ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Իմաստութիւն կը նշանակէ խելահասութիւն, փորձառութիւն, խոհեմութիւն եւ հմտութիւն։ Այս իմաստով՝ իմաստունները անոնք են, որոնք կը հաւատան եւ իրենց առաքինի խորհուրդով, բարի գործերով եւ անշահախնդիր պաշտամունքով կը լուսաւորուին, կը լուսաւորեն իրենց շուրջ բոլորը եւ անոնք կը փայլին իրենց իմաստութեամբ։

Այլապէս, իմաստութիւնը Աստուծմէ է՛։ Ուստի Աստուծոյ շնորհած իմաստութիւնը վեհ նպատակներու համար միայն կը գործածեն եւ օգտակար կը հանդիսանան բոլոր անոնց, որոնք իմաստութեամբ օժտուած են եւ կ՚անդրադառնան իմաստութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մարդկային կեանքին համար։ Անոնք իրենց բոլոր արարքները կը կատարեն անկեղծութեամբ եւ իրենց յարաբերութեան հիմք կ՚ունենան սէ՛րը։

Իսկ անոնք, որոնք անդրադարձած չեն իմաստութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, անխոհեմներ եւ անզգամներ են, որոնք անտարբեր են իմաստութեան բարիքներուն եւ իրենց մտային եւ հոգեկան պարտականութիւններու հանդէպ անխոհե՛մ։ Անոնք, թէեւ կ՚ընդունին ճշմարտութիւնը բայց անոր հանդէպ կը թերանան՝ գործնական կեանքի մէջ չեն ճանչնար ճշմարտութիւնը, օրական եւ ժամանակաւոր շահերու հրապոյրէն տարուելով, իրենց անձնական շահերու համեմատ կ՚ապրին։ Փոխանակ ճշմարտութեան, արդարութեան, ազատութեան ճամբէն ընթանալու՝ լուսաւորուելու եւ յառաջդիմելու, կը բաւականանան մութի եւ խաւարի մէջ ժամանակ վատնելով շարունակել իրենց կեանքը։ Անոնք չեն ծառայեր որեւէ վեհ նպատակի՝ չեն շարժիր որեւէ սկզբունքով, բարեբեր գաղափարով։ Անոնց համար ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ օրուան մէջ՝ կացութեան եւ իրավիճակին համեմատ։

Արդարեւ, իմաստութիւնը տրուած է ամէն մարդու։ Կարելի չէ ըսել, որ ոեւէ մարդու կը պակսի իմաստութիւնը, բայց կ՚օգտուին միայն անոնք, որոնք գիտակցութիւնը ունին այդ արժէքին։ Մարդ կրնայ շատ հարուստ ըլլալ, բայց երբ իր հարստութիւնը չի գործածեր, բարի գործերու չի յատկացներ, իր հարստութիւնը որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Դարձեալ՝ մարդ կրնայ շատ բան գիտնալ, գիտուն ըլլալ, բայց երբ իր գիտութիւնը չի գործածեր հասարակաց բարիքին համար, ի՞նչ կ՚արժէ այդ գիտութիւնը։ Լեռը կամ անտառը մինակ ապրող մէկը եթէ նոյնիսկ շատ հարուստ եւ կամ գիտուն ըլլայ եւ իր հարստութիւնը կամ գիտութիւնը օգտագործելու կարելիութիւնը եւ միջոցը չունենայ՝ ո՛չ իր հարստութիւնը եւ ոչ ալ իր գիտութիւնը արժէք կը ներկայացնեն։ Որեւէ արժէք «արժէք» է, երբ ան կը յայտնուի եւ երբ ան նպատակի մը կը ծառայէ…

Իմաստութիւնն ալ երբ օգտագործելու եւ նպատակի մը ծառայելու միջոց չունենայ, արժէք չի ներկայացներ։ Մարդիկ, արդարեւ, իրենց ունեցած բարեմասնութիւնները, բնատուր կամ ստացական յատկութիւնները պէ՛տք է օգտագործեն, հասարակաց բարիքին եւ օգտին տրամադրեն։ Մարդ ի՛նչ որ ունի, իր սեփականը չէ, պէտք է անիկա բաժնէ իր շուրջիններուն բարիքին եւ օգտին ի նպաստ։ Մարդուն արարչութեան առաջնակարգ նպատակն է՝ Աստուծոյ Ինքզինք յայտնելու պէտքը. եթէ մարդ արարածը գոյութիւն չունենար, Աստուած Իր աստուածութիւնը որո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի յայտնէր։ Եւ Աստուած Իր աստուածութիւնը ինչպէ՞ս պիտի իրագործէր։ Մարդուն արարչութեան երկրորդ նպատակն է սիրոյ մարմնացումը՝ կարեկցութեան զգացումին իրագործումը մարդու միջոցով եւ անոնց մէջ հաստատել սէրը եւ իրերօգնութեան բնական եւ ազնիւ զգացումը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024