ԱՇԽԱՐՀԸ ՄԵՐ ԴԷՄ
Մարդիկ որոշ որոշումներ կայացնելէ ետք կ՚ունենան այն համոզումն ու տպաւորութիւնը, որ կեանքը (եւ գուցէ ճակատագիրը) դիտմամբ ամէն բան հակառակ կը դարձնէ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի այդ որոշումը իրականութեան չհասնի: Այս մէկը հոգեբանական վախ մըն է, որ յառաջ կու գայ ձախողելու մարդկային տկար մտածողութենէն, որովհետեւ մարդ դրական ազդակներուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, իր կեդրոնացումը կը դնէ ժխտականներուն վրայ, որովհետեւ լաւին համար մտահոգուելու կարիք չունի, սակայն բացասականը կը մտահոգէ: Մենք ինչքան ալ ժխտենք «ճակատագիր»ի գոյութիւնը, տեղ մը ներքուստ կը շարունակենք հաւատալ անոր գոյութեան եւ կը կարծենք, որ աշխարհը որոշ «թշնամութիւն» մը ունի մեզի հանդէպ եւ ձեւով մը կ՚ուզէ ձախողել մեր բոլոր ծրագիրներն ու նպատակները։ Այս զգացումին հիմնական պատճառը այն է, որ իրականութիւնը շատ անգամ չի համընկնիր մեր ակնկալիքներուն հետ եւ որոշ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով կը կարծենք, որ պիտի ձախողինք, որովհետեւ բնութիւնը, աշխարհն ու նախախնամութիւնը այդպէս կ՚ուզէ:
Երազներու ու նպատակներու եւ իրականութեան միջեւ եղած անհամաձայնութիւնը մարդը կ՚առաջնորդէ դէպի յուզում, որովհետեւ մարդկային ուղեղը իր կեդրոնացման կատարեալ վիճակին մէջ կրնայ տեսնել մանրամասնութիւններ, որոնք նախապէս չէր տեսներ։ Մարդկային կեանքի մէջ այս իրավիճակը բոլորը կ՚ապրին. օրինակի համար, այսօր կ՚որոշես կարմիր հագուիլ եւ տարօրինակ ձեւով աչքիդ կը սկսին կարմիր հագուողները աւելիով երեւիլ։ Այս մէկը հոգեբանական է:
Այլ ազդակ մըն է մարդկային վախը։ Ժողովուրդը կ՚ըսէ, այն բանը որ շատ կը մտածես «գլխուդ կու գայ». օրինակ՝ կ՚ուզես արձակուրդի մեկնիլ եւ անդադար կը բարձրաձայնես որ «անձրեւ չգայ» եւ այդ մէկը այնքան վախ կ՚ըլլայ մարդուն համար ու չես գիտեր ինչ հրաշքով (կամ ծաղրանքով) կը սկսի անձրեւ կաթկթիլ: Կը կարծենք ու կը հաւատանք, որ վատին մասին մտածելը տեղ մը կրնայ վատը բերել. օրինակի համար, այսօր ամբողջ օրը ըսէք «ակռաս կը ցաւի» եւ հաւատացէ՛ք ձեր ըսածին եւ տեսէք, որ ժամանակ մը ետք այդ ցաւը պիտի զգաք՝ նոյնիսկ եթէ իրականութեան մէջ ցաւ մը գոյութիւն չունի:
Մարդ արարած նման պարագաներու ունի այլ ձախողութիւն մը, այդ ալ սեփական սխալը չընդունելու թերութիւնն է. կրնայ ըլլալ մարդու նպատակներն ու ծրագիրները վերացական են եւ իրականութենէ հեռու եւ անոր տրամաբանական պատճառը ո՛չ թէ ճակատագիրն ու աշխարհն է, այլ մարդ ի՛նք է. մարդ արարած իր բնութեան մէջ ունի թերութիւններն ու սխալները ուրիշին վրայ բարդելու բնազդը եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր ձախողութիւն կա՛մ անձէ մը եւ կամ ճակատագրէն կախեալ պարտի ըլլալ: Որոշումներ ու նպատակներ դրած ժամանակ մարդ կ՚ունենայ որոշ ակնկալիքներ եւ այդ ակնկալութիւնները երբ ի դերեւ ելլեն, կ՚ուզէ արդարացում մը գտնել:
Հոգեբաններ այս վիճակին համար կ՚առաջարկեն մի քանի լուծումներ. առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ իւրաքանչիւր անորոշութիւն երաշխաւորուած դրական արդիւնք մը չ՚ունենար. իւրաքանչիւր նպատակ իր դիմաց ունի դրական ինչպէս նաեւ բացասական ազդակներ, հետեւաբար, նպատակ ճշդելու պարագային պէտք է նկատի ունենալ, որ այնպէս ինչպէս յաջողութիւնը, նոյնպէս ձախողութիւնը հաւանական արդիւնք մըն է. ձախողութեան ու մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուելու համոզումը մարդուն առիթ կու տայ նոր լուծումներ գտնել: Այս բոլորը ի գործ դնելու համար պէտք է ակնկալիքները պահել իրականութեան մօտիկ։ Ձախողութիւններն ու յաջողութիւնները վերջապէս մեր որոշումներուն արդիւնքներն են եւ մարդուն ունեցած ճկունութիւնն է, որ եղելութիւնն ու պահը կը փրկէ:
Այսօր մենք բան մը կ՚որոշենք, սակայն, աշխարհը այդ որոշումին դէմ չի մրցիր, որովհետեւ որոշումն ու նպատակը արդէն իսկ չիրագործուածը իրագործելու վրայ հիմնուած իրողութիւն մըն է։ Նման պարագաներու կայ երկու լուծում. կա՛մ մեղադրել ճակատագիրն ու աշխարհը եւ կամ վերատեսութեան ենթարկել սեփական երազներն ու նպատակները եւ առանց յուսահատելու շարունակել հաստատակամ քայլերով: Եթէ կը կարծենք, որ աշխարհը կ՚աշխատի մեր ծրագիրները ձախողեցնել, ապա այդ մէկը մարտահրաւէր է. պէտք է յաղթահարել, որպէսզի հասնինք նպատակին, այլապէս գոյութիւն չունեցողը մեղադրելը իմաստ մը չունի:
Այս բոլորը մարդուն մէջ կը զարգացնեն աճելու հասկացողութիւնը. մարդ այդ դժուարութիւններուն հանդիպելով կ՚աճի եւ կը զարգանայ: Եթէ կը կարծէք, որ աշխարհը ձեզի դէմ է, ապա առիթն է փաստելու, որ ձեր կամքը զօրաւոր է այնքան, որքան կրնայ դիմադրել աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրները, փաստելու համար, որ մարդ շա՛տ աւելի զօրաւոր է՝ քան պատահականութիւնն ու նախախնամութիւնը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ճակատագիրը կ՚ազդէ՞ մեր կեանքին:
Պատասխան. Ճակատագիրը, որ կը դիտուի որպէս իրադարձութիւններու կանխորոշուած ընթացք, կրնայ էապէս ազդել մեր կեանքին վրայ, ձեւաւորելով այն հանգամանքները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք: Անոր դերը փոխկապակցուած է մեր գործողութիւններուն եւ ընտրութիւններուն հետ: Ճակատագիրը կրնայ հիմք ստեղծել, սակայն, մեր որոշումները մեր ճամբան եւ արդիւնքը կը ճշդեն: Ճակատագիրին հաւատալը անորոշութեան պահերուն կրնայ մխիթարութիւն տալ մարդուն, սակայն, մարդ ունի ազատութիւն, ինչ որ մարդուն կու տայ իրաւունք ղեկավարելու իր կեանքը, ապացուցելով, որ ճակատագիրը կրնայ ազդել, սակայն, ամբողջութեամբ չի կրնար որոշել ապագան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան