ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հայրիկ կը խօսի առեւանգութեան երեւոյթին մասին, ինչ որ շատ կը տեսնուէր իր ժամանակաշրջանին եւ այդ երեւոյթը Հայրիկ կը կոչէ «զեղծմունք». առեւանգութեան հիմնական պատճառ որպէս Հայրիկ կը մատնանշէ «ծնողաց խստասիրտ յամառութիւնը եւ ընծայասիրութեան բաղձանքը». այն ժամանակ հայոց մէջ եւս տարածուած էր փեսացուէն գումար պահանջել՝ աղջիկը կնութեան տալու համար. աղջիկ զաւակը կնութեան տալու համար գումար պահանջելը Հայրիկ կը կոչէ «վատ սակարկութիւն», մանաւանդ երբ երկու երիտասարդները սրտով կապուած են իրարու: Առեւանգութեան պարագային Հայրիկ չի՛ մեղադրեր երիտասարդները, այլ մեղաւոր կը ճանչնայ ծնողքը, «որ իրեն ազատ զաւակը իբրեւ գերի ստրկաբար ի վաճառ կը հանեն ոտնահարելով մարդոյն եւ սիրոյն պատիւը», կ՚ըսէ Հայրիկ:

Ամուսնութեան պարագային Հայրիկ աւելորդ կը նկատէ նիւթական պահանջելը, որովհետեւ անոր համոզումով փեսային մեծագոյն հարստութիւնն ու արժէքը անոր բարոյականութիւնն ու սէրն է եւ ո՛չ նիւթական վճարը:

Զաւակը ուրիշին կնութեան տալու համար գումար պահանջելու երեւոյթը աւելի գաւառներու յատուկ երեւոյթ մըն էր, սակայն տարբեր չէր վիճակը նաեւ քաղաքին մէջ, ուր ո՛չ թէ նիւթական կը պահանջէին, այլ անձնական շահերէն մղուած կը փորձէին իրենց զաւակը «զոհել» եւ «յաջող» խնամիական կապեր ստեղծել. այդ մէկը եւս Հայրիկ կը նկատէ վաճառքի մէկ տեսակ  ըսելով «դատեցէք եւ վճռեցէք այս երկու վաճառահանութեան եղանակէն ո՞րն է վատթարագոյն»:

Այս բոլորով Հայրիկ կ՚ուզէ իր ժողովուրդին սորվեցնել, թէ ամուսնութիւնը ո՛չ նիւթական պահանջներու եւ ո՛չ ալ սեփական շահերու հիման վրայ հիմնուած խորհուրդ մըն է. նման ամուսնութիւններ պարզապէս կոչուած են կորսուելու եւ քանդելու հայ ընտանիքի բարոյական վիճակը. այդ իսկ պատճառով իր այս խօսքերով Հայրիկ կ՚ուզէ, որպէսզի իր ժողովուրդը տարբեր ըմբռնումով մօտենայ Սուրբ Պսակի խորհուրդին. Հայրիկ «Երանի՜» կը կարդայ ու կ՚ըսէ. «Երանի՜ թէ այդպէս լինէր, այդ մարդիկ ճանչնային իրենց նախապատուութեան պարտիքը, ճանչնային ամուսնական սիրոյն անգին արժանաւորութիւնը եւ զայն չփոխէին նիւթական դրամին եւ ընչից հետը»:

Աւելի քան 150 տարիներ առաջ Հայրիկ կը փորձէր ժողովուրդը համոզել, որ սէրը առեւտուր մը չէ. ամուսնութիւնը նիւթական շահերու վրայ հիմնող ընտանիքները Հայրիկ կը կոչէ «շահավաճառ», որովհետեւ անոնց նիւթականին հանդէպ ունեցած քաղցը մեռցուց ամուսնական սէրը: Պատկերը նոյնն էր փեսաներու ընտանիքի պարագաներուն եւս. անոնք եւս կը փորձէին գտնել հարսեր՝ որոնք հարուստ օժիտներ ունին. նման ընտանիքներու համար եւս Հայրիկ կը բորբոքի ու կը գրէ հետեւեալ խորիմաստ տողերը.  «Որչա՞փ շատ գոհ կը լինիք եթէ իւր  էրկան համար մեծագումար դրամագլուխ մի եւս հետը բերէ եւ նուիրէ. հոգ չէ թէ սիրտ եւ սէր չը նուիրէ. հոգ չէ թէ կրթութիւն եւ կնոջ վայելու արժանաւոր ձիրքեր չունենայ». այստեղ Հայրիկ կ՚ընդգծէ, թէ կնոջ մէջ ինչը պէտք է կարեւորել. սէր, կրթութիւն եւ վայելչութիւն եւ ո՛չ նիւթական օժիտներ ու հարստութիւն: Հայրիկ այդ արժէքները կնոջ մէջ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր կը նկատէ, քան հարստութիւնը՝ որ կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ եւ այդ անցողիկ հարստութեան համար կարելի չէ ոտնակոխել սրբազան արժէքներ՝ որոնք առողջ ընտանիք մը կազմելու հիմքը կը կազմեն:

Հայրիկ կը հասկնայ, թէ վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները հիմնական մէկ նպատակ կը հետապնդեն. ապրիլ «վայելուչ» կեանք մը. այդ «վայելուչը» սակայն լոկ նիւթականով ապահովուած վայելք մըն է եւ ո՛չ բարոյական. նիւթական այդ սէրն ու ակնկալիքները գիտնալով Խրիմեան կը շարունակէ որպէս Հայր գրել.

«...փառքն ու զարդն արտաքին փայլող ու մաշածոյ հանդերձին վերայ չի կայանար, այլ առաւել կնոջ ներքին ոգւոյ արտափայլող գեղեցկութեան վերայ է. որ է համեստութիւն, անկեղծ ամուսնասիրութիւն, հաւատարմութիւն, երկիւղածութիւն, հնազանդութիւն, զաւակաց դաստիարակութիւն, տանտիկնութիւն եւ տնտեսող խնայութիւն: Առաքինի կնոջ նկարագիրն այս է եւ իսկապէս այս է միայն նորա ճշմարիտ գեղեցկութեան փառքն, որ ոչ կեղծանի եւ ոչ ծաղկի նման կը թոռմի»:

Կը կարծենք, թէ Հայրիկի խօսքերը յստակ են, թէ ինչպիսի արժէքներ պէտք է փնտռել կողակից կնոջ մէջ. Հայրիկ կը հաւատայ, թէ պիտի գայ զգաստութեան օրը եւս երիտասարդները լաւապէս սկսին գիտակցիլ, թէ այդ արժէքները շատ աւելի կարեւոր են. սակայն այսօր՝ 150 տարիներ ետք կը տեսնենք, թէ այդ զգաստութիւնը ուշացած է եւ գուցէ երբեք չի՛ վերադառնայ. այսօր ամբողջութեամբ կ՚ապրինք գրեթէ այն բոլորը՝ ինչ ապրած էին մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ. կարծես մերօրեայ մարդոց համար կ՚ըսէ Հայրիկ. «պիտի գիտնաք թէ ճշմարիտ ամուսնութեան պայմանը սէրն է, որ սերտ կը կապէ երկու ամուսնեաց սրտերը ի միութիւն, ադամանդ, ոսկի եւ այլն հարըս-տութիւններ կարող չեն պինդ պահել այդ սուրբ կապը»:

Հայրիկ այս բոլորին դիմաց որպէս փաստ կը բերէ իր պատրիարքութիւնն ու Հայոց Պատրիարքարանի «դատարան»ը, ուր նիւթական շահեր հետապնդող զոյգեր ժամանակ մը ետք կը յայտնուին՝ ամուսնալուծութեան համար:

Այս բաժինը կ՚ուզենք դարձեալ վերջացնել Հայրիկի իմաստուն խօսքերով.

«Երջանիկ են այդ սիրով միաւորեալ ամուսինք, որ իրենց ընտանեկան կենաց հիմն՝ միայն սիրոյ վիմին վերայ կը հաստատեն, իմաստութեամբ խորհելով՝ թէ այդ կենդանի սիրոյ հիմն է, որ կարող է միայն անկործանելի հաստատուն պահել ընտանեկան կեանքին երերուն շէնքը՝ աշխարհին հողմերուն եւ հեղեղներուն բաղխման առաջ»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ջրահարսերը (ծովանուշները) գոյութիւն ունի՞ն:

Պատասխան. Ջրահարսերը առասպելական արարածներ են, որոնք դարեր շարունակ գրաւած են մարդոց երեւակայութիւնը, տարբեր մշակոյթներու մէջ նիւթ դառնալով բանահիւսութիւններու: Չկայ գիտական ապացոյց, որ կը հաստատէ ջրահարսերու գոյութիւնը. չկայ փաստ, թէ գոյութիւն ունին կէս ձուկ-կէս արարածներ: Ջրահարսի գաղափարը կը շարունակէ արմատաւորուած մնալ դիցաբանութեան մէջ եւ ո՛չ իրականութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024