ՄԱՐԴՈՒՆ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

Մար­դուն սկզբնա­կան կո­չումն է՝ գոր­ծա­կից ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ՝ երկ­րի վրայ հաս­տա­տե­լու հա­մար եր­կին­քի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ. «Քա­նի որ մենք պար­զա­պէս Աս­տու­ծոյ գոր­ծա­կից­ներն ենք. դուք Աս­տու­ծո՛յ ան­դաս­տանն էք եւ Աս­տու­ծոյ շի­նու­թիւ­նը, եւ ո՛չ թէ մե­րը» (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 9)։ Ուս­տի, մարդ, իր Ա­րա­րի­չին ան­հուն սի­րոյն եւ շնոր­հած բա­րիք­նե­րուն փո­խա­րէն պար­տա­ւոր է բո­լոր սրտով զԱյն սի­րել, պաշ­տել, փա­ռա­բա­նել, կամ­քը կա­տա­րել եւ գո­հու­թիւն տալ, գո­յու­թեա­նը պատ­ճառ՝ Աս­տու­ծոյ գո­հու­թիւն յայտ­նել։ Ա­ռա­ջին օ­րէն երբ Աս­տուած ս­­տեղ­ծեց մար­դը, սկսաւ խօ­սիլ ա­նոր հետ եւ յա­րա­բե­րուիլ։

Ա­հա­ւա­սիկ Աս­տու­ծոյ՝ մար­դուն հետ այս յա­րա­բե­րու­մը Հայ­րա­կան ճշմա­րիտ եւ ան­կեղծ սի­րոյ ար­դիւնք է։ Աս­տուած իր սի­րոյ հո­վա­նիին տակ ա­ռած է մար­դը։

Եւ սա­կայն Ա­դամ, Աս­տու­ծոյ բո­լոր շնորհ­նե­րը եւ բա­րիք­նե­րը վա­յե­լե­լով հան­դերձ՝ անհ­նա­զանդ գտնուե­ցաւ իր Ա­րա­րի­չին՝ Հօր եւ չկրցաւ տէ­րը ըլ­լալ իր սկզբնա­կան աս­տուա­ծա­տուր կո­չու­մին եւ կա­տա­րել իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ որ տրուե­ցաւ ի­րեն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն եւ ա­րար­չու­թե­նէն իսկ։

Ա­դամ եւ Ե­ւա ի­րենց գոր­ծած սխա­լին, այ­սինքն յան­ցան­քին պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցին ի­րենց փառքն ու սրբու­թիւ­նը։ Մեղ­քը ա­պա­կա­նեց զի­րենք եւ մեր­կա­ցուց սրբու­թե­նէն, ո­րով չկրցան Աս­տու­ծոյ սրբու­թեան առ­ջեւ կայ­նիլ եւ ջա­նա­ցին ծած­կուիլ թզե­նիի տե­րեւ­նե­րով։

Հպար­տու­թեան եւ անհ­նա­զան­դու­թեան մեղ­քին պատ­ճա­ռով ա­նար­ժան դար­ձան դրախ­տի վա­յել­չու­թեան եւ զրկուե­ցան ան­կէ։ Ար­դա­րեւ, մար­դուն նա­խան­ձորդ թշնա­մին՝ չար սա­տա­նան բան­սար­կու է եւ ստա­խօս։

Բայց ո՞վ է սա­տա­նան, ա­մէն չա­րի­քի ստեղ­ծի­չը։

Սա­տա­նան նա­խա­պէս կը կո­չուէր Ա­րու­սեակ եւ եր­կին­քի հրեշ­տակ­նե­րուն մէջ բարձր դիրք եւ պա­տիւ կը վա­յե­լէր։ Ան հպար­տա­նա­լով ու­զեց իր դիր­քը եւ ա­թո­ռը հա­ւա­սա­րաց­նել Աս­տու­ծոյ եւ ապս­տամ­բե­ցաւ իր Ա­րա­րի­չին դէմ, եւ այդ պատ­ճա­ռով Աս­տուած զայն վար ձգեց իր բարձ­րու­թե­նէն, պատ­ժեց նաեւ ա­նոր հե­տե­ւող չար հրեշ­տակ­նե­րը՝ դա­տա­պար­տե­լով զա­նոնք յա­ւի­տե­նա­կան տան­ջան­քի։ Այ­նու­հե­տեւ սա­տա­նան իր բո­լոր սադ­րանք­նե­րը ի գործ դրաւ Աս­տու­ծոյ ա­րա­րած­նե­րը մո­լո­րեց­նե­լու։ Իսկ երբ Ա­դամ ստեղ­ծուե­ցաւ եւ փառ­քով ու պա­տուով պսա­կուե­լով Աս­տու­ծոյ ձե­ռա­կերտ գոր­ծե­րուն վրայ իշ­խան կար­գուե­ցաւ, սա­տա­նան նա­խան­ձե­ցաւ ա­նոր եւ ո­րո­գայ­թի մէջ ձգեց զայն իր ստա­խօ­սու­թեամ­բը, որ­պէս­զի մար­դը մո­լո­րեց­նե­լով խա­փա­նէր Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր եւ յա­ւի­տե­նա­կան ծրա­գի­րը եւ ար­գելք ըլ­լար եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան երկ­րի վրայ հաս­տա­տու­թեան եւ իշ­խա­նաց­ման։

Եւ Աս­տուած հայ­րա­կան սի­րով պատ­ժեց Ա­դա­մը եւ Ե­ւան՝ զա­նոնք ա­պաշ­խա­րու­թեան հրա­ւի­րե­լու եւ ա­պա թո­ղու­թիւն շնոր­հե­լու հա­մար։ Աս­տուած զա­նոնք դրախ­տէն դուրս հա­նեց, որ­պէս­զի ա­նոնք կե­նաց ծա­ռէն ու­տե­լով չան­մա­հաց­նէին ի­րենց ա­պա­կա­նեալ մար­մի­նը եւ սա­տա­նա­յի նման առ­յա­ւէտ մե­ղա­ւոր վի­ճա­կի մէջ մնա­լով չդա­տա­պար­տըուէին յա­ւի­տե­նա­կան տան­ջան­քի։

Մար­դը իր ա­պա­կա­նեալ մար­մի­նով այ­լեւս չէր կրնար իր Ա­րա­րի­չին Սրբու­թեան առ­ջեւ ներ­կա­յա­նալ։

Ուս­տի Աս­տուած մար­դուն հո­գին յա­ւի­տե­նա­կան տան­ջան­քէ ա­զա­տե­լու հա­մար ա­նոր հո­ղե­ղէն ա­պա­կա­նեալ մար­մի­նը մա­հուան դա­տա­պար­տեց, որ­պէս­զի զայն վերս­տին նո­րո­գէր իր միա­ծին Որդ­ւոյն կա­տա­րե­լիք փրկա­գոր­ծու­թեան խորհր­դով եւ ա­պա իր առ­ջեւ կայ­նեց­նէր սուրբ եւ ա­նա­րատ վի­ճա­կով։ Մինչ­դեռ Ա­դամ իր մե­ղան­չու­մէն ա­ռաջ իշ­խան էր Ե­դե­մի պար­տէ­զին մէջ եւ միշտ կ՚ար­ժա­նա­նար Աս­տու­ծոյ են­թա­կայ ե­րա­նա­ւէտ տե­սու­թեան։ Երկ­րի բո­լոր ա­նա­սուն­նե­րը՝ կեն­դա­նի­նե­րը, մեծ կամ պզտիկ ի­րեն հնա­զանդ էին եւ ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­նու­նը դրած էր։ Ինք եւ իր կի­նը ան­հո՜ւն եր­ջան­կու­թեան մէջ էին եւ կը վա­յե­լէին դրախ­տին փափ­կու­թիւ­նը՝ փա­ռա­ւո­րե­լով զԱս­տուած։

Եւ Ա­դա­մին մե­ղան­չու­մին պատ­ճա­ռով եր­կի­րը ա­նի­ծուե­ցաւ։

Երկ­րի վրայ փուշ եւ տա­տասկ բու­սաւ եւ ամ­բող­ջո­վին ա­նոնց­մով պա­տուե­ցաւ։ Աս­տուած եր­կի­րը փու­շով եւ տա­տաս­կով պա­տեց, որ­պէս­զի Ա­դամ ճակ­տի քրտին­քով հո­ղը մաք­րէր եւ մշա­կէր, իր հա­ցը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Նաեւ երկ­րի կեն­դա­նի­նե­րը հե­ռա­ցան իր քո­վէն։

Տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով կրցաւ կարգ մը կեն­դա­նի­նե­րը ըն­տե­լաց­նել՝ ա­նոնց պահ­պա­նու­թիւ­նը եւ ապ­րուս­տին հո­գը եւ խնամ­քը իր վրան առ­նե­լով։ Ա­դա­մին եւ իր կնոջ՝ Ե­ւա­յին կեան­քը դժուա­րա­ցաւ, դժուա­րա­ցան շատ աշ­խա­տանք­ներ, եւ ապ­րուս­տը դառ­նա­ցաւ եւ յա­ճա­խա­կի հի­ւան­դու­թիւն­ներ, ախ­տեր, ցա­ւեր, վտանգ­ներ, վա­խեր եւ տե­սակ տե­սակ փոր­ձանք­ներ ան­պա­կաս ե­ղան ի­րենց վրայ։

Աս­տուած թէեւ Ա­դա­մը եւ Ե­ւան դրախ­տէն դուրս վռնտեց, սա­կայն իր ո­ղոր­մու­թիւ­նը եւ սէ­րը չկտրեց ա­նոնց նկատ­մամբ։ Ա­դա­մին եւ Ե­ւա­յին կա­շիէ հան­դերձ­ներ շի­նե­լով հագ­ցուց։

Այս կեր­պով, Աս­տուած դար­ձեալ իր հո­գա­ծու­թեան տակ ա­ռաւ զա­նոնք եւ իր տե­ղա­ցու­ցած անձ­րեւ­նե­րով ո­ռո­գեց եր­կի­րը, որ­պէս­զի Ա­դամ ա­նոր վրայ աշ­խա­տէր եւ կա­րե­նար հո­գալ իր ապ­րուս­տը։ Նաեւ յայտ­նեց ի­րենց, թէ Ե­ւա­յի սե­րուն­դէն պի­տի ծնէր աշ­խար­հի Փրկի­չը, որ պի­տի ջախ­ջա­խէր բան­սար­կու օ­ձին՝ սա­տա­նա­յին գլու­խը եւ ա­զա­տէր զի­րենք մեղ­քի կա­պան­քէն։ Եւ Ա­դա­մէն ետք, Աս­տուած յայտ­նուե­ցաւ Ա­բե­լին՝ ըն­դու­նե­լով ա­նոր պա­տա­րա­գը։ Սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Ե­նովք նա­հա­պե­տին հետ եւ զայն երկ­րէ եր­կինք փո­խադ­րեց, ինչ­պէս կը վկա­յէ Սուրբ Գիր­քը. (ԾՆՆԴ. Ե 24)։­

Ուխտ ը­րաւ նաեւ Նոյ նա­հա­պե­տին հետ եւ խոս­տա­ցաւ մարդ­կա­յին ցե­ղը պա­հել ու երկ­րին տալ իր ար­գա­սա­ւո­րու­թիւ­նը։

Աս­տուած ուխտ ը­րաւ իր Աբ­րա­համ նա­հա­պե­տին հետ. օրհ­նեց զայն եւ խոս­տա­ցաւ ա­նոր սե­րուն­դո­վը օրհ­նել երկ­րի բո­լոր ազ­գե­րը։ Իր ուխ­տը վե­րա­հաս­տա­տեց Ի­սա­հա­կի եւ Յա­կո­բի հետ։

Քո­րեր լե­րան վրայ այ­րող մո­րե­նիով յայտ-նըւե­ցաւ նաեւ Մով­սէ­սի եւ խօ­սե­ցաւ ա­նոր իր կա­տա­րե­լիք մե­ծա­մեծ գոր­ծե­րուն մա­սին։ Աս­տուած, Աբ­րա­հա­մին հետ իր կա­տա­րած ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գեց Իս­րա­յէ­լի որ­դի­նե­րուն հետ եւ խոս­տա­ցաւ Ի­րեն «սե­փա­կան ժո­ղո­վուրդ»ը ը­նել զա­նոնք։

Աս­տուած, հե­տա­գա­յին իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ յայտ­նու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կեց Իս­րա­յէ­լի ազ­գին մար­գա­րէ­նե­րուն հետ եւ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ հա­ղոր­դեց իր պատ­գամ­նե­րը։

Աս­տուած իր ծա­ռա­նե­րուն եւ մար­գա­րէ­նե­րուն հետ խօ­սե­ցաւ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով, զոր օ­րի­նակ՝ ե­րա­զով, տե­սիլ­քով, իր հրեշ­տակ­նե­րը ա­նոնց քով ղրկե­լով, հրաշք­ներ կա­տա­րե­լով եւ բազ­մա­թիւ նշան­ներ ցոյց տա­լով։

Ա­նա­պա­տին մէջ Սի­նա լեռ­նէն բարձր ձայ­նով խօ­սե­ցաւ Իս­րա­յէ­լի ժո­ղո­վուր­դին։ Սա­մուէլ մա­նու­կին հետ խօ­սե­ցաւ Հե­ղի քա­հա­նան յան­դի­մա­նե­լու եւ զգաս­տաց­նե­լու հա­մար։ Ե­ղիա մար­գա­րէի ա­ղօթ­քով եր­կին­քէն կրակ ի­ջե­ցուց, ի­րեն մա­տու­ցուած զո­հը այ­րեց եւ ա­պա անձ­րեւ ղրկեց եւ յայտ­նեց իր զօ­րու­թիւ­նը։

Ուս­տի, Աս­տուած իր սուրբ մար­դի­կը եւ մար­գա­րէ­նե­րը ներշն­չեց Սուրբ Հո­գիով, ա­նոնց բեր­նով տուաւ իր պատ­գամ­նե­րը եւ յայտ­նեց իր ծրա­գի­րը։

Աս­տու­ծոյ «ծրա­գիր»ն էր՝ իր Միա­ծին Որ­դին աշ­խարհ ղրկել եւ ա­նոր պա­տա­րա­գու­մով եւ ա­րեան հե­ղու­մով սրբել մարդ ա­րա­րա­ծին մեղ­քը, վե­րա­կանգ­նել մար­դը՝ տա­լով ա­նոր իր նախ­կին սրբու­թիւ­նը եւ վե­րա­հաս­տա­տել եր­կին­քի ար­քա­յու­թիւ­նը երկ­րի վրայ։

Ուս­տի, Աս­տուած իր ծրա­գի­րը նախ յայտ­նեց Ա­դա­մին եւ խոս­տա­ցաւ վե­րա­նո­րո­գել զայն եւ հաս­տա­տել ա­նոր որ­դեգ­րու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս իր այս ծրա­գի­րը յայտ­նեց Աբ­րա­համ, Ի­սա­հակ եւ Յա­կոբ նա­հա­պետ­նե­րուն ալ եւ ուխտ ը­րաւ ա­նոնց հետ։ Օրհ­նեց զա­նոնք եւ խոս­տա­ցաւ ա­նոնց սե­րուն­դը եւս օրհ­նել, բազ­մաց­նել, զօ­րա­ւոր ազգ մը դարձ­նել ու երկ­րի վրայ բո­լոր ազ­գե­րու մէ­ջէն զա­նոնք ի­րեն հա­մար «սե­փա­կան ժո­ղո­վուրդ» ընտ­րել եւ «գոր­ծա­կից» դարձ­նել իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ հաս­տա­տուած սուրբ ծրագ­րի գոր­ծակ­ցու­թեան եւ գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, մարդ կո­չուած է Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին գոր­ծակ­ցու­թեան՝ որ հեզ­հե­տէ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։ Այս ի­մաս­տով չէ վեր­ջա­ցած «ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան շրջան»ը, կը տե­ւէ մին­չեւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թիւ­նը «ծրագ­րի»ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Մարտ 20, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017