ԱՄՈՒՐԻԻՆ ԿՆԻԿ ԾԵԾԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է
Հայկական հին ժողովրդական խօսք մը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ամուրիին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է» եւ զարմանալի չէ, որ նման իմաստուն խօսք մը մեր՝ հայութեանս մէջ ծնունդ առած է, որովհետեւ մեզի համար դիւրին է այն ամէնը՝ որուն մասին ամենէն չնչին գիտութիւնն ու տեղեկութիւնը չունինք: Այս մէկը յատուկ է հայուն, որովհետեւ Աստուած իմաստութիւն եւ գիտութիւն բաժնած ժամանակ չկողմնորոշուելով, թէ ո՞ր ոլորտին մէջ հայը փայլեցնէ՝ ամենագիտութիւն պարգեւեց... առանց գործածութեան ձեւը բացատրելու:
Մեր մէջ ամենէն պարզ ու հասարակ քաղաքացին անգամ, հակառակ անուսութեան ու անգրագիտութեան՝ քիչ մը բժիշկ, քաղաքագէտ, բանիմաց ու ռազմագէտ ու երբեւէ զարմանալի չէ, եթէ ամուրի վիճակով կնիկ ծեծելու ինքնավստահութեամբ հանդիպիք հայերու, որոնք պնդեն, թէ եթէ օրին իրենք ըլլային... հայոց եղեռնը կրնար տեղի չունենալ եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ այսօր ամբողջութեամբ տարբեր ըլլար հայ ժողովուրդի ճակատագիրը:
Յաճախ փողոցին մէջ ուշադրութեամբ կը լսեմ մեծահասակներու, ինչո՞ւ չէ նաեւ երիտասարդներու երկխօսութիւնը. բոլորն ալ մի՛շտ կարծիք յայտնելու եւ նիւթի մը մասին մասնագէտի պէս խօսելու մէջ են, որովհետեւ ինչպէս թրքական առածը կ՚ըսէ «Թմբուկին ձայնը հեռուէն անուշ կը լսուի»:
Վերջերս անձ մը մեր հայ ազգի հարուստները քննադատելով «ես ըլլայի նէ» մը ըսելով հազար ու մէկ երազներ հիւսեց. վայրկենական մեր ազգին մէջէն վերացուց աղքատութիւնն ու թշուառութիւնը, փարատեց մեր դպրոցներու եւ կրթական հաստատութիւններու դժբախտութիւնները, զօրացուց հայկական բանակը, նոր գործատեղեր հիմնելով բոլոր անգործներուն գործ հայթայթեց եւ եթէ քիչ մը եւս շարունակէր վստահաբար «ծովից ծով» Հայաստանի երազանքը եւս իրականութիւն պիտի դառնար, սակայն բարեբախտաբար երազը վերջ գտաւ եւ վերադարձանք իրականութեան:
Մեր իրականութեան մէջ «եթէ հարուստ ըլլայի...» ըսող եւ հարստանալէ ետք իր բոլոր «եթէ»ները մոռցողներ շատ կան, որովհետեւ միայն ամուրի եղած ժամանակ կնիկ ծեծելը դիւրին կրնայ թուիլ, սակայն կինը ունենալէ ետք ի յայտ կու գայ անոր դժուարութիւնը. աղքատութեան ժամանակ «եթէ հարուստ ըլլայի» ըսող, իսկ հարստութեան ժամանակ «աղքատ եղած ժամանակ ինծի ո՞վ նայեցաւ որ...» ըսողները քիչ չեն, որովհետեւ մենք իրապաշտութենէ աւելի վերացական աշխարհի մէջ ապրիլը աւելի կը նախընտրենք:
Այսօր մեր բոլորին մէջ գոյութիւն ունին «եթէ»ներ, սակայն տունը եղած հաշիւը շուկայի մէջ կրնայ ճիշդ դուրս չգալ, որովհետեւ երեւակայութեամբ ըլլալն ու իրականութեան մէջ ըլլալը իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր ու հեռու իրողութիւններ են եւ վստահ եղէք, որ մեր մէջ գտնուողներէն շատեր եթէ իրենց «եթէ»ները իրապէս կեանքի կոչէին, այսօր մեր ազգը կրնար ուրիշ պատկեր ունենալ:
Վերացականէն անդին իրապաշտ գտնուիլ ուզող «Մէն-Եէզ» գրչանունով գրող մը 1927 թուականին ֆրանսահայ մամուլի մը մէջ կը գրէ «Եթէ հարուստ ըլլայի» խորագրով գրութիւն մը. գրողը կ՚երեւակայէ, թէ մեծ հարստութեան մը տէր է եւ իր երեւակայութեան մէջ հետեւեալ զրոյցը կ՚ունենայ բարերարութիւն խնդրողներուն հետ. ազգի ներկայացուցիչներէն մին կու գայ «Դպրոցներ, եկեղեցիներ, դասատուներ, քահանաներ փրկելու, ձուլումի դէմ միջոցներ գտնելու, ազգին փրկութեան համար» քսան միլիոն կը խնդրէ. երեւակայածին մեծահարուստը առանց հարցականի տակ դնելու կը խոստանայ քսանի փոխարէն քառասուն միլիոն տրամադրել, որուն դիմաց ազգի ներկայացուցիչը կը սկսի «Ովսաննա՜»ներ կարդալ մեծ բարերարին: Առատաձեռն «հարուստ»ը սակայն հետեւեալ պայմանը կը ներկայացնէ ազգի ներկայացուցիչին.-
-Քառասուն միլիոն եւ մէկ հատիկ պայման. տասը տարի միջոց կու տամ. եթէ այդ շրջանը լրանալուն, ձեր մտադրութիւններուն քառորդը գոնէ իրականացած չըլլայ, դրամս ետ կ՚առնեմ:
Մեր երեւակայածին հարուստներուն նման երեւակայածին է նաեւ մեր երազները, որովհետեւ մեր մէջ խօսքն է կարեւորը եւ ո՛չ գործը. «Մէն-Եէզ» լաւապէս կը գիտակցի, որ մեր ազգի ներկայացուցիչները մեծամեծ խօսքերով ու ցնորքներով գումար հաւաքելու ծարաւէն կը տառապին, սակայն գործնական գետնի վրայ անոնցմէ ո՛չ մէկը կեանքի կը կոչուի, որովհետեւ դրամը չունեցած ժամանակ միայն երազ հիւսելը հաճելի կը թուի, սակայն իրականութիւն դառնալէ ետք երազը իր տեղը կը զիջի փառասիրութեան: Վերոյիշեալ երեւակայածին մեծահարուստը կ՚ուզէ այդ բոլորին միայն տասը տոկոսը իրականացած տեսնել, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի, որ այդքանը եւս իրականութիւն դառնալը հաւանականութեան մաս չի կրնար կազմել:
Կեանքի մէջ «եթէ»ներ ունենալը անհրաժեշտ է, որովհետեւ «եթէ»ներու իրականացումով միայն կարելի է զարգանալ եւ յառաջդիմել, սակայն մեր պարագային «եթէ»ներն ու իրականութիւնները իրարու ամբողջութեամբ հակառակ ուղղութիւններով կ՚առաջնորդուին: Հաւանաբար ճակատագիրին մէկ խաղն է, որ մեզ կը ստիպէ իրագործելէ աւելի երազելու, որովհետեւ դարեր շարունակ սորված ենք միայն երազներով առաջնորդուիլ՝ առանց մեր ոտքերը գետին դնելու, այդ իսկ պատճառով որպէս երեւակայութեան եւ ցնորքներու լաւատեղեակ ազգ վստահաբար մեզի՛ համար դիւրին պիտի ըլլայ կնիկ ծեծելը՝ երբ կնիկ չունինք, որովհետեւ ունենալու յոյսը անգամ չունինք, այդ իսկ պատճառով օդին մէջ ծեծելէն դիւրին բան չի կրնար ըլլալ մեզի համար:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -150-
Յաճախ ահաւոր բաներ կրնան պատահիլ երբ արեւմտահայն ու արեւմտահայը տարբեր հնչիւններով արտասանեն հայերէնի «Գ» տառը:
Լիբանան այցելած արեւելահայ մը արեւմտահայի մը հետ խօսելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գնաճի մասին արեւմտահայերէն առոգանութեամբ եւ քիչ մըն ալ ցաւի արտայայտութեամբ կ՚ըսէ.-
-Հայաստանում հիմի արդէն կիները (գիները) թանկ են...
Արեւմտահայը զարմացած տեսք մը կը ստանայ... կրնա՞յ ըլլալ նախապէս կիները աժան էին եւ հիմա արդէն սուղցած են... դարձեալ ստուգելու համար հարց կու տայ.
-Հայաստանի մէջ ի՞նչը թանկ է:
-Կիները... ժողովուրդը էլ չի կարում հանգիստ ապրի...
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024