Ո՛Չ ՄԷԿ ԲԱՆ ԻՆՔՆԱԳՈՅ Է

Ամէն արդիւնք անպայման պատճա՛ռ մը ունի, եւ ո՛չ մէկ կասկած այս մասին։ Ապա ուրեմն, կա՛յ ծածուկ «զօրութիւն» մը՝ անտեսանելի պատճառ մը, որ կը ստեղծէ եւ գոյութեան կը կոչէ ամէն ինչ։

Ամէն ողջախոհ եւ զգաստ միտք գիտէ, որ այն բոլոր շարժուններ ունին շարժիչ մը, եւ ուրիշի ծիրին մէջ դարձող էակ ունի զայն վարող։ Եւ այս իմաստով՝ քալողը ունի զինք քալեցնող մը։ Ուստի, խորհող միտքը կը տեսնէ, որ ամէն գոյական իր փոփոխութիւններով կը յայտնէ, թէ կա՛յ «մէկը»՝ որ կը փոփոխէ զայն։

Առանց պատճառի եւ ո՛չ մէկ արդիւնք, ո՛չ մէկ գոյութիւն։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ ամէն արարած ունի Արարի՛չ մը…

Ուրեմն, առողջ մտքի գործ չէ թողուլ շարժողը եւ փոփոխողը, եւ երկրպագել, պաշտել շարժունները եւ փոփոխականները։ Այս պատճառով է, որ կը կրկնենք սա իրողութիւնը, թէ՝ անհաւատ ըլլալը աւելի դժուար է եւ անհասկնալի, քան՝ հաւատացող ըլլալ։ Առողջ միտքը կը միանայ սրտին եւ խղճին, եւ կը հաւատա՛յ։

Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը սիրելիներ. կա՞յ բան մը՝ որուն մէջ ծածուկ եւ խորհրդաւոր զօրութիւն մը չըլլայ։ Եւ այդ «զօրութիւն»ը Աստուած է՝ Արարիչ եւ Նախախնամ անսկիզբ եւ անվերջ, անեղ, ինքնագոյ Էակը։ Եւ եթէ ամէն ինչ, ամէն արդիւնք, ամէն գոյութիւն պատճառ մը ունի, եւ ասիկա անվիճելի է, ուրեմն պէտք է ընդունիլ, որ գոյութիւն ունի նախապատճառ մը։ Եւ այս պատճառներու շարուածքը՝ որպէս շղթայի օղակներ, կը յանգի վերջապէս առաջին սկզբնապատճառի մը։ Եւ այդ սկզբնապատճառն է Գերագոյն Էակը՝ Աստուած։

Սապէս խորհինք սիրելիներ. ճարտար եւ հմուտ, բանիմաց բժիշկ մը կը դարմանէ եւ կը բժշկէ հիւանդը, բնական է ասիկա եւ գնահատելի անշուշտ։ Բայց սիրելի՜ներ, պահ մը խորհինք. այդ բժիշկին հմտութիւնը, ճարտարութիւնը եւ իմաստութիւնը ո՞ւրկէ կու գայ՝ այդ իմաստութեան ակը եւ աղբիւրը ի՞նչ է, աւելին՝ ո՞վ է։ Քանի որ ամէն ինչ պատճառ մը ունի եւ հոն կայ «ծածուկ զօրութիւն» մը, ապա ուրեմն պէտք է գիտնանք այդ «ծածուկ զօրութիւն»ը։

Նոյնպէս, դեղեր կը դարմանեն հիւանդութիւնները, կը մեղմացնեն ցաւերը։ Բայց չէ՞ որ դեղերը կը պատրաստուին բնութեան մէջ գտնուած նախանիւթերէն… եւ այդ նախանիւթերը ստեղծող եւ կարգադրող «ծածուկ զօրութիւն» մը կայ՝ որուն գոյութիւնը մերժել եւ ուրանալ բանականութեան հակառա՛կ է սիրելի՜ներ…

Արդարեւ, հաւատքը փաստի, ապացոյցի չի՛ կարօտիր, որովհետեւ հաւատքը բացայայտ է եւ ակներե՛ւ. կը բաւէ միայն անդրադառնալ այդ ճշմարտութեան։

Բնութիւնը, արդարեւ, հրաշք մըն է եւ հրաշագործը՝ «ծածուկ զօրութիւն»ը՝ Աստուա՛ծ։

Հարցը սա է. մենք իրողութիւնները կը դիտենք ընդհանրապէս մարմնաւոր աչքով, բայց ճշմարտութեան հասնելու համար պէտք է դիտել նաեւ հոգեւոր աչքով եւ ներդաշնակել միտքը սրտո՛վ։ Արդարեւ, կրնայ սխալեցնել մարդը, եւ սի՛րտն է, որ ցոյց կու տայ ուղիղ ճամբան։ Ուստի, աշխարհային տեսանկիւնը կը սահմանափակէ մարդուս տեսութիւնը՝ հոգեւորական տեսանկիւնն է, որ յստակ կերպով կը պարզէ Ճշմարտութիւնը։

Յոյսի եւ սիրոյ զօրութեամբ հաստատուած հաւատքն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ երանութեան՝ այն ի՛նչ որ կամքն է «ծածուկ զօրութեան»։ Եւ չկա՛յ կեանք, չկա՛յ գոյացութիւն առանց «ծածուկ զօրութեան»։ Մարդ պէ՛տք է վստահի, ապաւինի, հաւատայ եւ յանձնուի այս ծածուկ զօրութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024