ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԶ.)

Տակաւին կը շարունակենք յաջողութեան համար գրուած լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն՝ անգլիացի գրող Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութեան վերլուծութիւնը. իր վերջին տողերուն մէջ բանաստեղծը կը խօսի կիրքը զսպելու մասին. «Եթէ թաղես կիրքի րոպէն վաղանցուկ»։ Բանաստեղծը կիրքի պահը կը կոչէ «վաղանցուկ». այս տողը կարեւոր է, որովհետեւ որպէս մարդ շատ անգամ կարեւորն ու մնայունը կը զոհենք «վաղանցուկ»ին համար։ Ճշմարիտ յաջողութիւնը ժամանակաւորն ու մնայունը, յաւիտենականն ու վաղանցուկը զանազանելն է: Ժամանակը որ տրուած է մարդուն՝ սահմանափակ է, հետեւաբար, անվերադարձ ժամանակը ժամանակաւոր կիրքերու վրայ մսխելը ձախողութեան մէջ խեղդուելէ տարբեր բան մը չէ: Պէտք է կիրքը թաղել, որովհետեւ կիրքը մարդը մոլութեան կ՚առաջնորդէ եւ մենք տեսանք, որ յաջողութեան համար անհրաժեշտ է առաքինութիւնները։ Աշխարհի մէջ կան արժէքներ, որոնք անժամանակ են, հետեւաբար, պէտք է այդ մէկը հետապնդել:

Բանաստեղծութեան այլ տող մը կ՚ըսէ. «Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ». մարդիկ յաջողութեան ճամբու ընթացքին յաճախ քաջալերելու տեղ պիտի հալածեն ու փորձեն խանգարել ձեր ներշնչումն ու ընթացքը. պիտի փորձեն տարբեր ձեւերով նեղացնել եւ արգելք ըլլալ յաջողութեան հասնելու։ Բանաստեղծը կը յորդորէ նման անձերու դիմաց գոցել ականջը, որովհետեւ անոնք պարզապէս արգելքներ են, որոնք կը խոչընդոտեն յաջողութեան ձեռքբերումը: Բանաստեղծը չ՚ըսեր, որ մարդիկ քեզի նեղութիւն չպատճառեն. կը գործածէ «անզօր» բառը, որովհետեւ մարդիկ մի՛շտ պիտի փորձեն այդ հոգեվիճակը ստեղծել եւ մարդ իր կեցուածքով, համոզումով ու հաստատակամութեամբ է, որ զիրենք անզօրութեան կը մատնէ: Յաջողութեան կը հասնի ան, որ չի՛ տարուիր իր շուրջ եղած անցուդարձէն եւ կը յաջողի իր կեդրոնացումը, հակառակ բոլոր ձայներուն ու նեղութիւններուն, սեւեռել իր նպատակներուն ու երազներուն վրայ:

Բանաստեղծը կը յորդորէ յաջողութեան ճամբու ընթացքին վերոյիշեալ բոլոր կէտերը ի գործ դնելով հանդերձ մարդոց տալ այն արժէքը՝ որուն արժանի են. մեր կեանքին մէջ կան մարդիկ (պայման չէ՛ որ արիւնակից ըլլան), որոնք մեր կեանքին մէջ ունին իրենց դրական տեղը. անձեր, որոնք յաճախ առանց ակնկալութեան, նոյնիսկ շատ անգամ առանց մեր գիտակցութեան, մեծ նպաստ ու դրական ազդեցութիւն ունեցած են մեր կեանքին մէջ. նման մարդոց գնահատելը անհրաժեշտ է, որովհետեւ անոնք սիւնն են մեր յաջողութեան եւ եթէ անձը իր իսկ սեփական ուժերուն վստահելով այդ սիւները թերագնահատէ՝ ձախողութեան ճամբան կը բռնէ: Բանաստեղծը կ՚ըսէ. «Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար»։ Նախապէս յաջողութեան ճամբուն մէջ արդարութեան ունեցած դերին մասին խօսեցանք. նոյն այդ արդարութիւնն է, որ կը պահանջենք այստեղ, սակայն այս պարագային այն մարդոց համար, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը ունեցած են. իրենց արդար գնահատանքին արժանի են նաեւ անոնք, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած են մեր կեանքին մէջ. հաւատացէ՛ք, որ լաւին չափ կարեւոր է նաեւ վատը, որովհետեւ յաջողութեան ճամբու ընթացքին ինչքան լաւերը, նոյնքան ալ վատերը օգնած են մեզի, որպէսզի սորվինք ու հասկնանք. պէտք է ունենալ իմաստութիւնը զանազանելու լաւն ու վատը:

Իր վերջին տողերով բանաստեղծը կը յորդորէ հեռու մնալ ծայրայեղութիւններէ, որովհետեւ ամէն բանի մէջ ծայրայեղութիւնը ձախողութեան կ՚առաջնորդէ. «Եթէ սիրես, բայց սիրոյդ խենթ չդառնաս». այդ ծայրայեղութեան որպէս մեծագոյն օրինակ բանաստեղծը կը գործածէ «սէր»ը, նկատի ունենալով, որ սէրը զգացում մըն է, որ մարդուն ընել կու տայ այն բոլորը՝ որ մարդ չի պատկերացներ, թէ կրնայ ընել. պէտք է սիրել, նուիրուիլ, զոհուիլ, սակայն խենթ չդառնալ, որովհետեւ յաջողութեան եւ ձախողութեան ընթացքը մարդէն շատ մը զոհողութիւններ կը պահանջէ, հետեւաբար, ծայրայեղ կապուածութիւն մը լոկ վնաս կրնայ պատճառել, մինչ շուտ յարմարուելու ունակութիւնը յաջողութեան նոր դռներ կրնայ բանալ մարդուն դիմաց: Նոյնիսկ ձախողութեան պարագային պէտք է այս մէկը. յաճախ կը տեսնենք, որ յաջողութեան հասած անձեր, իրենց ձախողութենէն ետք թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեպէս կը քանդուին. պատճառը այն է, որ խենթը կը դառնան յաջողութեան. նման խենթեր յաջողութենէն ետք ձախողութիւնը չեն կրնար ընդունիլ (յիշենք որ նախապէս բանաստեղծը յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը որակած էր որպէս «խաբող»ներ). հետեւաբար, ձախողութեան հետ պէտք է հաշտ ըլլալ այնքան՝ ինչքան յաջողութեան հետ, որպէսզի կարենանք հաւասարակշռութիւնը պահել. իրականութեան մէջ ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ հաւասարակշռելու կարողութենէն:

Բանաստեղծի բառերով, եթէ յաջողինք այս բոլորը կատարել, այդ ժամանակ «Քու՛կդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար». այս պարագային գանձը լոկ նիւթականը չէ, որովհետեւ նիւթականը եւս տեղ մը ժամանակաւոր արժէք է. այդ գանձը մարդու ունեցած ազդեցութիւնն է շրջապատին վրայ. այսօր աշխարհը մոռցած է շա՜տ մեծահարուստներու անուններ, սակայն յաջողած է անդին կենդանի պահել շատ շատերու անունը, որոնք այդքան մեծ հարստութիւններ չունենալով հանդերձ յաջողած են անմահանալ. այդ անմահ անունն է մարդուն գանձը։ Նմանները բանաստեղծը կը կոչէ մարդ՝ ըսելով. «Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս»:

Երանի՛ անոր, որ այդ մարդ դառնալու կոչումին կը տիրանայ. կը գործածենք տիրանալ բառը եւ ո՛չ արժանանալ, որովհետեւ այդ մէկը մարդուն տրուած նուէր մը չէ, այլ արդար աշխատանքի արդիւնքն է պարզապէս:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ շատեր կը մոռցուին, իսկ ուրիշներ անմահ կը դառնան:

Պատասխան. Շատերու մոռացութեան տրուիլը եւ ուրիշներու անմահանալը կապ ունի իրենց ունեցած ազդեցութենէն եւ իրենց ձգած ժառանգութենէն: Անոնք որոնք հասարակութեան համար նշանակալի ներդրում ունեցած են՝ մշակութային եւ կամ պատմական գետնի վրայ, ունեցած են արտասովոր տաղանդներ, հաւանական է, որ աւելիով յիշուին: Անոնց գործերը, գաղափարները կը ներշնչեն ուրիշները եւ այդ ներշնչումը կ՚անմահացնէ իրենց յիշատակը: Ուրիշներ մոռացութեան կը տրուին, որովհետեւ որոշ ժամանակուան մը համար ազդեցութիւն կ՚ունենան եւ մնայուն հետք չեն ձգեր, հետեւաբար, ժամանակ մը ետք կը դատապարտուին մոռացութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024