրս խնդիրներու մէջ դեգերած կ՚ըլլամ։ Բայց գոնէ համառօտիւ միտքս յայտնած ըլլալու համար աւելցնեմ, որ նախնական եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօնութիւնը եկեղեցականութեան պայման չէ եղած, թէպէտ կամաւոր յանձնառուն չէ մերժուած, ինչպէս Յովհաննէս եւ Պօղոս առաքելոց մէջ եւ Արիստակէս՝ մեր սուրբ հարց մէջ։ Եկեղեցականութիւնը իբրեւ ժողովուրդի հովուութիւն ամուսնացելոց սեփական եղած է, նոյնիսկ եպիսկոպոսութեան եւ հայրապետութեան աստիճաններուն մէջ։ Իսկ կուսակրօններ իրենց կոչումը անաղարտ պահելուն համար աշխարհէ հեռու եւ աշխարհիկ յարաբերութիւններէ զերծ վանքերու մէջ փակուած են, իրենց նուիրական կենցաղը չվտանգելու համար։ Այժմեան կուսակրօններու սովորական դարձած աշխարհի եւ աշխարհիկ յարաբերութեանց հետ համարձակ շփումը նախնական օրինաց եւ սկզբնական սովորութեանց համաձայն չէ, բայց այդ մասին յետադարձը գործադրելն ալ դիւրին չէ։ Եթէ արեւելեան եկեղեցիներու մէջ պահուած ամուսնացեալ եկեղեցականութեան զարգացումը բարձրանայ, եւ եթէ իւր առջեւ աստիճաններու բարձրացման դուռերը բացուին, կուսակրօն եկեղեցականութիւնը կրնայ հետզհետէ նուազիլ, եւ իւր նախնական բացառիկ եւ պատահական չափին վերածուիլ։ Բայց այս եկեղեցւոյ բարեկարգութեան կէտ մըն է, որ աստ եւ այժմ մեր նպատակէն դուրս է, գուցէ առաջիկային այն ալ շօշափեմ։
Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք» գործը իսկապէս տեսական կարեւոր հարցերու պատասխաններ կը պարունակէ։ Շատերու միտքը զբաղեցնող հարցեր եւ խնդիրներ կարելի է գտնել հոն։ Մանաւանդ «ուխտ»ի տուած լայնախոհ եւ ազատամիտ նշանակութիւնը ցոյց կու տայ մեծ «Միտք»ին մեծ արժէքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18 2022, Իսթանպուլ