ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Լ.)

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Այս բաժնով որպէս վերջաբան կ՚ուզենք ձեր հետ բաժնել մեր մեծագոյն մանկավարժներէն Խրիմեան Հայրիկի մտածումներով, որոնք հակառակ 135-145 տարուան հնութեան, կը շարունակէ մնալ այժմէական:

Այդ աշխատութիւններէն մեծագոյնը կարելի է նկատել Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը, որ գրուած է մեր թուականէն 147 տարիներ առաջ՝ 1876 թուականին:

Մեր յօդուածներուն մէջ յաճախ շեշտեցինք, թէ զաւակը հայելին է ընտանիքին եւ գրեթէ ամէն երեւոյթի պարագային շեշտեցինք նաեւ, որ ծնողքի օրինակելի ընթացքը հազար քարոզ կ՚արժէ. այս մասին Խրիմեան կը գրէ. «Դաստիարակ եւ խրատ` ծնողաց կենդանի օրինակն է։ Այս օրինակը այնչափ բարի ու տպաւորիչ է, որ գիտես թէ լուսարուեստին պէս թափանցիկ կերպով ծնողաց պատկերը նոյնատիպ կը հանէ իւր զաւակաց վերայ եւ զաւակները այդ սկզբնական տիպարն առնելով կը մտնեն ժողովուրդին եւ ընկերութեան մէջ»:

Ըսինք, թէ մանուկը իր շուրջը տեսածը կ՚ընդօրինակէ եւ այս պահով շեշտեցինք ընտանեկան դաստիարակութեան կարեւորութիւնը. Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «...եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կ՚ուզէ, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է»:

Խօսեցանք, թէ մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն գործած սխալներուն դիմաց ծնողը պէտք է նախ ինքն իր անձը քննութեան ենթարկէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր դժբախտ երեւոյթ տեղ մը կրթութեան եւ ընտանեկան դաստիարակութեան թերութիւն կ՚ենթադրէ. Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «…որ չարաբաստ ապերջանիկ ժողովուրդ իւր կեանքի զեղծումները դարձեալ նոյն ընտանեկան պատկերէն կ՚ընդօրինակէ եւ ի տես կը հանէ աշխարհի հրապարակը»: Հայրիկ կը շարունակէ ըսելով. «զեղծման սկզբնաւորութիւնը ընտանիքէն է, եթէ բարոյական կենդանի կեանք չունի` մեռելութիւն ընտանիքէն է. եթէ դէպի կորուստ կը դիմէ, իր կորստեան ճամբայ բացող ընտանիքն է»:

Մեր գրութիւններուն մէջ յստակ տարբերութիւնը գծեցինք դաստիարակութեան եւ կրթութեան. ամէն դպրոցական կրթութիւն ստացող կրնայ դաստիարակուած չըլլալ, իսկ ամէն դաստիարակուած՝ կրնայ դպրոցական կրթութիւնը ստացած չըլլալ. այս մասին Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «Ճշմարիտ է, որ ժողովրդական դպրոցները լոյս եւ գիտութիւն կը սփռեն. սակայն բարի դաստիարակութեան տուրքը` միայն ծնողաց սեպհական է»:

Յիշեցինք, թէ կարեւոր է խօսողի կողքին լսողի դեր ստանձնել. կարեւորութիւն տալ մեր զաւակներուն կարծիքներուն եւ առողջ հաղորդակցութիւն մը ստեղծել. Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «...իրարու խօսքը հասկնան, միաբան խորհին, միաբան ընթանան առանց կաղալոյ. այր կամ կին, ծնողք կամ զաւակները, հարսն կամ սկեսուրն»:

Խօսեցանք, թէ մեծագոյն հա-րըստութիւնը ծնողքի մը կողմէ զաւակին ժառանգուած հարըս-տութիւնները չեն. ըսինք, թէ յաճախ ծնողներ նիւթական հարստութիւն «պարգեւ»ելու կողքին կը մոռնան կարեւորագոյնը՝ բարոյական դաստիարակութիւնը փոխանցել. այս մասին Խրիմեան կը գրէ. «…մեծապէս կը սխալին ծնողք, եթէ այնպէս հաւատան, որ այս նիւթական բարիքները, առանց հոգեկան ու բարի դաստիարակութեան` մնայուն ու ճշմարիտ բարիք են որդւոց համար»:

Խօսեցանք, որ ծեծը, բարկութիւնն ու բռնութիւնը մեր զաւակները չեն կրթեր, այլ ընդհակառակը անոնց մէջ ատելութիւն կը յառաջացնեն. այս մասին Խրիմեան կը գրէ. «Շատ անգամ եւս (զաւակը) կը դառնանայ, կը սրամտի իր ծնողաց դէմ. մանաւանդ երբ ծնողք չարաչար անարգանօք ու բրածեծով՝ դաստիարակութեան հին փորձ կը փորձեն տակաւին։

Խօսեցանք, թէ ծնողք դառնալը զոհողութիւններ կը պահանջէ եւ այդ զոհողութիւններուն առաջինը սեփական կեանքը օրինակելի դարձնելն է. պէտք չէ արհամարհել մանուկները, որովհետեւ անոնք կը լսեն, կը տեսնեն, կը հասկնան եւ կ՚ընդօրինակեն գրեթէ ամէ՛ն բան. Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «Իսկ վա՜յ եւ եղու՜կ այն ազգոյշ ծնողաց, որք ընտանիք եւ մանուկները իբրեւ չմարդ համարելով` իրենց անբարի կեանք ու վարմունքը նշշաւակ կը կացուցանեն նոցա առաջ, արտաքին եւ օտար գայթակղութենէն աւելի` իրենք իսկ գայթակղութիւն կը լինին զաւակաց ու ընտանեաց, եւ նոցա ապագայ կեանքը մանկութեան մէջ կը մեռցունեն»:

Խօսեցանք, թէ մեծագոյն ժառանգը որ ընտանիք մը կը թողու այս աշխարհին իր զաւակներն ու թոռներն են եւ անոնց մէջ իրենց սերմ դրած բարոյական դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, որովհետեւ մեր զաւակները մեր հայելին են, իսկ մեր թոռները՝ հայելին մեր զաւակներուն. լաւապէս դաստիարակուած զաւակը ծնողաց մահէն ետք եւս անոնց հայելին կը դառնայ աշխարհի մէջ. այս կապակցութեամբ Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «Այո՛, բարեժառանգ զաւակները շատ պարտիքները ունին առ ծնողս, թէ՛ ի կենդանութեան եւ թէ մահուանէն յետոյ, թէ՛ երկրիս վերայ եւ թէ երկնից մէջ, օրհնեալ եւ գովեալ են այն բարեյիշատակ ծնողք, որ այդ սուրբ պարտիքները անթերի կը կատարեն, որոց կեանք եւ վախճանը միշտ բարի կը լինի աշխարհիս վերայ եւ ընտանեկան բարեկեցիկ երջանկութեան մէջ»:

Վերջապէս ամէն բանէ ետք կ՚ուզենք վերջ դնել այն գաղափարով, որ աշխարհի մէջ մեծագոյն հարստութիւնը որ կրնանք ունենալ եւ նաեւ փոխանձել, բարոյական կրթութիւնն է. հետեւաբար զաւակ թէ ծնողք, ականջ տանք հայրապետի խօսքերուն.- «…բարոյական առաքինութիւնը ժառանգէք, որ ադամանդէն, ոսկիէն եւ կորստական հարստութենէն աւելի մեծ է»:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ինչպէ՞ս կը զգանք կծուն, շաքարը եւ կամ աղը:

Պատասխան.-  Մեր լեզուն ունի ընկալիչներ, որոնք կարողութիւնը ունին   տարբերելու համերը, ինչպէս օրինակ՝ կծուութիւնը, քաղցրութիւնը, աղը եւ այլն: Լեզուի վրայ գոյութիւն ունին փոքր բշտիկներ, որոնք կ՚օգնեն լեզուին հասկնալու համար ճաշակածին համի ինչութիւնը: Օրինակի համար, երբ քաղցր բան մը համտեսենք, ընկալիչները ազդանշան կը ղրկեն ուղեղին, որպէսզի այդ համը որպէս «քաղցր» զգացում ընկալուի: Աղը իր մէջ ունի որոշ բջիջներ, որոնք լեզուի բշտիկներու ճամբով ուղեղին կը փոխանցէ աղիութեան զգացումը: Կծուութիւնը համ ըլլալէ աւելի զգացում մըն է, որ լեզուի ճամբով մարդուն մէջ կը բարձրացնէ ջերմութիւնը եւ այրող զգացում մը կ՚արթնցնէ մարդուն մօտ: Մեր լեզուի ընկալիչներն են, որ կը ձեւաւորեն մեր սնունդին համով կամ անհամ ըլլալը. ընկալիչներն են, որ կը ձեւաւորեն համի հասկացողութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023