ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄԷՋ
Կը նկատենք, որ վերջին ժամանակները մարդոց մօտ սկիզբ առած է ողորմութեան հանդէպ արտասովոր սէր մը՝ պայմանաւորուած մարդոց գովասանքներով ու ներբողներով, որոնք կը յաջողին պահ մը իրենց մեղաւոր գոյութիւնը վերափոխել պարկեշտ ու ազնիւ արժանիքներով բեղմնաւորուած անձերու:
Մեր օրերուն ապրող գրեթէ բոլոր չարագործները ձեւով մը նաեւ ողորմածներ են. անձեր՝ որոնց համար Քրիստոս պիտի ըսէր. «Երանի՜ ողորմածներուն». երանելի են անոնք Տիրոջ մօտ, որովհետեւ ինչպէս Դաւիթ մարգարէ կ՚ըսէ. «զողորմութիւն եւ զճշմարտութիւն սիրէ Տէր», որովհետեւ Աստուածաշունչի վկայութեամբ աշխարհի ստեղծագործութիւնը եւս Աստուծոյ ողորմութեան մէկ խորհրդանիշն էր (ողորմութեամբ Տեառն լի եղեւ երկիր): Սակայն մերօրեայ ողորմութիւնը կը բաժնուի հիմնական տարբեր մասերու, որոնք իրարու հետ այնքան ալ աղերս չունին. պարզապէս անոնց ընդհանուր անունն է նոյնը:
Մեր ազգին մէջ կայ համոզում մը, որ ողորմութիւնը հարուստներուն տրուած յատուկ շնորհ մըն է. իրականութեան մէջ ողորմութիւն ընելու եւ կամ աւելին՝ ողորմած ըլլալու համար մարդ արարածը մեծ հարստութեան մը պէտք չունի, որովհետեւ ողորմութիւնը տրուած պարգեւին ու նուէրին նիւթական արժէքին մէջ չի կայանար։ Նիւթականէն անդին՝ բարոյական ողորմութիւնը եւս համազօր եւ հաւասար է նիւթական մեծ ողորմութիւններուն, որովհետեւ այդտեղ կարեւոր եղողը տրուածը չէ, այլ մարդկային զգացումն է, որ մարդկային հոգիները՝ նոյնիսկ յաճախ իրարու անծանօթ, կը միացնէ միմեանց:
Առաջին տեսակը Աստուածայինն է՝ որ կը կոչենք անձնուրաց ողորմութիւն։ Անձնուրաց ողորմածները անոնք են, որոնց ողորմութեան հիմնական ու միա՛կ դրդապատճառը բացառապէս ուրիշներուն օգտակար դառնալը կ՚ըլլայ՝ առաջնորդուած կարեկցանքի ու գութի զգացումներով: Այս զգացումը կը գերազանցէ սեփական շահի եւ փառասիրութեան սահմանները եւ որոշումէ մը աւելի մարդկային վարքին մաս կը կազմէ: Անձնուրաց ողորմածը ան է, որ իր բարիքներն ու ողորմութիւնը կը կատարէ առանց ակնկալիքներու. անձ՝ որուն հիմնական կեդրոնացումը կ՚ըլլայ ուրիշին օգնելու, ուրիշը ուրախացնելու եւ օրհնելու անբացատրելի ուրախութիւնն ու հոգեկան անդորրը: Ողորմած ըլլալը իրականութեան մէջ մէկ անգամուան որոշում մը չէ. ողորմած ըլլալը կեանքի ընթացք ու բնաւորութիւն կ՚ենթադրէ եւ այդ ընթացքէն ու բնաւորութենէն հեռու մէկ անգամուան համար կատարուած բարիքը ողորմութիւն կարելի չէ կոչել:
Ողորմութիւնը մեր կարծածին նման ուրիշին նիւթապէս օգնելու եւ կամ բարոյապէս օգնելու արարքը չէ. ողորմութիւնը մարդկային զգացում մըն է, որ կ՚առաջնորդէ մարդը մեղմելու ուրիշին ցաւերը, մտահոգութիւններն ու տառապանքները նպաստելու համար անձին եւ կամ հաւաքականութեան բարօրութեան, ինչ որ կ՚ակնկալէ անկեղծ մտահոգութիւն եւ կարեկցանքի խոր զգացում: Այդ կարեկցանքն է, որ մարդը կը կապէ մարդուն եւ կը դարձնէ մեծատառ Մա՛րդ:
Ինչքան ալ անհաւատալի ըլլայ, տակաւին աշխարհի երեսին գոյութիւն ունին անձնուրաց ողորմածներ, որոնք ծածուկ կերպով, առանց երեւելու եւ ճանչցուելու մարդկութեան համար բարիքներ կը կատարեն՝ առանց ծափահարութիւններ եւ շահեր ակնկալելու: Ներկայիս մեր հայ իրականութեան մէջ այդպիսի անձեր ունինք թէ ոչ՝ քննարկելի նիւթ է, սակայն պատմութիւնը կը փաստէ, որ ունեցած ենք բազմաթի՜ւ անձնուրաց ողորմածներ, որոնց գործերը շատ անգամ իրենց մահէն ետք ի յայտ եկած է. անոնցմէ կրնանք յիշել, օրինակ, պոլսահայ Սարգիս Գնաճեանը, որուն կատարած բարիքներուն մասին սիրեցեալ կինը անգամ տեղեակ չէր. անձ՝ որուն կատարած գործերը յետ մահու, պահուած թուղթերու շնորհիւ ի յայտ եկած է: Սարգիս Գնաճեան ա՛յն մարդն է, որ լսելով որ եկեղեցւոյ շինութեան համար գումար պէտք է, անծանօթի մը միջոցով գիշերով կը տրամադրէ պէտք եղած գումարը՝ գաղտնի պահելով իր ինքնութիւնը. օրուան հայկական մամուլը այդ մասին կը գրէր. «Ենթադրութիւներ զմեզ կը դարձնէին աւելի դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա, մինչեւ Գանատա: Բուն անակնկալը բարերարին ո՞վ ըլլալը չէ միայն, այլ եւ ուրկէ ըլլալը»։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յայտնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը կառուցուած է Գնաճեանի բարերարութեամբ, սակայն Գնաճեան այդ մէկը կատարած է, որովհետեւ ազգը կարիքը ունի հոգեւոր կեդրոնի եւ ո՛չ սեփական անձի մեծարանքի համար: Գնաճեան չէ՞ր կրնար իր բարերարութիւնը կատարել բացայայտ ձեւով եւ ամբողջ կեանք մը քաղէր «բարիք»ը այդ բարերարի անուան:
Տակաւին կարելի է բազմաթիւ օրինակներ տալ անձնուրաց բարերարութեան, սակայն անցնինք միւսին.
Երկրորդ տեսակը դարձեալ կը կոչենք բարերարութիւն՝ սակայն ո՛չ ուրիշին, այլ սեփական անձին համար կատարուած: Այսօր համացանցը լեցուն է նման բարերարներով, որոնք մէկ ձեռքով բարիք կը կատարեն, իսկ միւսով կը նկարահանեն՝ պարզապէս ուրիշներուն ցոյց տալու համար իրենց ողորմած ըլլալու ոչ-ճշմարիտ պատկերը: Նկատի ունենալով, որ այդ մէկը յաճախ դուրս կու գայ մարդկային սահմաններէն, ողորմածներ կը դիմեն այն պաշտպանութեան, որ բարիքը բարձրաձայնելը կրնայ ուրիշները առաջնորդել բարիքի:
Քրիստոս իր աշխարհիկ կեանքի ընթացքին անուն ստացաւ իր կատարած հրաշագործութիւններու շնորհիւ. բերնէ բերան այդ հրաշքները տարածուելով ունեցաւ հետեւողներու մեծ խումբ մը. այսօր մարդիկ, հրաշագործութիւններ կատարելու շնորհքը չունենալով այդ համբաւը, հետեւորդները կը փորձեն ապահովել նիւթականի միջոցով՝ կարեկցանքի ոչ մէկ զգացում պարունակելով իրենց միջեւ: Այսօր շատ են պնդողները, որ բարի գործերու ցուցադրութիւնը կրնայ ոգեշնչել ուրիշները:
Ինչպէս ըսինք, ողորմութիւնը ներքին բնաւորութեան ու մարդկութեան մաս կը կազմէ եւ նիւթականի հետ աղերս չունի։ Յաճախ կը հանդիպինք, որ մարդիկ կը խոստանան հարստանալու պարագային ողորմածներ դառնալ. այդ մէկը պարզապէս խաբէութիւն է՝ հարստանալու երազին նպաստող:
Անձնուրաց ողորմածին ու վերջինին միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ առաջինը բաւարարութիւն կը զգայ կատարելով, իսկ երկրորդը իր ըրածները ուրիշներուն դիմաց ցուցադրելով:
Այսօր աշխարհի մէջ կայ ողորմութեան խի՛ստ կարիք. նոյնպէս Հայաստանի մէջ՝ մանաւանդ տեղահանուած արցախահայութեան հարցով. կը հաւատա՛նք որ նիւթական դժուարութիւն գոյութիւն չունի, որովհետեւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ ունինք հայեր՝ որոնք իրենց նիւթական կարողութիւններով կրնան փարատել անոնց ցաւերն ու պէտքերը. նիւթականը կա՛յ... կամքն ու համոզումն է, որ կը պակսի, որովհետեւ ողորմածութեան կողքին մեր մօտ հոգի տուած է նաեւ եղբայրասիրութեան ու ազգասիրութեան զգացումները եւ այսօր շա՜տ են այն հայերը, որոնք իրենց արքայական հանգիստին մէջ խաղաղութեամբ կրնան դիտել կենաց ու մահու կռիւ մղող թշուառ արիւնակիցներու պայքարը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Թռչունները կը քնանա՞ն:
Պատասխան. Այո, թռչունները կը քնանան, սակայն իւրաքանչիւր թռչուն ունի քնանալու իր ձեւերն ու յատուկ վարքագիծերը, որոնք կրնան տարբերիլ: Այդ սովորութիւններուն մէջ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ գտնուած միջավայրը:
Շատ մը թռչուններ քնանալու ժամանակ կը փակեն իրենց մէկ աչքը եւ հակառակ քնացած ըլլալնուն կրնան հետեւիլ ու իրազեկ ըլլալ շուրջը կատարուողներուն: Այս մէկը կ՚օգնէ, որպէսզի անոնք զգօն ըլլան գիշատիչներէն՝ նոյնիսկ քնանալու ժամանակ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024