ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

­Աստուածաշունչին մէջ «Օրէնք» բառը ընդհանրապէս կը վերաբերի Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ տուած կանոններուն ամբողջութեան։ Հետզհետէ, սակայն, այս անունով սկսան ճանչցուիլ Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները եւ կանոնները։ Կարգ մը պարագաներու, «Օրէնք» անուանումը գործածուած է աւելի լայն առումով ամբողջ Հին Կտակարանը նշելու համար։

Արդարեւ Յիսուս կ՚ըսէ. «Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու, չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու։ Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքը եւ մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին։ Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի։ Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը». (ՄԱՏԹ. Ե 17-20)։

Այս ուղղութեամբ Յիսուս կը կատարելագործէ նաեւ բարկութեան նկատմամբ ուսուցումը։

«Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է.- Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի։ Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի։ Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ։

«Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս։ Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես». (ՄԱՏԹ. Ե 21-26)։

Արդարեւ, ըսուած է, թէ ամենէն արդիւնաբեր դատը՝ փոխադարձ համաձայնութեամբ վերջացած դատն է։ Հաշտութիւնը լաւագոյն լուծումն է։

«Լսեր էք որ ըսուած է.- Մի՛ շնար։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ։ Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։ Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս». (ՄԱՏԹ. Ե 27-30)։

Յիսուս «Օրէնք»ը կը կատարելագործէ հետեւեալ խօսքերով. «Ըսուած է նաեւ.- Ով որ իր կինը կ՚արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ՚արձակէ, ինք պատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն։ Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ ան՝ որ կ՚ամուսնանայ արձակ-ւած կնոջ հետ». (ՄԱՏԹ. Ե 31-32)։

«Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է.- Երդնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ». (ՄԱՏԹ. Ե 33-37)։

Յիսուս վրէժի մասին ալ հետեւեալը կ՚ըսէ.

«Լսեր էք որ ըսուած է.- Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ ակռայ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։ Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր։ Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա։ Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ երես մի՛ դարձներ». (ՄԱՏԹ. Ե 38-42)։

Յիսուս երբ կը կատարելագործէ «Օրէնք»ը՝ սիրոյ սահմաններն ալ աւելի եւս կ՚ընդարձակէ։

«Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է.- Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն եւ կը հալածեն։ Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Ե 43-48)։

Երկրի վրայ, Եկեղեցին զարդարուած է անկատար, բայց ճշմարի՛տ սրբութեամբ։ Փրկարար այնքա՛ն առատ եւ այնքա՛ն մեծ միջոցներով օժտուած ըլլալով, Քրիստոսին բոլոր հաւատացեալները, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց դիրքը եւ կեանքի վիճակը, իւրաքանչիւրը իր ճամբով եւ կերպով, Աստուծոյ կողմէ կոչուա՛ծ են սրբութեան մը, որուն կատարելութիւնը նո՛յնքինքն Հօր կատարելութիւնն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետերուար 21, 2021, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021