ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
«Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ զայն։ Քանի որ ո՛ւր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ՝ անոնց միջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։
Եկեղեցին, որ Աստուծոյ կողմէ առաքուած է մարդկութեան՝ փրկութեան ընդհանրական սուրբ խորհուրդը ըլլալու, իր ընդհանրականութեան պահանջներուն ներհուն զօրութեամբ եւ հնազանդելով իր Հիմնադրին հրամանին, իր ամբողջ ճիգով կը նկրտի Աւետարանը քարոզելու մարդոց։
Արդարեւ, Նոր Ուխտին «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ» (ՅՈՎՀ. Դ 24) կատար-ւող պաշտամունքը չէ՛ սահմանափակուած որոշ վայրի մը մէջ։ Ուստի, ամբողջ աշխարհ սուրբ է եւ յանձնուած մարդոց։ Առաջնահերթը այն է, որ հաւատացեալները երբ համախմբուին միեւնոյն վայրին մէջ՝ նոյն նուիրական եւ սուրբ նպատակով, «կենդանի վէմ»եր դառնան՝ խմբուած «հոգեւոր շէնքին կառուցման համար» (Ա ՊԵՏ. Բ 4-5)։ Յարուցեալ Քրիստոսի Մարմինը «հոգեւոր տաճար»ն է՝ ուրկէ կը բխի «կենդանի ջուրին աղբիւր»ը։
Հոս, պահ մը շեղում մը ընենք, եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ է «Եկեղեցի»ի եւ «Մատուռ»ի տարբերութիւնը։
«Մատուռ», յունարէն «վկայարան» բառէն կու գայ, որ կը նշանակէ՝ հին ժամանակներու աղօթատեղի՝ շինուած վկայի, այսինքն մարտիրոսի՝ նահատակի գերեզմանին կամ մասունքներուն վրայ՝ անոր յիշատակին համար։ Աւելի վերջի շրջաններուն՝ «Մատուռ» անուանուիլ են սկսած փոքր եկեղեցիներ։ Սակայն իրականութեան մէջ Մատուռի եւ Եկեղեցիի տարբերութիւնը ո՛չ թէ մեծութիւնն է, այլ՝ Մատուռի հիմերը՝ որոնց քարերը օրհնուած եւ օծուած չեն, եւ այս իսկ պատճառով կը տարբերին Եկեղեցիէն՝ որուն հիմերը օրհնուած եւ օծուած քարերով նուիրագործուած են։
Մատուռները խաչաձեւ, կլոր՝ շրջանակաձեւ, բազմանիստ՝ բազմակողմ կամ ուղղանկիւն յատակագծով, գմբէթաւոր կամ թաղածածկ, խորանով կամ առանց խորանի առանձին կանգնած եկեղեցատիպ կառոյցներ, շէնքեր են՝ բնակավայրերու, վանքերու համալիրներուն մէջ, ճամբու վրայ, գերեզմանատուներու մէջ, բարձունքներու վրայ։
Միջնադարեան Հայաստանի Մատուռները՝ մեծ մասամբ նաեւ «Թուխ Մանուկ» կոչուածը՝ տարածուած ձեւը թաղածածկ դահլիճն է՝ արեւելեան կիսաշրջանաձեւ կամ ուղղանկիւն խորանով։
«Մատուռ» կը կոչուին նաեւ եկեղեցիներու օծուած աւանդատուները՝ որոնք սուրբ պատարագ մատուցանելի անշարժ սեղան ունին. զոր օրինակ, Պէյօղլու-Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ աւանդատունը «մատուռ» է, քանի որ ան ունի օծուած անշարժ սեղան՝ ուր կարելի է սուրբ պատարագ մատուցանել…։
Արդարեւ, «եկեղեցի»ն բազմաթիւ նշանակութիւններ ունի, ան կը նշանակէ «շէնք» եւ նաեւ՝ շէնքը շինողները, այսինքն՝ ժողովո՛ւրդ։ Մին՝ բնակութիւնը, միւսը՝ բնակիչը, երկուքն ալ «եկեղեցի» են։ Երբ Աստուած Մովսէսին ըսաւ. «Հաւաքէ՛ ժողովուրդդ խորանի դրան առջեւ», արդէն սահմանեց եկեղեցիի անունը եւ իմաստը։ Այս ուղղութեամբ երկու «եկեղեցի»ներու համար անունը նոյնն է, բայց այս երկու անուններու միջեւ կան բազմաթիւ տարբերութիւններ, մանաւանդ երբ նկատի առնուի, թէ մին նիւթական, իսկ միւսը բարոյական իմաստ ունի։
«Եկեղեցի»ն որպէս շէնք, կառուցուած է քարերէ եւ նիւթերէ, իսկ «ժողովուրդ-եկեղեցի»ն՝ մարդ էակներէ, այսինքն միսէ, երակներէ եւ ոսկորներէ, ե՛ւ հոգիէ, կամ զանազան դէմքերէ եւ տեսակներէ։ Այս իսկ պատճառով, շէնք-եկեղեցին անկենդան մարմին է, բայց «մարդ-եկեղեցի»ն՝ ապրող, կենդանի էութիւն մը։
«Եկեղեցի»ն որպէս շէնք, եռայարկ, այսինքն երեք յարկէ բաղկացած խորանի պէս է։ Մարդն ալ բաղկացած է երեք մասերէ. արտաքինը՝ մարմինը, միջինը՝ հոգին, սկզբնականը՝ միտքը, այսինքն բանականութիւնը եւ գիտակցութիւնը։
Եկեղեցին խաչաձեւ է. մարդն ալ խաչաձեւ եւ դէպի արեւելք կ՚երկրպագէ՝ ուրկէ կը սպասէ Տէր Յիսուսի գալուստին։ Եւ եկեղեցին ալ արեւելեան կողմ դարձուցած է իր երեսը։
Եկեղեցին Աստուծոյ բնակութեան տաճար է, համաձայն Սուրբ Գրային վկայութիւններու. «Դուք նոյնպէս Աստուծոյ տաճարներ էք, Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի», ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ։ Եւ այս իսկ իմաստով եկեղեցին կենդանի, ապրող, մշտնջենաւոր էութիւն մըն է։
Եկեղեցւոյ հիմերու տասներկու քարերը կը խորհրդանշեն մարգարէները եւ առաքեալները՝ որոնք եկեղեցիի հիմերն են՝ լոյսը տարածողները։ Այս իմաստով, մարդուն մէջ ալ մարմնի տասներկու անդամներ եւ զգայութեան տասներկու դռներ կան։ Եւ եկեղեցիին մէջ ալ դռներ կան՝ որ Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեան դռներն են։ Իսկ մարդուս մարմնի դուռը՝ որ դէպի երկիր եւ խաւար կողմը կը նայի՝ արեւմտեան կողմն է, իսկ մտքի, իմաստութեան դուռը, որ դէպի երկինք եւ լոյսին կը նայի՝ հարաւայինն է, ինչպէս եւ եկեղեցւոյ դռները։
Եկեղեցւոյ մէջ խորհուրդներ կը կատարուին. իսկ մարդուս մէջ խորհուրդներ կ՚իրականացուին։
Եկեղեցին անխա՛խտ է եւ անարատ սուրբ հարսն է՝ փեսային՝ Քրիստոսի աջ կողմը կանգնա՛ծ։
Եկեղեցւոյ մէջ կայ փրկարար խաչը, իսկ մարդուն մէջ՝ Քրիստոսի չարչարանքներու եւ մահուա՛ն խաչը։ Եկեղեցին «Անարիւն Պատարագ» կը մատուցուի, իսկ մարդուս մէջ՝ բանաւոր պատարագը՝ Աստուծոյ Հոգին եւ Մարմինը։
Եկեղեցիի մէջ վառուած լո՛յս կայ, իսկ մարդուս մէջ՝ խղճմտանքի եւ հաւատքի լոյսն է, որ միշտ վա՛ռ կը մնայ, նաեւ՝ անմար Սուրբ Հոգին։ Եւ եկեղեցին կը սրբուի ջուրով եւ կ՚օծուի եւ յետոյ «Եկեղեցի» կը դառնայ, իսկ մարդուս հոգիի տաճարը ջուրով կը մկրտուի եւ սուրբ միւռոնով կը դրոշմուի եւ ապա նոր քրիստոնեայ, նոր մարդ՝ նոր Քրիստոսի «եկեղեցի» կը կոչուի։
Եկեղեցին՝ որպէս քարաշէն շէնք կ՚օրհնուի, քանի որ ան կառուցուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ այստեղ Աստուած Իր անունը ունի, որուն պատճառով Աստուծոյ տուն եւ տաճար կը կոչուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 19, 2018, Իսթանպուլ