ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒՄ
Պօղոս Առաքեալ, փիլիպպեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել» (ՓԻԼԻՊ. Գ 20-21)։ Ուստի Յիսուսի երկրորդ գալստեան խորհուրդը յստակ կերպով կը բացատրուի Առաքեալին այս խօսքերով՝ թէ պիտի գայ Յիսուս, մահկանացու մարմինները պիտի «կերպարանափոխէ» եւ Իր մարմինին պէս «փառաւոր» պիտի դարձնէ։
Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ Գալստեան խորհուրդը սերտօրէն կապուած է Անոր առաջին Գալստեան խորհուրդին՝ որ արդիւնքն է երկեր պատրաստութեան։
«Եւ Հոգին ու Հարսը կ՚ըսեն.- Եկո՛ւր» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 17)։ Այս աշխարհի Իշխանին դէմ յաղթանակը միանգամընդմիշտ տարուած է այն ժամէն՝ երբ Յիսուս ազատակամ Ինքզինք մահուան յանձնեց՝ մարդկութեան Իր Կեանքը տալու համար։ Այս աշխարհին դատաստա՛նն է եւ այս աշխարհին Իշխանը վա՛ր նետուած է. «Ան կը խոյանայ Կնոջ վրայ» (ՅԱՅՏ. ԺԲ 13), բայց որեւէ իշխանութիւն չունի անոր դէմ։ «Այն ատեն ան զայրացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պայքարելու անոր միւս զաւակներուն դէմ» (ՅԱՅՏ. ԺԲ 17)։ Եւ այս իսկ պատճառով Հոգին եւ Եկեղեցին կ՚աղօթեն. «Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 17)։ «Այս բոլորին մասին վկայողը կ՚ըսէ.- Այո՛, շուտով կու գամ։ Ամէն։ Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 20)»։
Այսպէս կ՚ապաւինի մարդկութիւնը Անոր Գալստեան եւ այսպէս կը սպասէ Անոր Գալուստեան, քանի որ Գալուստը պիտի ազատէ զայն Չարէն։
Երբ մարդկութիւնը կը խնդրէ Չարէն իր ազատումը՝ կ՚աղօթէ նաեւ, որ փրկուի ներկայ, անցեալ եւ գալիք բոլոր չարիքներէն՝ որոնց հեղինակը ու դրդի՛չն է ան։ Այս վերջին խնդրանքին մէջ, Եկեղեցին աշխարհի ամբողջ անձկութիւնը Հօր առջեւ կը դնէ։ Համայն մարդկութիւնը ընկճող չարիքներէն ազատումէն զատ, ան կը հայցէ խաղաղութեան թանկագին պարգեւը եւ Քրիստոսի գալուստին յարատեւ սպասումին շնորհքը։
Արդարեւ Քրիստոսի գալուստը կապուած է Վերջին Դատաստանի իրողութեան։ Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի փառքի մէջ գալուստով։
Անոր ժանմ ու օրը միա՛յն Հայրը գիտէ, միա՛յն Ինք կը վճռէ անոր պատահումը։ Այն ատեն՝ Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Հայրը պիտի ըսէ Իր վերջին խօսքը ամբողջ պատմութեան մասին։ Եւ մենք պիտի իմանանք ամբողջ արարչագործութեան եւ փրկչական ամբողջ տնտեսութեան վերջնական ու վճռական իմաստը, պիտի ըմբռնենք այն սքանչելի՜ ուղիները, որոնցմով Նախախնամ Հայրը ամէն բան առաջնորդեց դէպի Իր վերջնագոյն վախճանը։
Վերջին Դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթած է Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ թէ Իր անսահման սէրը աւելի՛ հզօր է քան մահը։
Ուստի Վերջին Դատաստանին պատգամը կո՛չ մըն է դարձի՝ այնքան ատեն որ Աստուած մարդոց դեռ կու տայ «յարմար ժամանակը, փրկութեան օրը» (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։ Ան կը ներշնչէ Աստուծոյ սուրբ երկիւղը։ Մարդը յանձնառու կ՚ընէ ի նպաստ Աստուծոյ թագաւորութեան արդարութեանը։ Կ՚աւետէ «երանաւէտ յոյսը» (ՏԻՏ. Բ 13) Տիրոջ վերադարձին՝ «որ պիտի գայ փառաւորուելու Իր սուրբերուն մէջ եւ հռչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (Բ ԹԵՍ. Ա 10)։ Այսպէս, ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Ընդհանրական դատաստանէն ետք, մարմինով եւ հոգիո՛վ փառաւորուած արդարները յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ, իսկ տիեզերքը պիտի վերանորոգուի։ Այն ատեն Եկեղեցին երկնային փառքին մէջ իր լրումին պիտի հասնի, եւ մարդկային ցեղին հետ իր վերջնական կատարելութիւնը պիտի գտնէ Քրիստոսի մէջ։
Ամբողջ մարդկութիւնն ու աշխարհը կերպարանափոխող այս խորհրդասքօղ «վերանորոգում»ը, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «Նոր երկինք եւ նոր երկիր» (Բ ՊԵՏ. Գ 13)։ Աստուծոյ ընդհանուր ծրագրին վերջնական ու վճռական իրականացումը պիտի ըլլայ «երկնային եւ երկրային ամէն ինչը բովանդակել մէկ Պետով՝ Քրիստոսով» (ԵՓՍ. Ա 10)։
Եւ այս «Նոր տիեզերք»ին մէջ (ՅԱՅՏ. ԻԱ 5). «Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ», որ երկնային Երուսաղէմն է, Աստուած Իր բնակութիւնը պիտի հաստատէ մարդերով. «Անոնց աչքերէն ամէն արցունք պիտի սրբէ. այլեւս ո՛չ մահ գոյութիւն պիտի ունենայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ եւ ոչ իսկ յոգնութիւն, քանի որ նախկինները անցան գացին» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։ Եւ մարդուն համար այս լրումը պիտի հանդիսանայ մարդկային ցեղին վերջնագոյն միութիւնը, որ ուզուած է Աստուածմէ արարչագործութեան սկիզբէն ի վեր եւ ծրագրուած, եւ որուն խորհուրդն էր Եկեղեցին։ Այս կերպով, Քրիստոսի միացածները պիտի կազմեն «փրկեալներուն հասարակութիւն»ը, Աստուծոյ Սուրբ Ոստանը (ՅԱՅՏ. ԻԱ 2), «Գառնուկին Հարսը» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 9), որ այլեւս երբեք պիտի չվիրաւորուի պղծութիւններով՝ եսասիրութեամբ ու մոլութիւններով, որոնք կը քանդեն կամ կը վիրաւորեն մարդոց երկրաւոր հասարակութիւնը։ Երանաւէտ տեսութիւնը՝ որուն մէջ Աստուած ընտրեալներուն առջեւ Ինքզինք պիտի բանայ անսպառ կերպով, պիտի ըլլայ մշտաբուխ աղբիւրը երջանկութեան, խաղաղութեան եւ փոխադարձ հաղորդակցումի։
Եւ տեսանելի տիեզերքը սահմանուած է կերպարանափոխուելու՝ որպէսզի աշխարհ եւս, իր նախորդ վիճակին համեմատ վերանորոգուած անարգել ծառայէ արդարներուն եւ մասնակցի անոնց փառաւորումին՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսով։
Բայց անծանօթ է մեզի այդ կերպարանափոխութեան ժամանակը եւ կերպը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 18, 2016, Իսթանպուլ