ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Հին Ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք եղող «հաց»ը եւ «գինի»ն Արարչին զոհ մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեան։ Բայց Ելից Գիրքի շրջագիծին մէջ հացը եւ գինին նոր նշանակութիւն մը կը ստանան ամէն տարի Զատիկի օրը Իսրայէլի ճաշակած բաղարջ, այսինքն անխմոր հացերը կը յիշատակեն Եգիպտոսէն ազատումի շտապ մեկնումը։
Անապատի մանանան Իսրայէլի միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ կ՚ապրի Աստուծոյ Խօսքին հացով. (Բ ՕՐ. Ը 3)։ Վերջապէս ամէնօրեայ հացը՝ խոստացուած Երկրին պտուղն է եւ գրաւականը Աստուծոյ հաւատարմութեան՝ Իր կատարած խոստումներուն հանդէպ։
Հրեաներուն զատկական ընթրիքին աւարտին «օրհնութեան բաժակը». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 16), գինիին տօնական ուրախութեան կը հաղորդէ կատարածնային ծաւալ մը, ծաւալը Երուսաղէմի վերականգնումին մեսիական սպասումին։
Յիսուս Հաղորդութիւնը հաստատեց՝ հացին եւ բաժակին օրհնութեան տալով նոր եւ վերջնական նշանակութիւն մը՝ իմաստ մը։
Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Հօր մատուցուած գոհաբանութեան զոհակատարում մըն է, օրհնաբանութիւն մը՝ որով Եկեղեցին Աստուծոյ իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայայտէ այն բոլոր բարիքներուն եւ այն ամէն ինչի համար, զորս Ան իրագործեց Իր արարչագործութեամբ, փրկչագործութեամբ եւ սրբացումով։
Ուստի «Գոհութեան խորհուրդ»ը նախ եւ առաջ կը նշանակէ «Գոհաբանութիւն»։
Քանի որ նոյնինքն Քրիստոս խորանին խորհուրդին մէջ ներկա՛յ է, հարկ է մեծարել զԻնք երկրպագութեան պաշտամունքով։ Ամենասուրբ Խորհուրդին այցելութիւնը երախտագիտութեան ապացոյց մըն է, նշան մըն է սիրոյ եւ երկրպագութեան պարտականութիւն մը Քրիստոսի՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հանդէպ։
Արդարեւ, «Տասը Պատուիրաններ»ը իրենց ամբողջ նշանակութիւնը կը ստանան ուխտէն ներս։ Ըստ Աստուծաշունչին, մարդուն բարոյապէս գործելը իր ամբողջ իմաստը կ՚առնէ ուխտին մէջ եւ ուխտով։
«Տասը Պատուիրաններ»ուն առաջինը կը յիշեցնէ առաջին սէրը Աստուծոյ Իր ժողովուրդին հանդէպ։
Բուն պատուիրանները կու գան երկրորդ կարգին, անոնք լռելեան կ՚ըսեն ուխտին միջոցով Աստուծոյ պատկանելիութեան հետեւանքները։ Բարոյական գոյութիւնը «պատասխան» է Տիրոջ սիրազեղ նախաձեռնութեան։ Ան երախտագիտութիւն է. մեծարանք է Աստուծոյ եւ պաշտամունք՝ գոհաբանութեան։ Ան համագործակցութիւն է այն ծրագրին հետ, զոր Աստուած կը հետապնդէ պատմութեան մէջ։
Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ ուխտը եւ երկխօսութիւնը վկայուած են նաեւ այն իրողութեամբ՝ որ բոլոր պարտաւորութիւնները բանաձեւուած են առաջին դէմքով. «Ես եմ Տէրը» եւ ուղղուած են ուրիշ ենթակայի մը. «Դուն…»։
Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն մէջ՝ «եզակի» անձնական դերանունով մը կը նշանակուի հասցէատէրը։ Աստուած Իր կամքը կը ճանչցնէ ոչ միայն ամբողջ ժողովուրդին, այլ նաեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին առանձնապէ՛ս։
«Տէրը պատուիրեց սէրը Աստուծոյ հանդէպ եւ ուսոյց արդարութիւնը՝ մեծաւորին հանդէպ, որպէսզի մարդը չըլլայ ո՛չ անարդար, ո՛չ ալ անարժան Աստուծոյ։ Այսպէս, Տասնաբանեայով, Աստուած կը պատրաստէր մարդը ըլլալու Իր բարեկամը եւ իր մերձաւորին հետ ունենայ միայն մէկ սիրտ։ Տասնաբանեային խօսքերը ի զօրու կը մնան նաեւ մեզի (քրիստոնեաներուս) համար, փոխանակ ջնջելու, անոնք ընդլայնում եւ ծաւալում ունեցան՝ Տիրոջ մարմնով աշխարհ գալուն պատճառով». (Սուրբ Երանոս Լիոնցի)։
Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ներգործութիւնները, զորս կը հրամայէ առաջին պատուիրանը, կը կատարուին աղօթքին մէջ։ Մտքին վերացումը դէպի Աստուած արտայայտութիւն մըն է Աստուծոյ մատուցած մեր երկրպագութեան, որ գովաբանութեան եւ զոհաբանութեան, երախտագիտութեան, բարեխօսութեան եւ խնդրանքի աղօթք է։
«Իսկական զոհ է ամէն արարք, որ կը կատարուի սուրբ Հաղորդութեամբ Աստուծոյ փարելու եւ երջանկանալու համար», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Արդարեւ այդ «զոհ»ը նշան է երկրպագութեան եւ երախտագիտութեան Աստուծոյ հանդէպ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2021, Իսթանպուլ