ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Անկեղծութիւնը, որ կ՚ենթադրէ ճշմարտութիւն, միշտ եղած է ցանկալի առաքինութի՛ւն մը։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ անկեղծութիւնը եղած է միշտ հազուագիւտ առաքինութիւն մը նաեւ։

Մարդիկ, ընդհանրապէս «դիմակաւոր» կը մօտենան իրարու՝ «անկեղծութեան դիմակ» իրենց դէմքին վրայ, եւ կարելի չէ հասկնալ, թէ ո՞րն է անկեղծը եւ ո՞րը՝ կեղծաւորը։ Մարդիկ այլեւս սովորական կը համարեն սուտ խօսիլը, եւ չեն վարանիր ճշմարտութեան հակառակ արտայայտուելէ։ Կարծես սուտ խօսելէ չեն ամչնար, քանի որ բնական եւ սովորական կը սեպեն զայն։

Ճշմարտութիւնը ծռելը որեւէ շահամոլ նպատակի համար, ճարպիկութիւն կը կարծեն, եւ «ճարպիկ» կ՚անուանեն այն՝ որ աւելի շատ կը հեռանայ ճշմարտութենէն։ Մարդիկ «սիրել» կը ձեւացնեն, բայց զիրար կ՚ատեն։ Մարդիկ «բարի» տպաւորութիւն գործել կ՚ուզեն, բայց «չարութեամբ» կը վարուին…։

Մարդոց իսկական նպատակն է ընդհանրապէս «համոզել» կամ «հաւատացնել» եւ ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը խօսիլ։ Եւ եթէ նոյնիսկ քիչ մը ճշմարտութիւն կը գտնուի ըսուածին կամ վարմունքին մէջ, այնպէս մը կը ներկայացնեն զայն մարդիկ, որ ըսուածը կամ վարմունքը ճշմարտութեան ամբողջութիւնն է։ Մինչդեռ եթէ ճշմարտութեան «ամբողջութիւն»ը ըսուէր, ո՛չ ոք պիտի հաւատար այդ խօսքին կամ վարմունքին։ Արդարեւ, «ճշմարտութիւն»ը մակերեսային արժէք մը չէ, այլ խորութիւն, բարձրութիւն եւ տարածութիւն ունեցող ամբողջութի՛ւն մը։

Մարդիկ երբ կը խօսին, ընդհանրապէս իրենց ամբողջ մտածածը, խորհածը չեն արտայայտեր, այլ «գործողութենէ» կ՚անցընեն՝ կ՚աւելցնեն, կը կրճատեն, կը կտրեն, կը գունաւորեն, երբեմն սուտը իբրեւ ճշմարիտ կը քշեն, իսկ ճշմարիտն ալ որպէս սուտ կը ներկայացնեն։ Եւ այն որ կը լսէ խօսքը, չի հասկնար, թէ ո՞րն է սուտը եւ ո՞րը՝ ճշմարիտը։ Մարդիկ չեն կրնար որոշապէս գիտնալ, թէ ո՛րն է ճշմարիտը, եւ քիչեր կ՚անդրադառնան ճշմարիտին… շատեր կը խաբուին, զոհեր կը դառնան կեղծաւորութեան։

Սկզբո՛ւնք պէտք է ըլլայ. «նպատակը չ՚արդարացներ միջոցը»։ Բայց դժբախտաբար, մեր ժամանակներու տիրական սկզբունքներէն մին է դարձած. «նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը» մտայնութիւնը։ «Սուտ»ը պատիւ կը վայելէ այս սխալ եւ մոլորեցուցիչ մտայնութեան մէջ։ «Ճշմարիտ»ը կ՚անտեսուի եւ կը ստորագնահատուի՝ արգելք համարուելով կարծեցեալ յաջողութեան։ Նպատակի համար ամէն միջոց արդարացի համարող մտայնութիւնը, ուղղամտութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը խոչընդոտ կը սեպէ նպատակին հասնելու՝ իբր թէ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ քանի «միջոց»ը հետզհետէ նեղցաւ, մարդիկ իրարու աւելի շատ մօտեցան, այնքան ալ «սիրտ»երը իրարմէ հեռացան։ Առնենք զոր օրինակ արդի բոլոր միջոցները, գործիքները, բոլորն ալ, իրաւ է որ մօտեցուցին մարդիկ իրարու, բայց սիրտերը, զգացումները հեռացուցին։ Թող ներուի ինծի, գրիչով գրուած նամակ մը աւելի զգայութիւն, անկեղծութիւն, մտերմութիւն չունի՞ քան համակարգիչի ստեղնաշարով տպուած, չըսելու համար «գրուած», անշունչ տողերը…։

Եւ այսպէս, մարդիկ մօտեցան իրարու մտացածին գետնի վրայ, բայց իրականին հեռացան իրարմէ. նուազեցաւ այսպէս փոխադարձ սէրը, անկեղծութիւնը եւ վստահութիւնը։ Եւ ամէն մարդկային փոխյարաբերութիւն փոխադրուեցաւ մտացածին աշխարհի մը մէջ։

«Ո՞վ է բարեկամս», կամ «ո՞վ անկեղծ է». «որո՞ւ կարելի է վստահիլ, շատ ընդհանրացած եւ այժմէական հարցումներ են։ Իրաւ է որ երբեմն մարդս արթուն կը պահեն, զգուշութեան կը մղեն այս հարցումները։ Արդարեւ, եթէ հարցը անկեղծութիւն է, բարեկամներու մէջ ո՞վ է կարծեցեալը եւ ո՞վ՝ անկեղծը։ Ուստի ադամանդէ աւելի՛ հազուագիւտ է ճշմարիտ-անկեղծ բարեկամը. մարդիկ, ընդհանրապէս «բարեկամ» կը ձեւանան, «անկեղծութիւն» եւ «մտերմութիւն» կը ցուցաբերեն երբ գործերնուն գայ, երբ իրենց շահը պահանջէ։ Հովին հետ անմիջապէս կը դառնան սակայն։ Եւ օր մըն ալ «բարեկամ» կարծուածը կը տեսնես, որ երեսը դարձուցած է։

Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անկեղծ չէր, սիրտը բարեկամ չէ՛ր։ Շինծու գոյնը դուրս կու տայ, քանի որ տոկուն եւ մնայուն չէ՛։ Մարդիկ պատրուակի կը նային որ սրտնեղին, քամահրեն, լքեն, ատեն եւ չարանան, իսկական երեսը ցոյց տան։

Աշխարհ պատրաստ զո՛հ է խաբէութեան, սադրանքի, դաւի, կեղծիքի, ստութեան…։

Եւ այս ուղղութեամբ, ընկերային հասարակական վարուց եւ բարուց մէջ, մարդիկ «բարի ըլլալ»է առաջ, բարութեան անհիմն եւ կեղծ «տպաւորութիւն գործել» կ՚ուզեն։ Ամէն սուրբ երեւցող «սուրբ» չէ՛։ Սրբութեան երեւոյթը դիմակ են գաղտնի սադայէլութեանց։ Արդի «փարիսեցի»ներ թերահաւատելու համար այն դասակարգին մասին սեւ գիծերով նկարագրուած են Աւետարաններուն մէջ։

Արդարեւ, կրնան շատեր «հետեւորդ» ըլլալ, բայց միայն քիչեր են որ «հոգւով եւ ճշմարտութեամբ» եւ անկեղծութեա՛մբ զԱստուած կը պաշտեն։ Եսայի մարգարէ այսօր եւս պիտի ըսէր. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներով զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ»։ Այսօրուան մարդիկը, ընդհանրապէս կրօնքը «ներկուած հագուստ» ըրած են։ Երբ որ ուզեն կը փոխեն «գոյն»ը եւ «հագուստ»ը…։

Ինչո՞ւ բոլոր այս անպատեհ տեսարանները։ Որովհետեւ անկեղծութիւնը կը պակսի, որովհետեւ սրտով եւ հոգւով չեն հաւատար, ամէն ինչ մակերեսային արժէք ունի մարդոց համար, ձեւականութիւն, ձեւակերպութիւն եւ ամենէն ցաւալին՝ ձեւապաշտութի՛ւն։

Իրերը իրենց հարազատ գոյնը չեն կրեր. ո՞վ ի՛նչ է. ի՞նչը ի՛նչ է, յստակ գաղափար ունենալ կարելի չէ՛։ Բարոյական շփոթութիւն կը տիրէ արժէքներու մասին, որովհետեւ «ներկուած» են անոնք՝ այլափոխուած, եւ անճանաչելի դարձած…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 21, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020