ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔԸ
Անշուշտ կան բացարձակ արժէքներ, եւ սակայն «արժէք» ըսուածը ընդհանրապէս յարաբերական է, քանի որ ան ստուգիչ կը դառնայ՝ իրի մը, իրողութեան մը եւ կամ ոեւէ անձի՝ ուրիշի մը հետ բաղդատութեամբ։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ «արժէք»ը որպէս չափանիշ պարագաներու եւ պայմաններու համեմատութեամբ տարբեր երեւոյթներ կրնայ ունենալ, նկարագրի մը համար «արժէք»ը, ուրիշ նկարագրի մէջ կրնայ որեւէ «արժէք» չներկայացնել։ Եւ ինչպէս ըսինք, «արժէք»ը յարաբերական է։
Ուրեմն չկա՞յ «բացարձակ արժէք» եւ կամ մշտնջենաւոր ու անայլայլելի արժէք։ Կա՛յ, այդպիսի արժէքի ըմբռնում՝ գաղափարաբանութեան մէջ՝ սկզբունքային տեսակէտէ։ Զոր օրինակ՝ «ճշմարտութիւն»ը, «կեանք»ը, «սէր»ը, «իմաստութիւն»ը եւ այլն բացարձակ եւ բարձր արժէքներ են՝ որոնք մշտնջենաւոր եւ անփոփո՛խ են։ Բայց մանաւանդ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, ընկերային, մշակութային, աւանդական պայմաններու ներքին եւ անշուշտ ժամանակի տեւողութեան մէջ «արժէք»ներ կրնան զանազանութիւններու ու փոփոխութիւններու ենթարկուիլ։ Օրինակի համար, «պատիւ»ը որպէս արժէք փոփոխութիւններու կրնայ ենթարկուիլ տարբեր վայրերու եւ տարբեր ժամանակներու, մշակոյթներու եւ ընկերային բարքերու, ապրելակերպերու, սովորութիւններու, ինչպէս եւ անհատական ըմբռնումներու, հասկացողութիւններու եւ հաւատալիքներու նկատմամբ։
Այսուամենայնիւ մարդկային ամէն շրջանի եւ ամէնուրեք ընդունուած եւ միշտ «արժէք» ներկայացնող վիճակներ կան։ Ուստի կարելի է հարցնել. «Ի՞նչ է գերագոյն արժէքը», բայց պէտք է աւելցնել այս հարցումին նաեւ՝ «ձեզի համար…», քանի որ ամէն մէկու համար կը փոխուի «գերագոյն արժէք» որակումը՝ մտային, հոգեւոր վիճակի, ըմբռնումներու եւ աւանդութիւններու համեմատութեամբ։
Կրնան ոմանք պատասխանել. «Խաղաղութիւնը, մանաւա՛նդ ներքին խաղաղութիւնը գերագոյն արժէքն է»։ Ուրիշներ հաւանական է որ պատասխանեն. «Առողջութիւնն է գերագոյն արժէքը»։ Եւ ինչո՞ւ չէ, կարելի է որ գտնուին, որոնք անկեղծօրէն խոստովանին հարստութեան, ստացուածքի, նիւթականի անհրաժեշտութիւնը կեանքի մէջ եւ ըսեն. «Գերագոյն արժէքը դրա՛մն է…»։ Ուստի փառքը, պատիւը, դիրքը, աստիճանը, տիտղոսները «արժէ՛ք» նկատողներ ալ բնականաբար կրնան գտնուիլ։
Այս բոլորն ալ բնական պէտք է նկատուին, քանի որ մարդկային հոգիէն ու միտքէն կը բխին։
Երբ հարցին կրօնաբարոյական տեսանկիւնէն մօտենանք եւ մանաւանդ քրիստոնէական ընդհանուր հասկացողութեամբ, կարելի կ՚ըլլայ պատասխանել. «Գերագոյն արժէքը համեստութիւնն է. համեստ ըլլալ՝ պարզ, չափաւոր եւ հասարա՛կ…»։
Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքի մէջ՝ ընկերային եւ մինչեւ իսկ ընտանեկան կեանքի ընթացքին ի՞նչ բան ամենէն աւելի հարցերու եւ խնդիրներու պատճառ կ՚ըլլայ։ Շա՜տ բաներ, բայց մանաւա՛նդ՝ իրարու հանդէպ յաւակնոտ կեցուածք, իրարու վրայ իշխելու փափաք, պարծենկոտ ու ինքնահաւան՝ իրմէ դուրս ամէնքը ստորագնահատելու մարմաջ մը, մէկ խօսքով՝ ընկերութեան մէջ եւ հասարակութեան մէջ չափն ու կշիռը չգիտնալու, իրաւասութեան ու իշխանութեան սահմանը անցնելու մոլութիւնը։ Մինչդեռ եթէ ամէն ոք, իւրաքանչիւր անհատ, ընկերութեան եւ ընտանիքի ամէն մէկ անդամ իր իրաւասութիւններուն սահմանին մէջ մնայ՝ ամէն մարդ իր տեղը գիտնայ… բայց ո՛չ. դժբախտաբար ամէն մէկը իր եղածէն աւելին երեւիլ կ՚ուզէ, յաւակնոտ, ուրիշները նախատող վիճակ մը կը ստանայ եւ ամէն ինչ, ամէն արժէք, ամէն սրբութիւն փուլ կու գայ, կը քանդուի։
Ուրեմն համեստութիւնը՝ պարզութիւնը եւ չափաւորութիւնը -ընդհանրապէս- գերագոյն արժէք մըն է՝ որուն միջոցաւ կարելի կ՚ըլլայ ապահովել եւ պահպանել ուրիշ «արժէք»ներ՝ խաղաղութիւն, համաձայնութիւն, իրերհասկացողութիւն, ներողամտութիւն, եւայլն։ Համեստութիւնը այս իմաստով առաքինութիւն է եւ ազնուութի՛ւն։
Համեստութեան խորքին մէջ կայ՝ յարգանք։
Իսկ եթէ յարգանքի զգացումը կայ՝ հոն կայ սէր, իրերհասկացողութիւն, հանդուրժողութի՛ւն։
Եւ երբ ողջամիտ անհատը ունենայ այս բոլորը եւ գործադրէ զանոնք թէ՛ անհատական, թէ՛ հասարակական կեանքին մէջ, ապա ուրեմն, եթէ ո՛չ ամէնքը, բայց հարցերու մեծ մասը կը լուծուի եւ խնդիրներ կը կարգադրուին։ Այն ատեն կեանքի մէջ կը տիրէ խաղաղութիւն՝ փոխանակ հակառակութիւններու, լոյս՝ փոխանակ հոգիի եւ մտքի խաւարի։
Բայց ի՞նչ պէտք է հասկնալ «համեստութիւն» ըսուածէն։ Արդարեւ «համեստութիւն»ը արդիւնք է ինքնագիտակցութեան։ Ինքզինք ճանչցող մէկը կ՚երեւի ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ է՛. ան պէտք չի զգար տարբեր կերպով երեւելու, քանի որ ի՛նք գիտէ թէ՝ ո՛վ է, եւ պահանջքը չունի «ուրիշ» երեսով ներկայանալ ուրիշներու։ Իսկ ինքնագիտակցութեան համար պէտք է ինքնաճանաչում, ինչ որ կարելի է ներհայեցողութեամբ, այսինքն ինքզինք՝ ներքին աշխարհը դիտելով, քննելով։
Դարե՜ր, իմաստասէրներ հարցուցեր են, եւ կը շարունակեն հարցնել. «Ո՞վ է մարդը», եւ իւրաքանչիւր ողջախոհ անձ պէտք է հարցնէ ինք իրեն. «Ո՞վ եմ ես»։ Կատարեալ ըլլալու, երջանիկ ըլլալու նախաքայլն է այդ հարցումը. «Ո՞վ եմ ես»։
Անգամ մը որ մարդ հարցնէ այդ հարցումը ինքն իրեն, ահաւասիկ կը բացուի երջանկութեան ճամբու դռները։ Բայց ինչպէս ամէն բանի մէջ, հոս եւս կարեւոր է «անկեղծ» ըլլալ՝ ինքզինք դիտած եւ քննած ատեն հոն իրապէ՛ս ինքզինք տեսնել եւ ո՛չ թէ «ուրիշ» մը՝ այն որ ըլլալ կ՚երեւակայէ։ Իսկութեան մէջ շատ մը հարցեր կը ծնին՝ ո՛չ թէ եղածը արտայայտելէ, այլ՝ եղած կարծուածը ներկայացնելէ։ Այս կարելի է ոմանց կողմէ «խորամանկութիւն», «ճարպիկութիւն» համարուի, բայց ասիկա էականը չէ՛, էականը՝ այն է որ մարդ ինքնագիտակցութեամբ գործ մը կը կատարէ։ Գիտակցութիւն՝ թէ՛ իր իսկ կարողութիւններուն, իրաւունքին, անձնական տարողութեան եւ իրաւասութեան, եւ դարձեալ գիտակցութիւն կատարուած գործին՝ թէ օգտակար է կամ վնասակար, բարի է կամ չար։ Եւ այս բոլորին համար անհրաժե՛շտ է համեստութիւնը, պարզութիւնը եւ չափաւորութի՛ւնը՝ գերագոյն արժէքները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 16, 2016, Իսթանպուլ