ՓՆՏՌԵԼ, ԳՏՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԵԼ

Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու, յաջողած ըլլալու համար՝ անհրաժեշտ են անցնիլ երեք հանգրուաններէ, կամ ըսենք, երեք գործողութիւններէ։ Արդարեւ, նպատակի հասնիլ դիւրին չէ. վաստակ, աշխատանք պէտք է յաջողութեան համար։ Կ՚ըսուի, թէ կեանքը «պայքար» մըն է, եւ պայքարէ յաղթական ելլելու համար պէտք է արդիւնաբեր զօրավարութիւն մը ընտրել եւ անոր հետեւիլ։ Այս իմաստով, փնտռել, գտնել եւ պահել՝ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կարեւոր եւ անհրաժեշտ երեք ազդակներ են։

Հարուստ մարդը այն է՝ որ կը փնտռէ, կը գտնէ, բայց նաեւ եւ մա՛նաւանդ գտածը պահողն է։ Ուստի, կ՚ըսուի, թէ՝ դրամը շահիլ աշխատանքի կը կարօտի, բայց «դրամատէր» ըլլալու համար շահուած դրամը պահել պէտք է։ Ուրեմն, Դաստիարակուած՝ քաղաքակիրթ մարդը այն է՝ որ դպրոց կ՚երթայ, կ՚ուսանի եւ իր ընդունածները կը պահէ եւ մա՛նաւանդ կ՚օգտագործէ ի նպաստ մարդկութեան։ Բազմաթիւ մարդիկ մեծ ջանքերով եւ տքնութեամբ նպատակի մը կը հասնին, բայց հասնելէ յետոյ չեն յաջողիր իրենց տեղը կամ դիրքը պահել արժանաւորապէս եւ դասալի՛ք կ՚ըլլան։

Աշխարհային կեանքի այս իրականութիւնը կիրարկելի է նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։

Քրիստոս փնտռողներու թիւը մեծ է։ Կարելի է ըսել, թէ Քրիստոս փնտռողները աւելի մեծ թիւ մը կը ներկայացնեն քան թերեւս Քրիստոս գտնողները։ Բայց ո՞վ է ան, որ արժանի է «քրիստոնեայ» անունին իր խորագոյն իմաստովը։ Ան որ Քրիստոսը փնտռելէ եւ գտնելէ յետոյ երբեք ձեռքէ չի հաներ, այլ՝ կը պահէ զայն իբրեւ իր սեփական ամենաթանկագին ստացուածքը։ Ուստի, ստացուածքը պահել անհրաժե՛շտ է։

Որեւէ բան ձեռք ձգել բաղդատաբար շատ աւելի դիւրին է, քան ձեռք ձգելէ յետոյ զայն կարենալ պահել։ Աւելին՝ ձեռք ձգուածը աւելցնել՝ ճոխացնել։ Այս իրողութեան ամենէն յստակ օրինակն է՝ ժառանգութիւնը։ Արդարեւ, օրինաւոր կերպով արժէք մը ժառանգել՝ ըստ երեւոյթի դիւրին է, բայց դժուար՝ զայն պահել, եւ շատ աւելի դժուար՝ զայն աւելցնել, բարդել։

Ուստի, աւանդուած ամէն արժէք՝ մտաւոր կամ հոգեւոր, մշակոյթ, հաւատք՝ պէտք է լաւ պահպանուի, եւ աւելի զարգացուի հետզհետէ։ Ասիկա թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ մեր իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ։

Ոմանք լրջօրէն եւ անկեղծօրէն կ՚ուխտեն թողուլ մոլութիւն մը՝ որուն գերին եղած են երկար ատեն, եւ արդեամբ ալ կը թողուն, զոր օրինակ, արբեցութիւնը, ծխելը կամ խաղամոլութիւնը, բայց մինչեւ վերջը հաւատարիմ չեն մնար իրենց ուխտին կամ խոստումին։ Ամէն անոնք, որոնք հաւատարիմ կարենային մնալ իրենց խոստումին, խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը տեւապէս կը հաստատուէր երկրի վրայ։

Պէտք է նկատենք, որ ո՛չ թէ չենք ճանչնար Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր ուսուցած, սորվեցուցած սկզբունքներուն եւ վարդապետութիւններուն ընտանի չենք, անծանօթ ենք. ո՛չ. լա՛ւ կը ճանչնանք զԱյն եւ իր փրկութեան Աւետարանը՝ Բարի Լուրը, բայց մեր ունեցած ծանօթութիւնը չենք աճեցներ, չենք մշակեր, չենք օգտագործեր։ Արդարեւ, արժէք մը ձեռքը ունենալէ աւելի, զայն կեանքի կոչել, օգտագործել կարեւոր է։ Եթէ գրադարանի հազարաւոր գիրքը չէք կարդար, ի՞նչ արժէք կը ներկայացներ անոնք ձեզի համար…

Ուստի, կարեւորը ունենալը չէ՛. հապա՝ զայն օգտագործել։ Արդարեւ, ներկան կամ ծանօթն է, որ կ՚անտեսենք կամ կը մոռնանք, եւ յաճախ կ՚ուրանանք կամ կը մերժենք։

Միւս կողմէ, մարդկային բնութեան մէկ տկարութիւնը պէտք է յիշենք։ Շատ անգամ մեր ստացածին, մեր ընդունածին, մեզի տրուածին, աւանդուածին նկատմամբ ապերա՛խտ ենք։ Արդարեւ, ապերախտութիւնը մարդկային բնութեան դժբախտ մէկ տկարութիւնն է։

Աստուած ինչպէ՞ս կը դիմաւորէ, ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ իր ապերախտ եւ ապիրատ զաւակներուն, դժուա՛ր է ըմբռնել։

Մարդս ալ իր մէջ թաքնուած աստ-ւածային բնութեան կայծը կը շողացնէ ամէն անգամ որ կրնայ բարիքի փոխարէն ապերախտութեան աչք գոցել։ Ի՛նչ որ ունինք եւ կ՚ընդունինք մեր ծնած օրէն մինչեւ մեր վերջին օրը՝ Աստուծոյ պարգեւներն են։

Ամէն օր Աստուծոյ երախտապարտ զգալու ենք մենք զմեզ։ Արդարեւ, երախտագիտութիւն կը նշանակէ՝ տեւական հոգեւոր կապ բարիքի եւ կեանքի, իմաստութեան աղբիւրին հետ, որ է Աստուած։ Երախտագիտութիւն շնորհ մը չէ ենթակայէն առարկային, ըսենք՝ մարդէն՝ Աստուծոյ։ Երախտագիտութեամբ մարդ իր ունեցածը կ՚աւելցնէ, կ՚աճեցնէ՝ հոգին կը լայնեցնէ, կը խորունկցնէ։ Այս էր փորձառութիւնը մէկին՝ այն տասը բորոտներէն՝ որոնք բժշկեց Յիսուս, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Անոր։ Ուստի, ան, ո՛չ միայն մարմնապէս բուժուեցաւ, հապա նաեւ՝ հոգեպէս մեծ շահ ապահովեց Յիսուսի հետ կապուելով սիրոյ այն կապերով, զորս երախտագիտութիւնը կը հիւսէ։

Ո՞ւր էին միւսները՝ որոնք մոռցան բարիքը եւ Բարին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 21, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023