ՊՍԱԿ ԵՒ ՀԱՐՍԱՆԻՔ

Խրիմեան Հայրիկ ընդհանուր ներածականին մէջ ընդհանուր ձեւով խօսած էր պսակի խորհուրդին մասին, սակայն իր 8-րդ գլուխով կու գայ աւելի մանրամասն խօսելու անոնց մասին. Հայրիկ այս գլուխը կը կոչէ «Հարսանիք եւ խորհուրդ պսակին». Հայրիկ Սուրբ Պսակն ու խորհուրդը կը բնորոշէ որպէս «Նոր կենաց մուտն» եւ այդ սրբազան արարողութիւնը կը համեմատէ Դրախտի մէջ կատարուած պսակադրութեան հետ։ Դրախտին մէջ պսակողը Աստուած էր, իսկ մեր մարդկային կեանքին մէջ եկեղեցականը՝ որպէս Տիրոջ ներկայացուցիչ:

Պսակի խորհուրդը Հայրիկ կը նկարագրէ այս պարզ տողերուն մէջ. «Հարսանիքը՝ պսակի սուրբ խորհուրդին հրապարակական ու հանդիսաւոր արարողութիւնն է. եւ շատ վայելուչ է՝ թէ որ ասենք մարդոյն Նոր Կենաց մուտն եւ տօնահանդէսն է. ուր կը համախմբին շնորհաւոր ուրախակցութեան համար, ազգականք, բարեկամք, ու դրացիք: Այս մարմնաւոր խմբին հետը կը խմբակցի Եկեղեցւոյ հոգեւոր խումբն. եւ իւր օրհնութիւն տալով կ՚օրհնէ թագաւոր փեսային եւ թագուհի հարսին պսակը եւ Աստուածային օրհնութեամբ կը նուիրագործէ երկու ամուսնացելոց դաշնադրութիւնը, զոր ի մի մարմին զուգելով երկու լծակից ամուսիններ կը յայտարարէ թէ այսուհետեւ անբաժանելի են: Մային քահանային ձեռք չէ, որ կը կապէ զպսակն. այլ պէտք է հաւատալ թէ Աստուած դրախտին վճռով միացուց զիրենք»: Հայրիկի համոզումով՝ Աստուած երբ Ադամն ու Եւան միացուց, զանոնք յորդորեց յաւիտեանս մնալ իրարու հետ եւ ըլլան իրարու օգնական եւ Ադամ ու Եւա ինչպէս Տէրը պատուիրեց, այնպէս ալ միշտ մնացին հաշտ ու սիրով՝ նոյնիսկ ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ. անոնք անհնազանդութեան պատճառով Աստուծոյ դիմաց մեղանչեցին, այդ սխալին որպէս հետեւանք դրախտէն դուրս դրուեցան. Կայէն սպաննեց Աբէլը՝ սակայն անոնց ամուսնական կեանքը մնաց ամուր:

Հայրիկ դիտել կու տայ, որ պսակի խորհուրդին չափ կարեւոր է նաեւ հարսանեաց ուրախութիւնը, որովհետեւ այդ ուրախութիւնը Եկեղեցւոյ համար լոյս ու փառք է եւ այդ ուրախութեան պէտք է ամբողջ ժողովուրդը ականատես ու մասնակից ըլլայ: Ամենէն համեստ հարսանեկան ուրախութիւնը անգամ Հայրիկ չի համեմատեր մեծամեծ խնջոյքներու հետ. անոր բառերով. «Ոչ թագաւորաց թագադրութեան աշխարհախումբ հանդէսը, ոչ պալատներու եւ իշխանաց մեծակոչ խրախճանք եւ ոչ եւս ժողովրդոց դասին զուարճական խնջոյքները արժանի են համեմատելու», որովհետեւ այդ ուրախութիւնները պարզապէս ունայնութիւն են «զբօսանք են մարդոյն ունայնասէր մտաց», սակայն հարսանեաց ուրախութիւնը սուրբ է. ունայնութեան խնջոյքները մարդը կը մաշեցնեն, սակայն հարսանեկան ուրախութիւնը մարդը կը ծաղկեցնէ, սակայն հակառակ անոր Հայրիկ հարսանեկան ուրախութեան մէջ եւս կը յորդորէ ունենալ չափ ու սահման, որպէսզի չըլլայ որ անմեղ ուրախութեան ժամանակ մեղք գործուի: Հայրիկի մտածումով մեղք է այն բոլոր բաները՝ որոնք անչափաւորութիւն ունին։ Հարսանեկան ուրախութեան պարագային, օրինակ, անչափաւորութիւն եւ զեխութիւն է արբեցութիւնը, անվայել հանդերձանքը եւ այլն: Հայրիկ դէմ է արբեցութեան. «Արբեցութիւնը միայն կռիւ չի հաներ, այլ երբեմն եւս անհամեստ կերպեր եւ շարժմունքներ յառաջ կը բերէ» կ՚ըսէ Հայրիկ. պէտք է ուրախանալ՝ սակայն սահմաններու մէջ. ուրախանալ այնպէս՝ որ չմոռցուին քաղաքավարութեան պարտաւորութիւնները՝ դիմելով ծայրայեղ ազատութեան:

Այս մէկը ինչքա՜ն ժամանակակից կը նկատենք, որովհետեւ մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ շատ անգամ նորապսակ զոյգեր եկեղեցւոյ մէջ՝ Աստուծոյ ներկայութեան անգամ իրենք զիրենք չեն կրնար զուսպ պահել. մերթ կը ծիծաղին, մերթ կ՚ուզեն նկարներուն մէջ սիրուն երեւիլ՝ եկեղեցւոյ մէջ հնչող աղօթքներն ու մաղթանքները լաւապէս լսելու եւ ըմբռնելու փոխարէն: Այսօր կը նկատենք, որ նորապսակներուն համար հարսանեկան ուրախութիւնը շատ աւելի նշանակութիւն ունի՝ քան եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւնը՝ որ առանց հասկնալու, աւանդութիւն մը պահելու սիրոյն կը կատարեն:

Հայրիկ կը խօսի պատշաճ հանդերձանքներու մասին. պահ մը զննեցէք մերօրեայ պսակադրութեան արարողութիւնները եւ պիտի տեսնէք զեղխութիւնը՝ շատ անգամ նոյնիսկ եկեղեցիէն ներս. բարեբախտաբար տակաւին կան հոգեւորականներ, որոնք կը փորձեն արգիլել այդ մէկը՝ «հին գլուխ» կոչուելու գնով, որովհետեւ առիթը ի՛նչ ալ որ ըլլայ՝ պսակադրութիւն, մկրտութիւն թէ թաղում եկեղեցին կը շարունակէ ըլլալ Աստուծոյ ներկայութեան վայրը:

Հայրիկ կը խօսի ժողովուրդին կեանքէն։ Վերացական գաղափարներ փոխանցելու փոխարէն կը խօսի մարդկային կեանքին մասին եւ դիտել կու տայ, որ անիմաստ է մեծամեծ ծախսեր ու պարտքեր ընել՝ հարսանեկան ուրախութիւն մը կազմակերպելու համար. Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ մէկ հարսանեկան ուրախութեան յատկացուած ծախսով՝ համեստ ընտանիք մը ամբողջ տարի մը կրնայ ապրիլ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակաշրջանին հարսանեկան ուրախութիւնները կը տեւէին մօտաւորապէս 5-7 օր, ինչ որ մանաւանդ գաւառի ժողովուրդին համար դժուար էր:

Հայրիկ ամէն գնով կողմնակից է համեստութեան. պարզապէս պէտք է գիտնալ սեփական սահմանները եւ չմրցիլ ազնուական դասին հետ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Պատասխան. Պատմութիւնը յաճախ ինքզինք կը կրկնէ մարդկային բնոյթի պատճառով։ Մարդկային հասարակութիւնը կը բախուի կրկնուող խնդիրներու, օրինակ, իշխանութեան դէմ պայքար, տնտեսական տագնապ, մշակութային արժէքներու փոփոխութիւն, արուեստագիտական յառաջընթաց, որոնք ամէն ժամանակի մէջ կը կրկնուին: Հաւաքական յիշողութեան բացակայութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի կրկնուին սխալներն ու յաջողութիւնները, որովհետեւ մարդ արարած կը մոռնայ անցեալի դասերը: Վերջապէս պատշաճ ձեւով պատմութիւնը չհասկնալը կրնայ մարդ արարածը հասցնել նմանատիպ իրադարձութիւններու կրկնութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024