ՈՒՐԻՇՆԵՐՆ ՈՒ ՄԵՐԻՆՆԵՐԸ

Աշխարհի երեսին, ցաւ ի սիրտ, հայերը այնքան հետաքրքրուած չեն հայկական արժէքներով ու աւանդութիւններով՝ ինչքան օտարները, որովհետեւ մեր ազգային հիւանդութիւններէն մէկն է մեր սեփականը չգնահատելը: Բոլորս ալ առաւել կամ նուազ չափով սիրահարութեամբ կը նայինք օտարին ունեցած արժէքներուն, որոնք շատ անգամ մերիններուն դիմաց թոյլ ու խախուտ են: Համաշխարհայնացումը մեր միտքերուն մէջ սերմանեց այն գաղափարը, որ եթէ ուրիշինն է՝ ուրեմն լաւ է, աղէկ ու ընտիր է:

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 23 հոկտեմբեր 1906 թուականին Կոմիտաս Վարդապետ նամակ մը կը գրէ բժշկապետ Աւետիք Բաբայեանի աղջկան՝ երաժիշտ Մարգարիտ Բաբայեանին, որուն մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ձեր նամակիկն ինձ անչափ ուրախացրեց. հազար ու մի մտքեր անցան. օտարներն են հետաքրքիր Հայ եղանակներով. իսկ Ս. Էջմիածնի ջոջե՞րը...». նամակի բովանդակութենէն յստակ չէ՞ մեծ Վարդապետի կրած նեղութիւններն ու զրկանքները, յուսահատութիւններն ու վհատութիւնները:

Կոմիտաս Վարդապետ նման արտայայտութիւն մը կ՚ունենայ 22 յունիս 1914-ին իր աշակերտներուն գրած նամակին մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Օտարներն են, որ մեզնով կը յափշտակուին, իսկ մերոնք Աստուած փրկէ, ազատէ...». հակառակ այն իրողութեան որ այսօր կը մեծարենք, կը գնահատենք Կոմիտասը, օրին շատե՜ր անտեսած ու չբաւարարուելով փորձած են արգելք հանդիսանալ անոր նուիրեալ աշխատանքին, որովհետեւ հայկական հոգեբանութեան համաձայն ուրիշի մը արձանագրած յաջողութիւնը որպէս հաւաքական յաջողութիւն կարելի չէ դիտել. ուրիշին յաջողութիւնը մեր ձախողութեան հիմք կրնայ ըլլալ:

Պերլին գտնուած ժամանակ Կոմիտաս նամակ մը եւս կը գրէ. «Ոչ ոք գրեթէ չի մտածում ինձ ձեռք մեկնել։ Ուժերս սպառում են, եռանդս հատնում, հասակս անցնում» ու իր կրած բոլոր դժուարութիւններուն ու նախատինքներուն դիմաց մեծ վարդապետը, հանճարը կ՚ըսէ. «Ի հարկէ, վերարկու ենք հագել, պարտական ենք իշու պէս չարքաշ լինել, վա՜յ քեզ, թէ բերանդ բաց ես արել...»: Ի՞նչ օգուտ հիմա յուշ երեկոներ կազմակերպել, ազգային պարծանք նկատել ու մեծարել Կոմիտաս Վարդապետը, երբ կենդանութեան անտեսուած ու երեսի վրայ ձգուած է: Ինչքա՜ն ահաւոր բան է, երբ քեզ կպուրանան, երբ քեզ օտար կը նկատեն քո՛ւ տանդ մէջ: Ու այս բոլոր պայմաններուն մէջ եթէ Կոմիտաս Վարդապետ յաջողած է ձգել հսկայական մշակութային ժառանգ մը, պատկերացուցէք ինչքա՜ն աւելին կրնար տալ՝ եթէ օրին գնահատուէր այն անձերու կողմէ՝ որոնց անունն իսկ պատմութեան էջերուն մէջ յիշուած չէ այսօր:

Այս օրերուն, երբ բազմիցս կը հնչեցնենք հայ լեզուի նահանջելու դժբախտ իրողութիւնը, կը յիշեմ ֆրանսացի գրող Վիքթոր Հիւկոյի խօսքերը հայ լեզուի մասին. «Ձեր հնամենի լեզուն ես չեմ գիտեր, բայց կը սիրեմ զայն: Անոր մէջ Արեւելքը կը զգամ, դարերը կը նշմարեմ այդտեղ, անցեալի խորհրդաւոր նշոյլները կը տեսնեմ այդտեղ». մեծանուն գրողը պատիւ կը համարէ իր գործերուն հայերէն լեզուի թարգմանուիլը: Օտարին ունեցած այս զգացումներուն դիմաց կը սարսափիմ նժարի դնել մեր՝ հայերուս ունեցած սէրը հայերէն լեզուի նկատմամբ: Թող հիմա լսէր ֆրանսացի մեծ գրողը մեր լեզուն, որ իրեն Արեւելքի փոխարէն պիտի սկսէր յիշեցնել արեւմուտքը. պիտի տեսնէր արեւմուտքը մեր լեզուին:

Շաբաթավերջին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի թատրոնին մէջ ներկայ գտնուեցայ բեմադրիչ Գեղամ Գրիգորեանի պատրաստած հայ մշակոյթի մեծագոյն գլուխգործոցներէն «Անուշ»ի ներկայացումին. Յովհաննէս Թումանեանի բառերով եւ Արմէն Տիգրանեանի երաժշտութեամբ մշակութային գոհար մը: Սրահի աթոռներուն մեծամասնութիւնը թափուր էր. աւարտին դուրս գալու ժամանակ նկատեցի, որ ներկաներէն շատեր հայեր չեն. անոնց մէջ կային ռուսեր եւ եւրոպացիներ, որոնք երեք ժամ սքանչացումով հետեւած էին յայտագիրին: Ներկայացումէն մէկ շաբաթ առաջ նոյն սրահին մէջ ներկայ գտնուեցայ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի կողմէ ներկայացուած օտարալեզու օփերայի ներկայացման. կարի՞ք կայ ըսելու, որ աթոռները ամբողջութեամբ գրաւուած էին... որովհետեւ «Անուշ» օփերա՝ գրուած 1908-1912 թուականներուն ժամանակավրէպ է, մինչ օտարինը երկու հարիւր տարուայ ալ ըլլայ կը մնայ գրաւիչ:

Գնահատելու պակասը բացատրելու համար գրող Վահրամ Մավեան կը պատմէ պատահար մը. օր մը Մավեան Փարիզ կատարած իր մէկ այցելութեան ժամանակ կը հանդիպի տեղի հայ հոգեւորական բարեկամին եւ եկեղեցականին ինքնաշարժով խօսակցելով կ՚անցնին Էնվալիտի հրապարակէն: Հոգեւորականը ընթացքին մայթին մօտ կը տեսնէ միջին տարիքով զոյգ մը, որոնք քարտէսի վրայ կը փորձեն բան մը գտնել: Ինքնաշարժը կեցնելով Մավեանի կ՚ըսէ. «օտար են կ՚երեւի եւ տեղ մը կը փնտռեն, կրնանք թերեւս օգտակար ըլլալ» ու մօտենալով զոյգին ֆրանսերէն լեզուով հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ: Զոյգը ֆրանսերէնով կը պատասխանէ. «շնորհակալ ենք, շուրջերնիս կը դիտենք, տեղ մը չենք փնտռեր»։ Եկեղեցականը կը պատրաստուի ինքնաշարժ վերադառնալ ու յանկարծ հայերէն լեզուով կը լսէ զոյգերուն խօսակցութիւնը.

-Աչքը չե՞ս սիրեր օտար, եւրոպացի եկեղեցականներուն, մերինները տեսնելու էին ասիկա: Քաղաքակրթուած են մարդիկը...:

Այո՛... մեր մտածողութեան մէջ օտարն է մի՛շտ լաւը, իսկ մերինները... Աստուած օգնէ՛ մերիններուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊԵՐՃ ՊՌՈՇԵԱՆ
(1837-1907)

Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 23 նոյեմբեր 1907-ին Պաքուի մէջ մահացած է գրող եւ մտաւորական Պերճ Պռոշեան (բուն անունով՝ Յովհաննէս Տէր-Առաքելեան):

Պռոշեան ծնած է 3 Յունիս 1837-ին, Աշտարակի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանին մէջ, ապա կարճ ժամանակ ընդունուած է Երեւանի Արքունական դպրոց, ապա՝ Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1856 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ նշանակուած է ծխական դպրոցի տեսուչ, միաժամանակ վարելով գաւառական գործակալի քարտուղարի պաշտօնը: Ապա, 1859 թուականին մեկնած է Թիֆլիզ եւ եղած է Ներսիսեան վարժարանի նախապատրաստականի բաժնի ուսուցիչ, միաժամանակ մասնակցութիւն ունեցած է Թիֆլիզի մէջ հայ թատրոնի եւ իգական դպրոցի հաստատման գործին: Այնուհետեւ 1861 թուականին մեկնած է Շուշի, ուր դասաւանդած հայ գրականութիւն, հայոց լեզու եւ պատմութիւն։ 1879 թուականին հրաւիրուած է Էջմիածին եւ նշանակուած՝ Երեւանի եւ Կարսի հոգեւոր դպրոցներու տեսուչ: Նոյն այդ տարիներուն աշխարհաբարի վերածած է գրաբար Աւետարան մը, որուն համար Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի կողմէ արժանացած է Աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչումին: Պռոշեան իր առաջին վէպը՝  «Սոս եւ Վարդիթեր»ը գրած է 1860 թուականին ու անմիջապէս գրաւած գրող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանի ուշադրութիւնը, որ Պռոշեանի համար ըսած է՝ «արդի ազգային վիպասանութեան հիմնադիրներէն մէկն է Պռոշեան»:

Պռոշեան իր լաւագոյն գործերէն «Հացի խնդիր» վէպը հրատարակած է 1879 թուականին, Թիֆլիզի «Փորձ» ամսագիրին մէջ: Վէպերու կողքին գրողը հեղինակած է բազմաթիւ պատմուածքներ, ինչպէս՝ «Օրը կիրակի է, երազը սուտ», «Վարդի իւղը մահադեղ», «Գիւղական խանութպանը», «Ցեցեր» եւ ուրիշներ: Ստեղծագործելու կողքին Պռոշեան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, հայերէնի թարգմանելով Չ. Տիքընսի եւ Թոլսթոյի աշխատութիւններէն:

Մինչեւ այսօր Աշտարակի մէջ կը գործէ Պերճ Պռոշեանի տուն-թանգարանը եւ անոր անունով կը կոչուին Երեւանի եւ մարզերու մէջ գտնուող շատ մը փողոցներ. անոր անունով կոչուած է նաեւ Կոտայքի մարզի մէջ գտնուող Պռոշեան գիւղը:

Պերճ Պռոշեան թաղուած է Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2021