ՆԵՐԵԼ՝ ԵՐԲ ԶՂՋՈ՛ՒՄ ԿԱՅ
Իրապէս դժուա՛ր է ներել մէկը, երբ ան վիրաւորած է մարդուս արժանապատուութիւնը։ Արդարեւ, ներելը դժուար է, քանի որ ան մարդուն իր «Ես»ին հետ պայքա՛ր կը պահանջէ, ուստի ներելու համար նախ պէտք է «Ես»ը պարտութեան մատնուի, եւ «Ես»ը զոհողութիւն ընէ՝ զիջանի եւ խոնարհի։ Բայց մարդուն «Ես»ը դիւրին չի զիջանիր եւ կը յամառի մնալու միշտ իր բարձրութեան վրայ։
Ահաւասիկ, այս պատճառով, ներելու համար նախ պէտք է մարդ իր «Ես»ը համոզէ, իր «Ես»ին հանդէպ նախադաս ըլլայ։
Այս հարցին Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3), եւ կը շարունակէ. «Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ.- Կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն» (ՂՈՒԿ ԺԷ 4)։
Ուրեմն ներելը կը պահանջէ նաեւ հանդուրժողութիւն եւ համբերատարութիւն։
Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայրդ շահած կ՚ըլլաս…» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 15)։ Եւ երբ Պետրոս Յիսուսի հարցուց, թէ քանի անգամ պէտք է ներել մեղանչող երբայրը, Ան կը պատասխանէ. «Ո՛չ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 22)։ Եւ եթէ նկատի ունենանք, թէ եօթը թուանշանը կատարելութեան թիւն է, ապա ուրեմն պէտք է ներել մինչեւ որ մարդ կատարելութեան հասնի, եւ դարձեալ, նկատի ունենալ «եօթանասուն անգամ եօթը» ներելու պարտաւորութիւնը, այս կը նշանակէ՝ թէ տարւոյ մէջ եւ մինչեւ իսկ աւելին պէտք է ներել, քանի որ «եօթանասուն անգամ եօթը»՝ կը նշանակէ չորս հարիւր իննսուն անգամ ներե՛լ…։ Այն ինչ որ, ինչպէս ըսինք, հանդուրժողութիւն եւ համբերատարութիւն կը պահանջէ՝ մարդուս «Ես»ը պարտութեան մատնելու, եւ ներելու համար։ Ապա ուրեմն այդքան դիւրին չէ ներելը երբ մարդուս ընդհանուր բնութիւնը, բնաւորութիւնը եւ կիրքերը եթէ նկատի առնուի։ Եւ այդ պատճառով իսկ ներելը քաջութի՛ւն կը պահանջէ միաժամանակ։
Արդէն «Ես»ին հետ պայքարիլ դժուար է, եւ երբ այդ պայքարին կը միանան համբերութիւն, հանդուրժողութիւն եւ քաջութիւն, այլեւս խորհեցէք, թէ ներելը ո՜րքան դժուար եւ բարդ՝ դժուարալոյծ խնդիր մըն է մարդուս համար։
Բայց պէ՛տք է ներել…։
Թէեւ պէտք է ներել, սակայն Յիսուս վերոյիշեալ աւետարանական հատուածներուն մէջ կարեւոր պայման մը՝ նախապայման մը կը դնէ ներելու համար. «զղջո՛ւմ»։ Ներել՝ երբ մեղանչողը կամ յանցաւորը անդրադարձած է իր սխալին եւ զղջացած, եւ ներում խնդրած։ Արդարեւ, առանց զղջում յայտնելու ներել անարդարութեան պատճառ կ՚ըլլայ եւ կերպով մը կը քայքայուի ընդհանուր իրաւական կարգը, կը վնասուի ընկերային կարգավիճակը եւ վտանգի կ՚ենթարկուի նաեւ հաստատուած կարգապահութիւնը եւ կը սկսի հետզհետէ տիրել անիշխանութի՛ւնը։
Արդարեւ, ընկերային ընդհանուր խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը ապահովելու եւ տեւական դարձնելու համար անհրաժեշտ է ներումը գործածել չափաւոր, կշիռով եւ որոշ սահմաններու մէջ։ Ամէն յանցանքի ներել՝ յանցանքը սովորական արարքի մը կը վերածէ եւ կարելի չ՚ըլլար այլեւս կանխել զայն եւ արգելք ըլլալ անոր։ Ուստի եթէ միշտ եւ առանց պայմանի ներում ըլլար, ապա ուրեմն ինչո՞ւ պատիժի պահանջքը պիտի զգացուէր։ Ուրեմն եթէ կա՛յ պատիժը, այս կը նշանակէ, թէ ներումը սահման մը եւ չափ մը ունի…։
Կը պատմուի, թէ աւազակներու խումբ մը կը յարձակի գիւղի մը վրայ։ Գիւղին բնակիչները սարսափահար կը փախչին դէպի մօտակայ գետը։ Անոնք կը մտածեն անցնիլ գետին դիմացի կողմը՝ որպէսզի փրկուին աւազակներու յարձակումէն։
Փախչողներուն մէջ, գիւղացի մը, ծանր քայլերով՝ դանդաղ կերպով, քրտինքը երեսին գետին կը մօտենայ, պարկ մը ուսին շալկած։
Գետին միւս կողմը նաւակի մը մէջէն մարդ մը կը ձայնէ. «Եղբայր, պարկդ թողուր եւ այդպէս նաւակ մտիր, որովհետեւ նաւակը հազիւ երկու հոգի կրելու տարողութիւն ունի, թէ ոչ կը տապալի»։ Եւ նաւակին մէջէն մարդը կը շարունակէ. «Եթէ փրկուիլ կ՚ուզես, պէտք է ուսի պարկդ թողուս…»։
Գիւղացին կը պատասխանէ. «Չեմ կրնար պարկս թողուլ եւ անկէ հրաժարիլ։ Որովհետեւ իմ պարկը լեցուն է քարերով՝ որոնցմով գիւղի մեր բնակիչները զիս հարուածած են եւ ինծի ցաւ պատճառած։ Իսկ ես հաւաքած եմ զանոնք եւ մտադրած եմ զանոնք անցընել գետին միւս կողմը, որ նոյն այդ քարերով զիս հարուածողներուն ցաւ պատճառեմ զանոնք հարուածելով»։
Նաւակին մէջէն թիավարը կը պատասխանէ. «Եղբայր, դուն այդ պարկով եթէ նաւակ մտնես՝ նաւակը կը խորտակես եւ պատճառ կ՚ըլլաս որ ան տապալի եւ ջրամոյն ըլլայ՝ ընկղմի եւ զիս ալ վնասես պարկիդ հետ միասին, ուրեմն, թողուր զայն եւ այդպէս նաւակ մտիր։ Ապա թէ ոչ՝ քեզի համար տեղ չկա՛յ…»։
Սակայն, հակառակ թիավարին այդ պատասխանին, գիւղացին պարկը վար կը դնէ, կը բանայ պարկին բերանը, կը հանէ տարբեր չափերով զանազան քարեր եւ կ՚որոշէ, թէ ի՛նչ մեծութեան եւ չափի քարեր պիտի թողու պարկին մէջ, փոխանակ ամբողջ պարկը թողելու։ Մինչեւ այդ պահը, ան չէր որոշած թէ ո՛ր քարը աւելի ցաւ եւ վիշտ է պատճառած իրեն, երբ հարուածուած էր։
Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ քարերով լեցուն պարկերը շալկած երկինքի արքայութիւն մտնելը անհնար է, անկարելի՛ է… եւ մանաւանդ, երբ «չար»ը մեղքի միջոցով ներխուժած է մեր կեանքէն ներս. իսկ մենք թերեւս կ՚որոշենք, թէ ի՛նչ չափով եւ մեծութեամբ քարեր ենք թողած մեր պարկին մէջ…։
Արդարեւ, անկարելիէ է որ ամէն մէկս չունենանք պարկեր մեր ուսերուն վրայ, քանի որ. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին…» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 1), բայց կարեւորը անդրադառնալ եւ զղջում յայտնելն է՝ որպէսզի անոնք ներուին։ Արդարեւ, կարեւորը կարենալ կանգնի՛լն է, երբ անկում կը կրէ մարդ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14, 2018, Իսթանպուլ