21-ՐԴ ԴԱՐ… ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 400 ՍՈՎԱՄԱՀ
Աշխարհն ու մարդկութիւնը վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով զանազան բնագաւառներու մէջ բարգաւաճեցաւ, սակայն հակառակ տասնամեակներու պայքարին, որոշ հարցեր շարունակեցին եւ կը շարունակեն մնալ նոյնը: Անլուծելի հարցեր՝ որոնք կը շարունակեն մարդկութեան ամօթներէն մէկը մնալ. ինչպէս օրինակ, Ափրիկէի մէջ տիրող սովը. մեր թուականէն 51 տարիներ առաջ՝ 1973 թուականին հրատարակուած թերթի մը մէջ կը կարդանք. «Սահարայի անապատը հարաւէն եզերող վեր երկիրներ կը գտնուին սովի սպառնալիքին տակ: Մորիթենիա, Սենեկալ, Մալի, Վերին Վոլթա, Նիկերիա եւ Չատ: Ու քսանչորս միլիոն ժողովուրդ, որ կենաց մահու պայքար կը մղէ սովին դէմ»:
Մինչեւ անգամ լուսինը նուաճող մարդկութիւնը ինչպէ՞ս եղաւ, որ չի՛ կրցաւ լուծում տալ այս հարցին, որ համամարդկային խնդիր մըն է. այս մասին գրելու որոշումը ունեցանք մի քանի օրեր առաջ, երբ համաշխարհային մամուլը յայտնեց, թէ անցնող յունուար ու փետրուար ամիսներու ընթացքին աւելի քան 400 մարդ եղած է սովամահ: Միաւորուած ազգերու ընկերութիւնը (ՄԱԿ) կը յայտնէ, որ տարեկան դրութեամբ մօտաւորապէս ինն միլիոն մարդ սովամահ կ'ըլլայ եւ ցաւ ի սիրտ անոնց մեծամասնութիւնը՝ մանուկներ:
Աւելի քան յիսուն տարի առաջ գրուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք. «Քսանչորս միլիոն մարդ անօթի է: Ու անօթութիւնը անասնացուցած է զիրենք: Հետեւաբար, հո՛ն, հեռո՛ւն, անապատին եզրին, մարդը կը յօշոտէ մարդուն...»: Վիճակը տակաւին նոյնն է. տակաւին վեց օրեր առաջ Պաղեստինի մէջ ութամեայ պատանի աղջնակ մը սովամահ ըլլալով իր մահկանացուն կնքեց:
Այս բոլորը ո՛չ պաղեստինեան հարց է եւ ոչ ափրիկեան. այս մէկը համամարդկային խնդիր մըն է, որ տակաւին իր լուծումը չէ՛ ստացած, որովհետեւ մարդիկ չեն կրնար զանազանել կարեւորը՝ կարեւորագոյնէն. չեն գիտեր առաջնահերթութիւնները զանազանել. օրինակի համար, տակաւին մի քանի շաբաթ առաջ Փոլ անունով ամերիկացի մարդ մը իր ունեցուածքէն մեծ գումար կը յատկացնէր «Կենդանիներու փրկութիւն» հիմնադրամին՝ որ կը զբաղուի անասուններու իրաւունքները պաշտպանելով:
Աւելի քան կէս դար առաջ գրուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը կ՚ըսէ. «ուստի «մեծ» մարդիկ, մեծ խօսքերով «օգնութեան» կը հասնին». լրագրողը չակերտներու մէջ կ՚առնէ «մեծ» ու «օգնութիւն» բառերը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս այսօր, ըստ երեւոյթին անցեալին եւս ամէ՛ն բան կը կատարուէր խօսքով՝ եւ ոչ գործով: Ինչպէ՞ս եղաւ որ մարդասիրական ընկերութիւնները՝ որ մեծամեծ գումարներ կը կուտակեն, չյաջողեցան անցնող յիսուն տարուան ընթացքին լուծել մարդկութեան մեծագոյն վէրքերէն մէկը եղող սովը:
Երեւոյթը աւելի լաւ հասկնալու համար կ՚արժէ ուսումնասիրել սովէ տառապող երկիրներու ղեկավարութիւնը. պատկերը զարմանալի չէ. բոլո՛րն ալ հարուստներ են՝ աներեւակայելի մեծ գումարներու տէրեր: Անցնող երկու ամսուան ընթացքին Եթովպիոյ մէջ հարիւրաւոր մարդիկ մահացած են աղքատութեան ու սովի պատճառով, սակայն երկրի ղեկավարները տէր են մեծ հարստութիւններու: Զարգացած երկիրներու համար դժբախտաբար այդ երկիրներու մէջ տիրող աղքատութիւնն ու սովը դրական երեւոյթ մը ունի, որովհետեւ անոնց անօթութեան ու աղքատութեան շնորհիւ է, որ մեծ պետութիւններ կը յաջողին իշխել նման խեղճ պայմաններու մէջ գտնուող երկիրներու։ Մեծ պետութիւններուն մեծամասնութիւնը իրենց շահերը ապահոված են նման թշուառութեան մէջ ապրող երկիրներէն:
Այս երեւոյթը համամարդկային ամօթ մըն է. ամօ՛թ մըն է բոլոր կրօններուն համար, որոնք հաւասարութիւն, իրերօգնութիւն ու եղբայրասիրութիւն կը քարոզեն, սակայն միւս կողմէ լուռ կը մնան ուրիշի մը սովամահութեան դիմաց. գրեթէ ամէ՛ն կրօն ունի աղքատին օգնելու պատուէրը. եթէ իւրաքանչիւր կրօն տէ՛ր ըլլար իր քարոզած գաղափարներուն, այսօր սովամահութիւն տեղի չէր ունենար աշխարհի երեսին: Թէ՛ իսլամական եւ թէ քրիստոնէական, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու մէջ յատուկ տեղ ունի կարիքաւորուն օգնելն ու զանոնք կերակրելը, սակայն այդ բոլորը կը շարունակէ մնալ լոկ «գաղափարախօսութիւն» մը՝ եւ ոչ ճշմարտութիւն:
Աստուած մարդ արարածը ստեղծեց եւ մէկը միւսէն աւելի վերադաս չնշանակեց, սակայն մարդկութիւնը լրացուց այդ պակասը եւ երկուքի բաժնեց մարդկութիւնը. Աստուծոյ համար ամերիկացին եւ կամ եւրոպացին աւելի բարձր չէ՝ քան Ափրիկէի մէջ մեռնող հնդիկը. ցաւ ի սիրտ մարդոց համար կենդանաբանական պարտէզին մէջ ապրող փանտան աւելի արժէք ներկայացուց, քան սովամահ ափրիկեցի մանուկները. մարդիկ այսօր պատրաստ են փիղի մը բուժման համար մեծամեծ գումարներ նուիրաբերել, սակայն այդ մանուկներու անօթութիւնը վերացնելու համար բան մը չընել:
Այսօր, աւելի քան յիսուն տարի ետք կը կարդանք եւ ականատեսը կ՚ըլլանք նոյն խնդիրներուն եւ այս մէկը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ մեր մէջ. յիսուն տարիներ ետք դարձեալ նոյն նիւթերուն մասին պիտի խօսուի՞. ամբողջ աշխարհի աչքերուն եւ անտարբերութեան դիմաց պիտի շարունակէ՞ մարդկութիւնը զոհեր տալ. հաւատացողն ենք, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի այնքան պարէն ու հարստութիւն, որ կարելի է ամբողջ մարդկութիւնը՝ իրենց յաջորդող մի քանի սերունդներով հանդերձ կշտացնել:
Եթէ ոչ պետութիւնները, ապա կրօնաւոր ղեկավարները թող լրջօրէն մտածեն այս կապակցութեամբ եւ իրենց քարոզներուն համաձայն առաջնահերթութիւն տան անօթիներուն, անօգնականներուն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ անոնց ճշմարիտ պաշտօնն ու առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ այդ մէկը եւ ապա միւս երկրորդական երեւոյթները՝ որոնք այսօր աւելի առաջնահերթ կը նկատուին:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս վերացնել սովամահութիւնը աշխարհի երեսէն:
Պատասխան. Սովի դէմ պայքարիլը կը պահանջէ մի քանի ճակատներու վրայ համատեղ ջանքեր. առաջին հերթին գիւղատնտեսութեան զարգացում, որով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել սննդամթերքի արտադրութեան աճ: Պէտք է գիւղատնտեսութեան ճամբով շատցնել սննդամթերքի հասանելիութիւնը: Պէտք է կրթել մարդկութիւնը սնունդի արտադրութեան մէջ եւ պայքարիլ անհաւասարութեան դէմ, որպէսզի սնունդը հաւասարապէս հասանելի ըլլայ բոլորին՝ թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին: Ի վերջոյ կառավարութիւններ պէտք է լուծումներ ապահովեն, ինչպէս նաեւ լաւապէս ուսումնասիրեն սովի հիմնական պատճառները եւ լուծումներ առաջացնեն, հաստատելու համար կայուն ապագայի դիմացկունութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024